February 26, 2021
ՄԵՐ ԿԱՅՄԸ ԿԱՆԳՈՒՆ Է ՏԱԿԱՒԻՆ
Սեւան Ա. Մանճիկեան
___________________________________
Մանուշին ու Մանուկին բախտը միացուցած էր զիրենք Քեսապի մէջ: Անոնք խօսք տուած էին իրարու իրենց կեանքին երջանիկ ու դժուար օրերը աներկբայօրէն միասին շարունակել: Ընտանիք կազմեցին ու իրենց ուժեղ կամքով ու բազուկներով նաւարկեցին դէպի առաջ՝ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով: Անոնք կը հաւատային, որ խաղաղ մտքով եւ ուրախ սրտով իրենց կեանքի օրերը վայելելու են միասին, հակառակ ծփացող ալիքներուն:
Մանուկ ու Մանուշ հեզասահ նաւարկումով դէպի պայծառ հորիզոն առաջնորդած էին իրենց կեանքին նաւը: Արեւոտ օրերը զարդարած եւ ուրախ-զուարթ կենցաղով հարստացուցած էին զայն: Զարդարուն այդ նաւուն կայմը կանգուն էր ու բարձրաբերձ:
Բայց կեանքը միօրինակ կշռոյթով չէր ընթանար, իսկ օրերը միայն վարդագոյն չէին: Երբեմն հսկայ ալիքները կատաղութեամբ կը բախէին իրենց նաւուն ու ճնշումը այնքան կը տարուբերէր զայն, որ նաւը երերալով իր հաւասարակշռութիւնը հազիւ կը պահէր: Այս բոլորով մէկտեղ չէին վհատած դժուարութիւններուն դիմաց: Դաժան օրերը աւելի զօրացուցած էին իրենց ընտանիքը ու թիավարումի նոր թափ ու եռանդ հաղորդած կեանքի նաւուն: Իսկ երբ մուգ ու թաւ ամպերը փարատած էին եւ փոթորիկը խաղաղած, տաքուկ արեւը իր ջերմ ճառագայթներով կրկին տարածուած էր նաւուն բոլոր անկիւնները ու կայմը փարոսի վերածած:
Այդ նաւը, սակայն, 21 Մարտ 2014-ի Քեսապի տեղահանութեան ընկղմելու եզրին հասաւ: Անոնք դժուար պայմաններու մէջ յայտնուեցան: Քանի մը ժամուան մէջ կորսնցուցին ամէն ինչ, բայց իրենց ատամներով ու քարացած եղունգներով կառչած մնացին կեանքին: Երբեք չտկարացան, գոյատեւելու իրենց հաւատքը չկորսնցուցին, իրենց զաւակներուն ու ծնողքին յոյս ներշնչեցին եւ քաջալերեցին զիրենք:
Ու անոնց հաւատքն ու լաւատեսութիւնը ի զուր չանցան: Նոյն այդ արեւը ամպերը հրմշտկելով կրկին ծագեցաւ: Մանուկն ու Մանուշը վերադարձան Քեսապ՝ իրենց տունն ու տեղը, եւ սկսան կարկտել իրենց տաքուկ բոյնը: Թիավարումը վերսկսաւ ու յոգնաբեկ նաւուն կայմը միջերկրականի օդը հոտուըտալով թօթափեց կեղտն ու կրկին սլացաւ դէպի երկինք:
2014-ի չարաշշուկ ալիքները չհանդարտեցան, երբեք չխաղաղեցան եւ թոյլ չտուին, որ Մանուշին ու Մանուկին կեանքը խաղաղի: Տեղահանութեան ստեղծած պայմաններն ու հետեւանքները ծանր թաթի պէս իջան անոնց վրայ։
-Մանո՛ւկ, մեր կեանքին նաւը անել ճամբայ հասաւ: Ալ չըսես, որ անոր կայմը կանգուն է: Ես ալ չեմ դիմանար...: Ինչ ըսես չտեսանք՝ պարտէզը խնամելու դժուարութիւններ, զաւակներու գաղթ, հարազատներու մեկնում, կեանքի առօրեայ հարցեր, ե՛ւ... ե՛ւ կաշկանդող այլազան քամիներ ու ալիքներ:
-Կամաց-կամաց, հանդարտէ՛, Մանուշ, ի՞նչ պատահեցաւ քեզի: Նստած համով-համով կը խօսէինք, ինչո՞ւ լարուած ռումբի վերածուեցար: Այնպէս կը խօսիս, որ կարծես հիմա պիտի պայթիս, փառք Աստուծոյ մեր ի՞նչն է պակաս:
-Ես ալ չեմ դիմանար զաւակներուս օտարութեան, դո՛ւն ըսէ, քանի՞ տարի եղաւ, որ զիրենք չենք տեսած, ի՞նչ գիտես, թէ որքան պիտի ապրիս դեռ: Անոնց կարօտը զիս կը խեղդէ, շնչահեղձ կը դարձնէ:
-Փառք Աստուծոյ, Մանո՛ւշ, անոնց լուրերը լաւ են, գրեթէ ամէն օր անոնց հետ կապի մէջ ենք, նկարները կը տեսնենք, իրենց ձայնը կը լսենք: «Աս ալ կ՚անցնի» չէի՞ր ըսեր: Մեր նաւարկումի ընթացքին որքա՜ն դժուարութիւններ յաղթահարեցինք, այս ալ կը յաղթահարենք:
-Չէ՛, չէ՛, Մանո՛ւկ, այս անգամ ցաւը տարբեր է: Երբ ափիս չափ այս գործիքը՝ բջջայինը կը փակեմ, աւելի կ՚ընկճուիմ, սիրտս ալ հետը կը փշրուի, խաբկանք է աս բոլորը: Ես ա՛լ ոչ առաջուան համբերութիւնը ունիմ, ոչ ալ ուժը: Նախորդ տարիներուն օրերէն առաջ կը վազէի, հիմա կը զգամ, թէ որքան վազեմ, օրերը այնքան արագ կ՚անցնին կողքէս:
Մանուշ խորունկ շունչ մը քաշեց ու լռեց: Ըսելիքը մէկ շունչով ըսաւ: Որքան խօսէր, աւելի կը նեղուէր ու սիրտը կը ցաւէր, իսկ Մանուկ այդ բոլորը քաջ գիտնալով, ինք ալ չէր գիտեր ի՞նչ ըսէր, որ Մանուշի սրտին փոթորիկը հանդարտեցնէր: Միթէ՞ ինք ալ աս յառաջացած տարիքին չէր ուզեր զաւակները չորս կողմը տեսնել, զանոնք վայելել, անոնց ձայնը տան ամայութիւնն ու պաղ մթնոլորտին սառոյցը պիտի վերացնէր: Ինք, որ միշտ կ՚ըսէր «Մեր կեանքի նաւուն կայմը կանգուն է, Մանո՛ւշ», այսօր քաջ գիտէր, որ այդ կայմը ոչ միայն կը տատանի, այլ հետզհետէ ծովամոյն կը դառնայ:
Անոնք դէպի պայծառ ու արեւոտ օրերու հորիզոնը կը թիավարէին, սակայն ինչպէ՞ս խոստովանէր, որ ինք ալ յոգնեցաւ: Այս բոյնը որո՞ւ համար շինեց ու ետքը կարկտեց, որո՞ւ համար: Մանուշին սրտի փոթորիկը շատ ճղճիմ էր, եթէ համեմատուէր Մանուկին փոթորկայոյզ սրտին ու հոգիին հետ: «Զո՞րն ասէր, զո՞րն խոստովանէր...»:
Հեռաձայնի զրնգումը անոնց մտածումներուն յորձանուտն ու քար լռութիւնը կտրեց: Մանուշի դէմքին արտայայտութիւնը փոխուեցաւ, լայն ժպիտ մը գծուեցաւ այնտեղ, քիչ առաջուան խոժոռ դէմքը այլափոխուած էր:
«Բարեւ, մա՛մ, ինչպէ՞ս էք» նախադասութիւնը ի զօրու էր անոնց դուրս հանելու գորշ յորձանուտէն:
Օրերը իրարու ետեւէ կը վազէին, ամիսը ամիսի ետեւէ, ու ահա տարին կը գլորուէր, ուրիշ տարի մը կու գար: Տարիները կը սահէին, բայց Մանուշն ու Մանուկը քանի՞-քանի տարիներ պիտի կարենային դիմանալ... իրենք ալ չէին գիտեր, մերթ ընդ մերթ ինքնախաբէութեամբ կը մխիթարուէին պարզապէս...:
==========================================
միացէք մեր Telegram-ի էջին https://t.me/kantsasar91
միացէք մեր Instagram-ի էջին https://www.instagram.com/kantsasar_weekly/
No comments:
Post a Comment