ՏԵՍՆԵՍ՝ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՎԵՐՋԱՆԱՅ ԱՅՍ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ…
Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան
January 12, 2021
Չորս աղջիկներէն մէկը ատենը մէյ մը կ՛երեւէր Գազլի պառաւին պարտէզին մէջ, չորս կողմէն լաւ մը կը զննէր պարտէզին մէջ, ճիշդ մէջտեղը, գտնուող վայրի դափնի ծառը, որ իրենցն էր: Այո, հողատէրը Գազլին էր, ծառը՝ Չորս աղջիկներուն,անկէ առաջ անոնց ծնողներուն, անկէ առաջ…Մարդ չի յիշեր, թէ այս պատմութիւնը քանի սերունդ առաջ կ՛երթայ, քանի դար առաջ… Փաստը այն էր, որ ուրիշի արտին մէջ այդ անպտուղ ծառը հիմա Չորս աղջիկներուն ժառանգութիւնն էր. ոչ ոք կրնար ուրանալ… Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Խորհրդային Հայաստանի քարտէզին մէջ կտոր մը կլոր Ատրպէյճաններ ցոյց կու տար մեր ուսուցիչը աշխարհագրութեան պահուն. կը նեղուէինք ատոր համար ու մենք ալ կլոր կարմիր մը կը փնտռէինք Ատրպէյճանի դեղինին մէջ:
Ասիկա նահապետական օրերէն եկող բան էր…: Աղջիկ զաւակները հայրական անշարժ կալուածէն բաժին չէին կրնար ունենար, հողը մանչ զաւակին կը մնար. հայրը իր հարս գացող աղջկան իբեւ օժիտ կրնար տալ հորթ մը, ուլ մը, կամ ծառ մը իր պարտէզին սահմանին վրայ: Ժամանակի ընթացքին հողը տէր կը փոխէր, նոր հողատէրը քովնտի արտերն ալ կը գնէր կը միացնէր իր հողին, ու ժառանգութեան ծառը կը յայտուէր արտին ճիշդ մէջտեղը: Ուրկէ՞ կու գար այս ժառանգութիւնը, խնամիական ի՛նչ կապ կար՝ բոլորը կը թաղուէին անցեալի մութին մէջ: Աղջկան ընտանիքի սերունդները ուզած ատեն ուզած տեղէն կը մտնէին այդ պարտէզը, կը քաղէին իրենց ծառին պտուղը,կը յօտէին, ցախն ու բերքը շալկած՝ ուզած տեղէն կ՛ելլէին պարտէզէն..
- Արտը ցանուած է, ցախը գետնէն քարշ տալով, ամէն անգամ տեղէ մը, շատ վնաս կը պատճառէք,- կը բողոքէր Գազլին:
- Ցոյց տուր ճամբաս՝ անկէ անցնիմ,- կ՛ըլլար պատասխանը:
Հողատէրը նման բան չէր ըներ, որովհետեւ ատիկա բնականաբար կ՛ըլլար հողամասի օտարում: Ծառին տէրը ճամբու տէր ալ կը դառնար:
Մարդիկ կը փորձէին համոզել, թէ աղջիկներ, նոր օրէնք կայ, վայրի ծառը անձնական սեփականութիւն չի նկատուիր, նոյնիսկ անասունի համար ցախ կտրելը արտօնուած չէ, Գազլին կրնայ բողոքել ոստիկանութեան, գլուխնիդ կը ցաւի…
-Աւելի լաւ,- կ՛ըսէին աղջիկները,- ինք ալ թող փորձուի ծառը արմախախիլ ընել, տեսնենք ինչ կ՛ըլլայ:
Գիւղին մէջ այդպիսի բան ընողը յոյժ գաղտնի պէտք է ընէր, իսկ գիւղը գաղտնիք չունէր. ոստիկանները շուտով կը կանգնէին յանցապարտի գլխուն վրայ: Տէ, գնա՛ ալ մաքրէ այս խնդիրը:
Է, ծառ է, կ՛աճի կը մեծնայ, կը չորնայ եւ օր մըն ալ կ՛իյնայ կը տապալի: Հոս ալ կը վերջանայ ժառանգութիւնը, կը սպառի, բայց եկուր տես, որ կարգ մը մը ծառեր կոճղէն ծիլ կու տան, մէկի տեղը տասը, նախկին մէկ կոճղով ծառը կը դառնայ օճախ, լայնքին ու երկայքին կ՛աճի ու հսկայ տարածութիւն մը իր շուքին տակ կ՛առնէ…Ծառը մեռած չի համարուիր, ժառանգութիւնը կը մնայ, ճիշդ Չորս աղջիկներու սա դափնի անպտուղ ծառին պէս, որ ինչպէս կ՛ըսեն գիւղացիք, ՛՛արդէն քան բերդ մը մեծ էր՛՛:
-Մարդ Աստուծմէ կը վախնայ,- կ՛ըսէր Գազլին,- մարդ հաշիւ կ՛ընէ, տղաս արտը կը նորոգէ, խնձորենի պիտի տնկէ… Այդ ծառին տակը, անոր շուքին ոչ մէկ բան կ՛աճի, ուր մնաց խնձորենին, տասը խնձորի ծառի տեղ գրաւած են այդ ծառին շուքն ու արմատները…
-Աղջիկներ,- կ՛ըսէր մայրս,- եկէք, լուծեցէք այս խնդիրը, ինչ գումար կ՛ուզէք՝ մարդը տուող է, ի՞նչ կ՛օգտուիք այդ ծառէն… Մենք ալ այդպիսի ծառեր ունէինք Անտունին կտորին մէջ, տուինք, մարդիկ հանեցին ու փայտն ալ բերին մեզի…
- Գազլին ծամտակը (ծոծրակ) կը տեսնէ, այդ ծառին այդտեղէն ելլելը չի տեսնէր, - կ՛ըսէին Չորս աղջիկները մէկ բերան,- ատիկա ժառանգութիւն է:
Գարուն մըն ալ դափնիի կոճղին տակէն որթատունկ մը աճած տեսան: Մէկ երկու տարի ետք որթատունկը, պատատուկ է, մագլցեցաւ ծառին վրայ ու բերք տուաւ;
Գազլին կ՛ըսէր ՛՛որթատունկը մերն է՛՛. Չորս աղջիկները կ՛ըսէին ՛՛Իրենցը ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ... Մեր դահ հօրեղբայրը կը պատմէր, որ իրենց ատեն որթատունկ կար մեր ծառին վրայ, ծառը օժիտ տրուեր է որթատունկին համար, անպտուղ ծառը ի՛նչ օժիտ՝ առանց որթատունկի… Որթատունկը ետ ծլեր է, որթատունկը մերն է…՛՛:
Ժամանակին վէճը միայն դափնիի ծառին շուրջ էր, հիմա եղաւ երկուք:
Ու այս վէճը վախճան ալ պիտի չունենար, ճիշդ Աղեքսանդրէթի սանճաքին պէս, Թուրքիան կ՛ըսէր իմս է ու կը տիրէր, Սուրիան կ՛ըսէր իմս է ու իմս պիտի մնայ:
Ա՛լ պատուելի, ա՛լ քահանայ, ա՛լ գիւղապետ, մարդ չմնաց որ խնդիրին մէջ չմտաւ, ապարդիւն…
_ Այս հարցը այսպէս եկեր է, այսպէս ալ կը շարունակուի,_ կ՛ըսէր Եարալէ պապուկը,- ատենին ծառը սիրոյ եւ խնամութեան նուէր էր, հիմա դարձաւ թշնամանքի առարկայ:
Գազլի պառաւը իր պարտէզին մէջ աղջիկներէն մէկը ամէն տեսնելուն՝ կը կենար բակին մէջտեղ ու կ՛անիծէր հա կ՛անիծէր.
-Աստուած տայ՝ տունը մնաք, ճերմակ վարտիքաւոր (1) չտեսնէք, անժառանգ կուրուիք (գերեզմանուիք) վերջանաք…
Այ, այն ատեն, գիւղի անգիր օրէնքին համաձայն, ծառը հողատիրոջ պիտի մնար:
Շատեր հեռացան գացին, մնացողները կը սպասէին. տեսնես՝ ինչպէ՞ս կը վերջանայ այս պատմութիւնը…
(1) Ճերմակ վարտիքաւոր, այսինքն՝ այր մարդ, ամուսին: Ատենին այր մարդիկ կը հագնէին մինչեւ ոտքի կոճը հասնող ճերմակ վարտիք, այսինքն՝ շալվար:
No comments:
Post a Comment