ՎԱՅ ՍԱՌԻԿ ԱՂԲՐԿԻՆ, ՎԱ՜Յ
Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան
January 27, 2021
Աւետարանական վարժարանին մէջ անգլերէն կ’անցնէին: Այդպէս եղած էր հարիւր եւ աւելի տարիէ ի վեր, երբ ամերիկացի միսիոնարները Քեսապ եկան այնթապցի թրքախօս քարոզիչ-ուսուցիչներու հետ: Դպրոցներ հիմնեցին: Միսիոնարներէն մնաց անգլերէնը, այնթապցի ուսուցիչներէն՝ թրքերէն խոճա (ուսուցիչ) բառը: Հետաքրքրական է, որ թրքերէնն իսկ հրաժարած էր այդ միջնադար հոտող բառէն, իսկ հայերէնը՝ վարժապետէն, բայց մեր քով կը մնային, թէեւ թրքերէնը հրմշտուքի մէջ էր մեր գեղեցիկ վարժապետ բառին հետ (բարբառ՝ վարժապիտ):
- Անգլերէնը համաշխարհային լեզու կը դառնայ շուտով,- կ՛ըսէր Սթալին խոճան տեսակ մը հպարտանքով,- անգլերէնը նոր սերունդին աւելի անհրաժեշտ է:
Իրաւունք ունէր. Քեսապի աւետարանական նախակրթարաններէն շրջանաւարտները ուղղակի կը մտնէին Ալեփփո քոլէճ, որ, կ՛ըսէին, Այնթապի նշանաւոր քոլէճին շարունակութիւնն է: Շատեր կ՛երթային Լիբանանի հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանները, իսկ անկէ շատեր կը մտնէին Պէյրութի Հայկազեան քոլէճ, Ամերիկեան համալսարան եւ ամենէն կարեւորը՝ NEST, որ է Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանը, ուրկէ շրջանաւարտ հոգեւոր հովիւներու երկար շարք մը կար ամբողջ աշխարհին մէջ: Հապա որքա՜ն բժիշիկներ, ակնաբոյժներ, ատամնաբոյժներ, երկրաչափներ…
- Մեզի ինչ օգուտ, բոլորը դուրսի համար մարդ եղան, Ամերիկայի մարդ,- կը բողոքէր Խաչիկ Ղազարեանը,- այսպէս երթայ՝ մենք բժիշկի երես պիտի չտեսնենք…
- Տոքթորը կայ՝ Աւետիս Ինճեճիքեանը, ան Քեսապի մարդ է,- կ՛ըսէր Հաննա եղբայրը:
- Անկէ ինչ տոքթոր, մարդը ժամանա՞կ ունի, պետական եւ ազգային երեսփոխան, ազգային գործիչ…: Դուռը զարկես՝ քսուկ մը կու տայ կը ղրկէ, եթէ ազգային հարց մը չկայ…
Գիւղի բուժեղբայրը Պարոն Գաբրիէլն էր, առաջին օգնութեան պայուսակը միշտ հետն էր, կը վազէր, վէրքերը կը մաքրէր, կը վիրակապէր, ոսկորի հարցով եղբօր՝ Նշանին ձայն կու տար. Նշանը ատենին հովիւ եղած ըլլալով՝ այծերու վրայ բեկաբուժութիւն սորված էր ու այդ բաներէն լաւ կը հասկնար, կ՛օճառէր, կը կակուղցնէր, կը քաշէր, տեղը կը բերէր, կը կապէր:
- Հասի՛ր, Պարոն Գաբրիէլ, պզտիկը տաքութիւն ունի,- լուր կու տային:
Պարոն Գաբրիէլը կը հասնէր, սրսկիչը եռացած ջուրին մէջ պահ մը դնելէ ետք՝ պայուսակէն կը հանէր փենեսելինի սրուակը, կը քաշէր ու կը զարնէր:
- Անցած ըլլայ:
Եւ կ՛անցնէր:
Թէ՛ անգլերէնը, թէ՛ ֆրանսերէնը կարծես անցագիր էին երկրէն դուրս ելլելու համար:
-Բնաւ կապ չունի, մենք ոչ Չըրչիլի կողմն ենք, ոչ տը Կոլի կողմը. լեզու է՝ կը սորվինք, կը սորվեցնենք, ահա, Անտունը հօտ մը զաւակներ ունի, վաղը չէ միւս օր Պէյրութ կ’երթան, այս փոքրիկները ինչ ընեն այս քար ու հողին հետ…Ծո՛, ունեցողները ամենէն առաջ կը մեկնին, ալ ուր մնաց անորպէսները, որոնց կալուած ըսածները քարքարուտներուն մէջ կորսուած կօշիկի կարկտաններ են…
Պարոն Գաբրիէլը, ֆրանսերէն ըլլայ չըլլայ, գացողը չէր, որովհետեւ ծառն ու հողն ալ կը սիրէր: Բայց տղաքը, դպրոցը աւարտելէն ետք, ճամբայ մը կը գտնէ կը ղրկէ.
Պարոն Եսայիին ալ աչքը Պէյրութին առեր է. հիմա վեց զաւակները դպրոցին մէջ թիւ էին, վաղը մէկալ օր հոս ինչ ընէին…:
Բայց Սթալին խոճան գացողը չէր: Ընտանիքի, զաւակներու հոգ չունէր: Տարիները կը թաւալէին, ահա քառասունի սեմին էր, աշխարհը տայիր՝ ինք իր դպրոցի բակէն դուրս ելլողը չէր, իր բարձունքէն ամբողջ գիւղը իր հսկողութեան տակ առնելէն մեծ հաճոյք չէր ճանչնար ու իր լաւագոյն դասն ալ կը մնար անգլերէնը…
Ու անգլերէնի պահուն թէ՛ անոր հարցումը եւ թէ՛ աշակերտներուն պատասխանները շա՜տ բարձր կը հնչէին.
-What is this?
-This is a cat.
Ասիկա զաւեշտական կը հնչէր մանաւանդ մեր Սառիկ աղբրկինին համար, որ օր մը, փէշը գօտիին մէջ խրելով՝ գոգին վրայ ծրար շինած, ճիշդ դասարանին կից թթենի ծառը կը մագլցի՝ իր շերամին տերեւ հաւաքելու համար. վարժապետը կը սկսի դասին.
- What is this?... What is this?
- Հիրէք ի էսիս, էրի չաթս տիս (Հերիք է ըսես, եկուր չաթս տես),- բարձրաձայն կը յանգաբանէ Սառիկ աղբրկինը ծառին վրայէն իր չաթերը՝ վերին սրունքները, ցոյց տալով:
Ամբողջ գիւղին համար ասիկա նիւթ դարձաւ:
Վայ Սառիկ աղբրկին, վա՜յ…
No comments:
Post a Comment