Sunday, February 7, 2021

 ԱՅՍ ԲԱՆԵՐԸ ԱՄԵՆ ՏԵՂ,

ԱՄԵՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՅՍՊԷՍ Կ՛ԸԼԼԱՆ ԵՂԵՐ

Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան
January 21, 2021

1947-ի հայրենադարձներուն տուները մէկիկ-մէկիկ ծառայեցին Միացեալ եւ Ազգային Մեսրոպեան վարժարաններուն: Ա՛լ թաղին մէջ կանգուն տուն չմնաց, ուր կարելի էր դպրոց վերաբանալ: Երբ վերջին տան մէկ պատն ալ փլաւ՝ մարդիկ լրջօրէն մտածել սկսան, որ, չէ՛, այսպէս չի կրնար շարունակուիլ: Դպրոցի շէնք պէտք է: Նո՛րը:
Ու ատկէ սկսաւ առաջին վէճը:
- Տուները անխնամ ձգեցին փլեցին՝ հիմա նոր շէնք պիտի շինեն եղեր…Կտրած գերանը ատենին նորով մը չփոխարինեցին, փտած պատուհանը չնորոգեցին, տանիքի նօսրացած հողին վրայ երկու թի հող չաւելցուցին… Հոգաբարձու ինչո՞ւ եղեր են… Հանդէսներուն առաջին շարքը նստիլ գիտեն, հիմա պատասխան թող տան՝ տեսնենք…
Եղածը եղած էր արդէն: Հիմա նոր շէնք պէտք էր: Տեղը որոշել էր պէտք:
Կը սկսէր երկրորդ վէճը վերի եւ վարի թաղեցիներուն միջեւ: Մէկը կ՛ըսէր՝ վարի թաղին մէջ այսինչը դպրոցին համար գետին կը նուիրէ, միւսը կ՛ըսէր՝ վերի թաղին մէջ այսինչը դպրոցին համար գետին կը նուիրէ. ո՛չ այս կ՛ընդունուէր, ո՛չ այն. մէկուն կամ միւսին հեռու կը թուէր տեղը, իրենց պզտիկները այդքան ճամբայ կտրելու ստիպուած չէին. հակառակ պարագային՝ իրենք պիտի անջատուին ու նոր դպրոց բանան իրենց թաղին մէջ. գիւղին մէջ բողոքական եւ դաշնակցական դպրոց կար, թող մէկի տեղ երկու նպաստընկալ բարեգործական վարժարան ալ ըլլար, ինչ կայ որ… Միացեալ վարժարանի գործածած շէնքն ալ վտաթային էր, դպրոցը տեղափոխեցին վերի թաղի լքուած տուներէն մէկը: Վարի թաղերու ընտանիքները այդ մէկը «յանուն գաղափարի զոհողութիւն» ընդունելով՝ իրենց զաւակները ղրկեցին տէ՜ վերի թաղի իրենց դպրոցը:
Ի վերջոյ համաձայնութիւն գոյացաւ, որ Մեսրոպեան վարժարանի կառուցուելիք շէնքը ըլլայ մեր թաղին մէջ՝ վերի եւ վարի թաղերուն համար հաւասար հեռաւորութեան վրայ:
Ամբողջ գիւղը ամեն Կիրակի կը հաւաքուէր որոշուած տեղը. պէտք է լուծուէին բազմաթիւ հարցեր: Բոլորն ալ դպրոցին տէր կը զգային, ու բոլորն ալ՝ գործէ հասկցող… Գիւղին մէջ ա՛լ թոնիր մը կամ գոմ մը պատած մարդիկ կարծիք կը յայտնէին… Միութեան յայտնի դէմքերը՝ տնօրէն Պարոն Գաբրիէլն ու Յովսէփ Աբոյեանը հազիւ թէ կիրքերը կարենային զսպել: Շաբաթ օր, շուկայի օրը, Քեսապի բոլոր մասնաճիւղերուն ատենապետ Ստեփան Եագուպեանը իր տուն կը հրաւիրէր շուկան երեւցողները, կը գովէր, կը յորդորէր, որ գործը համերաշութեամբ գլուխ բերեն. «Դպրոցը բոլորիս տունն է» կ՛ըսէր:
Համաձայնեցան, որ դպրոցը մէկ սրահ ըլլայ, տախտակեայ վարագոյրներով երեք դասարանի վերածուի, որպէսզի պէտք եղած ատեն տախտակեայ վարագոյրները հաւաքուին ու սրահը գործածուի հանդէսներու համար: Պատերը ըլլան քարէ, երկշարք, գոնէ կանգուն մը լայնքով. տանիքը, Պէյրութ տեսած մէկու մը պնդումով, պիտի ըլլար ըլլար երկաթ-պեթոնէ, որպէսզի գիւղացին դպրոցի տանիքին համար գերանի, մարդակի, տախտակի, սալքարի ու ամրացնող հողի հոգը չքաշէր: Ատիկա երկաթ-պեթոնէ առաջին շէնքը պիտի ըլլար գիւղին մէջ… Ո՞վ կը հաւատար… Հա՜, պատուհաններն ալ՝ երկաթ-ապակի…: Ատիկա լուրջ խնդիր էր, «չ’ըլլար» կ’ըսէին ոմանք, իրարու հասկցնելով՝ որ դրացի դպրոցին լաճերը պարսատիկով նշանառութեան կրնան բռնել մեր ապակիները...
Ու գիւղին մէջ բերնէ բերան բոլորը հասու եղան, որ Բարեգործականի կեդրոնը այսքան գումար կը յատկացնէ շինութեան համար: Ըստ հոգաբարձութեան՝ անշուշտ բաւարար չէ, պէտք եղաւ՝ նորէն կը դիմեն: Բարեգործականը կը յորդորէ եւ յարմար է, որ գիւղացիք մասնակցին իրենց դպրոցի շինութեան գործին…: Բոլորը բողոքեցին, թէ այդ ինչպէս կ՛ըլլայ՝ մենք բանէ-բամբակէ տեղեակ չենք, նախահաշիւէն տեղեակ չենք, Բարեգործականի կեդրոնին հետ եղած յարաբերութենէն տեղեակ չենք ու հիմա մասնակցութի՞ւն կը պահանջէք…
Այդ ալ վերջացաւ մէկ-երկու հոգաբարձուի հեռացումով…: Բայց դպրոցը պէտք է շինուի. ահագին գործ կայ, շինութեան համար քար հաւաքել, կրել, ծովէն աւազ բերել, ճամբաներէն խիճ հաւաքել, լուալ, ջուր կրել, հիմ բանալ, տանիքի թափքին համար վարէն վեր սիմէնթ կրել …: Ասոնք կամաւոր աշխատանքով պէտք է ըլլային…: Կա-մա-ւոր: Հին, մոռցուած փաստեր մէջտեղ ելան. դաշնակցականներ կան որ բարեգործական են եղեր, «Մեզի ինչ… Մենք մեր դպրոցը ունինք» ըսին, իրենց անդամակցութիւնը դադրեցուցին… Բողոքական բարեգործականներ ալ կան եղեր… Անոնց ալ Սթալին խոճան ըսեր է. «Բարեգործականը երկու տարիէ աւետարանական վարժարանին նպաստը ուշ-ուշ կը ղրկէ»: «Ուզէ ղրկէ՝ ուզէ չղրկէ» ըսին, անդամակցութիւնը դադրեցուցին…: Մնացին միւսերը՝ հնչակեան բարեգործականներ, ռամկավար բարեգործականներ, կաթողիկէ բարեգործականներ, առաքելական բարեգործականներ…ուրիշ ի՞նչ մնաց, հա՛, լաթին բարեգործականներ: Ասոնց դաշինքը մնաց…: Հիմա որ մնացին «մենք մերոնցով»՝ կամաւոր աշխատանքի բաժինը ամենէն դիւրին լուծուող հարցը եղաւ… Մէկը ըսաւ «Ես հինգ օր ձրի կ’աշխատիմ», միւսն ալ կրկնեց նոյնը բանը, ո՞վ միւսէն պակաս էր ազգային գործի համար…: Վարձքով աշխատողները վարպետները պիտի ըլլային՝ որմնադիրը, պեթոնէ գործերու վարպետը, ջորեպանները, պատուհանները շինող երկաթագործը, պատերը ծեփող վարպետն ու անոնց աշկերտները…
Կը կարծէին, որ շինութեան քարը ամենէն դիւրին պիտի ապահովուէր, լեռնէն քար կտրող վարպետներու պէտք պիտի չունենային, քանի որ այնքան շատ փլած-փլփլած տուներ կային թաղին մէջ:
- Այդքան տարի իբրեւ դպրոց գործածեցին, փլեցին չի բաւեր՝ հիմա քարը կ՛ուզեն, երես կ՛ուզէ,- ըսաւ մէկ տան ժառանգորդը:
- Տնամերձի պատերը պիտի փոխեմ ՝ ինծի պէտք պիտի ըլլայ ,- ըսաւ երկրորդը:
- Ջրհոր պիտի բանամ ՝ քարը ինծի պէտք կու գայ,- ըսաւ երրորդը:
Որոշուեցաւ գիւղի մայր եկեղեցւոյ եւ Մեսրոպեան վարժարանի նախկին շէնքերուն քարերը գտնել. տեղ մը թաղուած պէտք է ըլլային 12 տարի առաջ պատահած գետնասահքին: Քար հաւաքողները իջան «Խաղցած» ըսուած գետինը, սկսան փնտռել՝ ճիշդ ինչպէս ոսկի փնտռողները: Գետահունի պռունկին գտան պատ մը, ի՛նք էր, պեղեցին, բացին: Շէնքերը սահեր հասեր էին հոն ու թաղուեր մնացեր…
- Տղա՛ք, եկեղեցւոյ կոչնակը յանկարծ մէջտեղ չելլէ,- կը զգուշացնէր Պարոն Գաբրիէլը, դպրոցին զանգը պատրաստ կ՛ըլլայ:
Ընտիր քարերը կրեցին, դիզեցին, հաշուեցին ու տեսան, որ չի բաւեր:
Հայրս նուիրեց Քորքենց՝ մեր տոհմի տուներուն ամբողջ քարը: Տուները փլելու եւ քարերը ընտրելու ատեն հայրս յայտնապէս յուզուած էր. հոն դարաւոր պատմութիւն մը կը սրբուէր անհետ. Իր տոհմէն միայն ինք մնացած էր գիւղը ու կը մխիթարուէր, որ Քորքենց քարերով շինուող դպրոցը իր զաւակները պիտի յաճախէին:
Հիմը բանալը առանձին արարողութիւն դարձաւ: Չորս պատերուն հիմերուն համար երկուքական հոգի կ՛աշխատէին. մէկը կը փորէր, երկրորդը ետեւէն թիով հողը դուրս կը շպրտէր:
- Խորունկ բացէք, կարմիր ժայռին հասէք, հա՜,- կ’ըսէր բողոքական Պատուելի Սահակը՝ յիշեցնելով Յիսուս Քրիստոսի պատգամը,- խելացի մարդը իր տունը վէմի վրայ կը շինէ, ոչ թէ աւազի վրայ:
Կիներն ալ անպակաս էին : Մէկը կուժ մը ջուր կը բերէր, կը դնէր շուքին, միւսը՝ խնոցիէն նոր ելած դոյլ մը թան, միւսը՝ թոնիրէն նոր ելած երկու բաղարջ տաք հաց:
Արթինն ալ գործի կու գար գրպան մը լեցուն ընկոյզով, որ բաժին կ՛իյնար հոն խաղի եկած ու իրենց նոր դպրոցին շինութեան հետեւող լաճերուն:
- Տղաք, քանի՞ տարուան դպրոց է շինածնիդ,- կ՛ըսէր Սիվտիցի նանարը,- գիւղին մէջ քանի դպրոցական կայ՝ յայտնի է, տեսէք, ետեւէն չկայ…
Ասիկա բողոք էր. դպրոցի աշակերտութեան չափ «տնմնայ» մարդիկ կային գիւղին մէջ. օրինակ՝ Սիվտիցի նանարին չորս տղաքը, որոնց աւագը՝ Փոր Սաիտի ծնունդ էր՝ Սթալին Խոճան, որ արդէն 35-ը անց էր, ու անկարող՝ ամէն տարի նորոգուող իր երկու ուսուցչուհիներէն մէկը մայրացու դարձնելու…
Թրթիռ Նանարն ալ կու գար, ահա՛, ասոր ալ երկու տղաքը…
Դպրոցի հինգ հոգաբարձուներն ալ ամուրի մարդիկ էին՝ Կարոն, Մուսան, Ճորճը, Մանասը, Զաւէնը, որ մէկը ըսեմ: Գիւղին մէջ խօսք կար. «Վարժուհի եղիր՝ բախտդ շուտ կը բացուի», «Հոգաբարձու եղիր՝ կարգուիլը մոռցիր», հապա՜…
- Մեզի աղջիկ չեն տար, Գարատուրան հարս ըլլալ չեն ուզեր, Եթէ Պէյրութ երթաս՝ կ՛առնեմ քեզի կ՛ըսեն,- հիմքի փոսէն կ՛արդարանար Սուլեան Արթինը:
-Ինչ է, աղջկայ սո՞վ եղաւ,- կը պատասխանէր Սիվտիցին,- տեղացին չեղաւ՝ հալէպցի մը գտէք, ան ալ չեղաւ՝ գացէք Հաֆֆէ, Ճապլէ, Ըսլընֆէ, գտէք թաթ մը, ուռում մը՝ բերէք, կարեւորը կարաս մը ըլլայ՝ մուկը մէջը ձգելու համար....
Դպրոցը կը բարձրանար, ձեւ կը ստանար, թէեւ գրեթէ միշտ վէճ մը կ՛ելլէր մէկ՝ պատի հիմքին, մէկ՝ դուռի դիրքին, մէկ՝ պատուհաններու լայնքին մասին եւ…: Մէկը կ՛ըսէր «կժանոց բանանք», միւսը կ՛ըսէր «Ի՛նչ կժանոց.. վաղը միւս օր ջուրը ծորակով դպրոցին բակը կը բերենք», մէկը կ՛ըսէր «կրականոցի տեղ բանանք», միւսը թէ՝ «Երկաթէ վառարան կը բերենք՝ վերջացաւ գնաց, ինչ կրականոց, ինչ փուխերիկ…»:
Մէկ խօսքով՝ հինն ու նորը կը քաշքշէին զիրար շէնքի հիմքէն մինչեւ տանիքը…
Բայց մեծ կագն ու կռիւը կ՛ըլլար ընդհանուր ժողովներէն ետք…Հաշուետուութիւն կը պահանջուէր…Հաշուետուութիւնը կը ներկայացուէր հատիկ-հատիկ, ամեն բան տեղն ու տեղին…Եղա՞ւ…: Երկու օր ետք տարաձայնութիւն մը կը շրջէր ամբողջ գիւղին մէջ, թէ հաշուետուութիւնը կեղծ է, իրենք հաւաստի աղբիւրներէ տեղեակ են, որ քարին համար վճարուած է այսինչին ու այնինչին, կամաւոր աշխատանքի օրերը վճարովի նշանակուած են եւ այլն, եւ այլն…: Գո՛ղ աւազակներ են առջեւ կեցողները, այդ տետրակ ու հաշիւ բռնողները…: Տուր ու տմբոց, վէճ ու կռիւ, հոգաբարձութենէ հրաժարում կամ հրաժարեցում…
- Ժողովուրդ,- կ՛ըսէր Պարոն Մովսէսը,- իրար մի՛ անցնիք, հանդարտեցէք, մեղր քամողը անպայման մատերը պիտի լիզէ... Այս բաները ամեն տեղ այսպէս կ՛ըլլան…
Կարեւորը՝ մենք վերամուտին ունեցանք նոփ-նոր դպրոց մը: տախտակէ վարագոյրներով բաժնուած չորս սենեակով. մէկը, վերջին պահուն, Պարոն Գաբրիէլը բաժնել տուաւ իբրեւ տեսչարան: Դպրոցին առաջին օրը հոգաբարձու Մովսէսը եկեղեցւոյ գտնուած կոչնակը բերաւ կախեց բակի ձիթենիին վրայ, երկու հաստկեկ ձողիկներով զարկաւ զանգը՝ թակ-թակ-թակ, թա՛կ, թակ-թակ-թակ, թա՛կ. մենք կարծեցինք, որ անոր ղօղանջը աւելի քաղցր պիտի հնչէ քան Սթալինին դպրոցի կոչնակը՝ թընկը-թընկը-թընկը-թընկը…թը՜նկ: Այդպէս չեղաւ: Տէ, «ժանգոտած էր» պատասխանեցին: Զանգակը հոն կախուած մնաց, բայց միայն Սթալինին զանգակը հնչեց դպրոցական եւ տէրունական օրերու առտուները:
Մենք ուրախ էինք, բայց Պարոն Գաբրիէլը միշտ մտահոգ էր, ի՛նչ ընէր, ի՛նչպէս ընէր, որ իր դպրոցը 3 պաշտօնեայով գոնէ 30 աշակերտ ունենար... Աշակերտներէն սա կապուելիք Յակոբը իր տղուն ունեցած խելքին կէսը ունենար... Հրաշք պատահէր՝ գիւղացիները տալ սորվէին, որ դպրոցը բաց չունենար... Իր հրաժարականը պահանջող միութենական ընկերներ չունենար…
Ունենար… չունենար…
Իսկապէս, յետոյ հասկցանք, որ այս բաները ամեն տեղ, ամեն ժամանակ այսպէս կ՛ըլլան եղեր:

May be an image of food and outdoors


No comments:

Post a Comment