ՀՈՂԷՆ ԿԸ ՓԱԽՉԻ՝ ՀՈՂԻ ԿԱՐՕՏԸ ՍՐՏԻՆ
Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան
January 31, 2021
Գետնասահքի ենթարկուած գետին էր. սահեր-շարժեր, սահեր-շարժեր էր, ինչպէս մաղէ անցած կալի ցորենը. հողը իջեր էր ընդերք կամ մաշեր գացեր, գիտինը դարձեր քարաստան-խճաստան:
Ու Հաննա ամմին առտուընէ մինչեւ իրիկուն, ծունկի եկած ափ-ափ, հատ-հատ խիճերը կը լեցնէր զամբիւղին մէջ, կը տանէր կը թափէր վարի անկիւնը, այնքան որ եգիպտական բուրգ մը եղեր էր հոն: ՛՛Ինչ կ՛ընես՛՛ հարցնող չէր ըլլար, որովհետեւ միայն ինք չէ, կողքին՝ եղբայրն ալ եւ շատ ուրիշներ նոյն բանը կ՛ընէին. քարէն հող կը մաղէին, արտ կը բանային:
Ետին բացուած գիտնին մէջ ալ հող չէր երեւեր, ճերմակին տուող մանրիկ խիճերով ծածկուած արտ էր: Որքան ալ պեղէր՝ նոյնը պիտի ըլլար:
Ինչ ընէր, ասիկա էր իր հողը, իսկ հողին պիտի նայիս, որ հողը քեզի նայի:
1939-ին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանագծումին հետեւանքով Թուրքիոյ կցուեցան Քեսապի շրջանին հիւիւսային եւ հիւսիս արեւելեան մասերը, շրջանին կէսէն աւելին: Յանկարծ՝ իր տան շեմին կանգնած գիւղացին, շա՛տերը, ա՛լ երթալիք տեղ չունեցան, ո՛չ ցանքի արտեր մնացին, ո՛չ ձիթաստաններ, ո՛չ աղբիւր, ոչ արօտավայրեր: Հաննա ամմոյենց տոհմին կալուածները մնացին հոն, սահմանէն անդին: Այծերու հօտն ալ քառորդի իջաւ:
Վրայ հասաւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը. անգործութիւն, սով, ծայրայեղ չքաւորութիւն, արտագնայ աշխատանքի մեկնողներու հոսանք դէպի Պաղեստին, Յորդանան, Լիբանան, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներ…: Ապրիլն ալ գաղտնիք մը ունի եղեր…
Վարի թաղի Գէորգ աղբարը կեցաւ պատին վրայ, բարեւեց:
-Իջիր,- ըսաւ Հաննան,- սիկառէթի ատենը եղաւ:
Նստան, Հաննա սիկառէթ փաթթեց, վառեց. Գէորգը ծխողներէն չէր:
Գէորգ աղբար տեղեակ էր, որ Հաննայի մեծ տղան Լիբանան կը գաղթէ: Քանի մը գլուխ այծերով ընտանիք չի կրնար պահել, ահա, կառավարութիւնն ալ այծերը կ՛արգիլէ, քանի մը պատառ հողէն ինչ կ՛ելլէ…: Իր ալ պարագան տարբեր չէ. տղան սիրած աղջիկը փախցուց տուն բերաւ. տղուն ինչի՞ն աղջիկ տային…Հիմա ան որքա՞ն կը դիմանայ այս անտէր գիւղին մէջ…
- Տղաս կ՛ուզէր խնձորենի տնկել,- ըսաւ Հաննա,- բայց ծառ տնկողը ծառի պէս համբերութիւն պիտի ունենայ…Չէր կրնար: Հայոց վանքը Պիքֆէյիայի մէջ պարտիզպանի պէտք ունի եղեր, տուն տեղ ալ կու տան, կ՛աշխատի կը մնայ…
- Հա՜, կը մտածեն գիւղացիի մասին,- հեգնեց Գէորգ աղբարը,- կաթողիկոս, կուսակցութիւն եւ միւսերը լաւ կ՛ընէին, եթէ մեր պարոններուն (մեծաւոր) ականջին փսփսային, որ հողերու բաժանումի ատեն արդար ըլլային, հողազուրկին հող շնորհէին եւ ոչ թէ անհող ձգած՝ քաշէին տանէին իրենց կողմերը:
Գէորգին ըսածը ամէն մարդ գիտէր:
1946-ի հայրենադարձութիւնը փրկութեան լաստ նկատուեցաւ Սուրիոյ հայութեան համար: Շատեր մեկնեցան՝ իրենց ունեցած տուն ու կալուածները ծախելով տեղացիներուն՝ արաբին, քիւրտին, թիւրքմէնին: Տարի մը ետք հայրենադարձութեան աւետիսը հասաւ Քեսապ: Ինչպէս ամէն տեղ՝ հոն եւս վազեցին թիւրքմէնները: Քեսապցիք, մեկնողներ թէ մնացողներ, երբեք չէին ուզեր, որ իրենց շրջանը դիմագիծ փոխէ: Դարերով հայկական մնացած Քեսապը, ուզեցին որ շարունակէ պահել իր անխառն դիմագիծը: Երեւելիներէն կազմուեցաւ երկու յանձնախումբ՝ մեկնողներէ բաղկացած Ծախող յանձնախումբ, մնացողներէ կազմուած Գնող յանձնախումբ: Հողերը գնահատուեցան ամենէն ցած, աննշան գիներով՝ մէ՛կ պայմանով, որ Գնող յանձնախումբը այդ հողերը պիտի տրամադրէ իսկապէս հողի կարիք ունեցող գիւղացիներուն:
Քեսապցիները մեկնեցան Հայրենիք՝ գրեթէ պարապ ձեռքերով:
Ասկէ ետք կը սկսի բուն պատմութիւնը՝ հողերու բաշխումը:
Գիւղացիները նկատեցին, որ հողերու բաժանումը արդար չ՛ընթանար: Պարոնները, գիւղի մեծերը, կալուածատէրերը յափշտակեր էին շրջանի լաւագոյն հողերը:
- Ունեցողին աչքը ծակ կ՛ըլլայ, որքան ունի՝ աւելին ունենալ կ՛ուզէ,- ըսաւ Գէորգը,- պարոնները հողերը բաժնուեցան, մեզի ձգեցին այս խաղցածները, լեռան ծերպերն ու քարաստանները…:
Պաղեստինէն, Լիբանանէն, Յորդանանէն, Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն արտագնայ աշխատանքի մեկնողները երբ հասան Գնող յանձնախումբի դրան՝ արդէն հող չէր մնացած:
-Չէինք կրնար սպասել, վարկ վերցուցած էինք Առաջնորդարանէն ու Սուրիահայ Օգնութեան Խաչէն,- պատասանեցին պատասխանատուները:
Շատեր ցաւով վերցուցին իրենց ընտանիքները ու վերջնականապէս կռնակ դարձուցին Քեսապին:
- Մեր քով ամէն լաւ սկիզբ գէշ կը վերջանայ,- աւելցուց Հաննան:
Իսկ հողատէրերը կալուածները ձգեցին այնպէս՝ ինչպէս ստացած էին:
- Տե՛ս, տե՛ս,- կ՛ըսէր Գէորգ աղբարը՝ցոյց տալով վարի թաղերը,- ինչ հարթութիւններ կը տեսնես ՝ անոնց կը պատկանին: Հասեր տիրացեր են մինչեւ թաղի բակերուն, հաւնոցի տեղ ալ չեն ձգած գիւղացիին, իսկ իրենք, իրենց սերունդները օր մը Պէյրութ են, օր մը Ամերիկա…: Եղբայր կ՛ըսես, տունս հեղեղի բերան մնաց, կտոր մը հող ծախէ՝ տուն շինեմ: Չի տար, ՛՛Հող է, մնացեր է՝ թող մնայ, ինչ կ՛ըլլայ հողին՛՛ կ՛ըսէ…
Մինչ գիւղացին հողէն կը փախչի՝ հողի կարօտը սրտին մէջ:-
No comments:
Post a Comment