ՄԱՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԿԱՄ ՄԻԱՅՆ ԱՊՐՈՂ ԳԻՒՂԸ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ԿԸ ՊԱՀԷ
Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան
February 6, 2021
Եկեղեցւոյ բակին հաստաբեստ թթենիին տակ կը հաւաքուէին մարդիկ վերի եւ վարի թաղերէն: Անդրանիկը ատենը մէյ մը իր տոմարներով կը ներկայանար անոնց. ահա՛, այս տոմարին մէջ արձանագրուած էին տարագրութեան ելած գիւղացիները՝ թաղ, ազգանուն, հայր, մայր, զաւակներ, գումար…:
Այս միւս տոմարին մէջ գրուած էին վերապրողները:
Միշտ թերի մը կը նկատուէր, Անդրանիկը ուղղում մը կ՛ընէր: Կը հաշուէին, կը գումարէին, կը հանէին ու մէջտեղ կ՛ելլէր, որ 1915-1920 թուականներուն տարագրութեան ելած մեր գիւղացիներուն կորուստը եղած է ա՛յսքան:
եւ ա՛յսքան ալ վերապրողներ, որոնք վերադարձան գիւղ:
Տարեցները ողորմի կու տային տարագրութեան զոհերուն, իրենց հարազատ կորուսեալներուն. ապա մէկիկ-մէկիկ կը խօսէին իրենց ընտանիքի վերապրող անդամներուն մասին, որոնցմէ մէկն ալ իրենք եղած էին:
-Մեր ժողովուրդի 3-էն միայն մէկը վերադարձաւ,- կ՛ըսէր Եարալլէ պապուկը, թէպէտեւ մենք գիտէինք արդէն, որ վերի Եարալեան տոհմէն իրմէ զատ վերապրող չէ եղած: Ինքն էր եւ իրմով ալ վերջացաւ: Կը յիշէին տոհմանուններ, որոնցմէ ոչ մէկը վերադարձած էր, բայց իրենց անունը տակաւին մնացած էր այսինչ արտին, աղբիւրին, ձորին վրայ՝ Խաշապենց աղբերակը, Մետաղենց փոսը, Ատուրենց կալը եւ այսպէս…:
Ու կը պատմէին, որ Յորդանանի մէջ բռնի իսլամացման լուրը ինչպէս ոտքի կը հանէ գաղթական հայերը: ՛՛Փրկենք մեր սերունդները, փրկենք մենք մեզ՛՛ ըսեր ու ասկէ-անկէ զոյգեր կազմելով, գիշերով, գաղտնի, օտար կրօնաւորի մը խաչով հաւաքական պսակներ կազմակերպեր են տարագրութեան մէջ: Կարճ է-երկար է, սեւ է-ճերմակ է հարցնող չկար, բարակին չէին նայեր, որովհետեւ գիտէին, որ ընտանիքի մէջ յետոյ ամէն ինչ կը գեղեցկանայ: Կը պատմէին, թէ Փոր Սաիտի գաղթակայանին մէջ Տէր Պետրոսը կը հաւաքէր ամուրիները, կ՛ընտրէր զոյգերը, գլուխները իրարու կը զարնէր ու կ՛ըսէր. ՛՛Ան որ ես միացուցի՝ ոչ ոք չի կրնար բաժնել՛՛: Հիմա, այստեղ գտնուող 40-ի սեմին կանգնած մարդոցմէ ոմանք ահա այդ տեղերու՝ Յորդանանի եւ Փոր Սաիտի ծնունդներ էին:
Ու բնականաբար վերապրողներու մասին խօսք որ բացուէր՝ կը պրպտէին, թէ ով ո՛րքան զաւակ ունի, քանի՛ մանչ, քանի՛ աղջիկ ու այս հաշուումը հիներէն սկսելով կը հասնէր մինչեւ մեր օրերը: Այնքան շատ էին անոնք: Հայրեր-մայրեր կարծես մրցումի ելած էին ուրիշ հայրերու եւ մայրերու հետ՝ տեսնենք ով աւելի կը բերէ: Ու ամենէն զուարճալին՝ բազմազաւակ ընտանիքներու մասին իրենց պատմութիւններն էին. ու այնքան շատ էին այդպիսիները:
Լատին Սարգիսի մասին կը պատմէին, տասը զաւակի հայր էր, ու երբ հերթական կերպով շնորհաւորէին նորածինը՝ կ՛ըսէր ՛՛Ամեն եկող բախտը իր հետ կը բերէ՛՛:
Նիննէօշը նոյնպէս ունէր 10 զաւակ, 5 աղջիկ, 5 տղայ. հարս գացած աղջկան առջինեկին հետ ունեցաւ իր վերջինեկը:
- Հերիք է այլեւս, մա՛րդ,- ըսեր է կինը,- թոռնիկներէդ պզտիկ զաւակ կ՛ունենաս, ամօթ է...
Ղազարնց Մուսան ունէր 13 զաւակ, 9 մանչ, 4 աղջիկ:
-Մեր կինը կ՛ըսէ,- գաղտնիք մը տալու պէս կ՛ըսէր Կեկիւսիկ հալեւորը,- թէ հարսին կարասին մէջ մուկ մը եւս ինկած է:
Մենք՝փոքրիկներս, երգ ունէինք, որ խաղի մէջ կը յանգաբանէինք ցատկռտելով.
Հունտուգոգ, պիզտա չօք,
Ղազէրինց հարսէն եօթը չուճոք:
Շատ ունինք հնդկածաղիկ,
Ղազարենց հարսին եօթը պզտիկ:
Ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը 5-6 զաւակի տէր էր, ու, կարծես, շատեր միտք ալ չունէին հրաժարելէ: Նասրէթտինի վեցերորդ զաւակն ալ աղջիկ ծնաւ: Ամբողջ գիւղը տխրեցաւ անոր համար: Մարդը ըսեր է ՛՛Ա՛լ կը բաւէ, արօրը պատէն կախեցի՛՛:
-Իսկապէս բանը բուրդ է այդ մարդուն,- կ՛ըսէր մէկը:
-Բան չկայ, աղջիկ ըսածդ շուտով կը մեծնայ կ՛երթայ, էշ մը չունեցողը թող փեսայ մը ունենայ…
Էհ, ժամանակները կը փոխուէին. Թուրքիոյ սահմանին վրայ խցկուած այս գիւղը թուրքէն աւելի ուրիշ բանէ մը կը վախնար ու կը հիւծէր: Թուրքի վախը կ՛օգնէր, որ գիւղը զօրանայ, բազմամարդ ըլլայ, բարձրաձայն երգէ, փող ու թմբուկ հնչեցնէ…Հիմա կարճ փէշի, անթեւ շապիկի, բամ-բաց օձիքի ժամանակները կու գային, քաղաքի համը հեռուէն անուշ կու գար, աղջիկները Պէյրութ կ՛երթային, սպասուհի կ՛ըլլային, սա կ՛ըլլային-նա կ՛ըլլային՝ ՛՛զիս կը սիրես՝ ետեւէս եկուր, ես Գարատուրան հարս գացողը չեմ, Քեսապ մնացողը չեմ՛՛ կ՛ըսէին: Գիւղին մէջ շատցեր էին ամուրի տղաքը, տէ՜, քառասունի բարեւ տուող բրդոտները…: Հացի խնդիր, աշխատանքի խնդիր, տունի խնդիր, վերջին ժամանակները՝ նորակազմ ընտանիքները հայրական օճախէն բաժնելու-բաժնուելու խնդիր…: Նստեր մնացեր էին, բայց ասոնց ալ մէկ աչքը դէպի դուրս կը նայէր…
-Տղա՛ք, դուրսը ձեզ մարդ չ'ըներ,- կ՛ըսէր մուխթար Աւտոն,- կ՛երթաք կը պտտիք, կը կորսուիք դուք ու ձեր ժառանգները կամ ձեռնունայն կը դառնանք ձեր հօր ու մօր կողքին պառկելու համար…
- Այդպէս չէ՞, Ամիրքացի,- կը հարցնէր՝ դառնալով ծայրը նստած լուռ մարդուն:
Սաղտըժենց Ամիրքացին ամերիկեան գլխարկը կը հանէր ու կը դնէր ծունկին, ճակտի քրտինքը կը սրբէր: Այս մարդիկը կը ճանչնայինք Ամիրքացի անունով, շատերուն անուն- մականունները չէինք գիտեր: Ոմանք դեռ տարագրութենէն առաջ Ամերիկա գացած էին, ոմանք տարագրութենէն ետք, տասնամեակներ դեգերեր էին Նիւ Եորքի, Պոսթոնի, Տիթրուօյտի, Շիքակոյի մէջ, ո՛չ տուն, ո՛չ ընտանիք… Ու վերջին տարիներուն պարապ ձեռքերով եկեր էին, վերադարձեր էին հայրենի գիւղ՝ եղբօր կամ եղբօր տղոց տան մէկ անկիւնը պատսպարուելու համար.
Երթամ ննջել յիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ:
Անոնց համար, շատերու համար, Քեսապ մեծ գերեզմանատուն մըն էր, ուր կը ցանկային ննջել…
- Եկուր համոզէ այս տղաքը,- կ՛ըսէր Կեկիւսիկ հալեւորը,- որ գերեզմանն ալ ապրողներով գերեզման կը մնայ, ապա թէ ոչ՝ օր մը, մէկը, դեղին մոյկով Մահմուտ մը կամ Մուստաֆա մը կու գայ կը փորէ արտը, կը գտնէ գանկդ, շատ-շատ ողորմի մը կու տայ ու կը նետէ պատին ետեւ, ինչպէս սովորական քար մը կամ կը դնէ պարտէզին մէջ տնկած խրտուիլակի գլխուն…:
Միայն ապրող գիւղը գերեզման կը պահէ…:
No comments:
Post a Comment