ՎԵՐՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՊԱՐՏԷԶ
Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան
______________________________________
Ոսկան ուժեղ կազմուածքի տէր, քեսապցի, աշխատասէր, երիտասարդ հողագործ մըն էր: Երբ ան լուսաբացի արեւուն հետ պարտէզ իջնէր, պարտէզի գործերը ընթացք կ՚առնէին անմիջապէս: Ան գիւղի ամէնէն աշխատասէր հողագործն էր: Առաջինն էր, որ պարտէզի ծառերը կը յօտէր, կը դեղէր, կը հերկէր եւ բերքը կը հաւաքէր: Այս բոլոր գործերը առանձին կ՚ընէր, օգնական չունէր, միակ օգնականը կինն էր:
Երկու տասնեակ տարիներ Ոսկան այդպէս, մեծ հաճոյքով խնամած էր իր պարտէզը: Պարտէզի բոլոր գործերը կարգաւորած էր: Աշնան բերքահաւաքէն ետք, պատշգամ նստելով ծխախոտը մատներուն արանքը կը տեղաւորէր, շրթներուն կը մօտեցնէր, ծխախոտի ծուխին հետ խորունկ շունչ մը կը քաշէր ու գոհունակութեան զգացումը սիրտն ու հոգին կը պարուրէր... աշխարհը իրն էր, գործը այս տարի տեղն ու տեղին հասցուցած էր: Երբ ծխախոտը հատնէր, անոր ծուխն ալ փարատէր, աչքին առջեւ բացուած յստակ հորիզոնի գեղեցկութիւնը աշխարհին հետ չէր փոխեր:
Ոսկան երբեմն դժուարութիւններու ալ կը հանդիպէր՝ կարկուտ, երբեմն շատ պաղ կամ շատ տաք կլիմայ եւ այլ դժուարութիւններ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենային բերքի թէ՛ քանակին, թէ ալ որակին վրայ, բայց համբերութեամբ դիմագրաւած էր այդ բոլորը, յաղթահարած էր դժուարութիւնները՝ յաջորդ տարուան բերքին յոյս կապելով:
Յաջորդ երկու տասնամեակներուն Ոսկանին կեանքին մէջ շատ բան փոխուած էր: Ան հետզհետէ կը համոզուէր, որ պարտէզի գործը «մէկ հոգիի գործ չէ», օգնական ձեռք մըն ալ կ՚ուզէ: Ստիպուած աշկերտ մը բերաւ պարտէզ ու գործը կրկին հունի մտաւ:
Պէտք էր ընդունիլ, որ առաջուան նման երիտասարդ չէր այլեւս, թէեւ չէր ուզեր մեծնալն ու ծերանալը ընդունիլ, քաւ լիցի, բայց մարմինը հանգիստի իրաւունքը կը պահանջէր, տարիները իրենց աւերը կը գործէին անոր վրայ փաստօրէն:
Ոսկան եռանդով իր աշկերտին կը սորվեցնէր, ուղղութիւն կու տար: Այդուհանդերձ անոր աշխատանքը Ոսկանին սիրտը չէր յագեցներ, բայց այլ ելք ունէ՞ր, ի՞նչ կրնար ընել երբ պարտէզի իւրաքանչիւր գործ «առանձին կատարուելիք գործ չէր» այլեւս:
Յաջորդ երկու տասնամեակներուն, Ոսկան հետզհետէ նուազեցուց պարտէզ յաճախելու իր ժամերը, ան աշկերտէն վերջ պարտէզ կ՚իջնէր: Մինչդեռ նախապէս... լուսաբացին հետ պարտէզ կը հասնէր, անոր ոտքերուն տակ պարտէզի հողը կը դղրդար ու գետնի խոտը կը կանաչնար: Եկուր տես, որ այսօր անոր հանդարտ ու ծանր քայլերուն տակ ինկած եւ չորցած տերեւները հազիւ կը փշրուէին: Աշկերտը պարտէզի գործերը գրեթէ առանձին կ՚ընէր այլեւս, Ոսկանին ցուցմունքներուն իսկ կարիք չունէր... Ոսկանին սիրտն ու միտքը, սակայն, լեզու պիտի ունենային, որ պատմէին թէ ի՛նչ կը զգար ան:
Երբեմն կը մտածէր՝ «Եթէ Աստուած զաւակ մը պարգեւած ըլլար ինծի, ուս մը աւելցուցած կ՚ըլլար մարմնիս»: Յետոյ զղջալով՝ «Այսքանին ալ փառք: Աստուծոյ կամքը թող ըլլայ», կը մտմտար:
Հետզհետէ նկատեց, որ պարտէզ իջնելն ալ իմաստ չունէր: Պարտէզը երիտասարդ մշակ կը պահանջէր:
Կինը զինք մխիթարելով կ՚ըսէր.
Ոսկա՛ն, շատ աշխատեցանք մեր կեանքի ընթացքին, քիչ մըն ալ հանգիստը մեր իրաւունքն է:
Ոսկան սկսած էր ինքնիրեն համար զբաղում փնտռել: Պատկերասփիւռի կայաններուն մէջ դեգերելով իր ճաշակին համապատասխանող բան կը փնտռէր, թաղէն անցորդի մը կը սպասէր, որ սուրճ խմելու հրաւիրէր զինք եւ պարտէզ մշակելու իր փառքի օրերէն պատմէր: Կը պատմէր, իսկ անոնք հետաքրքրութեամբ կ՚ունկնդրէին, հակառակ նոյն պատմութիւնը քանի մը անգամ լսած ըլլալնուն: Միթէ՞ կարելի էր Ոսկանը նեղացնել: Հարազատներն ալ երբ կ՚այցելէին իրեն, նոյն պատմութիւնները կը լսէին... «Ձեր պարտէզի խնձորի աշխատանքը ո՞ւր հասցուցիք, աշկերտս աւարտին հասցուց մերը», հպարտանալով կ՚աւետէր:
Օր եկաւ ու Ոսկան նկատեց, որ պարտէզի եկամուտը ծախսերուն համապատասխան չէր՝ աշկերտի վարձք, պարտէզի դեղեր, սնտուկներ եւ խնձորի սնտուկներու տեղափոխութիւն...: Ձեռքը հասած դրամը իր եւ կնոջ ապրուստի ծախսը չէր բաւարարեր:
Էրիկ-կնիկ դժուարութեամբ, սակայն ստիպողաբար պարտէզը ծախելու որոշում առին: Անոր բերած դրամը մինչեւ մահ իրենց ապրուստը կ՚ապահովէր:
Այդ գիշեր, սակայն, Ոսկան չկրցաւ քնանալ: Ուրկէ՞ քուն բերէր, ամէն անգամ, որ կը մտածէր իր պապենական հողն ու պարտէզը ծախելու մասին, առանց պարտէզի ապրելու մասին, ջիղերը թունդ կ՚ելլէին:
Շաբաթներ անցան, փորձեց ինքզինք համոզել, որ «ըտը դրուշօյը» ինք ասոր անոր ձեռք պիտի չբանար, իսկ եթէ պարտէզը չծախէր, ի՞նչ պիտի ընէր պարտէզը, անկէ օգուտ չկար այլեւս: Ճիշդ է որ պարտէզը երկար տարիներ հօր ու իր ապրուստը լայնօրէն ապահոված էր, սակայն այսօր պայմանները փոխուած էին:
Ամիս մը ետք աշկերտը այցելեց Ոսկանին, ան առաջարկեց, որ պարտէզ իջնեն եւ «աչք մը նետեն» պարտէզին վրայ, քանի դեռ պարտէզին յարմար յաճախորդ չկար: Ոսկան նախ կտրականապէս մերժեց առաջարկը, բայց գործաւորը խանդավառեց զինք: Ինքնաշարժ նստան ու պարտէզ գացին:
Երբ Ոսկան գաւազանի մը յենելով ոտք դրաւ պարտէզ ու քանի մը քայլ յառաջացաւ, ծառերը տժգունած տեսաւ, ծառերուն տակ մոլախոտեր աճած էին, ծռեցաւ, կողքի ծառին տակ աճած մոլախոտերը պոկել փորձեց, ինչպէս միշտ ըրած էր, որպէսզի ծառը շունչ քաշէր... գուրգուրանքը զինք առջեւ կը մղէր, մարմինը, սակայն, չէր ենթարկուեր անոր:
- Ի՞նչ կ՚ընես, վարպե՛տ,- հարցուց աշկերտը:
- Քիչ մը այս մոլախոտերը մաքրեմ...
Հազիւ նախադասութիւնը աւարտեց, քանի մը անպիտան խոտ քաշքշեց, մարմնին եւ ձեռքին անկարողութիւնը յուսախաբ ըրաւ զինք...
Մարմինը շտկեց, գաւազանը քանի մը անգամ գետին զարկաւ, պարտէզը կուշտ աչքով, անձայն դիտեց, խորունկ շունչ մը քաշեց ու խոնաւ աչքերով աշկերտէն խնդրեց տուն վերադառնալ...:
Պարտէզը թոքերուն թթուածին, երակներուն արիւն շնորհած էր տարիներ շարունակ, իսկ այսօ՞ր... այդ շունչն ու արիւնը շիթ առ շիթ կը վիժէին մարմինէն:
http://www.kantsasar.com/news/25586-2/
==========================================
միացէք մեր Telegram-ի էջին https://t.me/kantsasar91
միացէք մեր Instagram-ի էջին https://www.instagram.com/kantsasar_weekly/
No comments:
Post a Comment