ՔԵՍԱՊԻ ՄԵԾ ԲԱՐԵՐԱՐԸ՝ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ
Փոքր
տարիքիս,Պէյրութի մեր բնակարանին մէջ, անկիւն մը դրուած,կը տեսնէի անոր
լուսանկարը, առանց կարողանալ գիտնալու թէ ո՞վ էր այդ լուսանկարին մէջ պատկերուած
անձնաւորութիւնը,որը կը թուէր ինծի ըլլալ «Մեծ» անձ
մը, առանց ունենալու «Մեծ» մարդոց խոժոր դէմքի եւ յոխորտացող նայուածքի արտայայտութիւնը.անոր
դէմքին վրայ կը տեսնէի բարութիւն մը եւ հրեշտականման ժպիտ մը դրոշմուած:
Երբ ամէն ամառ,դպրոցներու փակումէն անմիջապէս ետք,կը մեկնէինք Քեսապ՝մեր պապենական գիւղը,հոն անցընելու ամառնային արձակուրդը,այնտեղ նոյնպէս կը տեսնէի այդ «Մեծ»ին նոյն լուսանկարը ,զետեղուած այլ յարգի նկարներու հետ,յատուկ մետաղեայ տուփի մը մէջ:
Կը սիրէի դիտել յաճախ այդ պատկերները,բոլորն ալ սեւ եւ ճերմակ.ուշադրութեամբ կը վերցնէի զանոնք,հետաքրքրութեամբ կը դիտէի,երբեմն առանց ճանչնալու անոնց մէջ պատկերուծ անձերը:Օր մըն ալ զանոնք դիտած ատեն,հարց տուի կողքս նստած հօրս,հարցնելով «Մեծ» մարդուն մասին՝գիտնալու անոր ինքնութիւնը:Հօրս դէմքը պայծառացաւ եւ հպարտ շեշտով մը պատասխանեց ըսելով.«Այս մեր Աղաճանեանն է տղաս»,տալով անոր մասին հակիրճ բացատրութիւն մըն ալ:
Ինչե՜ր,ինչե՜ր չկային հօրս արտասանած
այդ երեք բառերուն մէջ.հպարտութիւն ի հարկէ,մանաւանդ ապրած ըլլալով այդ «Մեծ»ին ժամանակաշրջանին,ականատեսը
եղած անոր կատարած մեծ գործերուն եւ վայելած անոր բարիքները:Զգացի որ հայրս պարծանքն
ունի վայելելած ըլլալու այդ հայրապետին հայրական հոգատարութիւնն ու անհուն սէրը եւ
ունէր անոր հանդէպ երախտապարտ զաւակի զգացումները:
Եւ ինչպէս հայրս չըլլար հպարտ,չըլլար երախտապարտ,ըլլալով քաջատեղեակ եւ նոյնիսկ վկան՝ այն դէպքերուն որ տեղի կ'ունենային նախորդ դարու երեսունական թուականներուն եւ այդ դէպքերը կրնային ունենալ շատ ծանր հետեւանքներ եթէ չըլլար երջանկայիշատակ Կարտինալ Աղաճանեանի անմիջական եւ ազդու միջամտութիւնը:
Արդարեւ 1933 թուականէն կ'արծարծուէր Սանճագի հարցը եւ զայն Թուրքիոյ կցելու ֆրանսական փորձերը միջազգային գաղտնի վարագոյրներուն ետին: Այդ օրերուն Քեսապը մաս կը կազմէր Սանճագի նահանգին: Ֆրանսայի ակնկալութիւնն էր սիրաշահիլ Թուրքիան եւ ապահովել անոր բարեկամութիւնը նացիական Գերմանիոյ դէմ ,երբ արդէն եւրոպային կը սպառնար համաշխարհային երկրորդ պատերազմի մը անխուսափելիութիւնը:
Այդ թուականներուն՝ նախազգալով վտանգը,Քեսապի քոյր համայնքներու հոգեւոր պետերը նամակ կը յղեն հայ կաթողիկէ պատրիարք՝երջանկայիշատակ Արփիարեան կաթողիկոսին , որ իր հեղինակութեամբ միջամտէ ֆրանսական հոգատար պետութեան մօտ ,որ Քեսապը անջատուի Սանճագի նահանգէն եւ միացուի Լաթաքիոյ նահանգին:Պատրիարքարանը ֆրանսական իշխանութիւններէն կը ստանայ ապահովութիւնը թէ այդ կասկածները անհիմն են:Բայց դժբախտաբար ինչպէս միշտ,մեծ պետութիւններու սեփական շահերը գերադաս են մարդկանց իրաւունքներուն եւ անոնց խոստումները միշտ խաբուսիկ:
1939-ի Յունիսին կը կնքուի այդ տխրահռչակ համաձայնութիւնը Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ:
Հայրս կը պատմէր յիշելով այդ օրերը եւ կ՛ըսէր.«Քեսապի վարժարաններուն մէջ սկսաւ թրքերէն լեզու դասաւանդուիլ»:
1937-ին կաթողիկոս ընտրուած էր Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեան:Ան ձեռնածալ չէր կրնար մնալ ի տես այդ կատարուած սադրանքին,որուն մէջ կը տեսնուէր տեղահանութեան հեռանկարը:
Հայրապետը կը լծուի գործի:
Կը դիմէ ֆրանսական հոգատար իշխանութեան պատասխանատուներուն:Անոր կ'աջակցի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ`Ռէմի Լը Փրէթր : Նամակ կը գրեն Պիոս ԺԲ պապին եւ կը խնդրեն անոր ազդու միջամտութիւնը Ֆրանսական կառավարութեան մօտ: Պապը Ֆրանսայի առաքելական նուիրակին միջոցաւ կը հասցնէ խնդրանքը Ֆրանսական պետութեան եւ յաջողութեամբ կը պսակուի կարտինալ Աղաճանեանի պահանջքը:1939-ի Յունիսին երբ պաշտօնական կերպով կը ստորագրուի համաձայնագիրը Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ ,Քեսապը նախ կ'անջատուի Սանճագէն,կը կապուի Լաթաքիոյ նահանգին եւ թուրք բանակայինները կը հեռանան Քեսապէն եւ շրջակայ գիւղերէն նոյն տարուայ Յուլիսին:
Երջանկայիշատակ Աղաճանեան հոգեւոր տէրը կը յիշէ այս դէպքերը իր 1947-ի կոնդակին մէջ.«Սրբազան քահանայապետին,ազդու միջամտութեամբ որուն պատճառ եղան Սուրիոյ եւ Լիբանանի առաքելական նուիրակութիւնն ու պատրիարքարանս,խնայեց Քեսապի հայաբնակ եւ սիրելի շրջանին՝գաղթականութեան աղէտը:Քեսապ մնաց կապուած Սուրիոյ հանրապետութեան»:
Քեսապի այս ազատագրութեան յիշատակը Քեսապցիները վար պահած էին իրենց մտքերուն եւ սրտերուն մէջ.ունէին երախտագիտական զգացում մը յայտնելու մեծ փափաքը,զոր իրագործեցին 1947-ին տալով խմբային այցելութիւնը Աղաճանեան հոգեւոր տիրոջ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքարան:Կարտինալը ընդունելէ եւ լսելէ ետք Քեսապի հաւատացեալները,կը խոստանայ անձամբ այցելել Քեսապը՝իբր գրաւական իր հայրական սիրոյ եւ գուրգուրանքին:
Քեսապցիներու երախտագիտական այցելութիւնը կարտինալ Աղաճանեանին,Լիբանան,Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան,1947թ.
1948-ի Օգոստոսին Աղաճանեան կարտինալը տուաւ իր հայրապետական
հինգօրեայ այցելութիւնը Քեսապի,ուր ընդունուեցաւ մեծ շուքով համայն քեսապահայութեան
կողմէ իբր մեծ բարերար իրենց պապենական կիլիկիան հայաւանին:
1995-ին,մեծ հայրապետին ծննդեան հարիւր ամեակին առթիւ,քեսապցիները ուզեցին կրկին անգամ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնել իրենց մեծ բարերարին,եւ նախաձեռնութեամբ Քեսապի զաւակ Հ. Մեսրոպ վրդ. Ճուրեանին,անմահացուցին այդ մեծ սխրագործութիւնը , վիմափոր արձանագրութեամբ մը,Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս եւ որուն բացումը կատարեց երջանկայիշատակ Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Կաթողիկոսը,ի ներկայութեան Քեսապցի հոծ բազմութեան եւ պետական ու պաշտօնական անձնաւորութիւններու:
Քեսապցիներու նման,Սուրիոյ պետութիւնն ալ իր կարգին իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց Աղաճանեան կաթողիկոսին,անոր մատուցած ծառայութեան համար Սուրիոյ պետութեան,պատուելով զայն Սուրիոյ հանրապետութեան Արժանեաց բարձրագոյն Շքանշանով,1955 թուին,ձեռամբ վսեմաշուք նախագահ՝Շուքրի Ալ Գուաթլիի:
Սուրիոյ նախագահ Շուքրի Քուաթլի կը պատուէ Կարտինալ Աղաճանաեանը,
Սուրիոյ հանրապետութեան Արժանեաց բարձրագոյն Շքանշանով,1955 թ.
Ներկայիս մեծ ջանք կը տարուի գլխաւորութեամբ
Ամենապատիւ Գրիգոր –Պետրոս Ի Կապրոյեան կաթողիկոս պատրիարքին,երանացման եւ սրբադասման
հասցնելու Աղաճանեան կարտինալը:Երջանկայիշատակ Կարտինալին իրագործումները եւ բարի գործերու
սերմերը անթիւ են ոչ միայն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար այլ նաեւ ընդհանրական եկեղեցւոյ մէջ:
Քեսապը իր կարգին կը միանայ այդ ջանքերուն եւ միջոցառումներուն եւ այդ առթիւ՝ նախաձեռնութեամբ Քեսապի ժրաջան եւ աշխուժ ժողովրդապետ`Հ. Նարեկ Լուիսեանին,կը ծրագրուի կանգնեցնել մեծ հայրապետին կիսանդրին Քեսապի Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ եւ կատարել անոր բացումը մեծ շուքով եւ պետական բարձր մակարդակով:
Կը վերջացնեմ գրութիւնս մեծ հայրապետին խօսքերով զոր ուղղած էր իր կաթողիկոսական գահակալութեան օրը հաւատացեալներուն,որոնց սիրոյն եւ բարիքին այնքան ծառայեց ան.
«Սիրելի հաւատացեալներս,որ այնքան գեղեցիկ պսակ մը կը կազմէք իմ շուրջս,այս յուզիչ պարագային մէջ,հայրական սրտի յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի,անհուն ուրախութեան համար զոր կը պատժառէք սրտին՝ձեր հովիւին:
Ձեր հոգիներուն փրկութեան պատասխանատուութիւնը
որուն համար հաշիւ պիտի տամ Աստուծոյ,կը ստիպէ զիս ձեզի տալ ամբողջ սիրտս:Վստահ եղէք
,արդէն իսկ դուք ունիք զայն ամբողջ եւ միշտ պիտի ունենաք զայն»:
Րաֆֆի Ճուրեան
ՄԱՍԻՍ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ-ՄԱՐՏ /ԱՊՐԻԼ 2019-ԹԻՒ 145/146
*Օգտգործուած աղբիւր.-Աւետիք՝ պաշտօնաթերթ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան
No comments:
Post a Comment