Saturday, February 6, 2021

 

ԾՈՎԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՄԱՔՐԷ

Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան

January 29, 2021

 

Ամենօրեայ դարձած էին վէճերը գիւղի յայտնի սաքուներուն մէջ հաւաքուող մարդոց միջեւ: Տաք-տաք կը վիճէին, կը հակադրուէին իրարու, կը վիրաւորէին զիրար, իսկ երբ կիներն ալ մտնէին վէճին մէջ՝ անէծքն ալ կ՛աւելնար սպառնալիքներուն վրայ: Կաթողիկոսական ընտրութիւններու բերած հակամարտութիւնները, Լիբանանի մէջ ահագնացող եղբայրասպանութիւնը, աստուածաբանական ճեմարանի քեսապցի ուսանողի մը անյայտ կորուստն ու փուռը նետուած ըլլալու ամբաստանութիւնները կիրքերը կը բորբոքէին չես գիտեր որո՛ւն դէմ: Յետոյ բնականաբար ճակատներ կը գոյանային մարդոց միտքին մէջ: Ոմանք տռտռալով-պռպռալով կը հեռանային, որովհետեւ եթէ քիչ մըն ալ առաջ երթային՝ մահակները գործի պիտի անցնէին: Այդտեղ, փաստօրէն, չէզոք մարդ չէր մնացած. այսպէս ըսես՝ դաշնակ ես, այնպէս ըսես՝ կարմիր ես, լուռ մնաս՝ սադրիչ ես, դաւադիր ես, դաւաճան ես…:

 

Խիչա եւս չդիմացաւ շատերու պէս: Ինք եւս սաքուէն իջաւ, պահ մը կեցաւ բակին մէջ, ետ դառնալու եւ բան մը ըսելու պէս ըրաւ: Չըսաւ: Ձեռքը թափահարեց ու արագ քայլերով գնաց տուն, ջրամանը եւ ուտելու բաներ մը տեղաւորեց պայուսակին մէջ, զարկաւ ուսին ու բակի պատին յենած ձկնորսական եղեգը վերցնելով իջաւ գնաց: Իրիկուան մօտ էր: Կինը պատշգամէն տեսաւ մարդը, հասկցաւ, որ գիշերը ՛՛կախուեցնել՛՛ու՝ կարթով ձուկ որսալու կ’երթայ, բայց զարմացաւ, երբ անդրադարձաւ, որ վաղը Կիրակի չէ…

Առաջին դարձուածքի բարձունքէն ծովը երեւցաւ. ալեկոծութիւնը ոչխարներու հսկայ հօտի մը պէս կը պսպղար ծովուն մակերեսին վրայ: Կատաղի փոթորիկ կ՛երեւէր: Զինք եղեգով տեսնողը պիտի ըսեր ՛՛կո՞յր է, չի՞ տեսներ, որ այսօր ծովուն մօտենալ կարելի չէ, ինչ ձուկ, ինչ բան՛՛:

 

Ինք գիւղէն կը փախէր, ու այս ճամբան ծովէն բացի ուրիշ տեղ չէր տաներ:

Վերջին թաղը կտրուկ արահետով մը շրջանցեց: Մարդ տեսնել չէր ուզեր: Մարդու երես նայելու փափաք չունէր; Անկէ վար մարդ-մարդասանք չէր ըլլար, բայց ծովուն ձայնը արդէն կը լեցընէր ամբողջ ձորը: Հասաւ ծովափի խարակին ծայրը, մէյ մը նայեցաւ ծովուն, պղտոր, մուգ ու մութ զանգուած մը, որ հսկայ վիշապի պէս մէջքը կը ծռէր ու ետ-ետ քաշուելով յատակը կը ճանկռտէր, ապա բաշը բարձրացնելով կը գալարուէր եւ ահաւոր թափով կը զարնուէր ծովափի խարակներուն՝ դուրս թքելով ամէն բան, որ երախին մէջ առած էր: Ալիքները կը բախուէին իրարու, կը բզքտէին զիրար ու կրկին թափ առնելով կու գային առաջ:

 

Չդիմացաւ Խիչա. խարակի քովնտի կածանէն կամաց-կամաց իջաւ ցած ու կեցաւ Դատաւորի քարի կողքին: Ծովու տատանումէն կարծես գլխապտոյտ ունեցաւ: Խիչա գրկեց քարը ու կողմնակի նայեցաւ ծովուն. ետեւ մնացած ջուրերը մեծ խշշոցով սահեցան ցած, ծովափի քարերն ու աւազը իրենց հետ քաշելով: Ծովը կրկին ետ եկաւ, բարձրացաւ, գլուխը թեքեց դէպի ցամաքը. Խիչա հազիւ կրցաւ անցնիլ քարին ետեւը, երբ հսկայական ալիքը փշրուեցաւ քարին վրայ ու ցնցուղի նման հոսեցաւ՝ իր թքած աղբերն ալ թափելով Խիչայի գլխուն եւ ուսերուն վրայ:

- Այսօր ծովն ալ կատղած է,- մտածեց Խիչան,- աշխարհ իրար անցած է:

Արդէն ուր որ է՝ մութը կոխելու վրայ էր: Բարձրացաւ քիչ մը վեր, դէսէն-դէնէն հաւաքեց շալակ մը ցախ ու փայտ, կապեց ու թեւին տակ առնելով՝ մօտեցաւ Ս. Սարգիսի քարայրի խարակին: Եղեգը յենեց ժայռին, ապահով տեղ մը, ապա ցախն ու փայտը ձեւով մը հետը քաշելով-քաշքշելով մագլցեցաւ քարայրն ի վեր: Հասաւ: Մտաւ ներս: Քարայրի պատին թիկնեցաւ ու շարունակեց դիտել սեւին տուող ու լայն տատանումներով ելեւէջող ծովը: Զինք երբեք այդքան չէր վախցուցած ծովուն մութ ու անյայտ խորութիւնը:

Վառեց կրակը: Թեթեւ ճարճատիւնը ջերմութեամբ լեցուց զինք; Հանեց թրջուած շապիկը, փռեց կրակին քով դրուած ցախին վրայ ու շարունակեց դիտել ծովը: Հայեացքը պաղեցաւ կարծես, անթարթ մնաց: Թօթթուեցաւ, հագաւ շապիկը, պատառ մը հաց դրաւ բերանը, երկու պուտ ջուր կլկլացուց, պայուսակէն հանեց փոքրիկ ծածկոցը եւ առաւ ուսերուն վրայ: Հեռուն՝ լոյսերու շարան մը կը պլպլար, յետոյ կ՛անհետէր, կարծես պահ մը կը ծածկուէր լեռներէն ծովուն վրայ իջնող սեւ վարագոյրով: ՛՛Մուսա լեռան լոյսերն են՛՛ մտածեց ու կամաց-կամաց կոպերը ծանրացան եւ քունը իջաւ, ինչպէս ծովու մակերոյթը կը ծանրանայ անդունդներուն վրայ:

***

Աչքերը բացաւ ու նկատեց, որ լուսաբաց է արդէն: Քիչ մը պաղած էր, կրակին վրայ խեշերանքներ թափեց, փչեց: Բոցը շոյեց երեսը, դարձաւ նայեցաւ ծովուն: Ոտքի ելաւ, կեցաւ քայրայրի մուտքին. խաղաղութիւն էր ամէն կողմ. Ծովը, չըրփ…չըրփ, աննշան հեւքով մը հազիւ կը շնչէր: Մտածեց անցնիլ դիմացի ժայռին վրայ ու կարթը նետել; Ծովը այնքան թափանցիկ էր ու խաղաղ:

 

Իջաւ. երէկուան ալիքներուն հասած բարձունքները դեռ թաց էին: Ծովը թքեր, թքեր ու դուրս էր շպրտեր այդ ամբողջ աղբը, որ դիզուած էր յատակին, որ մարդիկ թափեր էին ծովուն մէջ՝ ծովաբոյսեր, պատեաններ, ոսկոր, սատկած ձուկեր, տուփեր, շիշեր, փայտ: Գերան մըն ալ տեսաւ, ՛՛Տեսնես դարձիս կրնա՞մ պահել տեղ մը՝ օր մը էշով տուն տանելու համար, պէտք կու գայ՛՛ մտածեց:

 

Խիչա զղջաց որ երէկ իրիկուն ինք չթքեց գիւղի խաղաղութիւնը խանգարող այդ մարդոց երեսին: Ինքն իր վրայ բարկացած, ոտքով զարկաւ ժայռի մը ծայրը հանգչցած քարի մը, ինչպէս դրան մէջ պառկած շան մը կը զարնես: Ցաւցուց ոտքը:

Բարձրացաւ ժայռին վրայ ու նայեցաւ վարը: Վտառ մը կը պտտէր խորուները. կերը անցուց կարթի կեռին ու նետեց վար:

Ժպտաց. ծովը մաքրեր էր ինքզինքը…: Խիչա մտածեց, թէ ժողովուրդն ալ ծովու պէս է. օր մը աղբը դուրս կը թքէ:

 

No comments:

Post a Comment