ՄԻԱՆԱ՜Լ… ՄՈՌՑԷ՛Ք
Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան
January 24, 2021
Անշուշտ կար խօսակցական արաբերէն մը, որուն վարժ էին այր մարդիկ, մանաւանդ, երբ կար ամենօրեայ շփում սահմանապահ զինուորներուն, ոստիկաններուն, Քեսապի քաղաքապետարանի եւ ծխախոտի ընկերութեան պաշտօնեաներուն, հարաւի ալեւի գիւղերու բնակիչներուն, շրջուն վաճառորդներուն հետ…: Հարցով մը գիւղ եկած ոստիկանները յաճախ հասկցուելու եւ հասկնալու լուրջ խնդիրներ կ՛ունենային, ու ստիպուած լուր կը հասնէր մօրս, թէ՝ «Տիկին Խաթուն, հասի՛ր, ասոնց հետ լեզու գտիր…»: Մայրս իր մանկութիւնը Լեռնալիբանանի մէջ անցուցած ըլլալով ՝ սահուն ու վարժ արաբերէն մը կը խօսէր, տեղական բարբառ մը, որ այնքան հաճելի կը թուէր արաբ պաշտօնեաներուն... Ուրեմն հայն ալ արաբերէն կը խօսի եղեր…Բայց եկուր տես, որ ոչ ոք գիտէր պաշտօնական գրական արաբերէնը, որ մեր խօսած հայերէնին ու պատարագի գրաբարին ունեցած տարբերութենէն հազար անգամ մեծ էր…
Սուրիական պետութիւնը միշտ կը հետապնդէր պետական լեզուի ուսուցման անհրաժեշտութիւնը: Օսմանեան շրջանին արաբերէնը չէր կարեւորուէր հայաբնակ շրջաններուն մէջ. ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին առաջնայինը ֆրանսերէնն էր, արաբերէնն ալ կար, բայց որո՜ւ հոգը…: Հաթայի պետութեան ատեն, կը պատմէին, որ Մուսթաֆա Քեմալի նկարով թրքերէնի դասագիրքեր ունեցեր են. հայը թրքերէնին վարժուելու խնդիր չէ ունեցած երբեք: Բայց հիմա երկրի միակ պետական լեզուն արաբերէնն էր: Յաճախ քննիչներ կ՛այցելէին գիւղը. Կրթական գերատեսչութեան պայմանները կը հետապնդէին. դասացուցակը, յայտարարութիւնները պատին պէտք է արաբերէնով գրուած ըլլային, աշակերտութեան անուանացանկը եւ ուրիշ բաներ…: Մանաւանդ արաբերէնով դասաւանդելի նիւթերու բացակայութիւնը կը վրդովեցնէր քննիչները…: Կար առասպելական վկայական մը, որ սերթիֆիքա կը կոչուէր, յետ պետական քննութեան՝ նախակրթարանը աւարտած յաջողակներուն կը տրուէր: Հոն հայերէնը տեղ չունէր, իսկ մեր դասացոյցին մէջ կար-չկար՝ միայն հայերէն կար: Տնօրէնները կը չքմեղանային, թէ քիչ մը համբերեցէք, այս հարցը մէկ-երկու տարիէն չի լուծուիր, վաղը միւս օր մենք արաբերէնով վկայեալ ուսուցիչներ կը գտնենք ու այս հարցը կը լուծենք կամաց-կամաց:
Պետութիւնը տասնամեակներէ ի վեր ամեն ճիգ կը թափէր հայ դպրոցներուն օգնելու համար: Կը տրամադրէր արաբերէնի ուսուցիչ, որուն աշխատավարձը ինք կը վճարէր, ձրի կը տրամադրէր դասագիրքերը: Այսուհանդերձ՝ կառքը տեղէն դժուար կը շարժէր: Մեր գիւղը ղրկուած արաբերէնի ուսուցիչները ընդհանրապէս դեռատի աղջիկներ կ՛ըլլային՝ երեք հոգի, իւրաքանչիւրը՝ մէկ դպրոցի համար: Ասոնք մեծ մասով հարաւի լեռներուն քրիստոնեայ գիւղերէն կու գային՝ Հաֆֆէ, Գասապ, Ըսլընֆէ, մինչեւ իսկ Սաֆիթայէն…: Ասոնց համար վերի թաղին մէջ որոշ յարմարութիւններով ապահովուած տուն մը կը տրամադրուէր: Անոնք ամէն առաւօտ միասին կ՛իջնէին վերի թաղէն ու մեր տան մօտիկ կանգնելով՝ անպայման մէկ- երկու խօսք կը փոխանակէին մօրս հետ եւ իրարմէ կը բաժնուէին, ամեն ոք՝ իր դպրոցը: Տարի մըն ալ ունեցանք երիտասարդ ուսուցիչ մը, Պարոն Ֆուատը, որ ուսուցչուհիներու տան կից ուրիշ տան մը մէջ տեղաւորեցին: Կը սիրէինք իր ներկայութիւնը, իր փողկապը, իր չխամրող ժպիտը: Ան առիթ չէր փախցներ մեզի հետ խաղալու, ու կը փորձէր մեզի հետ հայերէն խօսիլ: Չեմ գիտեր, թէ մե՞նք աւելի արաբերէն սորվեցանք, թէ ինք՝ հայերէն: Թէ որքա՞ն լուրջի կ՛առնէինք այդ դասը՝ չեմ գիտեր, բայց չեմ մոռնար, օր մը Պարոն ֆուատը մեզի կարդաց իր գրած բանաստեցծութիւններէն մէկ-երկու հատը: Մէկուն մէջ քեսապցի հայը կը նմանցնէր Կասիոսի լանջին սաւառնող արծիւի, իսկ միւսին մէջ կը գովերգէր կեռաս շրթունքներով, խնձոր այտերով, ռեհանի բոյրով մեր գիւղի աղջիկները: Այդքանը հասկցանք. սա ալ կը նշանակէր, որ քիչ թէ շատ արաբերէն կը հասկնայինք…
Բայց երբեք չկրցանք հասկնալ, որ մենք ինչո՛ւ հիւրի պէս կը վարուէինք արաբերէնի ուսուցիչներուն հետ, որոնք այսօր կային, վաղը երբեք պիտի չըլլային… Մեր միտքին մէջ ինչ որ սահման կար մեր աշխարհին ու Սուրիա կոչուող երկրին միջեւ…
Արաբերէնի մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները երկար չէին դիմանար: Ամեն արձակուրդի կամ շաբաթավերջի կ՛այցէլէին իրենց տուները ու արձակուրդները կ՛երկրաձգէին: Տէ, նախ հետիոտն Քեսապ պէտք է երթային, անկէ Լաթաքիա իջնէին, եթէ փոխադրամիջոց գտնէին, այլապէս պէտք է գիշերէին Քեսապի դպրոցներու իրենց պաշտօնակիցներուն քով ու յաջորդ առաւօտ պասով իջնէին Լաթաքիա, անկէ ինքնաշարժ պէտք է փոխէին իրենց շրջանը երթալու համար…: Այսպէս… Հա՛ ձիւն է՝ ճամբաները փակ են, հա՛ ինքնաշարժ չգտանք, հա՛ հիւանդացանք…: Դասագիրքերը պայուսակներէն դուրս կ՛ելլէին ու կը շպրտուէին տան մէկ անկիւնը: Չվերադարձող ուսուցիչներ ալ կ՛ըլլային…
Օր մըն ալ վլվլուք փրթաւ գիւղին մէջ. քննիչները եկեր են գիւղ, նստեր են երեք տնօրէններուն հետ առանձին, ապա համատեղ, յետոյ պահանջեր են, որ երեքը միասին ներկայանան Լաթաքիա՝ Կրթական տնօրէնին, որ յստակ պահանջք ներկայացուցած է. գիւղին մէջ 20-25 աշակերտով երեք դպրոց կայ, որ պետութեան կ՛արժէ երեք ուսուցիչ, եւ… արդիւնք չկայ: Աշակերտները սերթիֆիքայի քննութեան չեն կրնար ներկայանալ: Կը պահանջուի, որ երեք դպրոցները միանան, որպէսզի քիչ թէ շատ դպրոցի նմանի 60-70 աշակերտութեամբ. որակեալ ու փորձառու ուսուցիչ պիտի ղրկէ ու հետապնդէ, որ կրթական գործը երբեք չկաղայ: Երեք դպրոցներու միացումը անհրաժեշտ է: Մի՛ացէք:
Անդին՝ Քեսապի մէջ եւս 4 հայկական վարժարաններ կային. հոն ալ պետութիւնը առաջարկեր էր միանալ, այլապէս 100-է պակաս աշակերտութիւն ունեցող դպրոցին պիտի չնպաստէ:
Այդ ինչպէ՜ս կ՛ըլլայ, որ դպրոցները մէկ ըլլան: Չի՛ կրնար ըլլալ: Ի հարկէ, պետութիւնը միամիտ կը ձեւանար, բայց շատ լաւ գիտէր, որ այնտեղ կայ հնչակ-դաշնակ, կայ առաքելական-աւետարանական-կաթողիկէ, բայց ինք իր ըսածը կ՛ըսէր. «Մենք երբեք դէմ չենք, որ դուք հայերէն դասաւանդէք, եթէ միանաք՝ աւելի լաւը պիտի ըլլայ, մի՛ կասկածիք, ձեր զաւակները միատեղ պիտի կրթուին, ստանան հայեցի հիմնաւոր կրթութիւն եւ պատրաստուին իբրեւ լիիրաւ սուրիացի քաղաքացի»:
Շատեր համաձայն էին. «Տեսէք ինչ օրի հասանք,- կ՛ըսէին,- օտարը մեզ պիտի միացնէ»:
Պատասխանատուներու պատասխանը կտրուկ մերժում էր. «Մենք մեր դպրոցները չենք կրնար միացնել: Խօսեցէք Հալէպ՝ մեր թեմական եւ կեդրոնական մարմիններուն հետ…: Անոնց ալ պատասանը նոյնը պիտի ըլլայ: Մոռցէք»:
Բայց…
- Բայց ի՞նչ՝ կ՛ուզէ օգնէ, կ՛ուզէ չօգնէ, մենք մեր ուսուցիչը կը գտնենք՝ կը վճարենք: Մենք մեր դպրոցը չենք փակեր…
No comments:
Post a Comment