Sunday, February 7, 2021

 ՀԱՏԻԿ-ԶԱՏԻԿ

Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան

January 6, 2021


Կաղանդէն ետք մեզի համար բուն տօնը Ս. Ծնունդն էր, զոր բարբառով կը կոչէինք Տունէն զէտէյը՝ Տօնին զատիկը կամ Պզտիկ զատիկը:
Այդ շաբթուն՝ կիները ամբողջ օր մը թոնիրէն չէին ելլեր, կը պատրաստէին բոկեղը, տարբեր համեմներով նկանակները, որոնց բաղարջ կ’ըսէին, օր մըն ալ կը բանային 33 գունտէ բաղկացած փախլաւաjի խմորը, զոր մարդիկ կ’եփէին թոնիրը, մաղմաղ կրակին վրայ: Խթման օրը կը զենուէր մսացու խոյը: Երեկոյեան կիները կը նստէին տան կրականոցին առջեւ... Քարին վրայ միս ծեծել, միսը մանրել ու ղաւումա շինել... Ահագին գործ կար… Եւ վերջապէս՝ կը բանային զատկուան աւանդական գլորը՝ տապկելու կամ մածնաջուրով եփելու համար: Տապկուածը սեղանէն չէր պակսեր գոնէ շաբաթ մը:
Այդ գիշեր շունը կը կապէին, իսկ դուռը բաց կը մնար: Գիւղի տղաքս խումբ-խումբ կը մտնէինք դռներէն ներս, կը շարուէինք ու կ’երգէինք Ծննդեան «աւետիս»ները կամ «Խորհուրդ մեծ» շարականը, կը ստանայինք նուէր ու «Շնըֆուր Ձիր զէտէjը» ըսելով կը վազէինք յաջորդ տունը: Մեզի համար ամենէն թանկագին նուէրը մանրադրամ մը կ’ըլլար:
Այդ օր ծնած բոլոր աղջնակները Լուսին կը կոչէին, իսկ մանչուկները՝ Աւետիս:
Առաւօտուն մեզ կ’արթնցնէին, թէ «ելէք-գացէք զատիկը տուն բերէք»: Զատիկը տուն կը բերուէր եկեղեցիէն, իսկ մեր գիւղի մայր եկեղեցին մեր ծնունդէն առաջ կործանած էր մեծ գետնասահքի մը, իսկ քահանան իր հօտի մեծամասնութեան հետ 1947-ին ներգաղթեր էր Հայրենիք, ուր տարի մը չբոլորած՝ վախճաներ էր հօտէ եւ եկեղեցիէ զրկուած: Մենք ողորմի տալով կը յիշէինք գիւղի մեր տէր Պետրոս քահանան:
Հետեւաբար՝ «եկեղեցին եկեղեցի է,- կ'ըսէր մայրս,- կ’երթաք բողոքանակաց եկեղեցին, ներս մտնելու եւ դուրս ելլելու պահուն անպայման խաչ կը հանէք, կը խաչակնքէք, խաչահամբոյրը պնակին մէջ դնելէն ետք ալ, «Հայ մեր»էն ետք ալ, չմոռնաք»:
Բողոքականները չէին խաչակնքէր:
Սթալինը, կամ ինչպէս ինք կը կոչէր ինքզինքը՝ Սարի Վարժապետը, առաջին զանգը կու տար: Ասիկա տօնական երկար զանգ էր, որ կ’արձագանգէր գիւղի բոլոր լեռներէն: Բոլորը իրենց ժամացոյցները կը շտկէին ժամը ութին վրայ: Քիչ ետք կը հնչէր երկրորդ զանգը, որ ըսել է քարոզիչը ժամանեց: Քարոզիչը Էքիզօլուքէն պարոն Ստեփան Աշըգեանն էր, որ, իր սեւ իշուն հեծած, 7 քիլոմեթր ճամբայ կտրելով կը հասնէր եկեղեցի: Կը վազէինք: Երրորդ զանգին կը սկսէր պաշտամունքը, որ՝ կ’ուզէինք շուտ վերջանայ, որպէսզի զատիկը տուն տանէինք: Վերջին շարքին նստած Սարի Վարժապետը գլուխը ծռած կը քնանար: Հոն ո՛չ մոմ կար, ո՛չ մոմակալ: Պաշտամունքէն ետք Պարոն Ստեփանը կը կանգնէր դռան մէջ, ու մենք, շարքով, կը ձեռնուէինք անոր հետ, ապա , առանց մոռնալու վերջին խաչերնիս հանելու՝ կը վազէինք տուն ու կ’ըսէինք «Քրիստոս ծնաւ ու յայտնեցաւ» եւ կը համբուրէինք մեծերուն ձեռքը. անոնք ալ մեր գլուխները շոյելով ու չա՛փ-չա՛փ համբուրելով մեր այտերը՝ «տումիս» (ապրի՛ս) կ’ըսէին, «Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս» աւելցնելով:
Պաշտամունքէն ետք բոլոր կիները կը շտապէին իրենց տուները, իսկ այր մարդիկ պարոն Ստեփանին ետին ինկած՝ եկեղեցւոյ վարի թաղերը տուն-տուն կը մտնէին, «աւետիս» կը բերէին, կը հիւրասիրուէին սեղանին վրայ շարուած չիրերէն, քաղցրաւենիէն, զատկական հացերէն ու ըմպելիներէն եւ «բարի զատիկ» ըսելով՝ կ’անցնէին յաջորդ տունը: Եկեղեցի չգացած այր մարդիկ կը միանային խումբին ու այսպէս, հետզհետէ մեծ խումբի մը վերածուելով, առանց խտիրի, զատիկը կը տանէին բոլոր տուներուն: Ասիկա կը սպասէին մանաւանդ տուն մնացած անկար ծերերը եւ շատ փոքրերը, որոնց տրուելիք քաղցր նուէր մը կ’ըլլար գրեթէ բոլոր գրպաններուն մէջ: Վերջերը հարազատ մը կորսնցուցած ընտանիքներուն համար բակ մտնող այս բազմութիւնը իրենց մխիթարութիւն կ'ըլլար:
Առանց բարեւի, այցելուի ու հարազատ մարդոց՝ հատիկ-զատիկ ի՞նչպէս կ’ըլլայ:
Բարի զատիկ բոլորիդ:


No comments:

Post a Comment