Sunday, February 7, 2021

 ԵՒ ԱՏԻԿԱ Կ’ԸԼԼԱՅ ԲՈԼՈՐԻՆ ՎԵՐՋԸ

Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան
December 28, 2020

Հայրս կը պատմէր, թէեւ ան ոչ մէկ ատեն կը պատմէր, եթէ պատումը թաքուն ակնարկութեամբ մը չ’ուղղուէր մարդոց մէջ նման երեւոյթի մը վրայ:
Այդ տարիներուն վերապրող քեսապցիներուն համար ամենէն ապահով զբաղումներէն մէկը եղած էր այծի խաշնարածութիւնը: 1920-ական թուականներուն միայն Գարատուրան գիւղին մէջ կար 62 հօտ. իւրաքանչիւր հօտ կը հաշուէր 100-500, մինչեւ 1000 գլուխ կենդանի: Եկամուտ ապահովելու ամենէն ապահով միջոցն էր ատիկա. այծէն կ՛արդիւնահանուէր միս, մորթի, պանիր ու այլ կաթնեղէններ եւ մազ: Այծի մազէն կը հիւսէին կարպետ, վրան, պարան, քուրց, մանտիք ու մախաղ, հովուական վերարկու եւ այլն:
Հովիւները իրենց հօտերուն հետ ամբողջ տարին կ՛անցընէին գիւղերէն հեռու, հեռաւոր արօտավայրերու ու ձորերու մէջ; Այծերը կը մակաղէին հսկայ քարայրներու կամ հեռու ձորերուն մէջ յատուկ շինուած գոմերու մէջ: Տարին 12 ամիս լեռները անցընող հովիւները յաճախ կը միացնէին հօտերը, որ գոնէ երկուքով հսկեն միացեալ հօտին, եւ գամփռերը շատնան: Հովիւները շաբաթը մէկ անգամ մէկ օրով կը հերթափոխոխուէին հարազատի մը կողմէ:
Այդ տարիներուն այծերու հօտերուն հետ ամէն տեղ շատցած էին նաեւ գայլերու վոհմակները: Սա բնական օրէնք էր, ուր այծի հօտ կայ, այնտեղ ալ գայլ կայ: Ի հարկէ մէկ երկու անգամ պատահած էին ընձառիւծ ու արջ, որոնք այնքան ալ վտանգաւոր չէին հօտերուն համար, որքան գայլերը: Հովիւները զինուած էին, ու գամփռերը հօտերու շրջագիծէն քիչ անդին կը հետեւէին այծերու շարժումին: Այդպէս էր միշտ. հովիւները կը գիշերէին հոն ուր այծերը կը մակաղէին, ու փարախի դրան առջեւ արթուն էին գամփռերը:
Գայլերը գիտէին ատիկա, ու գիշերային յարձակում գրեթէ չէր պատահեր: Յարձակումը կը պատահէր ցերեկով, երբ այծերու խիտ հօտերը կը տարածուէին թփուտներու մէջ ու կը ճարակէին: Գամփռերը ժայռերուն վրայ բազմած կը հսկէին, իսկ հովիւները այս ու այն բարձունքէն ՛՛հօ հօ՛՛ կանչելով հօտին ուղղութիւն կու տային:
Գայլերու վոհմակը աննկատ կը հետեւէր հօտին: Գայլը խելացի գազան է, խորամանկ: Հօտին մօտենալով՝ վոհմակը կը ցրուի, եւ իւրաքանչիւր գայլ փորին վրայ սողոսկելով կը մխրճուի հօտին մէջ; Այծերը սարսափած աւելի կը խտանան, ու կը սկսի գայլերու կազմակերպած լուռ կոտարածը: Գայլը կը խածնէ այծը վիզէն, կը ցնցէ անգամ մը երկու, ու այծը խեղդամահ կ’իյնայ գետին: Հազիւ խեղդուկ բաբաջիւն մը կը լսուի: Գայլը կ՛անցնի յաջորդին: Անոր գերագոյն նպատակն է շատ ու շուտ խեղդել ու փռել գետին ու հօտին մէջէն դուրս չելլել: Հիմա լափելու եւ յօշոտելու ատեն չէ:
Հովիւները սպանդը կը նկատեն միայն այն ատեն, երբ ետեւ մնացած բացատին մէջ կը նկատեն գետին փռուած այծեր, հոս ու հոն: Յայտնի է, որ վոհմակը մտած է հօտին մէջ: Հարայ-հռոցով հարցը չէր լուծեր: Գամփռերը հօտին մէջ չէին մտներ: Ամենէն արդիւնաւոր ձեւը մէկ էր. Հովիւները զգուշութեամբ կը մօտենային հօտին ու կը փորձէին նկատել գոնէ գայլերէն մէկը: Գայլը պէտք չէր սպանել, այլ ծանրօրէն վիրաւորել: Կը թնդար առաջին կրակոցը, ու վիրաւոր գայլը կը սկսէր ահաւոր վնգստալ ու տապլտկիլ, վնգստալ ու տապլտկիլ: Այծերը կը խրտչէին ու կը փախչէին դէս ու դէն: Միւս գայլերը, թողած իրենց գործը, կը վազէին հարազատ վնգստոցին կողմը ու կատաղօրէն կը յարձակէին վիրաւոր գայլին վրայ ու ահաւոր գռվռոցով կը սկսէին բզքտել զայն, կարծես բարկացած՝ իրենց արարքը բացայայտելուն համար, կը պատժէին դաւաճանութեան համար: Գզվռտուքը կ’իյնար ամբողջ վոհմակին մէջ, ով որուն դէմ էր՝ յայտնի չէր ըներ: Վնգստոցները կը շատնային, գզվռտուքը կը շարունակուէր աւելի կատաղի: Ա՛լ յայտնի չէր ըներ, թէ ո՛վ է առաջին վիրաւորը, ո՛վ է վերջինը: Գայլերը բոլորն ալ յայտնած կ՛ըլլային իրենց տեղը ու բոլորով զիրար կը բզքտէին ատոր համար:
- Վիրաւոր գայլը բարեկամ չ՛ունենար, ամէն գայլ երախը կը բանայ անոր վրայ,- կ’ըսէին մեծերը:
Եւ ատիկա կ՛ըլլայ բոլորին վերջը:

May be an image of animal

No comments:

Post a Comment