Sunday, February 7, 2021

 ՄԵՆՔ ԱՅՍՊԷՍ՝ ԻՐԱՐՄԷ ԶՐԿՈՒԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆՔ…

Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան

December 22, 2020


Պատմեր եմ անգամ մը. կը վերապատմեմ, որովհետեւ այսօր այդ տխուր պատկերը կրկին կը տիրէ մեր կեանքին մէջ, այսօրը կը շարունակուի հին ախտերով: Ասիկա հեքիաթ չէ, այլ ճշմարտութիւն՝ ինչպէս այսօրը:
Մեր այդ հեռաւոր գիւղին դատարկ տուներու ամայութեան մէջ մնացած էր բուռ մը ժողովուրդ: Հայրենադարձութիւն եղած էր, ուրիշներ ձգեր հեռացեր էին՝ յաճախ իրարմէ փախչելով: Թաղերուն անունները կը յիշուէին, բայց թաղեցիք չկային: Մենք մեր թաղին մէջ միակ ընտանիքն էինք, թէեւ դպրոցական օրերուն մեր թաղը ամենէն շէնն էր: Հոն երեք դպրոցներ կը գործէին, չորրորդ մըն ալ վարի թաղերուն մէջ կար: Իւրաքանչիւրը 10-15 աշակերտ ունէր թէ չունէր, մէկ երկու ուսուցչուհի, տնօրէն, քանի դպրոց կը կոչուէր:
Մեր տունէն քիչ վեր Բողոքականաց հսկայ եկեղեցին էր, որուն կամարակապ դռան վրայ, վերը, ձիւնաթոյր մարմարեայ սալիկի մը վրան գրուած էր 1908: Ասիկա կը կոչէինք Սթալինին դպրոցը, որովհետեւ դպրոցի տնօրէնը կը կոչուէր ԺոզէՖ Սթալին. անունը իրն էր, պատուանունը` համագիւղացիներէն նուէր: Տարիներ ետք պիտի գիտնայինք, որ մեր գիւղի այդ ուսուցիչը աշխարհահռչակ մարդու մը մականունը ստացեր էր, որովհետեւ ունէր անոր պէս անժպիտ աչքեր, խիստ կզակ ու միշտ վեր բարձրացած ցուցամատ ու ճկոյթ:
Միւս երկու դպրոցները կը դեգերէին հայրենադարձ մարդոց լքած տուներուն մէջ, մէկը կը փլէր՝ միւսին կ’անցնէին:
Ազգային վարժարանը ՛՛կարմիր՛՛ներու դպրոցն էր. հոն կարմիր բան չկար, բայց հասկցած էինք, որ պէտք է գոյն մը ունենար ու զանազանուէր Եռագոյնէն, որ ամէն առտու Միացեալ դպրոցի տնօրէնը հետը բերելով կը բարձրացնէր բակի չորցած ծառին վրայ եւ իրիկունը երեքտակ ընելով կը դնէր անութին տակ ու հետը կը տանէր:
Մեր դպրոցին Ազգային անունը կարծես առաւելութիւն մը ունէր, որովհետեւ թէ՛ բողոքականները, թէ՛ կաթողիկէները չարացած կ’ըսէին. ՛՛Հապա մենք ազգային չենք՝ ի՞նչ ենք՛՛: Միացեալ անունը լաւ չէինք հասկնար, որովհետեւ գիտէինք, որ ան բաժանեալ էր ազգայինէն: Պատահած էր տարիներ առաջ. Աստուած զայրացած էր, ու գետնասահքը երկու դպրոցներն ալ կուլ տուած էր, բայց անոնք կը գոյատեւէին այդպէս՝ գաղթականի պէս լքուած տուներու մէջ պատսպարուելով:
Մեր ամենէն շատ սպասած պահը երգեցողութիւնն էր, որ ալ, չէինք գիտեր, թէ ե՛րբ պիտի գայ եւ մանաւանդ ի՛նչ երգով պիտի սկսի. ատիկա կախեալ էր, թէ ո՛ր դպրոցը կը սկսի նախ. Միացեալը սովորաբար առաջինը կ՛ըլլար, եւ՝ դասարան կը խուժէր անոնց երգը.
- Արիւնոտ դրօշ վեհ Դաշնակցութեան…
Դրօշին արիւնոտ ըլլալը կը սարսառացնէր մեր դպրոցի աղջիկները:
Եւ գէշ երազէ մը արթնցածի պէս կը սթափէր մեր ուսուցիչը, ճիպոտը կը զարնէր սեղանին, ոտքի՛, ու մենք միաբերան կը սկսէինք պոռչտալ մեր երգը, որ կրնար քանի մը հատ ըլլալ;
- Սովետական ազատ աշխարհ Հայաստան…
Երբեք պիտի չհասկնայինք , թէ ինչ կը նշանակէ այդ սովետականը, հայրենադարձներէ հասնող լուրերը լաւ բաներ չէին ըսեր անոր մասին..
Սթալինին դպրոցը չէր ուշանար ձայն տալ, եւ որովհետեւ անոր հսկայ սրահէն ելլող արձագանգը շատ բարձր էր, մենք մերը երգելով մտովի կ՛երգէինք նաեւ անոնց երգը.
- Իջի՛ր, Արքա՛յ հզօր, անունդ փառաւոր տուր որ գովենք…
Կը սիրէինք այս երգը, որովհետեւ հոն փառաւորեալ Արքան երկինքէն կ՛իջնէր եւ հոգ չէր, որ ան ո՛չ Տիգրան Մեծն էր, ո՛չ Աշոտ Երկաթը, ոչ ալ Մեծագործ Լեւոնը...
Երգեցողութիւնը վարող ուսուցիչը գիտէր, որ իր աշակերտներուն ականջը մէկ այս, մէկ այն դպրոցի երգին կ՛երթայ. ատոր համար ճիպոտը ատենը մէյ մը ուժգնօրէն զարնելով սեղանին՝ կը թելադրէր բա՛րձր, աւելի՛ բարձր երգել ու շա՛տ աւելի բարձր…: Պատահական անցորդը պահ մը կանգ կ՛առնէր ճամբեզրին, ականջ կու տար, գլուխը կ՛օրօրէր ու կ՛անցնէր: Քաջենց Սառան, խոտհարքի մանգաղը ձեռքին՝ կու գար Լրջենց կալին մէջտեղը ու մէկ-մէկ դառնալով երգող դպրոցներուն՝ իւրաքանչիւր երգի համապատասխան ուսի, ձեռքի, գլուխի եւ ոտքի շարժումներով չափ կու տար մեզի: Անոր ընկերացող շունը, կարծելով թէ տէրը հետը խաղալ կ՛ուզէր, կը վազվզէր կալին շուրջ, գետին կը փռուէր, կը ցատկէր, Սառային փէշը կը խածնէր, կ՛ելլէր, նորէն կը վազէր դէս ու դէն ու ատենը մէյ մը կը ձայնակցէր մեզի՝ հաո՜ւ հաո՜ւ…
- Կուկուլիկուկո՜ւ …,- Եարալէ պապուկին աքաղաղը կ՛ազդարարէր երգեցողութեան պահին աւարտը: Լռութիւն կ՛իջնէր թաղին վրայ. Քաջենց Սառան իր շան հետ կը կորսուէր թփուտներուն մէջ:
Անշուշտ որ մեր երգացանկը հարուստ էր. բոլորս ալ գիտէինք, որ մենք տարբեր քայլերգներ ունինք, տարբեր հերոսներ, տարբեր դրօշներ, անկախութեան տարբեր օրեր ու արձակուրդներ: Բոլորն ալ Ապրիլ 24 եւ Վարդանանք ունէին, բայց կը տօնէինք առանձին, մեզի կը թուէր, որ մեր Ապրիլ 24-ը ուրիշ է, Քաջ Վարդանը՝ ուրիշ. մենք մեր Ապրիլ 24-ով եւ Քաջ Վարդանով անոնց Ապրիլ 24-ին եւ Քաջ Վարդանին դէմ էինք …
Ու եթէ պատահէր տարին մէկ-երկու հարսանիք ըլլար՝ երգացանկը միշտ խնդիր կը հանէր: Խումբ մը եպիսկոպոս մը կ՛ահաբեկէր, ուրիշ մը «Սովետական ազատ աշխարհ»ը կը փառաբանէր: Մե՜նծ մարդիկ կը գժտուէին ինչպէս դպրոցական տղաքը: Հարսանքատունը լքող հեռացողներ կ՛ըլլային:
- Բոլորն ալ խոցտկին լռեն, մեզի երգել չի վայելեր,- կ՛ըսէր Հայկուհի լելոյը, որ Քեսապի խառնակ տարիներուն մէկ հատիկ եղբայր յանձնած էր հողին, ու իր ընտանիքը մինչեւ վերջին քրոջ մահը դատապարտուած էր կոչուելու Չորս աղջիկներուն տունը: Չորսն ալ կը կոչէինք լելո, որ կոչական խօսքի մէջ կը նշանակէր «հօրաքոյր» կամ «քոյր» Անոնց պատմութիւնը գոց վէրք էր, բայց չպարպուած թարախ… Որքան շատ էին լուր ցաւեր ունեցողները: Ձիւնի պէս ճերմակ մազեր ու բամբակի պէս փափուկ ձեռքեր ունէր այդ կինը, որուն, փսփսուքով, Արիւնոտ հարսը կ՛ըսէին. անոր հարսանեաց գիշերը, խարոյկին շուրջ, փող ու թմբուկ կը հնչէ, պարագլուխը իր ընկերները առաջ կը քաշէ, չի լքեր շարքը, շարքին մէջ տեղ չի տար միւսերուն, ու՝ այդպէս չ՛ըլլար՝ այսպէս կ՛ըլլայ, խաւարին մէջ կրակոցներ կը լսուին, քանիներ կ՛իյնան, յետոյ քանիներ Անտիոքի բանտը կը պառկին:
Որքան ալ մեծերը զգուշանային՝ մենք դէսէն-դէնէն տեղեակ կ՛ըլլայինք, որ մեր գիւղին մէջ ամեն տեղ արիւնոտ բան մը կար՝ արիւնոտ ծառ մը, արիւնոտ հարս մը, արիւնոտ տապանաքար մը, ու այդ պատմութիւններով մեր երեւակայութիւնը սնունդ կ՛առնէր, ու դպրոց կ’երթայինք միւս դպրոցին մէջ մեր հակառակորդները փնտռելով: Պզտիկ գիւղ մըն էր, բայց ամբողջ Սփիւռքը հոն էր. հիւր մը կու գար դպրոցի պատշգամէն կը փառաբանէր Խորհրդային Հայաստանը, կառուցուող վարդագոյն քաղաքները, բամբակի արտերը, միւսը կը բղաւէր. ՛՛Կորսուեցէք մեր երկրէն պոլշովիկ շուներ՛՛ …:
Մենք` դպրոցականներս, մեր ծնողներուն պէս այդքան ալ բարի պտուղ չէինք, երբեմն կը հեգնէինք զիրար` իրարու «անուն կախել»ով, երբեմն պատերուն տակ գաղտագողի քմնելով՝ կը մօտենայինք ու քովնտի պատուհանէն մագլցնելով՝ կը թռցնէինք սրբիչ ու կաւիճ, երբեմն այնքան կը չարանայինք, որ զիրար կը քարկոծէինք արձակուելէն ետք մինչեւ վերի ու վարի թաղերը:
-Վաղը վարժապետին պիտի բողոքեմ ձեզի,- կ՛ըսէր Լաւլաւ հալեւորը վերի թաղի մատոյցներուն առջեւ:
Մենք ալ գիտէինք, որ «լա՛ւ, լա՛ւ, բան մը կ՛ընենք» պիտի պատասխանէր տնօրէնը, երբ մանաւանդ ծեծուողները միւսերը ըլլային:
Թէ ո՞վ կը հովանաւորէր այս կռիւը՝ չեմ գիտեր, բայց երբ հայրս բարկանար այցելու հոգաբարձուի մը, թէ «ամօթ է, պզտիկներուն գէշ օրինակ մի ըլլաք»՝ մարդուն աչքերը գոհունակութենէն կը փայլէին...: Մարդուն աչքերը գոհունակութենէն ուրախութեա՛մբ կը փայլէին...
Հապա՜…
Զբօսանքին չէին արտօներ, որ աշակերտներ միւս դպրոցի տղոց հետ խաղային, միասին ըլլային. ՛՛Ինչ գործ ունիք հոն՛՛ կ՛ըսէին ուսուցիչները: Ու կը զարմանալինք, որ մեզ իրարմէ հեռու պահող տնօրէնները երբեմն կը տեսնէինք միասին: Առաւօտուն վերի թաղէն Ազգային եւ Միացեալ վարժարաններու տնօրէնները միասին կ՛իջնէին մեր թաղը, կը մտնէին Սթալինին տուն, որ դպրոցի սենեակներէն մէկն էր, կը սրճէին միասին ու, երեւի կը խօսէին անկարելի բաներու մասին՝ ինչպէս դպրոցներու միացումն էր:
Քիչ ետք, երբ զանգերը հնչէին՝ ամէն մարդ իր շրջափակին մէջ կ՛ըլլար: Գարնան՝ մեր դպրոցական պտոյտները կ՛ըլլային մերոնցով, իրենցը՝ իրենցով, ծովագնացութեան ատեն նոյնիսկ ծովափը բաժնուած կ՛ըլլայինք, մարդ անոնց կոխած տեղը չէր ուզեր:
Մենք այսպէս՝ իրարմէ զրկուած մանկութիւն մը ունեցանք…
............................................................................................
Ա. նկարին մէջ՝ Գարատուրանի երեք վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցչուհիները. առաջին շարք, ձախին, Ժոզէֆ Սաղտճեան կամ Սթալին խոճա՝ տնօրէն Աւետ. վարժարանին. Գաբրիէլ Գալեմտէրեան՝ տնօրէն Ազգային Մեսրոպեան վարժարանին. Եսայի Մանճիկեան՝ տնօրէն Միացեալ վարժարանին:
Բ. նկարին մէջ ՛՛չորս աղջիկներ՛՛էն վերջին երեքը:
See Translation
Vahe H. Apelian, Stepan J Apelian and 162 others
45 Comments
14 Shares
Like
Comment
Share

1 comment:

  1. MEGA DRIVE, BONUS & GAMES - Mapyro
    In the 밀양 출장샵 list of games you can play with MEGA DRIVE, 파주 출장안마 BONUS & GAMES › games 남양주 출장안마 › games › games › games › 공주 출장샵 games › 전라남도 출장안마 games › games

    ReplyDelete