Tuesday, March 23, 2021

ՍՈՒՏԼԻԿ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ ՊԱՏՄՈՂՆԵՐՍ

 ՍՈՒՏԼԻԿ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ ՊԱՏՄՈՂՆԵՐՍ

Hagop Cholakian

March 23, 2021

Հայկական ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ կայ պատումի տեսակ մը, որ ժողովուրդին կողմէ պարզապէս սուտ կը կոչուի, թէեւ բանագէտները այդ ժանրն ալ կը դնեն հեքիաթի մէջ: Սուտը շատ սիրուած պատմելաձեւ է. որ կը գերէ ունկնդիրը իր անսանձ երեւակայութեամբ, իմացականութիւնը գլող անցնող գործողութիւններով, չափազանցութիւններով, սրամտութեամբ: Ատենին՝ հաւաքներու ատեն ամենէն շատ պատմուող ժանր էր: Ամէն մարդ՝ մեծ ու պզտիկ, կը սիրէ սուտլիկ հեքիաթները: Ո՞վ չէ կարդացած Յովհաննէս Թումանեանի այդպիսի ժողովրդական սուտերէն մշակած «Սուտասանը» եւ «Սուտլիկ Որսկանը»: Ի դէպ, սուտլիկ որսկանի Քեսապի տարբերակը ես գրի առած եմ 1970-ին, բնիկ գարատուրանցի Սարգիս Լրջիկեանէն (տես Քեսապ, Բ, էջ 398-399 ):
Քեսապի մէջ եւս սուտլիկ հեքիաթները շատ էին: Շատ լսեր էի վարպետ ասացող Չերչիկեան Պօղոսի մասին (Պաշուրտ գիւղէն, մահ՝ 1946): Կը պատմէին, որ անոր սուտլիկ հեքիաթները իրերայաջորդ սուտերով կը զարգանային: 1942-ին, երբ ֆրանսական իշխանութիւններու հրամանով գիւղացիները կ՛երթային հեռու տեղեր ճամբայ բանալու համար, հոն ալ ծառի մը տակ կը գիշերէին: Գիշերով, ժամանցի համար, կը խնդրէին Պօղոսէն, որ սուտ մը պատմէ: Պօղոս չէր մերժեր: Առտու մըն ալ կ՛արթննան, տեսնեն, Պօղոս ծառին կռթնած իր երէկ իրիկուան սուտը տակաւին կը շարունակէ զարգացնել: Երեւի բանուորները կ՛արթննան այն պահուն, երբ Պօղոս հասած էր վախճանական սուտին, որ արդար հերոսին յաղթանակը կ՛ապահովէր:
Պօղոս հեքիաթներէ առաջ անպայման «թաքարլամա» մը կ՛ըսէ եղեր, թուրքմէն բանուորներուն ալ հաճոյանալու համար: «Թաքարլամա»ն, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «գլորելով, գլորտուք», քանի մը նախադասութիւններէ կազմուած սուտի նախաբան մըն է, թրքերէն, օրինակ
Սա սուտ է, նա սուտ է,
Օձը փիղ մը կլլեր է,
Ա՞ս ալ մը սուտ է:
Կամ
Ուղտը մունետիկ եղած ատեն,
Կոյր էշը սափրիչ եղած ատեն,
«Կիցիրի, չըկիցիրի…»
Լաւ հեքիաթասաց էր Կէկիւսուօկ հԷլէվուրը (Կիրակոս Պաճաքեան, Գարատուրան): 1960-ականներուն վերջը շուրջ հարիւրի սեմին հասած մարդ էր: Սուտլիկ հեքիաթներ ալ ունէր, կը պատմէր, կը խնդացնէր ու կրկին որոշ խօսքեր կրկնելով ինք ալ խնդալէն կը թալկտէր (Անոր եւ ուրիշներու իմ գրառած սուտլիկ եւ իրապատում հեքիաթները առաջին անգամ բարբառով եւ հայերէնի վերածումով լոյս տեսան ԱՀԵԿԱՆ եռամսեայ հանդէսին մէջ ( խմբագիր՝ Գրիգոր Շահինեան, Պէյրութ, 1969, թիւ 4 եւ 1970, թիւ 1-2):
Վարպետ ասացող էր Բանդազը ՝ Սարգիս Բենդէզեան, իմ հարազատ հօրեղբայրս, որ կ՛ապրէր Ներքի գիւղ: Սուտլիկ հեքիաթներուն հերոսը ինք էր: Ինչպէ՜ս ալ կը պատմէր այն, որ իրենց կաղ մեղուն առտուն կ՛երթար արածելու եւ իրիկունը կաղէ կաղ տուն կը վերադառնար: Իրիկուն մըն ալ դաշտէն տուն չի վերադառնար: Կաղ մեղուն չկայ ու չկայ: Հայր ու տղայ առտուն կ՛ելլեն կաղ մեղուն փնտռելու. այս արտէն միւս արտը, այդ լեռնէն միւս լեռը՝ մեղուն չկայ: Կը հասնին Կասիոսի գագաթը: Կարկտանէն ետք իր լամբակին մոռցուած մօր ասեղի ծակէն կը նայի ու ի՜նչ տեսնէ, կաղ մեղուն, հսկայ գոմէշի մը հետ լծած, Հալէպի դաշտը կը հերկէ…:
Հօրեղբայրս առանց «վարձք»ի բան չէր պատմեր, «վարձք»ը կ՛ըլլար երկու տուփ համուի թութուն կամ տուփ մը լոխում: Երբ իրենց երթայի՝ հեքիաթ գրի առնելու նպատակով, վերի տան մէջ կը հաւաքուէին իր զաւակներն ու տղայ թոռները, Շեխուկեաններու, Քիլաղպեաններու եւ Մելքոնեաններու այր մարդիկ; Շատերը չկան արդէն: Կայ Սողոմոն Մելքոնեանը, որ
«Պապուկ, սա պատմէ, նա պատմէ» խնդրելով նուէրը կը դնէր Բանդազ պապուկի բարձին քով: Այդ տարիներուն մեր գիւղերը տակաւին ելեկտրականութիւն չունէին, հետեւաբար հեռատեսիլ ալ չկար, սրճարաններուն եւ գիշերային հաւաքավայր եղող տան մը մէջ զրոյցն ու հեքիաթը տեղ ունէին:
Կար նաեւ միայն որսորդական սուտլիկ զրոյցներ պատմող ուրիշ մարդ մը՝ Հաճի Արթինը, որ երկաթագործ էր, զինագործ էր, որսորդ: 1970-ականներուն խանութը գոցեց եւ Քեսապէն տեղափոխուեցաւ Չինարճըք գիւղը: Իր պատմած որսորդական սուտերուն հերոսը միայն ինք էր: Քեսապցի գրող Գէորգ Աբէլեանը անոր պատմած սուտլիկ զրոյցներէն շարք մը արեւմտահայերէն մշակելով տեղադրած է իր «Հէլէ, հէլէ, հէլէ... Քեսապ» պատմուածքներու ժողովածուին մէջ «Հաճի Արթինին առասպելները» ենթավերնագիրին տակ (Պէյրութ, 1970):
Անփորձ բանահաւաք՝ ես ալ օր մը մօտեցայ Հաճի Արթինին, խնդրելով որ քանի մը սուտ ալ ինծի պատմէ;
-Վեց գիրդ առ գնա սկէ,- ըսաւ,- ես սուտասան չեմ, զիս ինչի՞ տեղ կը դնես:
Չպատմեց: Բայց իր զրոյցները տակաւին բերնէ բերան պատմողներ կան: Ասոնցմէ մէկը կը պատմէ, թէ Հաճի Արթին կաքաւի որսի կ՛երթայ, որս չի գտներ, կէսօրուան տաքին չի դիմանար, կը զայրանայ ու զէնքը կը պարպէ արեւուն վրայ…Արեւը կը փշրուի աչքին առջեւ, աշխարհ կը խաւարի… Ինչ ընէ… կ՛ելլէ արեւուն կտորները մէկ-մէկ կը զարնէ զէնքով, քովէ քով կը բերէ արեւին մէկ երեսը, միւս երեսին մէկ կտորն ալ կ՛իյնայ Քեսապի ծովուն մէջ, կ՛ըլլայ Աղաւնիներու կղզին, գիտէքՙ չէ՞…:
Չմոռնանք, սուտը այս պատմութիւններուն մէջ միայն ձեւ է ու միջոց, բոլորին մէջ բարին եւ արդարը կը յաղթեն, բնականն ու իրաւը: Արեւը կը խաւարի, բայց որսորդը այնպէս կ՛ընէ, որ արեւը կրկին շողայ, ու աշխարհը լոյսով ողողուի:
Իմ հեքիաթասացներս, բոլորն ալ պարզ ու բարեմիտ մարդիկ էին, իսկական գեղջուկներ, իրենց բան ու գործին նուիրուած մարդիկ, իրենց հայերէնը Քեսապի բարբառն էր, տարեցները գրական արեւմտահայերէնը հազիւ թէ կարենային խօսիլ:
Այսպէս՝ տասնամեակներ անցան արդէն, այդ ասացողներս չկան (հեքիաթասացներուս ցանկը տես Բ. հատոր, էջ 400, տողատակ): Հա, կ՛ապրի տակաւին ու ամեն այցելութեանս տակաւին իրապատում հեքիաթ մը կը պատմէ այդ տարիներուն երիտասարդ, հիմա արդէն 80-անց Ճանո Սաղտըճեանը: «Հովիւ էինք, եղբայր,- կը պատմէ,- լեռը՝ ժայռի մը տակ կամ գիշերը՝ գոմին մէջ, մեծերը հեքիաթ կը պատմէին, մենք կը սորվէինք»:
Ասոնք հեքիաթասացներու վերջիններն էին: Ա՛լ սուտլիկ հեքիաթներ պատմողներ չկան, բայց կայ սուտը, վկայ՝ մեր քաղաքական գործիչներու ստապատումները:









Stepan J Apelian
Հաճի Արթինին եղբայրը Գոմիսերը , նուազ Սուտասաց չէր ,
Վրէժ Գլընճեանը կը պատմէ Գոմիսէրէն տասնեակ պատմուածքներ , որոնցմէ յիշեմ
Օր մը Գոմիսեր Հալէպ գտնուած շրջանին , իր պաշտօնի բերմամբ որպէս Գոմիսեր ,կ'իմանայ որ իր մտերիմ բարեկամներէն մէկը Դամասկոսի մէջ մահուան դատապարտուած է և 24 ժամ ետք վճիրը պիտի գործադրուի։ Մահապարտին ընտանիքը և հարազատները կը դիմեն Գոմիսերին որ Շուտով Դամասկոս հասնի և ինք միակ փրկարարը կրնայ ըլլալ։
Այդ խեղճերուն թախանձանքին պատասխան որպէս , "Սքարսա" Թաքսի մը կը վարձէ և իսկոյն դէպի Դամասկոս սիրելի բարեկամը կախաղանէն փրկելու։
Ճամբան Հոմս չի հասած Ինքնաշարժը կը խանգարուի , Վարիչը կ'ըսէ , կը ներես չեմ կրնար օթօն վարել , միայն ետդարձ , "Անարիէր" կրնամ շարժել , Գոմիսերը Ատրճանակը կը Քաշէ ,մարդուն գլխուն դրած` կ՜ըսէ ուրեմն օթօն ետ քշելով շարունակէ։
Մարդը անճար կը հնազանդի`վախէն և հոմսի մուտքէն մինչև Դամասկոս գլուխը ետ տարած, վիզը ծռած կը հասնին Դատախազին և պահ մը մեկուսանալէն ետք Դատաւորին հետ ,
Բարեկամին ազատ արձակման հրամանագիրը ձեռքը կ՜ուղղուի ընտանիքին և իսկոյն կը դիմաւորուի հերոսի արժանի ուրախութիւններով։
Տարիներ կ'անցնին , Օր մը Հալէպ փողոցը քալած պահուն կը նկատէ ծանօթ դէմք մը , որ Լօթերի կը ծախէր ,Եանասիպ Եանասիպ կանչելով։
Մարդուն կը հարցնէ այս ինչ է վիճակդ , ինչո՞ւ վիզդ այսպէս ծուռ է ,
Մարդը կը պատմէ այն դէպքը որ Գոմիսերին հետ պատահած էր , այն վարիչն է որ Դամասկոս հասնելէն ետք ալ վիզը շտկուած չէր։ Շատ բժիշկներու դիմած էր բայց` անօգուտ։
Գոմիսեր կ'ըսէ զիս ճանչցա՞ր ,կը պատասխանէ Ոչ ,
Անմիջապէս Ծռած դէմքին հակառակ կողմէն Ուժգին ապտակ մը կուտայ Գոմիսերը և մարդուն վիզը կը շտկուի։
Տարիներ մարդը իր արհեստը ստիպողաբար ձգած էր և Լօթէրիա կը ծախէր ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնէ գոմիսերին և ալ ատկէ ետք իր նախկին Վարիչ արհեստին կը վերադառնայ։

Friday, March 19, 2021

 

ՄԻՋԱՏՆԵՐ, ԱՆՈՒՆՆԵՐ ԵՒ…

Hagop Cholakian

March 19, 2021

 

Շատ միջատներ հետաքրքրական անուններ ունին Քեսապի բարբառին մէջ: Այստեղ կը ներկայացնենք միայն շարք մը անոնցմէ, որոնց հետ կապուած աշխատանք մը կայ, աւանդութիւն մը կամ մանկական խաղ մը. այսպէս՝

 

ԲՈՒՐՈՒՏ ԼՈՒՍԷԿ –(բորոտ լոյս-իկ. գիշերով լոյս առկայծող միջատ մը. լուսատտիկ, լուսաճճի, կայծորիկ). gիշերուան մութին մէջ առկայծող լոյսը կը նկատուի: Մեծերը փոքրերուն կ’ըսէին, որ ան պլպլացող ճրագով ելեր է կորսուած ուլիկը փնտռելու:

 

ԹԸՌՌՈՒՆ ՄԱՔԻԿ (թռան մաքի-իկ՝ ոչխար). ճերմակ կէտերով կարմիր ու կարծր թեւով փոքրիկ միջատ, արտաքինով նման է ոչխարի դմակի. ոմանք կ’ըսեն զատիկ կամ զատիկի միջատ): Փոքրիկները կը սիրէին զբաղիլ ասոր հետ, կ’առնէին ափի մէջ եւ կը հետեւէին անոր շարժումներուն՝ դէպի մատներուն ծայրը, ձեռքին ու դաստակին վրայ՝ մինչեւ անոր թռիլը, ու կ’ըսէին «Տէ, թռիր, թռան մաքի, Զատիկը շուտ բեր»:

 

ԻԼԷԿ (իլիկ, քարման). չորս թեւով երկար պոչով միջատ մը. թռիչքի ատեն թեւերուն շռինչը լսելի է, քարմանի պէս ինք իր շուրջ կը դառնայ, ուղղահայեաց կ’ելլէ կ’իջնէ: Հիմա փոքրիկները անոր հելիքոփթեր (ուղղաթիռ) անունը կու տան, կը վազեն բռնելու համար:

 

ԽԸԼԼԸ ԽԸՇՏԷԿ. փայտոջիլի նմանող միջատ է, որ ինք իր շուրջ դառնալով ձագարաձեւ փոքրիկ բոյն մը կը բանայ չոր ու փոշոտ հողերու մէջ ու կը թաղուի անոր տակ: Անուան բացատրութիւնը դժուար է տալ. ԽԸԼԼԸ կամ ԽԸԼԼԱ կը նշանակէ՝ ծածկամիտ, գաղտնի գործող, ԽԸՇՏԷԿ կը նշանակէ փոքր նիզակ (խըշտ-իկ): Հoտաղ տղաք շիւղով մը կը խառնէին անոր բոյնը ու կ’արտասանէին:

Խըլլը խըշտը տէտիմար,

Խըլլը խըշտը տէտիմար,

«Տէտիմար» բառացի կը նշանակէ մեծ մայր, հօրը մայրը (տուօտ՝ հայր, տատիմայր), փորքիկները այսպէս կը կոչեն իրենց դայեակները, իսկ «խըլլը խըշտը» բարբառին մէջ ունի նաեւ կարկտնան, կարկտնող իմաստները, կարկտնելուն կ’ըսեն «խըլլը խըշտը»:

Խաղերգը կը շարունակուէր.

Խըլլօ կըծծէօ տէտիմար (խըլլօ?, կծու տատիմայր),

Գնու ջէօրը, էրի ջէօրը (Գնա ջուրը, եկուր ջուրը)

Կիէսը նէնուօրը, կիէսը պէպկէօն (կէսը ՝նանարին, կէսը՝ պապուկին՝)

Կիէստըղէնը դէօն կառնիս (մէջտեղինը դուն կ’առնես):

Նանարը՝ մեծ մայրիկն է, պապուկը՝ մեծ հայրիկը:

Բոյնը խառնշտկելով միջատը դուրս կը հանէին, կը դնէին ափի մէջ ու անոր խտղտոցէն զուարճալէ ետք գետին կը ձգէին ըսելով.

Խըլլը խըշտը տէտիմար,

Իսուօր գընու, վուօղը էրի (այսօր գնա, վաղը եկուր):

Տարօրինակ խաղերգ մըն է:

 

ԿՈՒՎԷՆՏ. ճանճ մըն է, որ տաք օրերուն կը հանդիպի արօտավայրերու մէջ արածող կովերուն: Կովերը կը սարսռան, պոչերնին կը տնկեն ու խելագար վազքով իրենք զիրենք կը նետեն ծմակ թփուտներու մէջ կամ կը մտնեն ախոռ: Կովերու այս վազքը «կուվնտիլ» կը կոչուէր: Հօտաղ տղաք ուրախ կ՛ըլլային, երբ «կովէնտ»ը յայտնուէր նախիրին մէջ: Կանուխ տուն կը վերադառնային, «Ինչ ընենք… կովերը կուվնտեցին» :

ԿՏՐՐԱՔԱ (կոր ագի՝ կարիճ) կամ ԿՈՒՐԿՈՒՐ ԱԳԱ (կոր-կոր ագի՝ կարիճ). տեղ-տեղ խաղի առարկայ կը դառնար: Ան կը պատահի հողէ տուներու եւ ճերմակ կամ կաւոտ հողերու մէջ, եղեւնի ծառերու տակ: Բոյնը տափակ կ’ըլլայ ու կը ճանչցուի: Հովիւ տղաք ընդհատ ու երկար կը սուլէին բոյնին վրայ: Կարիճը կէս մը դուրս կ’ելլէր բոյնի դռնէն: Որսորդ տղաք ծայրը սրած պատրաստ ճիւղը կը խրէին կռնակին:

ՃԻՃԱ. շերամ. շերամի հոգատարութիւնը գլխաւորաբար տան կինը կը ստանձնէր: Լաթի մը մէջ փաթթուած սերմը (անիծ) կրակին քով կամ ծոցին մէջ դնելով կը տաքցնէր՝ մինչեւ որ թրթուր (թարթօր) ելլէր: Թրթուրները կը բաժնէր ամաններու մէջ, որ կինը կը պատրաստէր կովու թրիքէ. ամանը կը կոչուէր գօռ (գուռ): Կինը թթենիի տերեւը մանրելով անոնց կեր կ’ընէր: Որոշ ժամանակ մը ետք տնեցիները բակը շինուած հիւղը կը տեղափոխուէին ու սենեակին մէջ թթենիի ոստերէն շինուած դարակներուն վրայ փռէին շերամը, որ ալ մեծցած կ’ըլլար, տերեւը առանց մանրելու կը տրուէր: Հոն ալ շերամը խոզակ կը կապէր: Խոզակէն թիթեռնիկ (թիթիէխ) չելած կը հաւաքէին ու կը խեղդէին տաք ջուրի մէջ, ապա ապրշում (պըրըսէմ ) կը քաշէին: Շերամը մեծ եկամուտի աղբիւր էր գէթ մինչեւ 1950-ականները:

ՃԻՃԻՄՈՒՐԱ (ճիճի-ճճի՝ միջատ, մուրա՝ մորի՝ անտառ.- սարդ). փոքրիկները կը սիրէին սարդի ոստայնները դիտել, ոստայնին մէջ ինկած ճանճերը կամ մժղիկները դիտել ու վերջապէս՝ քանդել զայն: Սարդոստայնին կ’ըսէին «ճիճըմուրը բուօն»:

ՄՐՋՕՄ (մրջիւն). տեսակները շատ էին, ոմանց կու տային տիճէկ (տաճիկ), ոմանց քիստինա (քրիստոնեայ) անունները: Կը կռուեցնէին: Կար տեսակ մը, որ շատուոր կ՛ըլլայ ու բոյն կը դնէ տուներուն բակը կամ կալերուն կից ու անցած տեղը արահետ կը շինէ ու միշտ կեր կրելով զբաղ է: Տուներուն բակը բոյն դրած մրջիւնին համար կ՛ըսէին «բարի է, խեր է»: Կալի ատեն, երբ թեղը (կամնուած ցորենի հաւաքուած դէզը) կալին մէջ է, այդ տեսակի մրջիւնը զարմանալի արագութեամբ կ՛աշխատի, ցորեն կը կրէ բոյնը: Մեծերը տղայ մը կը ղրկէին Լէյլիկ Ճրճի պապուկին քով ըսելու համար, թէ

մրջիւնը մեր ցորենը կը կրէ, ճամբան փակէ: Լէյլիկ Ճրճին աղօթք մը կը կարդար, բաներ մը կը մռմռար, ու... մրջիւնին ճամբան կը փակուէր: Հա, «գայլի բերան կապող» ալ կար. մէկուն կովը կամ այծը գիշերը լեռը մնար՝ կը վազէր Գալեմտէրեան տիկին Եւային քով. ան ալ գայլին բերանը կը կապէր: Հապա՜: «Էվտուղէն հէվէտուղէն» կ’ըսէ քեսապցին:

ՍԱՏԱՆԸ ՁԻՕԿ (Սատանայի ձիուկ), մարախի տեսակ, կանաչ, բարակիրան, երկար թեւերով եւ առաջնային բարձր ոտքերով, փոքրիկները կը սիրէին մօտիկ տեղ մը նստիլ ու նայիլ անոր, ան ալ մանուկներուն՝ իր խոշոր աչքերով:

ՔԷՔԸ ՊԸԶԷԶ (քաքի բզէզ). ճերմակ կէտերով սեւ ու խոշոր միջատ մըն է՝ բզէզ, որ կովու չոր թրիքին մէջ բոյն կը շինէ: Թեւերը թանձր փեղկեր են: Թռելու ատեն խոր բզզիւն կը հանէ: Փոքրիկները դերձան մը կը կապէին վիզին ու ծայրէն բռնած կը դարձնէին օդին մէջ ու կը վազվզէին: Բզէզը թեւերը կը բանար ու միակտուր կերպով կը բզզար հա կը բզզար:

 

ԱՉՔ ԲԱՌԸ ՔԵՍԱՊԻ ԲԱՐԲԱՌԻ ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

 

ԱՉՔ ԲԱՌԸ ՔԵՍԱՊԻ ԲԱՐԲԱՌԻ ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ                     ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Hagop Tcholakian

March 15, 2021

 

 Դիմատետրային «Քեսպնուօկ –Քեսապի բարբառը» խմբակի էջին Եդուարդ Սարնունի 19 Փետր. 2021-ին դրած էր «Եաշգիս միշի, /Գիտէնը իշի» (աչքիս մի՛ նայիր, /գետինը նայիր) վերնագրուած գծանկար մը. օգտատէրեր փութացած էին ԱՉՔ բառով բարբառային առածներ ու ասոյթներ հրամցնել: Մարմնի անդամներէն աչք, քիթ, բերան, ճակատ, գլուխ, ականջ, ակռայ, ձեռք, ոտք, սիրտ եւ այլն լայնօրէն գործածուած են հայ բարբառներու պատկերաւոր արտայայտութիւններուն մէջ՝ առածներ եւ ասացուածքներ, մաղթանքներ եւ սպառնալիքներ, դարձուածքներ եւ այլն:

 

Հոս գլխաւորաբար ՔԵՍԱՊ Բ. հատորէս եւ ՔԵՍԱՊԻ ԲԱՐԲԱՌԸ աշխատութենէս քաղելով կը մէկտեղեմ ԱՉՔ բառի գործածութիւնը Քեսապի բարբառի պատկերաւոր արտայայտութիւններուն մէջ:

 

1.- ԱՌԱԾՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

- Աշգը ըննի՝ էնէօնը չըննի (աչքը ելլէ՝ անունը չելլէ):

- Աշգիդ կըտըսնա՝ սիէրտիդ կուզի (աչքդ կը տեսնէ՝ սիրտդ կ՛ուզէ):

-Էօնք շինիլնիքան զաշգը հէնիցլ (յօնք շինելու ատեն աչքը հանեց):

- Իլէն աշգը իլէն լուօյս կուտու, քի լուօյս չ՛ուտօր (ուրիշը աչքը ուրիշին լոյս կու տայ, քեզի չի տար):

- Ինսանօղլէն աշգը ծուօկ կըննու (մարդ արարածին աչքը ծակ կ՛ըլլայ.- անկուշտ):

-Իչուօց հառռօ, սըրտիէ հառռօ (աչքէ հեռու, սրտէ հեռու):

- Խէլը կուօյր եաշգը կիյնա (շիւղը կոյր աչքին մէջ կ’իյնայ.- փորձանքը տկարին կը հանդիպի):

-Ծըրըրիմ տէի զաշգը հէնից (ծարիրեմ ըսելով՝ աչքը հանեց):

-Կուօյրը չէ՞ կուզի - ըրկը աշգ (կոյրը ի՞նչ կ՛ուզէ - երկու աչք):

-Կուրօն ուզուօծը միէգ աշգ ի (կոյրին ուզածը մէկ աչք է):

-Միէգ աչքը միալէն լուօյս չ՛ուտօր (մէկ աչքը միւսին լոյս չի տար):

-

 

2.- ԱՆԷԾՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

- Աշգիդ ըննի (աչքդ ելլէ՝ կուրնաս):

- Աշգիդ ըսպիտկի (աչքդ ճերմկի՝ մահանաս):

- Մախխիէրը եաշգիդ (մոխիրը աչքիդ մէջ՝ մեռնիս):

- Եաշգիդ մըննա (աչքին մէջ մտնէ՝ աչքդ մտնէ՝ անէծք, նաեւ դարձուածք՝ հաւնիս):

- Աշգիդ չարնու (արցունք թափելու կարողութենէ զրկուիլ):

- Եաշգիդ խութիմ զը (աչքիդ մէջ կը մտցնեմ զինք.- բան մը տալ չուզելը):

 

3.-ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

- Աստունծու աշգը եըրվադ (Աստուծոյ աչքը վրադ):

- Զաշգիդ սիրիմ (աչքդ սիրեմ):

- Ըրկը աչքս (երկու աչքս՝ սիրելիս):

- Իչուօցըս լուօյսը (աչքերուս լոյսը՝ սիրելիս):

- Լուօյս եաշգիդ= Աշգիդ լուսուօն (լոյս աչքդ = աչքդ լոյսով.- բարի պատահարի մաղթանք ու պատասխան):

 

4.- ԱՍՈՅԹՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴԱՐՁՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

- Անճա ուօփ մը խուղ զաշգը կը լննայ (միայն ափ մը հող աչքը կը լեցնէ.- ագահ մարդուն):

- Աշգ դիպցընիլ (աչք դպցնել, չար աչքով վնաս հասցնել):

- Աշգ ինիլ (աչք ընել՝ աչքի-ունքի շարժումով ծածկօրէն բան հասկցնել):

- Աշգը ըսպըտկից (աչքը ճերմկցաւ՝ հոգէն ու տանջանքէն ծերացաւ):

- Աշգը ըրվան կիէր (աչքը վրան էր. հիացած էր՝ տիրելու ցանկութեամբ):

-Աշգ խումցօ՛ (աչք գոցէ՝ աննկատ անցիր, ներողամիտ եղիր):

- Աշգը խընտուօց (աչքը խնդաց՝ ուրախացաւ):

- Աշգը կէրմըրից (աչքը կարմրեցաւ՝ զայրացաւ, չարացաւ):

- Աշգիդ եըրվան ըննու (աչքդ վրան ըլլայ՝ հոգ տանիլ):

- Աշգիս չըկտրի (աչքս չի կտրեր՝ չեմ կրնար արժեչափել):

- Առունց էմըշնիլ աշգիս հա իշի (առանց ամչնալու աչքիս կը նայի- անպատկառին):

- Դառ իրիս կունես եաշգիս իշիլա (դեռ երես ունի՝ աչքիս նայելու.- անամօթին):

- Եաշգիս իշիլիէն իշիլիէն զուզուօծը հա ինի (աչքիս նայելէ-նայելէ ուզածը կ՛ընէ. Յանդուգն ու անպատկառ է):

- Եաշգիս մըտուօվ (աչքս մտաւ՝ հաւնեցայ):

- Եիչուօցը չըննի (աչքէն չ’ելլեր՝ ձեռքէ հանելը դիւրին չտանիլ):

- Եիչուօցիս իլուօվ (աչքէս ելաւ՝ բանէ մը կամ մէկէ մը ձեռք քաշել, հիասթափիլ):

- Զաշքիդ գավուրիլուօն իքի հա իշիլ (աչքդ փորելով քեզի կը նայի):

- Էսսըղէն ծէկիէն աշգը Հալպու դուօյրը պախրէն հետ լըծծուօծ թուփալ մեղէօնքը կը տըսնա (Ասեղի ծակէն աչքը Հալէպի դաշտին մէջ եզան հետ լծած կաղ մեղուն կը տեսնէ):

- Էսսըղէն ծէկիէն աշգը Հընտըստուն կը տըսնա... (Ասեղի ծակէն աչքը Հնդկաստան կը տեսնէ):

- Ըլլօք իչուօն իշիլ (լեցուն աչքով նայիլ՝ ուշադիր ըլլալ):

- Իչուօն իշմարից (աչքով բան հասկցնել):

- Իչուօն պըր ուտիէր զը (աչքով պիտի ուտէր զինք՝ չարացած նայիլ մէկուն)

- Իչուօցը լուօյսը ընծըս հուվկուօյրի (աչքին լոյսը հաւկուրի պէս է):

- Իչուօցը լուօյսը մլլէրից (աչքերուն լոյսը խաւարեցաւ՝ յոգնութենէ կամ զօրաւոր լոյսի դիմաց):

- Իչուօցիս ըրվան տիէղ կունէս (աչքիս վրան տեղ ունիս՝ յարգանքի արժանի ես):

- Իչվէն ընծըս ձիընտը հարամա ին (աչքերը ձիեր գողցողի պէս են.- նենգ):

- Իչվէն պըլըգտիլ (աչքերը անդադար շուրջը դարձնել- հետաքրքրասիրութենէ մղուած):

- Լէլի-լէլի աշգը չարցուօվ (Լալէ-լալէ աչքը չորցաւ. արցունքը ցամքեցաւ):

- Խօլ-խօլ հայ իշի (ծուռ-ծուռ՝ թշնամաբար կը նայի.ունինք բայը՝ խուլմըտիլ)

- Ծուօկ աշգ (աչքը ծակ, ծակաչք՝ անկուշտ):

- Կուօյր կէտէօն (կոյր կատու՝ միայնակ ապրող):

- Մուօրդ կու եաշգիդ կիշի, մուօրդ կու ձառիդ կիշի, մուօրդ կու գիտէնը կիշի(Մարդ կայ աչքերուդ կը նայի՝ ուղղամիտ եւ անվերապահ է. մարդ կայ՝ ձեռքիդ կը նայի՝ քեզմէ բան ականկալող է. մարդ կայ գիտինը կը նայի՝ մեռնիլդ կ՛ուզէ):

- Շունը աշգը կըտրիլ (շան աչքը կտրել՝ վախցնել):

- Չիլուօվ իչուօցը - Իչուօցը պր հենիմ զը (աչքէն չելաւ կամ աչքէն պիտի հանեմ զինք- բան մը շարունակել հաւնիլ, կամ՝ հրաժարեցնել հաւնելէ):

- Չուօր աշգ (չար աչք. վնաս պատճառով աչք ու նայուածք):

- Տարաշգ (նեղ աչք՝ չտես):

 

5.- ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Մանուկներու վիճակախաղ է. խաղի մասնակիցներէն մէկը շեղ գիծով բաժնուած հատուածը կ՛արտասանէ ափը խաղակիցներուն վրայ պտտցնելով. կ՛որոշուի վերջինը: Ինչպէս բոլոր վիճակի խաղերը՝ այս ալ անհասկնալի բառեր ունի.

- Տուքալամ/տուքալամ/ աշգը անպուօր/, թէօզը թըզզէն/, հէվէտէն/, փըշտէն/, տէքէն/, տէյմուզէն (Տուքալամ?/տուքալամ?/ աչքը ամբար/թուզը թուզին/, հաւատին/, փեշտին?/,տունկին/,արմատին):

 

6.- ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

- Զուօյգ աղբըրտաք ին, միէկմիկի հառռօ, այնը տիէղը կուն ( Զոյգ եղբայրներ են, իրարմէ հեռու են, նոյն տեղն են= աչքեր):

- Աշգիդ պուրտէդ,

Գալօշը վըզզէդ,

Ջաղցուօծ քուօրը դըմմէկէդ (Աչքը պորտիդ, ցաքատը վիզիդ, ջաղացքի քարը՝ դմակիդ: -Ասիկա հանելուկ է իրական մարդու մասին՝ Պապիին՝ Սերոբ Մկչտիչեանի: Կը պատմեն, որ զօրաւոր աչք ունէր, ու ինք կը խուսափէր նայելու նոյնիսկ կնոջ երեսին… վախնալով որ աչքը կը դպնայ…: Կովը արածելու պահուն, կովուն ետեւէն իր աչքը իր պորտին էր՝ փորին, միշտ գլխիկոր, կը վախնար կովու ծիծին նայելու, պարտէզի ցաքատը ուսին բռնած կ՛ըլլար, կը հագուէր սեւ շալվար, յետնամասը՝ կախ ու լայն):

 

7.- ՍԻՐՈՅ ԽԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

-Ծիթիր ի լուսուն լուօյսը,

Թէզզու ի արտէս բուօյսը,

Ըտըրան աղուր իշգինկուն

Սիրիմ զիչուօցը լուօյսը(Ծաթեր է լուսնի լոյսը/Ինչ թարմ է արտիս բոյսը/ ես այդ աղուոր աղջնակին/սիրեմ աչքերուն լոյսը);

 

8.- ՕՐՕՐՈՑԱՅԻՆԻ ՄԷՋ

- Այ հիգգէս, նէննի, վայ հիգգէս, նէննի,

Իս ուրուրիմ, դէօն նէննի, ըչկաշքըս նէննի (Այ հոգիս, նանի, վայ հոգիս նանի/ Ես օրօրեմ, դուն նանի, երկու աչքս, նանի):

 

9.-ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

- Աշգը հա խաղու (աչքը կը խաղայ, վերի կոպի թրթռացում, ձախ կամ աջ, ոմանց համար մէկն ու մէկը չարաղէտ նշան է, միւսը՝ բարեդէպ: Չարաղէտին վրայ շիւղ մը կը փակցնէին):

- Աշգ դիպուօվ եի (աչք դպաւ իրեն. հաւատալիք կայ, որ ոմանց աչքը՝ կապոյտ աչքը, չար է, կը վնասէ: Աչք դպցնելուն կ՛ըսեն էյմտիլ {ակն մտանել՝ ակմտիլ}): Չար աչքէ հիւանդացած անձը, կովը, ծառը ՛՛կըծխխին՛՛, չար աչք ունեցող անձին քալած ճամբաներէն խեշերանք կը հաւաքեն կամ անկէ լաթի կտոր մը կը գողնան, կը վարեն ու մուխը կը տանին հիւանդին վրայ: Չար աչքէ պաշտպանելու համար դռան վրայ պայտ կը կախեն, կապոյտ հլուն կը կապեն՝ ամբար, օրօրոց, մանկան ուսին, առարկային վրայ՝ փոքրիկի կօշիկ, իսկ պարտէզի խրտուիլակի ծայրը՝ կենդանիի կմախք:

 

 

 

ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

 

ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Hagop Cholakian

March 14, 2021

 

Հիմա գարուն է Քեսապի մէջ՝ «գէրէօնք ի», ծաղիկներ կը բացուին եւ ուտելի բոյսեր կ’աճին: Մեր բարբառով անոնցմէ ոմանք ունին կենդանիներու անուններէ սերած անուններ. այսպէս՝

 

ԱՆԳԸՂԹԻՎ – անգղաթեւ. ծմակ տեղերը բուսնող մեծ տերեւներով փնջաձեւ խոտ. կը գործածուի ծաղկեփունջ կազմելու ատեն:

 

ԳԸԼԼԸ ՄԷՆՈՒՇՈՒՕԿ – գայլի մանուշակ, գենեգոյն կամ կարմիր ծաղիկ. դպրոցականները անոր կու տային հայերէն «նապաստակի ականջ» անունը:

 

ԸՂՏԸ ՊՈՒՆՃՕԳ - ուղտի ուլունք, ծաղիկ մը:

 

ԹԻՊԻԿԸ ԲԱԿԼԱ – թոբեկի՝ շնագայլի բակլայ, ծաղիկը՝ կապոյտ, կը խաշէին Զատկուան հաւկիթներուն հետ՝ կապոյտ հաւկիթ ունենալու համար:

 

ԹԻՊԻԿԸ ԽԱՂՈՒՂ – թոբեկի՝ շնագայլի խաղող, մանր հատիկներով ողկուզաձեւ վայրի պտուղ մը:

 

ԹԻՊԻԿԸ ՏՈՒԼԼԱ – թոբեկի՝ շնագայլի տոլի կամ որթատունկ. պատատուկ վայրի բոյս մը:

 

ԻԾԾԸ ՄՈՒՐՕՔ – այծի մօրուք, ուտելի փնջաձեւ խոտ մը. ոմանք կ’ըսէին «իըըսկընը պուրտ»` երէցկինի պորտ:

 

ԻՇՇԸ ՇԸԳԻԷԳ – իշու կակաչ, ուտելի խոտ մը կարմիր ծաղիկով: Կոկոնները բախտախաղի մէջ կը գործածէին՝ «հա՞րս է, թէ փեսայ», կը բանային՝ ճերմակ միջուկը հարս էր, կարմիրը՝ փեսայ:

 

ԽՈՒՐՈՒԶԸ ՎԱՐՏԷՔ – աքլորի վարտիք, կարմիր թաւշապատ ծաղիկ մը:

 

ԽՈՒՐՈՒԶԸ ՔԱՓԱԶ – աքլորի կատար՝ կարմիր գոյնով ծաղիկ:

 

ՀԱՎԿԸՏԻՆԱ – հաւկտենի, ծաղկող թուփ մը:

 

ՀԷՎԻՐԸ ԿԸՏՏԷԿ – հաւերու կտիկ. մանր տերեւներով ուտելի խոտ մը, կ’աճի բակամերձ տեղերը, հաւերը շատ կը սիրէին կըտ-կըտ ուտել:

 

ՄԱՂՎԸ ԾԱՂԷԿ՝ - մեղուի ծաղիկ, նոյնը՝ Գարատուրանի մէջ՝ ՄԷՔԸ ԴԸՄՄՈՒՕԿ:

 

ՄԱՂՎԸ ՊԸՃԷՃ – մեղուի պատիճ, պատիճաւոր բոյս մը, պատիճին մէջ շարք մը քաղցրահամ հատիկներ: Կան նաեւ ԻՇՇԸ ՊԸՃԷՃ՝ իշու պատիճ, աւելի մեծ, ուտելի, ՁԻԸ

 

ՊԸՃԷՃ՝ ձիու պատիճ, ԽԸԶԶԸ ՊԸՃԷՃ՝ խոզի պատիճ, ոչ ուտելի:

 

ՄԷՔԸ ԴԸՄՄՈՒՕԿ – մաքիի՝ ոչխարի դմակ, ծաղիկը՝ ոչխարի դմակի նմանողութեամբ:

 

ՊԱԽՐԸ ԼԻԶԶԷՕ – եզան լեզու. բուժական խոտ մը:

 

ԿԷՔՎԸ ՃԸՌՆԻԷԳ – կաքաւի ճիռն-իկ, ուտելի խոտ մը:

Ափսոս որ նկարներ չունիմ: Քեսապ ապրող ընթերցողներ, տնամերձ վայրերէ նկարեցէ՛ք եւ ինծի ուղարկեցէք: Շնորհակալ կ’ըլլամ: