Saturday, February 27, 2021

 

February 26, 2021
ՄԵՐ ԿԱՅՄԸ ԿԱՆԳՈՒՆ Է ՏԱԿԱՒԻՆ
Սեւան Ա. Մանճիկեան
___________________________________
Մանուշին ու Մանուկին բախտը միացուցած էր զիրենք Քեսապի մէջ: Անոնք խօսք տուած էին իրարու իրենց կեանքին երջանիկ ու դժուար օրերը աներկբայօրէն միասին շարունակել: Ընտանիք կազմեցին ու իրենց ուժեղ կամքով ու բազուկներով նաւարկեցին դէպի առաջ՝ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով: Անոնք կը հաւատային, որ խաղաղ մտքով եւ ուրախ սրտով իրենց կեանքի օրերը վայելելու են միասին, հակառակ ծփացող ալիքներուն:
Մանուկ ու Մանուշ հեզասահ նաւարկումով դէպի պայծառ հորիզոն առաջնորդած էին իրենց կեանքին նաւը: Արեւոտ օրերը զարդարած եւ ուրախ-զուարթ կենցաղով հարստացուցած էին զայն: Զարդարուն այդ նաւուն կայմը կանգուն էր ու բարձրաբերձ:
Բայց կեանքը միօրինակ կշռոյթով չէր ընթանար, իսկ օրերը միայն վարդագոյն չէին: Երբեմն հսկայ ալիքները կատաղութեամբ կը բախէին իրենց նաւուն ու ճնշումը այնքան կը տարուբերէր զայն, որ նաւը երերալով իր հաւասարակշռութիւնը հազիւ կը պահէր: Այս բոլորով մէկտեղ չէին վհատած դժուարութիւններուն դիմաց: Դաժան օրերը աւելի զօրացուցած էին իրենց ընտանիքը ու թիավարումի նոր թափ ու եռանդ հաղորդած կեանքի նաւուն: Իսկ երբ մուգ ու թաւ ամպերը փարատած էին եւ փոթորիկը խաղաղած, տաքուկ արեւը իր ջերմ ճառագայթներով կրկին տարածուած էր նաւուն բոլոր անկիւնները ու կայմը փարոսի վերածած:
Այդ նաւը, սակայն, 21 Մարտ 2014-ի Քեսապի տեղահանութեան ընկղմելու եզրին հասաւ: Անոնք դժուար պայմաններու մէջ յայտնուեցան: Քանի մը ժամուան մէջ կորսնցուցին ամէն ինչ, բայց իրենց ատամներով ու քարացած եղունգներով կառչած մնացին կեանքին: Երբեք չտկարացան, գոյատեւելու իրենց հաւատքը չկորսնցուցին, իրենց զաւակներուն ու ծնողքին յոյս ներշնչեցին եւ քաջալերեցին զիրենք:
Ու անոնց հաւատքն ու լաւատեսութիւնը ի զուր չանցան: Նոյն այդ արեւը ամպերը հրմշտկելով կրկին ծագեցաւ: Մանուկն ու Մանուշը վերադարձան Քեսապ՝ իրենց տունն ու տեղը, եւ սկսան կարկտել իրենց տաքուկ բոյնը: Թիավարումը վերսկսաւ ու յոգնաբեկ նաւուն կայմը միջերկրականի օդը հոտուըտալով թօթափեց կեղտն ու կրկին սլացաւ դէպի երկինք:
2014-ի չարաշշուկ ալիքները չհանդարտեցան, երբեք չխաղաղեցան եւ թոյլ չտուին, որ Մանուշին ու Մանուկին կեանքը խաղաղի: Տեղահանութեան ստեղծած պայմաններն ու հետեւանքները ծանր թաթի պէս իջան անոնց վրայ։
-Մանո՛ւկ, մեր կեանքին նաւը անել ճամբայ հասաւ: Ալ չըսես, որ անոր կայմը կանգուն է: Ես ալ չեմ դիմանար...: Ինչ ըսես չտեսանք՝ պարտէզը խնամելու դժուարութիւններ, զաւակներու գաղթ, հարազատներու մեկնում, կեանքի առօրեայ հարցեր, ե՛ւ... ե՛ւ կաշկանդող այլազան քամիներ ու ալիքներ:
-Կամաց-կամաց, հանդարտէ՛, Մանուշ, ի՞նչ պատահեցաւ քեզի: Նստած համով-համով կը խօսէինք, ինչո՞ւ լարուած ռումբի վերածուեցար: Այնպէս կը խօսիս, որ կարծես հիմա պիտի պայթիս, փառք Աստուծոյ մեր ի՞նչն է պակաս:
-Ես ալ չեմ դիմանար զաւակներուս օտարութեան, դո՛ւն ըսէ, քանի՞ տարի եղաւ, որ զիրենք չենք տեսած, ի՞նչ գիտես, թէ որքան պիտի ապրիս դեռ: Անոնց կարօտը զիս կը խեղդէ, շնչահեղձ կը դարձնէ:
-Փառք Աստուծոյ, Մանո՛ւշ, անոնց լուրերը լաւ են, գրեթէ ամէն օր անոնց հետ կապի մէջ ենք, նկարները կը տեսնենք, իրենց ձայնը կը լսենք: «Աս ալ կ՚անցնի» չէի՞ր ըսեր: Մեր նաւարկումի ընթացքին որքա՜ն դժուարութիւններ յաղթահարեցինք, այս ալ կը յաղթահարենք:
-Չէ՛, չէ՛, Մանո՛ւկ, այս անգամ ցաւը տարբեր է: Երբ ափիս չափ այս գործիքը՝ բջջայինը կը փակեմ, աւելի կ՚ընկճուիմ, սիրտս ալ հետը կը փշրուի, խաբկանք է աս բոլորը: Ես ա՛լ ոչ առաջուան համբերութիւնը ունիմ, ոչ ալ ուժը: Նախորդ տարիներուն օրերէն առաջ կը վազէի, հիմա կը զգամ, թէ որքան վազեմ, օրերը այնքան արագ կ՚անցնին կողքէս:
Մանուշ խորունկ շունչ մը քաշեց ու լռեց: Ըսելիքը մէկ շունչով ըսաւ: Որքան խօսէր, աւելի կը նեղուէր ու սիրտը կը ցաւէր, իսկ Մանուկ այդ բոլորը քաջ գիտնալով, ինք ալ չէր գիտեր ի՞նչ ըսէր, որ Մանուշի սրտին փոթորիկը հանդարտեցնէր: Միթէ՞ ինք ալ աս յառաջացած տարիքին չէր ուզեր զաւակները չորս կողմը տեսնել, զանոնք վայելել, անոնց ձայնը տան ամայութիւնն ու պաղ մթնոլորտին սառոյցը պիտի վերացնէր: Ինք, որ միշտ կ՚ըսէր «Մեր կեանքի նաւուն կայմը կանգուն է, Մանո՛ւշ», այսօր քաջ գիտէր, որ այդ կայմը ոչ միայն կը տատանի, այլ հետզհետէ ծովամոյն կը դառնայ:
Անոնք դէպի պայծառ ու արեւոտ օրերու հորիզոնը կը թիավարէին, սակայն ինչպէ՞ս խոստովանէր, որ ինք ալ յոգնեցաւ: Այս բոյնը որո՞ւ համար շինեց ու ետքը կարկտեց, որո՞ւ համար: Մանուշին սրտի փոթորիկը շատ ճղճիմ էր, եթէ համեմատուէր Մանուկին փոթորկայոյզ սրտին ու հոգիին հետ: «Զո՞րն ասէր, զո՞րն խոստովանէր...»:
Հեռաձայնի զրնգումը անոնց մտածումներուն յորձանուտն ու քար լռութիւնը կտրեց: Մանուշի դէմքին արտայայտութիւնը փոխուեցաւ, լայն ժպիտ մը գծուեցաւ այնտեղ, քիչ առաջուան խոժոռ դէմքը այլափոխուած էր:
«Բարեւ, մա՛մ, ինչպէ՞ս էք» նախադասութիւնը ի զօրու էր անոնց դուրս հանելու գորշ յորձանուտէն:
Օրերը իրարու ետեւէ կը վազէին, ամիսը ամիսի ետեւէ, ու ահա տարին կը գլորուէր, ուրիշ տարի մը կու գար: Տարիները կը սահէին, բայց Մանուշն ու Մանուկը քանի՞-քանի տարիներ պիտի կարենային դիմանալ... իրենք ալ չէին գիտեր, մերթ ընդ մերթ ինքնախաբէութեամբ կը մխիթարուէին պարզապէս...:
==========================================
միացէք մեր Telegram-ի էջին https://t.me/kantsasar91
միացէք մեր Instagram-ի էջին https://www.instagram.com/kantsasar_weekly/

Monday, February 22, 2021

 

Մայրենի Լեզուի Օրուան Առթիւ


Յակոբ  Չոլաքեան

Այսօր, օրն ի բուն կը հաշուեմ, թէ մանկութեանս օրերէն մինչեւ երիտասարդութեանս սեմին՝ քանի ընկեր-դասընկեր, քանի բարեկամ-ազգական գացին հեռացան հեռաւոր ափեր: Մէկը ըսաւ ՛՛Կամաւոր աքսորի եկանք՛՛, միւսը ըսաւ ՛՛Կեանքն ապրելու եկանք՛՛, երրորդը ըսաւ. ՛՛Իբրեւ վերջին փրկագին կը վճարենք այն որ պիտի գայ, սերունդներ, որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային, որովհետեւ այն որ պիտի գայ՝ պիտի ըլլայ օտար՝ բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղայ, մեղա՜յ Արարատին՛՛(ՇՇ):
Այսպէս:
Ու ես կը մտածեմ այն սերունդներուն մասին, որ հայկական դպրոց չտեսան, չտեսան նոյնիսկ միօրեայ վարժարան, չունեցան մեծ մայրիկ ու մեծ հայրիկ, որ բարեհաճօրէն հայերէն սորվեցնէին անոնց: Անոնք հայերէն չգիտցան, չկրցան հայերէն խօսիլ նոյնիսկ մայրիկին ու հայրիկին հետ:
Քանի՜ հոգի են, քանի՜ տասնեակ, քանի հարիւր, քանի հազար:
Ես ի՞նչ կոչեմ այս կորուսեալները: Ի՞նչպէս հասնիմ անոնց, ի՞նչպէս անոնց հայեացքը դարձնեմ դէպի Արարատ եւ Օշական:


Comments:
  • Իսկ հայրիկ, մայրիկ ունեցողներն ու հայկական վարժարան յաճախածները, որոնք կռնակ դարձուցած են հայերէնին???

    • Սիրելի Յակոբ, ահա կէս դարէ աւելի հայերէնի ուսուցիչ եմ, ե՛ս անոնց հանդէպ յանցաւոր զգացած եմ ինքզինքս, պարտուած, որովհետեւ իբրեւ ուսուցիչ՝ ես չեմ կրցած յաղթահարել պատնէշները եւ զանոնք ներգրաւել մեր ամրոցէն ներս: Սերունդները յանցաւոր չեն, մենք տկար ենք:

    • Սիրելի Յակոբ, մենք մեր կարելին ըրինք եւ դեռ կը շարունակենք ընել, սակայն համայնակուլ սա համաշխարհայնացման ալիքներուն դէմ կուրծք տալու համար մեր ուժերը բաւարար չեն։ Դեռ կայ ծնողքի անտարբերութիւն եւ շրջանակի մեղկութիւն։


    • Hagop Mikayelian
       Սփիւռքահայ դպրոցը ի սկզբանէ հոսանքին հակառակ ընթացք մը ունի. այլ կերպ չէր ալ կրնար ըլլալ: Այս սերունդը, սերունդ մըն ալ, յաջորդն ալ փրկելու հաւատաւոր պայքար է անորը: Մինչեւ... ՛՛բացուին դռներն յուսոյ՛՛:


    • Hagop Tcholakian
       Ներկայ օրերը ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ բաց դռներ կը փակուին։ Այս վերջին ամիսներուն Ատրպէյճանի, կամ թուրքիոյ, կամ Իսրայէլի հասցէին հայհոյանքի, կամ անէծքի հանդիպեցար? Բոլորը մենք մեր դէմ, այնպէս լաւ իրար կը բզկտենք, բաց դռներն ալ կը փակենք։


    • Բարև ձեզ յարգարժան պարոնայք։Բոլորիդ խօսքերը ճիշդ են։Բայց "մի բանի պիտի հաւատանք թեկուզ ունայնի" Ես կը հաւատամ, որ ձեր ցանած հունտերը պտուղ տուած են, և պիտի շարունակեն տալ։Թեպէտ ըսեմ որ օրական նոյն ցաւերը կապրինք...

    • Hagop Tcholakian
       Այո,մեր ուժը միայն իրար տկարացնելու կը մսխենք,ափսոս.Իրաւունք ունիք.

  • Շա՛տ սիրելի պր.Յակոբ, ձեր այս միտքերը, ամէն օր, առանց չափազանցութեան, կը տանջեն զիս։ Գիտէ՞ք ամէնէն աւելի երբ, երբ 12_րդ կարգի ձեր պատրաստած հիասքանչ դասագիրքը (գաղութներ եւ սփիւռքահայ գրականութիւն) կը դասաւանդեմ։ Բառ առ բառ կը մտաբերեմ ձեր խօսքերը, միտքերը եւ երբեմն նոյնիսկ ապրումներուս հետ նոյնացած ձեր ապրումները եւ զանոնք կը փոխանցեմ աշակերտներուն։
    Ամէնէն աւելին զարմացնողը այն կ՝ըլլայ, որ ամերիկահայ (Համաստեղ, Հայկազ, Վահէ Հայկ...), ֆրանսահայ (Շուշանեան, Շահնուր...) գրողները այնքան թափանցիկ ու խոշորացուցային բծախնդրութեամբ ճշմարտութիւնները մեր տրամադրութեան ներքեւ դնելով հանդերձ՝ մենք կը յամենանք չանսալ անոնց...
    Բարին, ինչ որէ է...
    Մեր ոսկեղնիկին տօնը շնորհաւոր ու ձեր նման մայրենիի նուիրեալ ուսուցիչներու, դասախօսներու, մանկավարժներու տօնը շնորհաւոր։


    • Խոր համարումով, սիրելի Մարիա, ես կը հաւատամ մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու նուիրումին, կը զգամ անոնց տագնապները: Վարձքդ կատար:
  • Երբ հայկական դպրոցներու յաջողակ շրջանաւարտներ կը նախընտրեն իրենց զաւակներուն կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը օտարին վստահիլ, հարկ է նաեւ ինքնաքննադատութեամբ եւ ներհայեցողութեամբ քննել պատճառները, եւ ոչ միայն մեղադրել օտարամոլութեամբ.

    • Ահաւասիկ խնդիր մը, որ լուրջ քննարկումի առարկայ չէ եղած: Մենք ի՞նչ կ՛ընենք, որ դպրոց-ընտանիք հասկացութիւնը համապարփակ ըլլայ: Դպրոցը միայն ուսումնական եւ թաղական խորհուրդներով, հոգաբարձութեամբ եւ խնամակալութեամբ չի կրնար ակնկալուած դերը կատարել, եթէ հայ ընտանիքներու պարիսպով չպաշտպանենք զայն: Մեր հասարակական ու մշակութային կազմակերպութիւնները ի՞նչ կապեր ունին հայ ընտանիքին հետ:


  • Ափսո՛ս... ես ալ միեւնոյն ցաւը կ՚ապրիմ։Զօրաւոր հոսանքին դէմ թիավարելը դժուար է, երբ մանաւանդ շուրջդ շատ տարբեր պատնէշներ կան։ Կ՚երեւի լաւագոյն բանը պիտի ըլլայ չյուսահատիլը եւ շարունակել պայքարը աւելի զօրաւոր քան երբեք։


    • Loucine Jamgotchian
       Պատրանքներէն դուրս ելէք այլեւս։ Հայօրէն գոյատեւելու ՄԻԱԿ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ՎԱՅՐԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է։


    • Kevork Yazedjian
       Ի՞նչ կը մտածես հայրինիքիդ մէջ ապազգային դաստիարակութեան մասին, հայոց պատմութեան դատագիրքերու, հայերէն լեզուի իւ գրականութեան դասաւանդման արգելքներու, հայերէն լեզուի մակարդակի եւ մանաւանդ արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդման բացակայութեան եւ կամ անբաւարար դասաւանդման մասին... ։ Ամէն մէկս շատ պատճառներ ունինք հայրենիքէն ներս ալ դժգոհութիւններ ունենալու։ Երանի՛ սոսկ պարզ դժգոհութիւններ ըլլային անոնք։ Մենք ուր ալ ըլլանք անկարող ենք շատ բան փոխելու։

  • Օրնիբուն կը խօսին վերջին պատերազմին մեր տուած շուրջ 5000 նահատակներուն մասին, ոմանք նոյնիսկ կը շահարկեն անոնց մարմնաւոր հեռացումը մեզմէ։ Յաւերժ փառք այդ հերոս նահատակներուն։ Սակայն ԳՐԵԹԷ ՈՉ ՈՔ, ներառեալ մէջտեղերը աղմկող իշխանիկ եւ գեղամիկ դաշնակցականները, որ ԱՄԷՆ ԱՄԻՍ ԳՐԵԹԷ ՆՈՅՆՔԱՆ ՀԱՅ ՏՂԱՔ ՈՒ ԱՂՋԻԿՆԵՐ ԶՈՀ Կ՛ԵՐԹԱՆ ՃԵՐՄԱԿ ՋԱՐԴԻՆ։ Կեղծաւոր անամօթնե՛ր, ինչո՞ւ այս մասին կը լռէք։


  • Սիրելի ուսուցիչ, ես ալ այն բախտաւորներ եմ, որ աշակերտած եմ ձեզի և գաղթած ԱՄՆ գրեթէ 35 տարիներ առաջ և ներկայիս կ՛աշխատիմ հայկական վարժարանի մէջ:
    Այս երկիրներու մէջ նիւթականը շատ կարևոր ազդակերէն մէկն է , որ կարենաս զաւակդ հայկական վարժարան ուղարկել: Հասարակական եւ մշակութային միութիւններն ալ կարողութիւն չունին նիւթապէս օգնել, իսկ դպրոցներուն ալ օգնութիւնը բաւարար չէ ներարելու բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն յաճախել հայկական վարժարան: Մենք հոս մեծ պարտականութիւն ունինք օգնելու բոլորին այս մէկն ալ նկատի պէտք է առնուի:

  • Աեո իբր հաե հաեր կսկամ եւ կապրիմ ճիշտ աես ցավով օտար աես արտասահմանին


  • Սիրելի Վարժապետ
    Դուն այսպէս ցաւով կ'արտայայտուիս երբ Հայրենիքի մէջն ես, հոն կայք հաստատած ես , հապա մենք որ մեր Փոքր Հայաստանէն( Քէսապը ) հեռացանք , առանց " Լողալ" գիտնալու այս մարդակուլ Ովկեանոսին մէջ նետուեցանք ընտանեոք , հոս է Սարսափը ,Ամերիկան ,Քանատան ,անկուշտ և անյագ մարդակուլներ , ազգակուլներ , Հոս է ձուլարան հնոցը , Մուլինէքսի մեքենան որ իր փոքրագոյն չափը դրած կը մանրէ կը շաղէ և Քէօֆթէն միօրինակ շաղախուած դուրս կը հանէ ։
    Հոս Ազգերու մշակոյթներու և քաղաքակրթութեանց սպանդանոցն է ։
    Աւաղ որ այսքան մեծ թիւով մեր ազգն ալ հոս , Սակայն շաղախուած Քէօֆթային մէջ մեր սակաւութեան պատճառով` համ հոտ նոյնիսկ չենք կրնար Քէօֆթային


    • Stepan J Apelian
       Ամերիկա չգացած ալ այս բոլորը գիտէիր, չէ՞։ Հայ մնալու միակ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒԱԾ տեղը հայրենական պետութիւնն է։


    • Kevork Yazedjian
       եթէ Հայուն մնայ անշուշտ ։Կասկածելի։

  • ՍԻՐԱՆ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆը շատ մեծ խնդիր մը կը պարզէ. հայ դպրոցը աշակերտը չ՛ընդունիր, որովհետեւ վճարունակ չէ: Նախ ըսեմ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մեր դպրոցները կրթաթոշակի համար աշակերտ չեն մերժեր. Սուրիոյ մէջ սա պատերազմէն առաջ մեր աշակերտութեան 40%-ը եղած է ձրիավարժ: Արդ, Միացեալ Նահանգներու հայոց այս խնդիրը բարւոք լուծում մը չէ ստացած, մինչ այնտեղ ասիկա հրատապ խնդիր է: Ամերիկահայ առաջին հայկական վարժարանը հիմնած ու վարած Գաբրիէլ Ինճեճիքեանը շատ լաւ հասկցաւ այս պարագան եւ դիմեց ՉԱՐԹԸՐ վարժարան ունենալու այլընտրանքին: Մեր յարանուանական, կուսակցական եւ մշակութային միութիւնները այդ պարագան օգտագործելու քաջութիւն չունեցան, ինչո՞ւ:


    • Սիրելի Պրն.Չոլաքեան հայ լեզուի, գրակնութեան և մշակոյթի ուսուցումը հայկական վարժարաններու և ՉԱՐԹԸՐ դպրոցներու միջև անհամեմատելի են,
      անոնք ստիպուած են հետևելու որոշ օրէնքներու և կանոներու, որը հայկական վարժարանները ունին ամէն տեսակի ազատութիւն: Ամերկայի մէջ ունինք Զաւարեան, Սահակեան, Ճեմարան եւ այլ միութիւններ, որոնք պարտակաութիւն ստանցնած են օգնելու մեր Հալէպի դպրոցներուն, որը շատ քաջալերելի է:

    • Siran Marselian
       Ըսել կ՛ուզէք՝ Շրջանաւարտից Միութիւններ: Թող Ամերիկայի մեր դպրոցներն ալ ունենան, 50 տարեկանէն վեր դպրոցներ կան: Բայց նորէն ալ Չարթըր դպրոցական համակարգին հանդէպ մեր նախապաշարեալ մօտեցումը պէտք է փոխուի. մենք հոն շատ բան կրնանք ընել՝ ինչպէս որ կ՛ուզենք: Ես մօտիկէն հետաքրքրուած եմ անոնցմով, կապ ունիմ կրթական գործիչներու հետ:


  • Եթէ կ'ուզես մայրենիդ պահպանել, անոր համար մէկ ուղղութիւն կայ՝ Հայաստան: Մնացած բոլոր ջանքերը անկարելի երազներ են: Արեւմուտքի մէջ երկու, երեք սերունդ կրնաս պահել, սակայն վերջաւորութեան կ'երթան դէպի ուծացում: Միայն հայրենիքն է լեզուին բերդն ու յենարանը:


    • Zareh Sapszian
       Արևելահայերէնը եթէ կրնաս Հայերէն լեզու կոչել` Այո , իսկ ներկայ գոյութիւն ունեցած Արևելահայերէնը Քօքթէյլ մըն է օտար բարերու` հաերէն հոլովումով


    • Zareh Sapszian
       իսկ Հայաստանը Հայուն մնալն ալ շատ կասկածելի է ։ հաւանական է որ դառնայ Ռուսաստանի 41րդ Ֆէտէրալ Նահանգ։


    • Stepan J Apelian
      Հայաստանը հայուն հը մնայ, նոյնիսկ եթէ Ռուսաստանի նահանգ դառնայ, բայց անկախ իր դրօշով եւ օրհներգով: Իսկ Արեւելահայերէնը ճիշդ ես որ քօքթէյլ մըն է օտար բառերու, սակայն ժամանակի ընթացքին կը կարծեմ կը հայանայ: Նոյնիսկ այս վիճակին մէջ, տակաւին հայերէն է: