Saturday, February 6, 2021

 

ՄԻԱԿ ՅԱՆՑԱՒՈՐԸ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆ ԷՐ

Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան

January 25, 2021

  Քիթ-քիթի մեր երեք դպրոցներուն դասացոյցները նոյնն էին՝ հայերէն ընթերցանութիւն, քերականութիւն, թուաբանութիւն, իրագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, կրօն, արաբերէն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն, երկուքէն մէկը, բայց երեք դպրոցներուն ալ դասագիրքերը տարբեր էին, բացառութեամբ արաբերէնի, որ Կրթական տնօրէնութենէն պարտադիր կը տրամադրուէր բոլորին:

 

Ամեն վերամուտի դասագիրքերու ընտրութիւնը հարց կը դառնար: Բոլորին խօսակցութեան առարկայ: Վերջին հաշուով որոշողը դպրոցները չէին կրնար ըլլալ. Հալէպէն պէտք է հաստատէին. Ազգային առաջնորդարանը ասիկա կը հաստատէր, Աւետարանականներու համայնքապետարանը ատիկա կը հաստատեր, Բարեգործականի շրջանակայինը անիկա նպատակայարմար կը գտնէր: Առարկութի՞ւն…

 Յաջորդ տարեշրջանին վերատեսութեան կ՛ենթարկենք:

Այս պատմութիւնը այսպէս կը շարունակուէր տարուէ տարի…

Անշուշտ չէինք հասկնար, թէ ի՛նչ է պատճառը, որ Միացեալ վարժարանի ընթերցանութեան դասագիրքը «Շողական» կը կոչուէր, որուն վրայ հեղինակի անուն չկար, Հալէպէն կու գար, Աւետարանական վարժարանի դասագիրքը Հրանդ եւ Զապէլ Ասատուրի «Թանգարան»ն էր, Կ. Պոլիսէն կու գար, իսկ մերը՝ «Արագած» Պէյրութէն կու գար, կողքին վերը գրուած էր Օննիկ Սարգիսեան եւ Սիմոն Սիմոնեան:

Հայոց պատմութեան անունը անփոփոխ մը մնար, բայց գիրքերը տարբեր էին՝ Միացեալ վարժարանի դասագիրքը Արմէն Անոյշի Հայոց պատմութիւնն էր, Հալէպէն կու գար, Աւետարանական վարժարանի դասագիրքը՝ Կարապետ Պասմաճեանի հայոց պատմութիւնն էր, Կ, Պոլիսէն կու գար, մերը՝ Սիմոն Սիմոնեանի Հայոց պատմութիւն էր, Պէյրութէն կու գար:

 

Ինչ մեղքս պահեմ, ես աւետարանական դպրոց յաճախող Շամբոյի գիրքը ամբողջ շաբաթ մը տուն տարած եմ, որպէսզի կարդամ: Նոյնը ըրած եմ Միացեալ վարժարան յաճախող Ղազարեան Զենոբի գիրքին: Խեղճերը այդ շաբաթ երկու անգամ ծանրօրէն պատժուած են դասագիրքը տուն մոռցած ըլլալնուն համար:

 

Զենոբը իր դաստակին վրայ լուռ ընդուներ է քանակի երկուքական հարուած, իսկ Շամբոն ցակռտելով, ափերը ոտքերուն միջեւ պահելով, լացեր է ու ըսեր.

- Պարոն, Յակոբը գողցաւ:

Ու անկէ ետք՝ կորսուած հայոց պատմութեան գիրքի համար ծնողները մեր բակէն կը կանչէին.

- Աղջիկ Խաթուն, մեր տղուն պատմութեան գիրքը Ձեր տղուն քո՞վն է:

Ինչ ըսեմ, ինչպէս արդարանամ… Ատիկա մէկ անգամ պատահած էր. տեսեր, կարդացեր, համեմատեր էի. ես իմ Հայոց պատմութիւնը ոչ մէկ գիրքի հետ կը փոխէի: Քուն թէ արթուն՝ բոլոր երազներս այդ գիրքի էջերէն կու գային, տունը պառկած՝ մեր առաստաղին խոնաւութեան հետքերը ինծի համար այդ գիրքով հերոսներու դիմանկարներ, պատերազմի տեսարաններ, երեքթեւեան նետ ու աղեղ կը դառնային, Հայաստանի քարտէզ, որուն բոլոր սահմաններուն վրայ մերկ սուրեր կային. «Սահման քաջաց զէնն է իւրեանց», մեր լեռան ժայռերը, անտառի ծառերը կը կերպարաւորուէին Սիմոն Սիմոնեանի հերոսներով…

Հապա՜:

 

Ինծի համար գիրքի ճակատին վրայ, ամենէն վերը, գրուած «Սիմոն Սիմոնեան»ը ուրիշ հմայք մը ունէր: Գիտէի, որ գիրքի մը հեղինակին անունը հոն կը գրուի, գիտէի նաեւ, որ սա ալ անձնանուն–մականուն է՝ Սիմոն Սիմոնեան. Ուրեմն՝ … Չէ, իմ մտքիս մէջ չէր տեղաւորուեր, որ ան մեր վարժապետներուն պէս մարդ մըն էր. մարդ ալ չէր, հապա ի՞նչ էր… Ոգի էր կարծես, որ ամեն անգամ գիրքիս էջերը իմ մատներովս կը բանար, ու հազար անգամ կարդացած պատմութիւնս նոր կախարդանքով մը հոգիս կ՛ալեկոծէր…

Ես ինչ գիտնայի, որ դասագիրք մը կրնայ գերել դպրոցականի մը ամբողջ էութիւնը:

Անշուշտ, երբ բարկանայի, աւելի ճիշդ՝ երբ զիս բարկացնէին միւս դասանիւթերն ու դասագիրքերը, դասատուներն ու տնօրէնի բարկաճայթ յանդիմանութիւնները՝ դասարանի պատուհանէն կը թռչէի դուրս, բոլոր գիրքերս կը թափէի հոն, ու միայն իմ պատմութեան գիրքս լաթէ պայուսակիս մէջ ձգած՝ կը հեռանայի այդտեղէն: Գիրքս կ՛ամոքէր իմ զայրոյթս, վրէժս կը լուծէր, բարձ կը դառնար ինծի համար:

Կէսօրին, մեր տան վերէն անցած պահուն, վարժապետը կը կանչէր.

_Տիկին Խաթուն, տղադ նորէն դպրոցէն փախաւ…Գիրքերը հաւաքէ, Աստուած օգնէ քեզի…

 

Այս բոլորին մէջ միակ յանցաւորը, մարդ չգիտցաւ, «Սիմոն Սիմոնեան»ն էր:


 
 

No comments:

Post a Comment