Sunday, February 7, 2021

 ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան
December 17, 2020

Վերջերս տպագրութեան յանձնեցի տարիներու իմ մէկ ուսումնասիրութիւնս՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը: 1987-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս ծանօթացաւ աշխատանքին՝ փափաք յայտնեց, որ անպայման ինք հրատարակէ զայն: Այն ատեն աշխատանքը կը ներգրաւէր ինծի յայտնի դարձած 240 դպրոց: Վեհափառ հօր հետապնդումներուն կը պատասխանէի, թէ տակաւին յայտնաբերելիք դպրոցներ կան, նիւթեր, աղբիւրներ կրնան ըլլալ: Անցան տասնամեակներ: Հիմա աշխատանքը աւարտած կը համարեմ, աւելի քան 120 բնակավայրերու մէջ շուրջ 500 հայկական վարժարան: Սա ցեղասպանութենէն անցած վերապրողներու մեծագոյն սխրանքն էր սուրիական հողին վրայ:
Գիրքը, շուրջ 1300 էջ, երկու հատորով կը հրատարակուի ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ:
Ան կը ներկայացնէ Սուրիոյ մէջ հայ կրթութեան եւ հայկական դպրոցներու պատմութիւնը. ունի երկու մաս. առաջինը ընդհանուր տեսութիւն է հայոց կրթական գործին՝ Սուրիոյ մէջ հայոց տեղաբաշխման, պատմութեան, թեմական ու մշակութային կեանքի համապատկերին վրայ: Հոս քննութիւնը կատարուած է չորս ենթաշրջաններու տակ.
ա) 1918-1946՝ Սուրիական պետութեան կազմաւորման եւ ֆրանսական հոգատարութեան շրջան, երբ կը վերակազմաւորուի 19-րդ դարէն գոյութիւն ունեցող բնակավայրերու կրթական գործը եւ կը սկսի նոր գաղթականութեան դպրոցաշինութիւնը.
բ) 1946-1970, յետ անկախութեան շրջան, երբ երկրի տագնապալի վերավայրումներէն մեծապէս կ’ազդուի հայ կեանքը ու հայկական վարժարանները կը մտնեն երկրի կրթական ընդհանուր համակարգին մէջ.
գ) 1970-2011՝ յետ Բարենորոգչական շարժման, երբ Սուրիա մնացած հայութիւնը բնականոն կերպով հոգ տարաւ իր հոգեւոր եւ կրթական հաստատութիւններուն.
դ) 2011-էն ետք, երբ պատերազմին պատճառած արտագաղթի հետեւանքով հայ դպրոցները եւ աշակերտութիւնը մեծապէս նուազեցան:
Երկրորդ մասը ունի տեղեկատուական-հանրագիտարանային բնոյթ, ուր 18 աշխարհագրական շրջանակներու մէջ կը տրուին հայաբնակ վայրերը եւ հոն գործած ու գործող հայկական դպրոցներու նկարագրութիւնը: Քննուած են դպրոցի հիմնական բնորոշիչները՝ պատկանելութիւն, անուն, շէնք, կրթական բաժանումներ, աշակերտութիւն, պաշտօնէութիւն, նպաստի եւ եկամուտի աղբիւրներ, կարեւոր իրադարձութիւններ, եզակի պարագաներ եւ այլն: Հոս նոյն կառուցուածքով ներկայացուած են տուեալ բնակավայրի մէջ գործած նախաեղեռնեան շրջանի դպրոցները եւս: Ասոնց մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Բերիոյ թեմի առաջնորդանիստ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից Ազգային Ներսէսեան ուսումնարանը, որ լաւագոյնս կ’արտայայտէ Կ. Պոլիսէն սկսած հայ նոր դպրոցի բովանդակային ներթափանցումը գաւառական հեռաւոր շրջաններու վրայ:
Վերջաւորութեան ունի յաւելուած, ալպոմ, գրականութեան հարուստ ցանկ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր ու անգլերէն ամփոփում:
Աշխատութիւնը նախատեսուած է հայ գաղթօճախներու պատմութեամբ, հայ մանկավարժութեամբ ու կրթութեամբ հետաքրքրուողներուն համար:

Vahe H. Apelian, Maral Apelian and 269 others
98 Comments
14 Shares
Like
Comment
Share

No comments:

Post a Comment