ՍՈՒՏԼԻԿ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ ՊԱՏՄՈՂՆԵՐՍ
Hagop Cholakian
March 23, 2021
Հայկական ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ կայ պատումի տեսակ մը, որ ժողովուրդին կողմէ պարզապէս սուտ կը կոչուի, թէեւ բանագէտները այդ ժանրն ալ կը դնեն հեքիաթի մէջ: Սուտը շատ սիրուած պատմելաձեւ է. որ կը գերէ ունկնդիրը իր անսանձ երեւակայութեամբ, իմացականութիւնը գլող անցնող գործողութիւններով, չափազանցութիւններով, սրամտութեամբ: Ատենին՝ հաւաքներու ատեն ամենէն շատ պատմուող ժանր էր: Ամէն մարդ՝ մեծ ու պզտիկ, կը սիրէ սուտլիկ հեքիաթները: Ո՞վ չէ կարդացած Յովհաննէս Թումանեանի այդպիսի ժողովրդական սուտերէն մշակած «Սուտասանը» եւ «Սուտլիկ Որսկանը»: Ի դէպ, սուտլիկ որսկանի Քեսապի տարբերակը ես գրի առած եմ 1970-ին, բնիկ գարատուրանցի Սարգիս Լրջիկեանէն (տես Քեսապ, Բ, էջ 398-399 ):
Քեսապի մէջ եւս սուտլիկ հեքիաթները շատ էին: Շատ լսեր էի վարպետ ասացող Չերչիկեան Պօղոսի մասին (Պաշուրտ գիւղէն, մահ՝ 1946): Կը պատմէին, որ անոր սուտլիկ հեքիաթները իրերայաջորդ սուտերով կը զարգանային: 1942-ին, երբ ֆրանսական իշխանութիւններու հրամանով գիւղացիները կ՛երթային հեռու տեղեր ճամբայ բանալու համար, հոն ալ ծառի մը տակ կը գիշերէին: Գիշերով, ժամանցի համար, կը խնդրէին Պօղոսէն, որ սուտ մը պատմէ: Պօղոս չէր մերժեր: Առտու մըն ալ կ՛արթննան, տեսնեն, Պօղոս ծառին կռթնած իր երէկ իրիկուան սուտը տակաւին կը շարունակէ զարգացնել: Երեւի բանուորները կ՛արթննան այն պահուն, երբ Պօղոս հասած էր վախճանական սուտին, որ արդար հերոսին յաղթանակը կ՛ապահովէր:
Պօղոս հեքիաթներէ առաջ անպայման «թաքարլամա» մը կ՛ըսէ եղեր, թուրքմէն բանուորներուն ալ հաճոյանալու համար: «Թաքարլամա»ն, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «գլորելով, գլորտուք», քանի մը նախադասութիւններէ կազմուած սուտի նախաբան մըն է, թրքերէն, օրինակ
Սա սուտ է, նա սուտ է,
Օձը փիղ մը կլլեր է,
Ա՞ս ալ մը սուտ է:
Կամ
Ուղտը մունետիկ եղած ատեն,
Կոյր էշը սափրիչ եղած ատեն,
«Կիցիրի, չըկիցիրի…»
Լաւ հեքիաթասաց էր Կէկիւսուօկ հԷլէվուրը (Կիրակոս Պաճաքեան, Գարատուրան): 1960-ականներուն վերջը շուրջ հարիւրի սեմին հասած մարդ էր: Սուտլիկ հեքիաթներ ալ ունէր, կը պատմէր, կը խնդացնէր ու կրկին որոշ խօսքեր կրկնելով ինք ալ խնդալէն կը թալկտէր (Անոր եւ ուրիշներու իմ գրառած սուտլիկ եւ իրապատում հեքիաթները առաջին անգամ բարբառով եւ հայերէնի վերածումով լոյս տեսան ԱՀԵԿԱՆ եռամսեայ հանդէսին մէջ ( խմբագիր՝ Գրիգոր Շահինեան, Պէյրութ, 1969, թիւ 4 եւ 1970, թիւ 1-2):
Վարպետ ասացող էր Բանդազը ՝ Սարգիս Բենդէզեան, իմ հարազատ հօրեղբայրս, որ կ՛ապրէր Ներքի գիւղ: Սուտլիկ հեքիաթներուն հերոսը ինք էր: Ինչպէ՜ս ալ կը պատմէր այն, որ իրենց կաղ մեղուն առտուն կ՛երթար արածելու եւ իրիկունը կաղէ կաղ տուն կը վերադառնար: Իրիկուն մըն ալ դաշտէն տուն չի վերադառնար: Կաղ մեղուն չկայ ու չկայ: Հայր ու տղայ առտուն կ՛ելլեն կաղ մեղուն փնտռելու. այս արտէն միւս արտը, այդ լեռնէն միւս լեռը՝ մեղուն չկայ: Կը հասնին Կասիոսի գագաթը: Կարկտանէն ետք իր լամբակին մոռցուած մօր ասեղի ծակէն կը նայի ու ի՜նչ տեսնէ, կաղ մեղուն, հսկայ գոմէշի մը հետ լծած, Հալէպի դաշտը կը հերկէ…:
Հօրեղբայրս առանց «վարձք»ի բան չէր պատմեր, «վարձք»ը կ՛ըլլար երկու տուփ համուի թութուն կամ տուփ մը լոխում: Երբ իրենց երթայի՝ հեքիաթ գրի առնելու նպատակով, վերի տան մէջ կը հաւաքուէին իր զաւակներն ու տղայ թոռները, Շեխուկեաններու, Քիլաղպեաններու եւ Մելքոնեաններու այր մարդիկ; Շատերը չկան արդէն: Կայ Սողոմոն Մելքոնեանը, որ
«Պապուկ, սա պատմէ, նա պատմէ» խնդրելով նուէրը կը դնէր Բանդազ պապուկի բարձին քով: Այդ տարիներուն մեր գիւղերը տակաւին ելեկտրականութիւն չունէին, հետեւաբար հեռատեսիլ ալ չկար, սրճարաններուն եւ գիշերային հաւաքավայր եղող տան մը մէջ զրոյցն ու հեքիաթը տեղ ունէին:
Կար նաեւ միայն որսորդական սուտլիկ զրոյցներ պատմող ուրիշ մարդ մը՝ Հաճի Արթինը, որ երկաթագործ էր, զինագործ էր, որսորդ: 1970-ականներուն խանութը գոցեց եւ Քեսապէն տեղափոխուեցաւ Չինարճըք գիւղը: Իր պատմած որսորդական սուտերուն հերոսը միայն ինք էր: Քեսապցի գրող Գէորգ Աբէլեանը անոր պատմած սուտլիկ զրոյցներէն շարք մը արեւմտահայերէն մշակելով տեղադրած է իր «Հէլէ, հէլէ, հէլէ... Քեսապ» պատմուածքներու ժողովածուին մէջ «Հաճի Արթինին առասպելները» ենթավերնագիրին տակ (Պէյրութ, 1970):
Անփորձ բանահաւաք՝ ես ալ օր մը մօտեցայ Հաճի Արթինին, խնդրելով որ քանի մը սուտ ալ ինծի պատմէ;
-Վեց գիրդ առ գնա սկէ,- ըսաւ,- ես սուտասան չեմ, զիս ինչի՞ տեղ կը դնես:
Չպատմեց: Բայց իր զրոյցները տակաւին բերնէ բերան պատմողներ կան: Ասոնցմէ մէկը կը պատմէ, թէ Հաճի Արթին կաքաւի որսի կ՛երթայ, որս չի գտներ, կէսօրուան տաքին չի դիմանար, կը զայրանայ ու զէնքը կը պարպէ արեւուն վրայ…Արեւը կը փշրուի աչքին առջեւ, աշխարհ կը խաւարի… Ինչ ընէ… կ՛ելլէ արեւուն կտորները մէկ-մէկ կը զարնէ զէնքով, քովէ քով կը բերէ արեւին մէկ երեսը, միւս երեսին մէկ կտորն ալ կ՛իյնայ Քեսապի ծովուն մէջ, կ՛ըլլայ Աղաւնիներու կղզին, գիտէքՙ չէ՞…:
Չմոռնանք, սուտը այս պատմութիւններուն մէջ միայն ձեւ է ու միջոց, բոլորին մէջ բարին եւ արդարը կը յաղթեն, բնականն ու իրաւը: Արեւը կը խաւարի, բայց որսորդը այնպէս կ՛ընէ, որ արեւը կրկին շողայ, ու աշխարհը լոյսով ողողուի:
Իմ հեքիաթասացներս, բոլորն ալ պարզ ու բարեմիտ մարդիկ էին, իսկական գեղջուկներ, իրենց բան ու գործին նուիրուած մարդիկ, իրենց հայերէնը Քեսապի բարբառն էր, տարեցները գրական արեւմտահայերէնը հազիւ թէ կարենային խօսիլ:
Այսպէս՝ տասնամեակներ անցան արդէն, այդ ասացողներս չկան (հեքիաթասացներուս ցանկը տես Բ. հատոր, էջ 400, տողատակ): Հա, կ՛ապրի տակաւին ու ամեն այցելութեանս տակաւին իրապատում հեքիաթ մը կը պատմէ այդ տարիներուն երիտասարդ, հիմա արդէն 80-անց Ճանո Սաղտըճեանը: «Հովիւ էինք, եղբայր,- կը պատմէ,- լեռը՝ ժայռի մը տակ կամ գիշերը՝ գոմին մէջ, մեծերը հեքիաթ կը պատմէին, մենք կը սորվէինք»:
Ասոնք հեքիաթասացներու վերջիններն էին: Ա՛լ սուտլիկ հեքիաթներ պատմողներ չկան, բայց կայ սուտը, վկայ՝ մեր քաղաքական գործիչներու ստապատումները:
Stepan J Apelian
Հաճի Արթինին եղբայրը Գոմիսերը , նուազ Սուտասաց չէր ,
Վրէժ Գլընճեանը կը պատմէ Գոմիսէրէն տասնեակ պատմուածքներ , որոնցմէ յիշեմ
Օր մը Գոմիսեր Հալէպ գտնուած շրջանին , իր պաշտօնի բերմամբ որպէս Գոմիսեր ,կ'իմանայ որ իր մտերիմ բարեկամներէն մէկը Դամասկոսի մէջ մահուան դատապարտուած է և 24 ժամ ետք վճիրը պիտի գործադրուի։ Մահապարտին ընտանիքը և հարազատները կը դիմեն Գոմիսերին որ Շուտով Դամասկոս հասնի և ինք միակ փրկարարը կրնայ ըլլալ։
Այդ խեղճերուն թախանձանքին պատասխան որպէս , "Սքարսա" Թաքսի մը կը վարձէ և իսկոյն դէպի Դամասկոս սիրելի բարեկամը կախաղանէն փրկելու։
Ճամբան Հոմս չի հասած Ինքնաշարժը կը խանգարուի , Վարիչը կ'ըսէ , կը ներես չեմ կրնար օթօն վարել , միայն ետդարձ , "Անարիէր" կրնամ շարժել , Գոմիսերը Ատրճանակը կը Քաշէ ,մարդուն գլխուն դրած` կ՜ըսէ ուրեմն օթօն ետ քշելով շարունակէ։
Մարդը անճար կը հնազանդի`վախէն և հոմսի մուտքէն մինչև Դամասկոս գլուխը ետ տարած, վիզը ծռած կը հասնին Դատախազին և պահ մը մեկուսանալէն ետք Դատաւորին հետ ,
Բարեկամին ազատ արձակման հրամանագիրը ձեռքը կ՜ուղղուի ընտանիքին և իսկոյն կը դիմաւորուի հերոսի արժանի ուրախութիւններով։
Տարիներ կ'անցնին , Օր մը Հալէպ փողոցը քալած պահուն կը նկատէ ծանօթ դէմք մը , որ Լօթերի կը ծախէր ,Եանասիպ Եանասիպ կանչելով։
Մարդուն կը հարցնէ այս ինչ է վիճակդ , ինչո՞ւ վիզդ այսպէս ծուռ է ,
Մարդը կը պատմէ այն դէպքը որ Գոմիսերին հետ պատահած էր , այն վարիչն է որ Դամասկոս հասնելէն ետք ալ վիզը շտկուած չէր։ Շատ բժիշկներու դիմած էր բայց` անօգուտ։
Գոմիսեր կ'ըսէ զիս ճանչցա՞ր ,կը պատասխանէ Ոչ ,
Անմիջապէս Ծռած դէմքին հակառակ կողմէն Ուժգին ապտակ մը կուտայ Գոմիսերը և մարդուն վիզը կը շտկուի։
Տարիներ մարդը իր արհեստը ստիպողաբար ձգած էր և Լօթէրիա կը ծախէր ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնէ գոմիսերին և ալ ատկէ ետք իր նախկին Վարիչ արհեստին կը վերադառնայ։
No comments:
Post a Comment