Friday, March 19, 2021

 

ՄԻՋԱՏՆԵՐ, ԱՆՈՒՆՆԵՐ ԵՒ…

Hagop Cholakian

March 19, 2021

 

Շատ միջատներ հետաքրքրական անուններ ունին Քեսապի բարբառին մէջ: Այստեղ կը ներկայացնենք միայն շարք մը անոնցմէ, որոնց հետ կապուած աշխատանք մը կայ, աւանդութիւն մը կամ մանկական խաղ մը. այսպէս՝

 

ԲՈՒՐՈՒՏ ԼՈՒՍԷԿ –(բորոտ լոյս-իկ. գիշերով լոյս առկայծող միջատ մը. լուսատտիկ, լուսաճճի, կայծորիկ). gիշերուան մութին մէջ առկայծող լոյսը կը նկատուի: Մեծերը փոքրերուն կ’ըսէին, որ ան պլպլացող ճրագով ելեր է կորսուած ուլիկը փնտռելու:

 

ԹԸՌՌՈՒՆ ՄԱՔԻԿ (թռան մաքի-իկ՝ ոչխար). ճերմակ կէտերով կարմիր ու կարծր թեւով փոքրիկ միջատ, արտաքինով նման է ոչխարի դմակի. ոմանք կ’ըսեն զատիկ կամ զատիկի միջատ): Փոքրիկները կը սիրէին զբաղիլ ասոր հետ, կ’առնէին ափի մէջ եւ կը հետեւէին անոր շարժումներուն՝ դէպի մատներուն ծայրը, ձեռքին ու դաստակին վրայ՝ մինչեւ անոր թռիլը, ու կ’ըսէին «Տէ, թռիր, թռան մաքի, Զատիկը շուտ բեր»:

 

ԻԼԷԿ (իլիկ, քարման). չորս թեւով երկար պոչով միջատ մը. թռիչքի ատեն թեւերուն շռինչը լսելի է, քարմանի պէս ինք իր շուրջ կը դառնայ, ուղղահայեաց կ’ելլէ կ’իջնէ: Հիմա փոքրիկները անոր հելիքոփթեր (ուղղաթիռ) անունը կու տան, կը վազեն բռնելու համար:

 

ԽԸԼԼԸ ԽԸՇՏԷԿ. փայտոջիլի նմանող միջատ է, որ ինք իր շուրջ դառնալով ձագարաձեւ փոքրիկ բոյն մը կը բանայ չոր ու փոշոտ հողերու մէջ ու կը թաղուի անոր տակ: Անուան բացատրութիւնը դժուար է տալ. ԽԸԼԼԸ կամ ԽԸԼԼԱ կը նշանակէ՝ ծածկամիտ, գաղտնի գործող, ԽԸՇՏԷԿ կը նշանակէ փոքր նիզակ (խըշտ-իկ): Հoտաղ տղաք շիւղով մը կը խառնէին անոր բոյնը ու կ’արտասանէին:

Խըլլը խըշտը տէտիմար,

Խըլլը խըշտը տէտիմար,

«Տէտիմար» բառացի կը նշանակէ մեծ մայր, հօրը մայրը (տուօտ՝ հայր, տատիմայր), փորքիկները այսպէս կը կոչեն իրենց դայեակները, իսկ «խըլլը խըշտը» բարբառին մէջ ունի նաեւ կարկտնան, կարկտնող իմաստները, կարկտնելուն կ’ըսեն «խըլլը խըշտը»:

Խաղերգը կը շարունակուէր.

Խըլլօ կըծծէօ տէտիմար (խըլլօ?, կծու տատիմայր),

Գնու ջէօրը, էրի ջէօրը (Գնա ջուրը, եկուր ջուրը)

Կիէսը նէնուօրը, կիէսը պէպկէօն (կէսը ՝նանարին, կէսը՝ պապուկին՝)

Կիէստըղէնը դէօն կառնիս (մէջտեղինը դուն կ’առնես):

Նանարը՝ մեծ մայրիկն է, պապուկը՝ մեծ հայրիկը:

Բոյնը խառնշտկելով միջատը դուրս կը հանէին, կը դնէին ափի մէջ ու անոր խտղտոցէն զուարճալէ ետք գետին կը ձգէին ըսելով.

Խըլլը խըշտը տէտիմար,

Իսուօր գընու, վուօղը էրի (այսօր գնա, վաղը եկուր):

Տարօրինակ խաղերգ մըն է:

 

ԿՈՒՎԷՆՏ. ճանճ մըն է, որ տաք օրերուն կը հանդիպի արօտավայրերու մէջ արածող կովերուն: Կովերը կը սարսռան, պոչերնին կը տնկեն ու խելագար վազքով իրենք զիրենք կը նետեն ծմակ թփուտներու մէջ կամ կը մտնեն ախոռ: Կովերու այս վազքը «կուվնտիլ» կը կոչուէր: Հօտաղ տղաք ուրախ կ՛ըլլային, երբ «կովէնտ»ը յայտնուէր նախիրին մէջ: Կանուխ տուն կը վերադառնային, «Ինչ ընենք… կովերը կուվնտեցին» :

ԿՏՐՐԱՔԱ (կոր ագի՝ կարիճ) կամ ԿՈՒՐԿՈՒՐ ԱԳԱ (կոր-կոր ագի՝ կարիճ). տեղ-տեղ խաղի առարկայ կը դառնար: Ան կը պատահի հողէ տուներու եւ ճերմակ կամ կաւոտ հողերու մէջ, եղեւնի ծառերու տակ: Բոյնը տափակ կ’ըլլայ ու կը ճանչցուի: Հովիւ տղաք ընդհատ ու երկար կը սուլէին բոյնին վրայ: Կարիճը կէս մը դուրս կ’ելլէր բոյնի դռնէն: Որսորդ տղաք ծայրը սրած պատրաստ ճիւղը կը խրէին կռնակին:

ՃԻՃԱ. շերամ. շերամի հոգատարութիւնը գլխաւորաբար տան կինը կը ստանձնէր: Լաթի մը մէջ փաթթուած սերմը (անիծ) կրակին քով կամ ծոցին մէջ դնելով կը տաքցնէր՝ մինչեւ որ թրթուր (թարթօր) ելլէր: Թրթուրները կը բաժնէր ամաններու մէջ, որ կինը կը պատրաստէր կովու թրիքէ. ամանը կը կոչուէր գօռ (գուռ): Կինը թթենիի տերեւը մանրելով անոնց կեր կ’ընէր: Որոշ ժամանակ մը ետք տնեցիները բակը շինուած հիւղը կը տեղափոխուէին ու սենեակին մէջ թթենիի ոստերէն շինուած դարակներուն վրայ փռէին շերամը, որ ալ մեծցած կ’ըլլար, տերեւը առանց մանրելու կը տրուէր: Հոն ալ շերամը խոզակ կը կապէր: Խոզակէն թիթեռնիկ (թիթիէխ) չելած կը հաւաքէին ու կը խեղդէին տաք ջուրի մէջ, ապա ապրշում (պըրըսէմ ) կը քաշէին: Շերամը մեծ եկամուտի աղբիւր էր գէթ մինչեւ 1950-ականները:

ՃԻՃԻՄՈՒՐԱ (ճիճի-ճճի՝ միջատ, մուրա՝ մորի՝ անտառ.- սարդ). փոքրիկները կը սիրէին սարդի ոստայնները դիտել, ոստայնին մէջ ինկած ճանճերը կամ մժղիկները դիտել ու վերջապէս՝ քանդել զայն: Սարդոստայնին կ’ըսէին «ճիճըմուրը բուօն»:

ՄՐՋՕՄ (մրջիւն). տեսակները շատ էին, ոմանց կու տային տիճէկ (տաճիկ), ոմանց քիստինա (քրիստոնեայ) անունները: Կը կռուեցնէին: Կար տեսակ մը, որ շատուոր կ՛ըլլայ ու բոյն կը դնէ տուներուն բակը կամ կալերուն կից ու անցած տեղը արահետ կը շինէ ու միշտ կեր կրելով զբաղ է: Տուներուն բակը բոյն դրած մրջիւնին համար կ՛ըսէին «բարի է, խեր է»: Կալի ատեն, երբ թեղը (կամնուած ցորենի հաւաքուած դէզը) կալին մէջ է, այդ տեսակի մրջիւնը զարմանալի արագութեամբ կ՛աշխատի, ցորեն կը կրէ բոյնը: Մեծերը տղայ մը կը ղրկէին Լէյլիկ Ճրճի պապուկին քով ըսելու համար, թէ

մրջիւնը մեր ցորենը կը կրէ, ճամբան փակէ: Լէյլիկ Ճրճին աղօթք մը կը կարդար, բաներ մը կը մռմռար, ու... մրջիւնին ճամբան կը փակուէր: Հա, «գայլի բերան կապող» ալ կար. մէկուն կովը կամ այծը գիշերը լեռը մնար՝ կը վազէր Գալեմտէրեան տիկին Եւային քով. ան ալ գայլին բերանը կը կապէր: Հապա՜: «Էվտուղէն հէվէտուղէն» կ’ըսէ քեսապցին:

ՍԱՏԱՆԸ ՁԻՕԿ (Սատանայի ձիուկ), մարախի տեսակ, կանաչ, բարակիրան, երկար թեւերով եւ առաջնային բարձր ոտքերով, փոքրիկները կը սիրէին մօտիկ տեղ մը նստիլ ու նայիլ անոր, ան ալ մանուկներուն՝ իր խոշոր աչքերով:

ՔԷՔԸ ՊԸԶԷԶ (քաքի բզէզ). ճերմակ կէտերով սեւ ու խոշոր միջատ մըն է՝ բզէզ, որ կովու չոր թրիքին մէջ բոյն կը շինէ: Թեւերը թանձր փեղկեր են: Թռելու ատեն խոր բզզիւն կը հանէ: Փոքրիկները դերձան մը կը կապէին վիզին ու ծայրէն բռնած կը դարձնէին օդին մէջ ու կը վազվզէին: Բզէզը թեւերը կը բանար ու միակտուր կերպով կը բզզար հա կը բզզար:

 

No comments:

Post a Comment