ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Hagop
Cholakian
March 14,
2021
Հիմա գարուն է Քեսապի մէջ՝ «գէրէօնք ի», ծաղիկներ կը բացուին եւ ուտելի
բոյսեր կ’աճին: Մեր բարբառով անոնցմէ ոմանք ունին կենդանիներու անուններէ սերած
անուններ. այսպէս՝
ԱՆԳԸՂԹԻՎ – անգղաթեւ. ծմակ տեղերը բուսնող մեծ տերեւներով փնջաձեւ խոտ. կը
գործածուի ծաղկեփունջ կազմելու ատեն:
ԳԸԼԼԸ ՄԷՆՈՒՇՈՒՕԿ – գայլի մանուշակ, գենեգոյն կամ կարմիր ծաղիկ.
դպրոցականները անոր կու տային հայերէն «նապաստակի ականջ» անունը:
ԸՂՏԸ ՊՈՒՆՃՕԳ - ուղտի ուլունք, ծաղիկ մը:
ԹԻՊԻԿԸ ԲԱԿԼԱ – թոբեկի՝ շնագայլի բակլայ, ծաղիկը՝ կապոյտ, կը խաշէին
Զատկուան հաւկիթներուն հետ՝ կապոյտ հաւկիթ ունենալու համար:
ԹԻՊԻԿԸ ԽԱՂՈՒՂ – թոբեկի՝ շնագայլի խաղող, մանր հատիկներով ողկուզաձեւ վայրի
պտուղ մը:
ԹԻՊԻԿԸ ՏՈՒԼԼԱ – թոբեկի՝ շնագայլի տոլի կամ որթատունկ. պատատուկ վայրի բոյս
մը:
ԻԾԾԸ ՄՈՒՐՕՔ – այծի մօրուք, ուտելի փնջաձեւ խոտ մը. ոմանք կ’ըսէին
«իըըսկընը պուրտ»` երէցկինի պորտ:
ԻՇՇԸ ՇԸԳԻԷԳ – իշու կակաչ, ուտելի խոտ մը կարմիր ծաղիկով: Կոկոնները
բախտախաղի մէջ կը գործածէին՝ «հա՞րս է, թէ փեսայ», կը բանային՝ ճերմակ միջուկը
հարս էր, կարմիրը՝ փեսայ:
ԽՈՒՐՈՒԶԸ ՎԱՐՏԷՔ – աքլորի վարտիք, կարմիր թաւշապատ ծաղիկ մը:
ԽՈՒՐՈՒԶԸ ՔԱՓԱԶ – աքլորի կատար՝ կարմիր գոյնով ծաղիկ:
ՀԱՎԿԸՏԻՆԱ – հաւկտենի, ծաղկող թուփ մը:
ՀԷՎԻՐԸ ԿԸՏՏԷԿ – հաւերու կտիկ. մանր տերեւներով ուտելի խոտ մը, կ’աճի
բակամերձ տեղերը, հաւերը շատ կը սիրէին կըտ-կըտ ուտել:
ՄԱՂՎԸ ԾԱՂԷԿ՝ - մեղուի ծաղիկ, նոյնը՝ Գարատուրանի մէջ՝ ՄԷՔԸ ԴԸՄՄՈՒՕԿ:
ՄԱՂՎԸ ՊԸՃԷՃ – մեղուի պատիճ, պատիճաւոր բոյս մը, պատիճին մէջ շարք մը
քաղցրահամ հատիկներ: Կան նաեւ ԻՇՇԸ ՊԸՃԷՃ՝ իշու պատիճ, աւելի մեծ, ուտելի, ՁԻԸ
ՊԸՃԷՃ՝ ձիու պատիճ, ԽԸԶԶԸ ՊԸՃԷՃ՝ խոզի պատիճ, ոչ ուտելի:
ՄԷՔԸ ԴԸՄՄՈՒՕԿ – մաքիի՝ ոչխարի դմակ, ծաղիկը՝ ոչխարի դմակի նմանողութեամբ:
ՊԱԽՐԸ ԼԻԶԶԷՕ – եզան լեզու. բուժական խոտ մը:
ԿԷՔՎԸ ՃԸՌՆԻԷԳ – կաքաւի ճիռն-իկ, ուտելի խոտ մը:
Ափսոս որ նկարներ չունիմ: Քեսապ ապրող ընթերցողներ, տնամերձ վայրերէ
նկարեցէ՛ք եւ ինծի ուղարկեցէք: Շնորհակալ կ’ըլլամ:
No comments:
Post a Comment