Երկու Դրուագ Քեսապի «Տայի» Ովսիա Սաղտըճեանէն
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը իր սիրած ու հեզահամբոյր նկարագիր ունեցող ղեկավարներու յաճախ «Քեռի» մակդիրը տուած է: Այսպէս, Չորրորդ գունդի հրամանատար Քեռին` Արշակ Գաւաֆեանը, իր զինուորներէն ու ժողովուրդէն սիրուած ըլլալուն պատճառով անոնցմէ ստացած է «Քեռի» կոչումը: Նոյնպէս Տէրսիմի քեռին եւ, այսպէս, Քեսապի քեռին` Տային` Ովսիա Սաղտըճեանը:
Հասկնալու համար այս անզուգական մարդուն քեռի անուանումին պատճառը, նախ պէտք է, որ համառօտ տամ անոր կենսագրական գիծերը` առնուած հօրեղբօրս` Յակոբ Կ. Մանճիկեանի «Հարիւրամեակ Քեսապի ուսումնասիրած ընկերութեան եւ նոյնանուն երկրորդական վարժարանի», (2018, տպուած` Անթիլիաս), հատորէն:
«Տային» Քեսապի Գարատուրան գիւղէն էր, Սաղտըճեան գերդաստանէն: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ պանդխտած էր Միացեալ Նահանգներ եւ, որպէս կամաւոր արձանագրուելով, կու գայ արեւելք, 1918-ին կը մասնակցի Արարայի ճակատամարտին` Պաղեստին, խումբ մը քեսապցիներու հետ, ինչպէս նաեւ կը մասնակցի Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ ազատագրութեան մարտերուն:
Կիլիկիա գտնուած ժամանակ կ՛իմանայ, որ Քեսապ վերադարձած ժողովուրդը ենթակայ էր թուրք «էշխիաներուն» եւ խուժանին խժդժութիւններուն. ընկերներով կը լքեն ֆրանսական բանակը եւ, փախուստ տալով, կը հասնին Քեսապ` պաշտպանելու համար քեսապցիները թուրքերու ասպատակութիւններէն ու սպանութիւններէն:
Տարագրութենէն վերադարձողներուն մեծ մասը որբեր, այրիներ, հիւանդներ էին, բոլորն ալ` չքաւորներ, գութի, կարեկցութեան, խնամքի ու օգնութեան կարօտ: Տային, քաջութեան ու խիզախութեան կողքին, ունէր մարդկային ամենաազնիւ առաքինութիւնները, որոնք զայն կը դարձնեն քեսապցիներուն «պահապան հրեշտակը»: Իր մարդասիրական ու բարի գործերուն համար իրեն կը տրուի «Տայի» (քեռի) պատուանունը:
Քեսապի Ազգային միութեան մարմինը զայն կը նշանակէ իր բացած որբանոցին պատասխանատու` «Հայրիկ», մինչեւ որբանոցին ցրւումը, սաներուն չափահասութեան հասնելուն պատճառով:
(Կը պատմուի, որ իր կողակիցը եղած է որբանոցին անտէր-անտիրական վերջին որբը, որուն հետ կը պսակուի):
Տային մեծ նպաստ կը բերէ Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանի նոր դպրոց-շէնքի կառուցման աշխատանքներուն` հանդիսանալով անոր հիմը փորելու կամաւոր առաջին անձը: Ապա բազմատեսակ պատասխանատու գործեր կը վարէ շէնքին դպրոցին շինութեան ժամանակ եւ յետոյ (որպէս բանուորներու պատասխանատու, ապա` որպէս խնամակալ):
Խոնարհ հերոս մը, որ ապրած է 1887-էն մինչեւ 1953:
Վերի կենսագրական տողերու հեղինակ Յակոբ հօրեղբայրս առիթով մը պատմեց երկու դրուագ, որոնք կը պայծառացնեն Տայիին դիմագիծը:
Օր մը, ուշ գիշերին, Տային ժողովէ մը տուն կը վերադառնար: Գիւղը, որ հազիւ բոլորած էր Քեսապի տեղահանութեան երկրորդ տասնամեակը, լի էր որբերով, այրիներով, չքաւորներով, որոնք մազապուրծ ազատած էին Սուրիոյ անապատային կառափնատէն, եւ ինք արդէն Քեսապի որբանոցին «Հայրիկն» էր:
Քեսապի շուկայէն անցած ժամանակ փողոցին սալայատակին կը նկատէ փռուած-քնացած մարդ մը, աշնանային ցուրտ ու թաց այդ գիշերով: Մարդը, արաբական շալվար մը հագած, ապաստանած էր հողաշէն տանիք ունեցող խանութի մը ցուիքին տակ: Տային անոր հարց կու տայ.
Հայերէ՛ն. «Ո՞վ ես դուն»:
Քեսապերէն. «Ո՞ւվն իս դէօն»:
Անգլերէն. «Հու ար եու»:
Թրքերէն` «Քիմ սըն սան»…
Կը մնայ անպատասխան: Գետնէն վեր կը վերցնէ մարդը, թեւը մտած, գրեթէ բռնի, զայն տուն կ՛առաջնորդէ:
Տուն հասնելով` կը հրամայէ կնոջ, որ այդ «շալվարլի» մարդուն պատառ մը հաց դնէ, թէյ ու ընթրիք:
Օճախին դիմաց նստեցնելով «հիւրը»` անոր հագուստները չորցնել կու տայ ու կը ստիպէ, որ այնտեղ, գետինը փռուած անկողինը մտնէ ան: Անօգուտ: Մարդը կը մերժէ ու կը դիմադրէ, սակայն շուտով տեղի կու տայ Տայիին մկաններուն պրկումին դիմաց ու կը մտնէ անկողին:
Առաւօտ, լուսածագին, Տային կը զգայ, որ հիւրը արթնցած` կը փորձէ տունէն դուրս գալ: Սակայն Տային անոր կը ստիպէ, որ պատառ մը հաց ուտէ:
Անշուշտ խօսակցութիւնը «անխօս» կ՛ընթանար:
«Պարտադիր» նախաճաշէն եւ անխօս հիւրին մեկնումէն ետք անոր անկողին մտնելու մերժումին հանելուկը կը լուծուի. մարդը կը մերժէր մաքուր անկողինը մտնել, որովհետեւ անոր մարմնին եւ հագուստներուն վրայ հազարաւոր լուեր կը վխտային…
Կ՛անցնին 5-6 ամիսներ:
Իրիկուն մը, երբ Տային իր տան առջեւ գտնուող ամեհի ընկուզենիին բունին կռթնած` «հաստած», իր ռանչպարի օրուան հանգիստը կ՛առնէր, տան առջեւ կանգ կ՛առնէ նոյն «շալվարլի» օտարականանն ու անոր ծանրաբեռնուած ջորին: Բեռները վար կ՛առնեն: Ի յայտ կու գայ, որ այդ օտարական, անխօս հիւրը արաբ մըն էր եւ գիւղի մը «աղան»: Ան 2 պարկ ձաւար բերած էր Տայիին` որպէս երախտապարտութիւն անոր` զինք «բռնօրէն» հիւրընկալելու ժեստին:
Արաբին մեկնումէն ետք Տային եւ կինը կը բանան պարկերը եւ անոնց պարունակութիւնը կոտ առ կոտ կը բաժնեն Քեսապի որբերուն, այրիներուն եւ կարիքաւորներուն… միայն մէկ կոտ ձաւար իրենց պահելով:
Ստորեւ` երկրորդ դրուագը.
«Տալաճ» պապուկը կը տառապէր շատ ծանր
թոքաբորբէ. թոքաբորբին քեսապցիք «լիմոնեայ» անունը կու տան, որ pnoemonua-ի հնչափոխութիւնն է:
Քեսապի հանրածանօթ բժիշկ Աւետիս Ինճէճիկեանը կը հետեւէր հիւանդին, որ մահաքունի մէջ կը նիրհէր:
Բժ. Ա. Ինճէճիկեանը մասնակցած էր 1914-ի ՀՅԴ Կարնոյ 8-րդ Ընդհանուր ժողովին եւ գլխաւոր հիմնադիրը` Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերութեան եւ նոյնանուն վարժարանին. ազգային-կուսակցական կարկառուն գործիչ):
Բժիշկը հարկադրուած էր իրիկուն մը բաժնուիլ հիւանդէն ժողովի մը մասնակցելու պատճառով, ուստի հիւանդին պահպանութիւնը կը վստահի Տայիին. ցուցմունք կու տայ անոր` 4 ժամը անգամ մը մէկ դեղահատ «խինին» կուլ տալ հիւանդին. («խինին»-ը օրուան հրաշք դեղերէն մէկն էր, շատ դառն, սակայն հիւանդին ջերմութիւնը մեղմացնող բուժիչ դեղատեսակ, որուն քեսապցիք «սուլֆաթօ» անունը կու տային):
Ուսումնասիրաց Ճեմարանի նոր շէնքի կառուցման օրերն էին, եւ Տային «Վէսսօ» ծածկանունը կրող անձին հետ ժայռերէն կոփուած քարեր կը պատրաստէր շէնքին համար: Քարկոփի ծանր աշխատանքէն «բեզարած»` եկած էր պահապանութիւն կատարելու հիւանդին: Քունը կը տանի Տայիին, եւ յանկարծ կ՛արթննայ, երբ արեւածագին վարդագոյնն ու նարնջագոյնը իրարու խառնուած էին Քեսապի հորիզոնին վրայ: Վա՜յ, եթէ բժիշկը գար, Տային ի՞նչ պատասխան պիտի տար: Կը մտածէ, որ հիւանդը արդէն կիսամահ` մահաքունի մէջ էր, ուստի հիւանդին չտրուած 4-5 դեղահատերը միանգամայն կուլ տալ կու տայ անոր: Հիւանդին մարմինը կը պատուի հոսուն քրտինքով, ճիշդ` յար եւ նման մարգրիտի հատիկներու: Ու հիւանդը յանկարծ տենդէն դուրս գալով` աչքերը կը բանայ ու ջուր կը պահանջէ:
Քիչ ետք կու գայ բժիշկ Աւետիսը եւ հարց կու տայ.
– Տայի՛, հիւանդին ի՞նչ ըրած ես:
– Ի՞նչ պիտի ընէի, 4-5 հատ դեղահատը միանգամայն կուլ տուի իրեն. քրտինք թափեց ու աչքերը բացաւ: Իմ «բժշկութիւնս» աւելի ճիշդ է տոքթէօր:
Հիւանդը փրկուած էր ու կը սկսէր ապաքինիլ:
Յակոբ հօրեղբայրս իր «Հարիւրամեակ Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերութեան եւ նոյնանուն վարժարանի» գիրքին մէջ պարզ ու հասկնալի կը նշէ.
– Նախախնամութիւնը, քաջութեան, արիութեան կարգին, Ովսիան օժտած էր այլասիրութեան ու գորովանքի ամենաազնիւ առաքինութիւններով: Նկարագրային այս յատկութիւններով օժտուած` Ովսիան եղաւ կարիքաւոր քեսապցիներուն պահապան հրեշտակը: Մարդասիրական, բարի իր գործերուն համար Քեսապի հայերն ու դրացի այլազգները իրեն տուին «Տայի» (քեռի) պատուանունը:
«Մահը մերն է, մենք մահինը, մարդու գործն է միշտ անմահ»:
Քեսապի անմահներէն է Ովսիան` Քեսապի Տային:
Քեսապ, 28 յուլիս 2020
No comments:
Post a Comment