Monday, April 26, 2021

ԿՈՉՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐԱՑՈՂ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

 ԿՈՉՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐԱՑՈՂ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

                                                         Hagop Tcholakian

                                                                  April 22, 2021

Երկու հետաքրքրական յօդուածներ կարդացեր էի Զաւէն Կնիազեանէն. «Հայկական աւանդական ձեռքի կոչնակները» (Բազմավէպ, 2007, 15 260-276) եւ «Հայկական աւանդական անշարժ կոչնակները» (Բազմավէպ, 2013, թիւ 1-2, էջ 152-181):
Կարդացեր ու մտովի հիացեր էի այս երաժշտագէտին վրայ, որ ահա թէ ի՛նչ բան կը գտնէ ուսումնասիրութեան համար, երբ կը կարծուի, թէ, իրօք, ի՛նչ կարելի է գրել սովորական կոչնակի մը մասին:
Կոչնակը փայտէ կամ երկաթէ տարբեր չափի ու ձեւի կտոր է, որ ձեռքի թակիչով հաւատացեալները եկեղեցի կը կանչէ: Կային շարժական եւ կախովի կոչնակներ:
Վերջերս Զաւէնի եղբայրը՝ Ռուբէն Կնիազեան, ինծի հետ կապ հաստատելով յայտնեց, որ ինք ու Զաւէնը կոչնակներու հետքերով տակաւին պրպտումներ կը կատարեն ու կը հարցնէր, թէ ի՛նչ նորութիւններ կրնայի փոխանցել իրենց այս կապակցութեամբ:
Անշուշտ՝ Քեսապի մասին:
1860-էն սկսեալ Քեսապի շրջանին մէջ սկսաւ եկեղեցաշինական նոր թափ մը նորակազմ աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներուն կողմէ: 1860-ին կը կառուցուի Քեսապի աւետարանական մեծ եկեղեցին, որ 1909-ի աղէտին կը հրկիզուի ու կը քանդուի. 1911-ին կը ձեռնարկեն նոր եկեղեցւոյ շինութեան, որ միայն 1970-ին ծածկ կ՛ունենայ: Էքիզօլուքի 1882-ին կառուցուած աւետարանական եկեղեցին եւս կը քանդուի. նորը կը սկսի կառուցուիլ 1911-ին, բայց 1956-ին ծածկ կ՛ունենայ: Քէօրքիւնէի աւետարանական եկեղեցին կը կառուցուի 1898-ին: Գարատուրանի եկեղեցին կը կառուցուի 1873-ին, ապա կը վերածուի դպրոցի, նոր եկեղեցին կը կառուցուի 1908-ին: Վերջինը օրին կղմինտրածածկ էր, առանց զանգակատունի: Կաթողիկէ համայնքը իր եկեղեցին կը կառուցէ Քեսապի մէջ 1861-ին եւ այդ նպատակով կը գործածուի մինչեւ 1947:
20-րդ դարու սկիզբին երկու լատին համայնքներ կը կազմուին շրջանին մէջ՝ Քեսապի եւ Վարի Պաղճաղազի վանքերով: Քեսապի կեդրոնը 1909-ի աղէտին կը կործանի, նորը կը շինուի, իսկ 1925-1927 կը կառուցուի նոր վանական համալիրը, որ 1946-ին կ՛անցնի Քեսապի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան: Նորը ունի զանգակատուն:
Առաքելական համայնքը յարանուանական բաժանումէն առաջ ունեցած է աւելի քան տասնեակ մը փոքրիկ գիւղական կամ թաղային եկեղեցիներ (Ժողովուրդը անոնց յիշատակը կը պահէ «կիղիցիկ» անունով), ինչպէս՝ Գարատուրանի Ներքին եւ Վերին թաղերու Ս. Աստուածածինները, Չինարի Ս. Պօղոսը, Սեւ աղբիւրի Ս. Սարգիսը, Ներքի գիւղի Ս. Ստեփանոսը (այժմ՝ Ս. Աստուածածին), Քեսապի Ս. Աստուածածինը: Ասոնց առջեւ գտնուած են այդ գիւղերու գերեզմանատուները: Գիտենք նաեւՙ որ նոյնպիսի սրբավայրեր եղած են Գարատուրանի Ս Գէորգը, որ ունի շրջանի հնագոյն արձանագրութիւնը (1770) եւ Քէօրքիւնէի Ս. Ստեփանոսը: Կիղիցիկներ եղած են Էքիզօլուքի Զիարաթո կոչուող եւ Վերի Պաղաղազի գերեզմանատուներուն մէջ եւ այլն: Ասոնք բոլորն ալ կ՛անշքանան, միջյարանուանական վէճերու հետաւանքով կը քանդուին, յատկապէս բուռն կ՛ըլլան ծնունդով բողոքական մահերը գերեզմանատան մէջ չընդունելու շուրջ ծաւալած վէճերը: Գերեզմանատուները կը տեղափոխուին այլ տեղ: Միայն Քեսապի Ս. Աստուածածինը կարելի կ՛ըլլայ փրկել. 1880-ին հիմնովին կը նորոգուի, կ՛ընդարձուի բակին գերեզմանատան հաշուոյն: Մկրտիչ կաթողիկոս Քեֆսիզեան 1890-ին Գարատուրան տուած իր այցելութեան կը խրախուսէ ժողովուրդը, որ հրաժարի Վերին թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շուրջ 30 տարիէ ծաւալած դատարան գործերէն. կը կառուցուի Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ 1942-ի գետնասահքին կը կործանի. նորը կը կառուցուի 1961-ին, կը վերակառուցուի 2009-ին: 1908-ի կը կառուցուի Ծովու թաղի Ս. Ստեփանոս դպրոց-մատուռը, իսկ 1956-ին Ներքի գիւղի Ս. Աստուածածին մատուռը՝ սրբավայրին կից:
Բերանացի վկայութիւններու համաձայն 1860-էն ետք կառուցուած եկեղեցիներէն շատերը զանգակատուն չեն ունեցած գոնէ մինչեւ դարավերջ, գործածած են եկեղեցւոյ պատին կամ բակի ծառին կախուած մետաղեայ կոչնակները: Փայտեայ կոչնակներու մասին վկայութիւններ չունինք: Վկայութիւններ ունինք , որ կոչնակի փոխարէն գործածուած են նաեւ պղնձեայ մեծ ամաններու յետնամասը: Մենք վկայութիւններ չունինք այն մասին, որ շրջակայ գիւղերու իսլամները բողոքած ըլլան զանգահարութեան համար: Այդպիսի պարագայ կայ Պէյլանի մէջ: 1880 Ապրիլ 13-ին Հալէպի Առաջնորդարանի Քաղաքական ժողովը կը գրէ Պէյլան՝ Սիմէոն Սատըգեանի, որպէսզի վերջինը սիրաշահի գայմագամը, որ կը դիւրացնէր Պէյլանի մաս մը հայոց կաթոլիկ դաւանութեան արձանագրութիւնը: Այս շրջանին կը սկսին նաեւ հալածանքները լուսաւորչական հայոց դէմ: 1886-ին տեղւոյն իսլամները կը բողոքեն մայր եկեղեցւոյ զանգահարութեան համար ու կ’արգիլեն զայն: Հայոց մէջ յուզում կ’առաջանայ: Յուլիսի 22-ին Հալէպի Քաղաքական ժողովը կը յանձնարարէ իր երկու անդամներուն այս հարցով դիմելու կուսակալութեան (Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան, Պատմութիւն Հալէպի Հայոց, էջ 865, 868-869):
Կը կարծենք, որ առաջին անգամ զանգակատունով կ՛օժտուի Քեսապի Ս, Աստուածածին եկեղեցին, ներկայ կառոյցին արեւմտեան զանգակատունը. ունեցած է արձանագրութիւն. «Շինեցաւ այս զանգակատունս թւին Քրիստոսի 1903 Հոկտ. 20»: Վերջին զանդակներէն մէկը ունէր արձանագրութիւն. «Նուէր Իսկէնտէրունի քեսապցիներու կողմէ Քեսապի մայր եկեղեցիին, 1924»: Քէօրքիւնէի Աւետարանաական եկեղեցւոյ զանգակատան կառոյցը հաւանաբար յետագային կցուած է, եկեղեցւոյ ճակատին մարմարեայ արձանագրութեան աւարտին «1908» անկապ մնացած թոուականը հաւանաբար կապ ունի զանգակատան կառոյցին հետ:
Մեր օրերուն տակաւին կոչնակներ կը գործածէին Գարատուրանի եւ Էքիզօլուքի Աւետարանական եկեղեցիները եւ Գարատուրանի Ս. Ստեփանոս մատուռը:
Ս. Ստեփանոսի կոչնակը ծանօթ է վերոյիշեալ յօդուածներու հեղինակին: Տեղադրած է նաեւ պատկեր մը Ֆրանսահայ Հող եւ Մշակոյթ միութեան կողմէ կոչնակի համար յատուկ փայտեայ կախարան մը տեղադրելու առթիւ: Կոչնակը նախապէս միշտ կախուած կ՛ըլլար մատռան մուտքին քով գտնուող սրբացուած դափնի ծառէն: Մատուռը ունեցաւ նաեւ հիւսիսային պատին ամրացուած միջակ մեծութեամբ զանգ: Վերջին ներխուժումին երկուքն ալ կորսուած են, վարի քարքարուտներուն մէջ գտնուած են կոչնակի կախարանին փայտէ կտորները:
Էքիզօլուքի աւետարանական եկեղեցւոյ կոչնակը քառանկիւն երկաթէ կտոր է՝ գրեթէ Ս. Ստեփանոսի կոչնակին չափով ու ձեւով: Կախուած կը մնար եկեղեցւոյ բակին մէջ, թթենի ծառէն: Կոչնակը հոն կը մնար նաեւ եկեղեցին զանգով մը օժտելէ ետք: Վերջին բարեզարդումներուն ընթացքին բակին թթենին հանեցին: Կոչնակը եւ հին եկեղեցւոյ քարէ արձանագրութիւնը այժմ պահ դրուած են նախկին դպրոցի, այժմ՝ գրադարանի շէնքին մէջ:
Նշանաւոր էր Գարատուրանի Աւետարանական եկեղեցւոյ կոչնակը, որ կախուած էր երիցատան արեւմտեան պատին: Ան իր ձեւով բոլորովին տարբեր էր քառանկիւն կոչնակներէն: Ան օղակաձեւ երկաթեայ կոչնակ էր: Ունէր երկաթեայ երկու թակիչ: Անոր ձայնը կը հասնէր վերի եւ վարի թաղերուն, մինչեւ Ծովու թաղ, նոյնիսկ Գարատուրանը եզերող լեռներուն խորքերը: Մեր օրերուն կոչնակը կը զարնէր Ժոզէֆ Սաղտըճեանը, ամէն Կիրակի առաւօտ յաջորդաբար երեք անգամ. առաջինը կը տեղեկացնէր, որ կիրակնօրեայ պաշտամունք պիտի ըլլայ, պատրաստուեցէ՛ք, երկրորդը՝ թէ քարոզիչը կամ պատուելին ժամանեց, երրորդը՝ եկեղեցի մուտքին: Կոչնակը կը հնչէր նաեւ դպրոցական օրերուն, ժամը եօթին, թէ՝ դպրոց կայ, կամ երբ անակնկալ հիւրեր ժամանէին եկեղեցի, ու հաւաք կազմակերպուէր գիւղացիներուն հետ: Ամենէն գեղեցիկը նոր տարուան զանգն էր, նախ կը հնչէր մեռելային զանգը, երեքական հարուածէ ետք կարճատեւ դադարով, իբրեւ հին տարուան վախճան, ապա ժամը ճիշդ 12-ին՝ արագ՝ իբրեւ աւետում Նոր տարուան: Այս կոչնակին հետ կապուած ուրիշ պարագայ մը եւս կը յիշեմ: նոյն եկեղեցւոյ կամ քովի առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պսակէ մը ետք ամուրի երիտասարդ մը երեք անգամ կը հարուածէր կոչնակին, իբրեւ թէ՝ «ճահէլներէն մէկն ալ մեռաւ, մեր շարքերէն հեռացաւ», իսկ ահէլները կ՛ըսէին.
Էսուրն ալ պէօքը ինկուօվ
Ըղուօվ ալըննէս պարապուօր:
Ասոր ալ բուրգը (աւանդական գլխարկ) ինկաւ,
Եղաւ բոլորիս հաւասար:
Կը պատմուի նաեւ, որ գիւղի մայր եկեղեցւոյ կտրիճներէն մէկը կ՛որոշէ Նոր տարուան գիշերին այնպէս զարնել Մայր եկեղեցւոյ զանգը, որ բողոքականաց եկեղեցւոյ կոչնակին ձայնը չլսուի: Կ՛ելլէ փայտեայ զանգակատունը ու ձեռքով լեզուակը (բարբառով՝ տաշշուօգ) բռնելով ուժգնօրէն կը հարուածէ մէկ կողմի վրայ. զանգը կը ճեղքուի ու կը լռէ: Բողոքականաց կոչնակը կը շարունակէ հնչել:
1980-ականներուն եկեղեցին ունեցաւ զանգ: Կոչնակը պատէն հանեցին: Չկայ:
Կ՛ափսոսամ, որ այս կոչնակին ղօղանջը չեմ ձայնագրած:
--------------------------------------
( Այս նիւթերը եւ նկարները, բացի Էքիզօլուքի կոչնակէն, տե՛ս մեր ՔԵՍԱՊ (3 հատոր) եւ ՔԵՍԱՊԻ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ գիրքերուն մէջ:

(Vahe H. Apelian)
քէոոքիւնան ունէր նման կոչնակ մը եկեղեցիի բակին ձիթենի ծառէն կախուած, իմ ատենիս այդ այդ կոչնակը կիրակնոօրեայ դպրոցին համար էր իսկ եկեցին ունի իր զանկգակը որ զետեղուած էր 1950 ական թուականներուն։






Keorkuné church կոչնակը եկեղեցիի բակին ձիթենի ծառէն կախուած,





















No comments:

Post a Comment