Tuesday, March 28, 2017

Քեսապ Եւ Քեսապցիք.
Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ


ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մենք մեր մեծ հայրերէն-մայրերէն յաճախ լսած ենք, թէ` «ժամանակը լաւագոյն դարմանը կը հանդիսանայ ցաւերուն, տրտմութեան, նեղութեանց, ձախողութիւններուն, աղէտներուն…», որովհետեւ ժամանակի ընթացքին մարդիկ կ՛ընտելանան կատարուած պատահարներուն: Կը մոռնան զանոնք: Իսկ ժամանակը անոնց վրայ փոշի կը կուտակէ, եւ այդ բոլորը կը դառնան հին, մաշած, փոշեթաթաւ, անցուկ ու մոռցուկ պատմութիւն:
Բացի… կարգ մը աղէտներէ, անջնջելի ողբերգութիւններէ, որոնք ոչ մէկ պարագայի կը վերածուին յուշի:
Վարդանանքէն ահաւասիկ անցած են աւելի քան 1500 տարիներ, եւ այդ թուականը կը շարունակէ մնալ նոր, այժմէական:
Անիի անկումը, կործանումը:
Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումը:
Եւ այսպէս, անմոռանալի թուականնե՜ր ու թուականնե՛ր:
Եւ այդ անմոռանալի թուականներուն ամենաարիւնոտը, սեւը` հայոց Մեծ եղեռնը, Ցեղասպանութիւնը, որ սկսաւ օսմանեան վաղ ժամանակներէն, անցնելով համիտեան ջարդերէն, Ատանայի կոտորածներէն, հասնելու համար հայոց Մեծ եղեռն, մինչեւ քեմալական ջարդեր ու մէկ դարու վրայ երկարող ճերմակ ու կարմիր ջարդեր (Պաքու, Սումկայիթ…):
Այսօր մենք կանգնած ենք այդ մօտիկ անցեալի թուականներու հանգանակին, եւ անոնց միացումով թէ կուտակումով զանոնք կը կոչենք «Հայոց ցեղասպանութիւն», որուն զոհ գացին աւելի քան երկու միլիոն հայեր, մեր պատմամշակութային դարաւոր անգնահատելի հարստութիւնը եւ մանաւանդ` հողը, երկիրը. այս Ցեղասպանութեան 102-ամեակը պիտի տօնենք մօտ մէկ ամիս ետք:
Հայութեան շատ փոքրիկ մէկ խմբաւորումը` քեսապահայութիւնը, անկարելի է, որ մոռնայ այս թուականները, որքան ալ ժամանակը անոնց վրայ փոշի կուտակէ, կամ մոռացութեան պարտադրանքը բրտօրէն իշխէ անոր, մանաւանդ Ատանայի կոտորածին Քեսապը ենթարկուած էր թալանի եւ հրկիզումի, տեղահանուած էր դէպի Լաթաքիա (Ս. Աստուածածին եկեղեցին), տալով աւելի քան 160 անմեղ զոհեր:
Անկարելի է, որ ան մոռնայ հայոց Մեծ եղեռնը եւ անոր յաջորդող տարիները, երբ ան բրտօրէն քշուեցաւ իր գիւղէն դէպի Տէր Զօրի եւ Դամասկոսի անապատները` տալով աւելի քան հինգ հազար զոհ` իր «համեստ» բաժինը մատուցելով օսմանեան եղեռնակուլ բագինին:
Կարելի՞ է երեւակայել մարդկային հաւաքականութիւն մը, որ ժամանակի բերումով մոռացութեան տար Ա. թէ Բ. համաշխարհային պատերազմները:
Կարելի՞ է պատկերացնել, որ սուրիացի ժողովուրդը գալիք տասնամեակներուն կամ դարերուն մոռացութեան տայ, եւ կամ պատմութենէն ջնջէ 13 մարտ 2011-էն սկսեալ եւ ցայսօր (2017) երկարող արիւնալի տագնապը, զոր իրեն վիճակուած է աշխարհի մեծ պետութիւններուն եւ շրջանային իշխանութիւններուն կողմէ:
Մոռացութեան կրնա՞ն տրուիլ բազմահազար զոհերը, մանաւանդ` հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած, եւ քարուքանդ դարձած երէկուան ծաղկող երկիրը, որուն հոգեֆիզիքական վերականգնումը տարիներ ու տարիներ պիտի պահանջէ:
Անկարելի է մոռնալ:
Եւ քեսապահայութեան համար անկարելի պիտի ըլլայ մոռնալ սուրիական մեր հայրենիքի այս տագնապը, որուն կործանիչ մէկ փոթորիկը, փորձանքը զինք եւս տեղահանեց իր պապենական գիւղէն, երրորդ անգամն ըլլալով` մէկ դարու մէջ, 21 մարտ 2014-ի, մայրերու տօնի, արեւաշող գարնանային առաջին առաւօտուն, զինք շպրտելով Լաթաքիա (վերստին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակն ու շրջակայքը), տալով տասնեակ մը զոհեր:
Անկարելի պիտի ըլլայ մոռնալ, մանաւանդ երբ ճակատագիրի թէ մեծապետական նենգ քաղաքականութեանց բերմամբ, Քեսապն ու քեսապահայութիւնը դատապարտուած է դրացի մնալ Թուրքիոյ` քաղաքակրթութիւններու կործանիչ եւ արիւնարբու պետութեան… մինչեւ արեւոտ այգեբաց մը: Ալեքսանտրեթի բռնագրաւեալ մարզը` «Սանճախը», իր հայկական Մուսա Լեռով վերադառնայ պատմական հայրենիքին` Սուրիոյ գիրկը:
Այո՛, երեք սրընթաց տարիներ անցան այդ արեւագոյն, սակայն սեւ առաւօտէն:
Եւ այդ աղէտի «հաշուական ստացագիրին» հաշուեփակը չէ կատարուած, չէ աւարտած ցարդ:
Անցնող թէ այս տարուան ընթացքին մանր-մանր գրութիւններով արտայայտուած ենք իրագործուած հանգրուաններուն մասին: Սակայն վարի տողերով պիտի փորձենք ամփոփել անցնող մէկ տարին. 21 մարտ 2016-էն մինչեւ 21 մարտ 2017-ը:
Սուրիոյ այս պատերազմական իրավիճակին մէջ Քեսապի վիճակը շատ աւելի լաւ չէր կրնար ըլլալ: Սակայն համարձակիլ եւ ըսել, թէ վատ էր, անճիշդ պիտի ըլլայ: Մեր լաւն ու վատը, Սուրիոյ չափանիշով, համեմատական է:
Տնտեսական եւ կենցաղային տեսանկիւնէն, շարունակուեցան անոր տրուիլ զանազան տեսակի նպաստներ եւ օժանդակութիւններ: Անոր աստուածային` ճակտի քրտինքով վաստակուած բերքը` «օժանդակութիւնը», այնքան ալ փայլուն չէր: Խնձորի բերքին 60 առ հարիւրը գարնանային կարկուտէն վնասուած էր, պատերազմական- տնտեսական շրջափակումի պայմաններուն մէջ բերքի վաճառման արժէքն ալ քաջալերելի չեղաւ:
Մինչեւ 2016-ի աւարտը, յատուկ կարգադրութեամբ, հակառակ Սուրիոյ ամբողջական տարածքին ելեկտրական հոսանքի հերթական երկարաժամ անջատումի դրութեան, Քեսապի մէջ հոսանքը չէր անջատուեր:
Ջուրի մատակարարման գործը ցայսօր անխափան կը կատարուի փոքր սեղմումներով (ելեկտրականութեան հոսանքի անջատման եւ կրճատումներու պատճառով, 2017-էն ի վեր):
Հեռաձայնը թէ համացանցը անխափան կը գործեն:
Վերոյիշեալ երեք առաւելութիւնները, ինչպէս նաեւ, թէկուզ Թուրքիոյ սահմանային հարեւանութեամբ, համեմատական ապահովութիւնն ու անդորրը թոյլ տուին ու ամրան երկու ամիսներուն` յուլիս-օգոստոս, օդափոխութեան եւ զբօսաշրջութեան համեստ «մթնոլորտ» մը տիրէ, թէեւ տասնեակ մը հիւրանոցներէն միայն մէկը կը գործէ, անձերու կողմէ վարձու տրուող տուներուն եւ յարկաբաժիններուն հազիւ թէ 5-7 առ հարիւրը պատրաստ է շահարկման, իսկ աւելի քան 30 ճաշարանէն միայն 3-ը կը գործէր:
Առեւտրական կրճատուած ու սեղմուած շուկան ալ օգտուեցաւ այս կարճատեւ ու համեստ եռուզեռէն:
Երկու հանգրուաններով, կարճ ժամանակուան համար, ամբողջ երկիրը, նոյնպէս Քեսապը ապրեցաւ վառելանիւթի տագնապ:
Տիրող դաժան ցուրտը այս տարի սրեց մազութի պահանջն ու տագնապը, մինչ պենզինի տագնապը շատ շուտով շրջանցուեցաւ: (Սուրիան զրկուած է իր նաւթահորերը օգտագործելէ, անոնք գրաւուած կամ աւերուած են, իսկ շրջափակման պատճառով քարիւղատար նաւերը կը խուսափին Սուրիա քարիւղ փոխադրելէ, որոշ բացառութիւններով):
Դաժան ցուրտին դիմադրելու համար տակաւին կարելի էր այրած անտառներէն ապահովել ածխացած փայտ, որ փոխարինեց սղած մազութին օգտագործումը, ինչպէս` նախորդ տարիներուն:
Ելեկտրական հոսանքի հերթական անջատման դրութիւնը, հաւանաբար գալիք ամառ, ոռոգման գծով դժուարութիւններ ստեղծէ, եթէ պայմանները չբարելաւուին:
Քեսապի ժողովրդային սառնարանը անխափան գործեց մինչեւ 2017-ի սկիզբը, հոսանքի կայուն մատակարարման շնորհիւ, ուր ամբարուած էր խնձորի բերքի մէկ կարեւոր մասը: Վիճակը վատթարացաւ, երբ սկսաւ կիրարկուիլ հոսանքի անջատում, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի սակաւութիւն սկսաւ. սակայն սառեցման-պահպանման ժամանակաշրջանի մօտալուտ աւարտին հասնելով` տագնապ չստեղծուեցաւ, եւ մթերուած բերքը չփճացաւ:
Ամփոփելով կ՛ընդգծեմ, որ Սուրիոյ պատերազմական պայմաններուն ի տես, Քեսապի այս համեմատական հանդուրժելի պայմանները, ժողովուրդին իրավիճակը չվատթարացուց այնքան, ինչպէս եղան Դամասկոսի, Հոմսի եւ մանաւանդ Հալէպի պարագային, ուր առօրեայ հերթականութեամբ հրթիռներ տեղացին, արկեր պայթեցան, եւ քաղաքները ենթարկուեցան խաւարի ու ծարաւի (թէեւ երկու փոքր հրասանդի հրթիռներ ինկան պարտէզներուն մէջ` առանց մարդկային թէ նիւթական վնասներու):
Թուրքիոյ հետ սահմանային իրավիճակի մը պատկերը ստեղծուեցաւ, Թուրքիոյ կողմէ կառուցուող 850 քմ, 3 մեթր բարձրութեամբ սահմանային պատի Քեսապի շրջանի 25 ք.-ի կառուցումով: Գրութեամբ մը զայն կոչեցի «Ամօթի պատը», սակայն բարեկամներէս երկրաչափ Լեւոն Գազանճեանը, Հալէպէն, որ Քեսապ եկած էր հետեւելու «Եու. Էն. Տի. Փի.»-ի կողմէ կառուցուող օճառի գործարանի մը շինարարական աշխատանքներուն, կատարելով սրբագրումը, այդ պատը վերանուանեց «Վախի պատ»: Այո՛, Թուրքիոյ կառուցած «Վախի պատ»-ը: Գող, սիրտը դող:
Քեսապի հոգեմտաւոր վիճակը աւելի քան քաջալերական էր:
Ամէնէն գեղեցիկ իրականութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ` Արամ Ա. վեհափառին, ընկերակցութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ ազգայիններու, Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններու շրջապտոյտի ընթացքին Քեսապ կարճատեւ այցելութիւնն էր, որ հոգեպարար եղաւ քեսապահայութեան համար:
Քեսապի հայկական երեք վարժարանները` երկուքը նախակրթարան, երրորդը երկրորդական, ինչպէս նաեւ պետական երկրորդական վարժարանը, անխափան գործեցին, թէեւ անոնց`  հայկական վարժարաններու գոյատեւումը կախեալ է ստացուող նիւթական նպաստներէն (երկու երրորդը անոնց նիւթական եկամուտին):
Աշակերտութեան թիւը չէր կրնար աճ արձանագրել` ի տես նուազած պսակներուն եւ աճ արձանագրած մահերուն:
Պետական երկրորդական վարժարանները կը դիմագրաւեն ուսուցիչներու հարց, որոնք մեծ ծախսերով, փոքր եկամուտին դիմաց, առօրեայ, կու գան հեռաւոր շրջաններէ:
Եկեղեցական կեանքն ալ բնականոն ընթացաւ:
Օգոստոս ամսուն, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ազգայիններու ընկերակցութեամբ, ժամանեց Քեսապ եւ պատարագեց ու կատարեց մատաղօրհնէքն ու բերքօրհնէքը:
Հայ կաթողիկէ համայնքը հիւրընկալեց Լիբանանէն, Զմմառու վանքի վանահայր`  Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանը:
Հայ աւետարանական համայնքը քանիցս հիւրընկալեց համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, որ մօտէն կը հետեւի Քեսապի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (21 մարտ 2014-ին ահաբեկիչներու ներխուժումով պղծուած եւ հրկիզուած) շինարարական աշխատանքներուն:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի ցայտուն գործունէութենէն եղաւ թատրերգութեան մը ներկայացումը, բայց մանաւանդ` «Կիլիկիա» քառաձայն երգչախումբին ելոյթը, խմբավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, որ յատուկ Հալէպէն եկած էր Քեսապ, վերականգնելու իր իսկ կերտած, կրթած, մարզած «Կիլիկիա» երգչախումբը:
Այս արտակարգ ելոյթով հայ երգը վերստին բարձրացաւ` հասնելու համար բռնագրաւուած եւ պղծուած Կասիոս լերան գագաթը:
***
Հակառակ վերը նշուած վարդագոյն ու լուսաշող երեւոյթներուն` տակաւին Քեսապի հորիզոնին վրայ կը տիրեն բաւականաչափ սեւ ամպեր:
Իր 7-րդ տարին թեւակոխած` սուրիական տագնապի իրավիճակը թոյլ չի տար, որ բարելաւուի ո՛չ միայն Քեսապի, այլ համայն Սուրիոյ տնտեսական կեանքը:
Խեղճ տնտեսութիւնը գիւղ չի կրնար պահել:
Թէեւ արտագաղթը, անցնող երեք տարիներուն մօտ 200-ի թիւ մը հնձեց քեսապահայութենէն (զինուորութեան, ուսման թէ այլ պատճառներով  մեկնողներու), սակայն մնացեալ մօտ 1000-ի հասնող թիւին վիճակը, նիւթական, ամուսնութիւններու եւ ծնունդներու սակաւութեան… եւ այլ պատճառներով, մեզ կը մտահոգեն:
Գիւղատնտեսութիւնը կախեալ է կլիմայական պայմաններէն, անոր սպառնալի «կատակներէն» (կարկուտ, սառոյց կամ ամառնային երաշտ…), ինչպէս նաեւ` շուկայի անմխիթար վիճակէն (արտածման անկարելիութիւն, տեղական շուկայի խեղճութիւն), եւ ասոր փոխարէն` պարարտանիւթերու թէ հակավարակային դեղերու տարապայման սղութենէն:
Զբօսաշրջութիւնն ու ներքին առեւտուրը կախեալ են երկրի խաղաղութենէն եւ ապահովութենէն:
Այս բոլորը իրենց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենան երիտասարդութեան եւ մանաւանդ անոր ուսեալ խաւին վրայ, որոնք հարկադրուած` գործի փնտռտուքի պատճառով կրնան լքել գիւղը:
Այսպիսի տեղաշարժ մը, ինչպէս պատահեցաւ 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն, իր անդրադարձը պիտի ունենայ գիւղի կեանքի զանազան բնագաւառներուն վրայ (կրթական, մշակութային, ընկերային… եւ այլն):
Սուրիոյ վերոյիշեալ տագնապին պատճառով կարգ մը ժխտական սովորութիւններ սկսած են սողոսկիլ փոքր խաւի մը կենցաղին մէջ:
***
Այս բոլորին հետ միատեղ, կը մնայ մեզի լաւատեսութեամբ լիցքաւորուիլ, որ շուտով աւարտի կամ գէթ խամրի մեր հայրենիքին` Սուրիոյ տագնապը, եւ կեանքը կամաց-կամաց վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին:
Ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ գիւղիս գոյապայքարի ուղղութիւնը:
Լքել սեւը, փնտռել ճերմակը:
Երգը կ՛ըսէ`
Ձախորդ օրերը
Ձմրան նման.
Կու գան ու կ՛երթան:
Վհատելու չէ…
Հին ճամբաներ, նոր յոյսեր:
Առանց յոյսի չիք կեանք ու Քեսապ ու քեսապահայութիւն:
Եւ յոյսը լոյս է:
Լոյսը ըլլայ Աստուածային, թէ երկրային (իմա՛ ազգային)
Լոյսը յոյս ու լոյս է:

Քեսապ, 17 մարտ 2017 



No comments:

Post a Comment