Friday, March 24, 2017

Ես Քեսապցի եմ: - Յուշիկ Ղազարեան

Կորուստներուն Կորուստը



 
 

Ես Քե­սապ­ցի եմ:
Գի­տէ՞ք ինչ կը նշա­նա­կէ քե­սապ­ցի ըլ­լալ… Վս­տահ աւե­լի նշա­նա­կու­թիւն ու­նի քան խն­ձո­րի պար­տէզ ու­նե­նա­լը, ամառ­նե­րը Քե­սապ ան­ցը­նե­լը, քա­նի մը բառ Քեսպ­նօք ջար­դե­լը, կամ քե­սապ­ցի­նե­րուն կէ­սը ազ­գա­կան­ներդ ըլ­լա­լը (միւս կէսն ալ` խնա­մի­ներ): Այս բո­լո­րէն շատ, շատ աւե­լի…
«Շատ աւե­լի»ն զգա­ցած եմ միշտ, բայց բնաւ յս­տակ ձեւ կամ անուն չէ ու­նե­ցած ին­ծի հա­մար մին­չեւ… 21 Մարտ 2014…
Որ­քան տա­ռա­պած եմ, դպ­րո­ցի օրե­րէն սկս­եալ, ըն­կեր­նե­րուս բա­ցատ­րե­լու, թէ ես քե­սապ­ցի՛ եմ: «Այ­սինքն ո՞ր գա­ւա­ռէն եկած էք հոս» կ՛ըլ­լար հար­ցու­մին շա­րու­նա­կու­թիւնը: Եկուր ալ բա­ցատ­րէ: Հա­լէ­պի մէջ ընդ­հան­րա­պէս «ո՞ր երկ­րա­ցի ես» հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը պէտք է ըլ­լայ սա­սուն­ցի, ուր­ֆա­ցի, տիգ­րա­նա­կերտ­ցի, այն­թէպ­ցի կամ այլ լս­ուած ու չլս­ուած կորս­ուած գա­ւառ­ցի մը, բայց Քե­սա­պը չէ կորսո­ւած: Ան հո՛ն է, կարճ ճամ­բով` Հա­լէ­պէն երեք ժամ ան­դին: Ո՞վ չի կր­նար հաս­նիլ Քե­սապ, բայց ոչ ոք կր­նայ հաս­նիլ Սա­սուն, Ուր­ֆա, Տիգ­րա­նա­կերտ, Այն­թէպ կամ այլ լս­ուած ու չլս­ուած կորս­ուած գա­ւառ­նե­րը… Ճա­կա­տագ­րի ինչ-ինչ խա­ղով` իմ հայ­րե­նիքս կորս­ուած գա­ւառ մը չէ… Եկուր ալ բա­ցատ­րէ…
Մին­չեւ 21 Մարտ 2014
Մին­չեւ այն օրը, երբ ճա­կա­տագ­րի ինչ-ինչ խա­ղով` իմ հայ­րե­նիքս ալ կորս­ուե­ցաւ` ես ալ հե­տը… Հոգի­իս սիւ­նե­րէն մին փլաւ… Կա­րե­լի՞ է բա­ցատ­րել ան­բա­ցատ­րե­լին, նկա­րագ­րել անն­կա­րագ­րե­լին, տրա­մա­բա­նել ան­հե­թե­թը… Թե­րեւս գայ այն օրը, երբ կա­րե­նամ այդ երեք ամիս­նե­րու ապ­րում­ներս ձե­ւով մը ար­տա­յայ­տել: Երբ սկ­սայ այս յօդ­ուա­ծը գրել կը յու­սա­յի որ հոս պա­տա­հէր այդ մէ­կը, բայց ան­գամ մը եւս զգա­ցում­ներս ու մու­սա­ներս դա­ւա­ճա­նե­ցին զիս: Որ­քա՜ն խա­բու­սիկ են բա­ռե­րը եւ որ­քան մա­կե­րե­սա­յին են հոգիի պոռթ­կում­նե­րը հայ­րե­նի­քի՛ կո­րուս­տին դի­մաց: Դէպ­քէն եր­կու տա­րի առաջ ար­դէն կորսն­ցու­ցած էի հայրս, սա­կայն միայն այդ երեք ամիս­նե­րու ըն­թաց­քին էր որ ինք­զինքս ամ­բող­ջո­վին, իս­կա­պէս եւ լի­ար­ժէ­քա­բար որբ զգա­ցի: Ամէն կո­րուստ կը նսե­մա­նայ հո­ղի՛ կո­րուս­տին դի­մաց: Եւ այդ երեք ամիս­նե­րուն ըն­թաց­քին դադ­րե­ցայ քե­սապ­ցի ըլ­լա­լէն եւ եղայ կողմ­նա­ցոյ­ցը կորսն­ցու­ցած թա­փա­ռա­կան հայ…
Այ­սօր, երբ յե­տա­դարձ նայ­ուած­քով կը յի­շեմ այդ երեք ամիս­նե­րը, առա­ւել խո­րու­թեամբ կ՛ապ­րիմ մեր ազ­գա­յին ող­բեր­գու­թիւնը: Կ՛ու­զեմ այս ան­գամ ե՛ս հարց տալ իմ սա­սուն­ցի, ուր­ֆա­ցի, տիգ­րա­նա­կերտ­ցի, այն­թէպ­ցի կամ այլ լս­ուած ու չլս­ուած կորս­ուած գա­ւառ­ցի հա­յուն, թէ դուն ինչ­պէ՛ս կ՛ապ­րիս առանց հայ­րե­նի­քի: Անոր հա­մա՞ր եր­գերդ մե­լա­մաղ­ձոտ են… Անոր հա­մա՞ր շռայ­լօ­րէն ամէն բան կը բաշ­խես շուրջդ… որով­հե­տեւ կո­րուստ­նե­րուն կո­րուս­տը ճանչ­ցո­ղին հա­մար ա՛լ սուղ բան չկա՞յ…
«Շատ բան»ը կորսն­ցու­ցի, բայց շատ բան ալ հասկ­ցայ: Հասկ­ցայ, թէ ին­չո՛ւ այս­պէս ենք, ին­չո՛ւ աշ­խար­հը այս­պէս է… Բայց տա­կա­ւին չեմ հասկ­ցած, թէ ինչ­պէ՛ս մար­դիկ կը զի­ջին հո­ղը, որ ար­դէն իրենց ոտ­քե­րուն տակ է: Չեմ հասկ­ցած, թէ ին­չո՛ւ հայ­րե­նա­կո­րոյ­սի վի­ճա­կին մէջ կը մտ­նեն` կա­մո­վին: Ի՞նչը պի­տի զի­ջիք, վասն ին­չի՞… Դուք ձեզ մի առաջ­նոր­դէք հո­գի­նե­րու նախ­ճի­րին: Ձեր ոտ­քե­րը ամու՛ր, ամուր փակ­ցու­ցէք հո­ղին, որով­հե­տեւ ոտ­քե­րուն տա­կէն երբ հո­ղը սա­հի` կը որ­բա­նա՜նք, կը խեղ­ճա­նանք, կը հատ­ուինք ու կը կր­ճատ­ուինք: Մեր բա­ռե­րը կ՛ըլ­լան սա­կաւ եւ նայ­ուած­քը` խամ­րած:
Ես քե­սապ­ցի եմ: 21 Մարտ 2014-էն մին­չեւ 21 Յու­նիս` ես որբ էի:
Յուշիկ Ղազարեան

 



Արտատպուած ՝                                                                   Մարտ  24, 2017


No comments:

Post a Comment