Wednesday, March 22, 2017

ՀՈՂԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ - Հ. Հ. Քէշիշեան

ՀՈՂԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ



Սիրելիներս




Ձեզ իմ սիրելիներս կ՚անուանեմ որովհետեւ ձեզի կը պատկանիմ իբր ընտանիքի անդամ, ձեզմէ առաջ ձեր հայրերուն ու նոյնիսկ ձեր նախահայրերունն ըլլալով, որոնցմէ դուք զիս ժառանգեցիք։ Արդարեւ անոնք զիս ձեռք բերելու համար ոչ մէկ ճիգ ու տառապանք խնայած են։ Զիս իրենց սեփականը ընելու համար ուրիշներու մօտ օրականով աշխատած են ոչինչ վարձատրութեամբ, համբերած են անոնց խիստ ու երբեմն դաժան վերաբերումին։ Յաջողած են համեստ գումար մը հաւաքել ու զիս գնել։                           .

Այդ ժամանակ ես չոր ու խոպան դաշտ էի, անոնք շուրջս մաքրեցին, ծառեր տնկեցին, հոգատարութեամբ ինձմով զբաղեցան՝ ծառերը ոռոգելով, ճիւղերն յօտելով, անոնց շուրջը փորելով, եւ ես փոխարէն իրենց ցուցաբերած սիրոյն ու կապուածութեան, անոնց քաղցրահամ պտուղներ, բանջարեղէն ու բերք տուի, այնքան առատ որ սկսան շուկայ տանիլ վաճառել, որուն միջոցով կրցան տուն շինել, անասուն պահել, իրենց զաւակները դպրոց ու մինչեւ համալսարան ուղարկել, խանութ բանալ։ Անոնց քրտինքը որ իմ վրաս կը ծորար, կարծես ինծի համար կենսանիւթ ըլլար որով աւելի զօրացած՝ կը փոխադարձէի ծառերը ուռճացնելով որ իրենց առատ բերք տան։ Իրենց մայրն էի, իրենց մտերիմ բարեկամն ու նոյնիսկ - համարձակօրէն կ՚ըսեմ - իրենց Հայրենիքը։           .

Աւա՜ղ այսօր անոնք չկան, ես ձերն եմ հիմա, բայց տարիներէ ի վեր մեր յարաբերութիւնը սառած է, առաջուան պէս (երբ ձեր լուսահոգի հայրերը ողջ էին, եւ դուք տակաւին երեխայ անոնց հետ մօտս կու գայիք, կը վազվէիք, ծառերէն պտուղները փրցնելով եւ ախորժակով լափլփելով կ՚ուտէիք, քանի մը խնձոր ալ կը քաղէիք իրենց օգնելու համար) այսօր մօտս այցելութեան չէք գար, ծառերս չորցած են, ետ նախկին խոպան դաշտը դարձած եմ. ի՞նչ է արդեօք ձեր միտքը, մտահոգ եմ, մի գուցէ կ՚ուզէք ինձմէ ձերբազատի՞լ։ Այդ կը մտածեմ, քանի որ անցեալները մօտս եկաք ոչ թէ զիս խնամելու կամ ինձմէ ձեր կարօտը առնելու համար, այլ օտար մարդոց հետ էիք, ու խօսեցաք միլիոններու շուրջ, թիւերը ելան իջան, ու յետոյ.... լաւ չհասկցայ անցուդարձը... բայց կռահեցի - սրտի ցաւով կ՚ըսեմ այս բառերը - որ կ՚ուզէք զիս այդ մարդոց ծախել։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Ինչո՞ւ կ՚ուզէք անպայման զիս այդ օտարներուն յանձնել։ Ինչո՞վ ձեզ չեմ գոհացուցած։ Զիս հերկեցի՞ք, խնամեցի՞ք եւ ես փոխադարձ ձեզ պէտք եղածով չվարձատրեցի՞։

Գուցէ այս օրերուս պահանջքներն ու ծախսերը շատցած ըլլան ու նոյնիսկ կրկնապատկուած, եւ դուք կը մտածէք թէ միայն իմ վրաս ապաւինելով չէք հասցներ ապահովելու ձեր պէտքերը։ Որոշ չափով կը ջանամ հասկնալ ձեր մտորումները։ Ես ալ կը փափաքիմ որ բան մը չպակսի ձեզի, ամուսնանաք, զաւակներով օրհնուիք, անհրաժեշտէն չզրկուիք, նիւթական ապահով ապագայ մը ունենաք։ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ-ն ու ՆԻՒԹԱԿԱՆ-ը յիշեցի որովհետեւ անոնք ապրելու հիմնական պէտքերն են այսօր։ Եթէ անհրաժեշտին համար զիս ծախելու ըլլաք, ես պատրաստ եմ ձեր սիրոյն համար օտարինը դառնալ, միայն դուք տեղ հասնիք, երջանիկ ըլլաք...։ Սակայն ձեր երազածը յաճախ շատ հեռու է անհրաժեշտէն. Գեղեցիկ լաւ որակի ինքնաշարժ, գեղեցիկ ու ընդարձակ յարկաբաժին եւ նոյնիսկ հսկայ եւ մեծկակ սենեակներով առանձնատուն, եւ շատ գրպանի դրամ որ շռայլորէն ծախսէք, վայելէք եւ ուրախանաք, կարեւոր նկատուիք ձեր շուրջիններէն, գործաւոր չմնաք այլ գործատէր դառնաք, իսկ ասկէ աւելի վատը՝ դրամ կուտակէք, ամբարէք ու դիզէք, վասն ինչի՞, արդեօք այդպէսով ձեր կեանքը կ՚իմաստաւորուի՞ եւ դուք աւելի երջանիկ կը դառնա՞ք։



Այժմ, ձեր ուշադրութեան պիտի յանձնեմ քանի մը կենսական բաներ որ դուք կորսնցուցած էք, այսօր չունիք, եւ ոչ ալ ձեր «յարգի» դրամով կրնաք զանոնք ունենալ, այն արժէքները որ ձեր հայրերուն հարստութիւններն էին։                 .

Ձեր հայրերը քիչով գոհանալու կարողութիւնն ունէին որմէ դուք զուրկ էք։ Անոնք երբեմն նոյնիսկ իրենց սեփական տունը չունէին, ստիպուած կ՚ըլլային պապենական տունը իրենց եղբայրներուն հետ բաժնեկցիլ եւ որքան իրարու հետ սիրով էին, շատ անգամ անհրաժեշտն ալ չկար իրենց ձեռքին տակ, սակայն հաւասարապէս գոհունակ կ՚ապրէին ու բնաւ չէին դժգոհէր, որովհետեւ միշտ Աստուծոյ վրայ ապաւինած կ՚ըլլային եւ հակառակ իրենց աղքատիկ վիճակին միշտ զուարթերէս, ժպտադէմ ու առոյգ էին։                .

Ձեր հայրերը յարգանք ունէին դիմացինին, տարեցին ու դեռ եւս հոգեւորականին։ Իրենց յարգանքն ու անշահախնդիր սէրը, վստահութիւնը, հաւատարմութիւնը, եղբայրսիրութիւնը, խնդակցութիւնն ու կարեկցութիւնը, աջակցութիւնն ու քաջալերանքը որ իրենց շուրջիններուն կը ցուցաբերէին, զիրենք կը դաձնէին հասարակութեան մէջ փնտռուած, մեծարուած ու պատկարելի անձերը։                .

Ձեր հայրերը համբերատար էին, անխոնջ, ձեզի պէս շուտով գործէն ձանձրոյթ չէին զգար, եւ ոչ ալ դժուարութիւններէն կը վհատէին, որովհետեւ հզօր կամքի տէր էին անոնք, նոյնիսկ քարին հետ մաքառելով՝ քարաստանը մրգաստանի ու ծաղկաստանի կը վերածէին, ու երբեք սկսած գործը անաւարտ չէին ձգէր։                   .  

Ձեր պապերը բարեպաշտ էին, ամէն կիրակի կը մրցէին թէ ո՞վ առաջինը եկեղեցի պիտի հասնէր ու իր աւանդական տեղը գրաւէր։ Իրենց օրը կը սկսէին եւ կ՚աւարտէին խաչակնքելով,  ԵԱ ԱՍՏՈԾ ըսելով գործի կը մեկնէին, ու շատերը - տակաւին ականջիս մէջ կը դառնայ իրենց մելանոյշ ձայնը - «Առաւօտ Լուսոյ» երգելով եզներով կը հերկէին, պտուղները կը քաղէին, խոտերը կը հնձէին....։                .

Ձեր հայրերը աւանդապաշտ էին, իրենց պապերէն ժառանգած հայրենաւանդ սովորութիւնները գանձի նման կը պահէին եւ բծախնդիր էին զանոնք ուղիղ կերպով ու լիովին կիրառելու եւ այդ աւանդոյթները իբր գանձ իրենց զաւակներուն կտակելու։ Եւ որքա՜ն հաճոյքով ու համարձակ կը խօսէին իրենց իւրայատուկ բարբառը (որ ըստ երեւոյթին դուք այսօր չէք գիտեր, կամ ալ շատ թերի կերպով ու ամէնէն խղճալին կ՚ամչնաք զայն խօսելու որ ձեզի ՔՕՅԼԸԳՑԱ գիւղացի չըսեն այլ՝ այս դարու կամ մեր օրերու մարդը)։

Ձեր պապերը երկդիմի մարդիկ չէին, այլ անկեղծ, համարձակութիւնը ունէին դէմ կենալ անարդարութեան, զրպարտութեան կամ պարսաւանքի։ Գիտէին տէր կանգնիլ տկարին, աղքատին, չքաւորին ու անտեսուածին, ու երբեմն իրենց ունեցածէն բաժին հանել անոնց։

Ձեր պապերուն ամենահաճելի պահերը երեկոյեան իրարու տուած այցելութիւններն էին, զուարճանալու, անցեալի օրերը յիշելու, իրենց նախնիքներուն աւանդածը երիտասարդներուն պատմելու համար. եւ չէին զգար թէ ինչպէս ժամերը կ՚անցնէին, այնքան մտերիմ էին իրարու։ Իսկ դուք հիմա հազուադէպ կը յաճախէք իրար, հեռատեսիլ եւ արբանեակ կայ այսօր, համացանց ու գիտարուեստ... աշխարհը ձեր մօտ ունիք։ Իսկ եթէ մարդոց յաճախէք, անոնք կամ ձեր արենակից հարազատներն են կամ ալ ձեր շահի ընկերները։

Ձեր պապերը դաստիարակել գիտէին, իրենց որդիներուն փոքր տարիքէն հողին կը կապէին իրենց ի պատիւ ծառ մը տնկելով, եւ դեռ աւելին անոնց կը սորվեցնէին հողին տէր կանգնիլ, եւ հողին համար նոյնիսկ կեանքը տալ։ Շնորհիւ ինծի, անոնց զաւակը արժէքներու տէր կը դառնար եւ նիւթականի կողքին հոգեպէս կը հարստանար։

Ձեր հայրերը շատ անգամ անուս ու անգրագէտ ըլլալով հանդերձ, գիրին ու մշակոյթին հանդէպ պաշտամունք ունէին։ Մանաւանդ հայերէն գիրքը, թերթն ու պարբերաթերթը իրենց համար սրբութիւն էր, երեկոները տան մէկ կողմը ընկողմանած՝ նախընտրաբար կրակարանին մօտիկ գիրք կը կարդային ու ամէն ճիգ կ՚ընէին այդ սէրը նաեւ իրենց որդիներուն փոխանցելու համար։ Բոլոր գիւղական տօներուն, մշակութային ձեռնարկներուն կը մասնակցէին, ազգային պատկանելիութեան պարտք զգալով այդ։                         .

Ձեր հայրերը երբեմն մօտս կու գային լոկ կազդուրուելու, հանգստանալու եւ ինձմէ ոյժ ստանալու համար եւ ո՛չ միայն զննելու թէ բերք ունիմ կամ ոչ, պիտանի եմ թէ արդէն անպէտ....

Ձեր նախնիք այս բոլոր հարստութիւններուն տէր էին որովհետեւ կապուած էին ինծի՝ հողին, զիս կոչելով իրենց «Մայրենի Հողը»։                 .


Դառնանք մեր ցաւալի ներկային։ Երեւակայենք պահ մը որ զիս վաճառեցիք, ձեր փափաքածներուն հասաք, եւ այդ օտարները իմ վրաս ալ (շատ մը իմ քոյրերուս ու եղբայներուս ճակատագրին նման) կառուցեցին շէնքեր ու ես արտ ըլլալէ դադրեցայ։ Այն ատեն պիտի ստիպուիք պտուղը, բանջարեղէնը շուկայէն բերել, ծորակներու պղտոր ջուրը խմել կամ ալ խանութներէն գնել, ա՛լ պիտի չունենաք իմ ընդերքէս բխած պաղ ու զուլալ ջուրը։ Եւ գոհունակութիւնը պիտի չզգաք որ այդ ամէնը ձեր հողին արտադրութիւնն է, քանի որ ուրիշինը պիտի սպառէք, ու պիտի անդրադառնաք որ ատով դեռ աւելի աղքատացեր էք։                    .

Որքա՜ն կը տենչամ ձերը մնալ, քանի մեր կապը երբեմն դարէ մը աւելի հին է, ձեզ ձեր հայրերուն նման իմիններս կը նկատեմ, ձեզ կը սիրեմ ու կը գնահատեմ, բաւ է որ այս մէկը փոխադարձ ըլլայ։ Զիս լաւ մը մշակեցէք ու խնամեցէք եւ արդիւնքը պիտի տեսնէք, պիտի զգաք իմ արժէքս, պիտի վայելէք իմ բարիքներս, բաւ է որ այցելէք ինծի, մօտս ձեր տուները շինէք, ձեր փոքրերը ծառերուս տակ խաղան, մօտս մեծնան ու իմ օրհնութիւնս ստանան, ու ես կը վստահեցնեմ ձեզի որ երջանիկ պիտի ապրիք, իմ ոյժովս պիտի գործէք ու յաջողութիւններու հասնիք։             .

Մնամ ձեզի միշտ հաւատարիմ՝                     .
ՁԵՐ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԸ

Written by: Հ. Հ. Քէշիշեան

Posted on: 2010-06-29 www.kessabtsiner.com


Սալբի Ս.
Քեսապցիք, լսեցէ՛ք ձեր Հայրենի հողին կանչը, եւ մի օտարանաք ձեր պապենական հողէն, աւանդութիւններէն ու բարքերէն:

Եթէ այս բոլորը անտեսենք, դատապարտուած ենք այլասերման ու կորստեան:
Մտածենք եւ ուշքի գանք...

Մարէնա
Անկեղծ եւ տեղին ասւած խօսքեր, որի իմաստը պէտք է գիտակցի ամէն մի մարդ, ով անխղճօրէն օտարին է տալիս հայկական հողը։

Մտածեց վերը նշւած տողերի մասին եւ պահպանեց մեր պապենական հողը՝ Քեսապը։


No comments:

Post a Comment