Դէպի Ո՞ւր...
Յակոբ Քորթմոսեան
28 Մարտ 2017
, 20:44
(Քէսապցիներու 3-րդ
տեղահանութեան 3-րդ տարելիցին առիթով)
Արդէն երեք տարի անցած է
Քէսապցիներու 3րդ տեղահանութենէն: Տարիները շուտ անցան, սակայն բացուած վէրքը
աւելիով ու աւելիով սկսած է խորանալ:
Անցնող երեք տարիներու
ընթացքին եւ մինչեւ այսօր շատ խօսուեցաւ Քէսապի ու քէսապցիներու մասին: Ոգեշնչող
ճառեր, գօտեպնդիչ յօդուածներ, ամպագոռգոռ խօսքեր եւ յուսադրիչ խոստումներ… Այո,
այս բոլորը կատարուեցան եւ այս բոլորին եկաւ միանալու վերականգնումի քարոզարշաւը:
Երբ բառարանները բանանք եւ
փորձենք վերականգնել բային իմաստը հասկնալ, պիտի հանտիպինք հետեւեալ
բացատրութիւններուն. «Նորոգել, վերանորոգել, վերակառուցել, վերաշինել,
վերահաստատել, վերակազմել, կազդուրել, վերագտնել», եւայլն: Արդարեւ, այնպիսի
բացատրութիւններ կան, որոնք կը վերաբերին նիւթական կորուստները, այսինքն՝ որեւէ
շինութիւն վերականգնելուն, ինչպիսիք են՝ «նորոգել, վերանորոգել, վերակառուցել,
վերաշինել, վերակազմել»: Իսկ անդին, այլ բացատրութիւններ կան, որոնք ուղղակիօրէն
մարդու ներաշխարհը վերականգնելու մասին է, որ կը խօսին, ինչպիսիք են՝
«վերահաստատել, կազդուրել, վերագտնել»:
Առանձնաբար ներկայացնեմ.
Նիւթական վերականգնում.
Վերջին շրջանին վերակագնումի մասին ծայր առած քարոզարշաւը իր մէջ կը պարունակէ
լուրջ մտահոգութիւններ ու մտավախութիւններ: Նախ եւ առաջ ըսեմ, թէ բնաւ կասկածողը
չեմ, որ Քէսապի վերականգնումը կարելի է իրագործել ընդամէնը քանի մը ամիսներու
ընթացքին: Մենք մարդկային այն տեսակն ենք, որ գիտենք դժուարութիւններու մէջէն շուտ
վերականգնիլ, այդ ալ մեր ազգային՝ այս պարագային՝ քէսապցիական մեր իւրայատկութիւնն
է: Այս գետնի վրայ չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը կրնայ հակառակը պնդել: Միւս կողմե
սակայն, նկատի ունենալով համաշխարհային գետնի եւ ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի մէջ
տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումները, կարելի չէ չմտահոգուիլ ու մտավախութիւն
չյայտնել վերականգնումի գործընթացի մասին: Ի՞նչը պիտի վերականգնենք, ի՞նչը պիտի
վերաշինենք: Աւելին, որո՞ւ համար պիտի վերակակնգնենք եւ ի՞նչ նպատակ ունի այդ
վերականգնումը: Չէ՞ որ ներկայիս նիւթական հասկացողութեամբ անհրաժեշտ
կարելիութիւնները կան կեանքը բնականոն կերպով շարունակելու: Փառք Աստուծոյ, եկեղեցիները,
դպրոցները, սրահները կը գործեն, ինչի՞ մասին է խօսքը հետեւաբար: Բոլորս ալ
վստահենք, որ անցեալի ապահովութիւնը եւ բարօր վիճակը վերականգնելւ անհնար է.
կարելի է որ մի քանի տարի լաւանայ, բայց մնայուն չի կրնար ըլլալ: Ներկայիս աշխարհը
կառավարող քաղաքականութիւնը թերեւս բոլոր ժամանակներու ընթացքին հանդիպած ամէնէն
կեղտոտ եւ լիրբ քաղաքականութիւնն է, որ ոչ մէկ բարոյական արժէք կը ճանչնայ, այլ
միայն՝ քաղաքական շահ. վկայ, 21 Մարտ 2014ին Քէսապի դէպքերը… (վստահ եմ առողջ
մտածողութեան տէր մարդիկ հասկցան ըսուածը): Առ այդ, վերականգնումի գործընթացին այս
պրիսմակէն պէտք է նայիլ եւ ըստ այնմ գործել:
Մարդու ներաշխարհի
վերականգնում. Դժբախտաբար, անոնք որոնք մեծ-մեծ կը խօսին նիւթական վերականգնումի
մասին, կը մոռնան եւ նոյնիսկ կ՛անգիտանան մարդու ներաշխարհի եւ վիրաւորուած հոգիի
վերականգնումի մասին: Այստեղ վերականգնելը պէտք է հասկնալ որպէս՝ վերահաստատել,
կազդուրել, վերագտնել: Վերահաստատել ներքին անդորրը, կազդուրել վերաւորուած
հոգիները, վերագտնել նախկին խաղաղաութիւնը:
Արդարեւ, բոլոր անոնք որոնք
բարձրաձայն կը խօսին Քէսապը վերականգնելու մասին, երբեւէ մտածա՞ծ են քէսապցիներուն
վիրաւորուած հոգիները վերականգնելու մասին. այս առումով տեղին է մէջբերել քէսապցի
Ստեփան Աբէլեանի խօսքերը. «Այսպէս, երեք տարիներ անցան, ոմանք կը խորհին ակնթարթի
պէս: Հաւանաբար ժամանակի առումով շատ ճիշդ, բայց եթէ մեզի հարցնէք, մենք մեր
աչքերուն մէջ ափ մը աւազի հատիկներ ունինք, հետևաբար մեր ակնթարթը աւազոտ աչքերու
ակնթարթ է... ինչ որ կոպերուդ իւրաքանչիւր շարժումը կը վիրաւորէ, կ՛արիւնի եւ
իմացէք թէ Քէսապցին այդ ակնթարթը ինչ-ինչ ցաւերով եւ աչքի վէրքերով է որ կ՛ընէ,
ուստի պատճառած անհանգստութիւնը այդ անցնող պահը դժոխքի կը վերածէ... Երեք տարիներ
վիրաւոր աչքերու ակնթարթով անցան... եւ ալ չպատմենք այդ արիւնալի աչքին մէջի
բորբոքումները… յառաջացած բարդութիւնները որ բժշկութիւնն անգամ անզօր էր
կասեցնելու...»:
Աւելին, վերականգնում
հոլովողները, երբեւէ մտածա՞ծ են այն քէսապցի երիտասարդներուն մասին, որոնք վերջին
տարիներու դէպքերուն պատճառով ակամայ հեռացան Քէսապէն, եւ մինչեւ այսօր շատերը չեն
գիտեր թէ ի՞նչ կը սպասէ իրենց: Երիտասարդներ, որոնք այս հանգրուանին պիտի
կայուանանային, ընտանիք պիտի կազմէին եւ բնականոն կերպով իրենց կեանքը
շարունակէին: Ոեւէ մէկը այդ երիտասարդներուն մասին կը մտածէ՞:
Անդին, ոեւէ մէկը կը մտածէ՞
այն երիտասարդ զոյգերուն մասին, որոնք դեռ եւս կը շարունակեն Քէսապի մէջ ապրիլ, թէ
ի՞նչ մտատանջութիւններով է որ կ՛ապրին, մտածելով իրենց մատղաշ զաւակներու մասին:
Միւս կողմէ, այն ընտանիքները որոնք արդէն իսկ բանակ ուղղարկելու տարիքին մօտեցող
զաւակներ ունին, ոեւէ մէկը անոնց ներէին յուզումներու մասին կը մտածէ՞:
Վերականգնե՛նք, գիւղացիներ,
վերականգնենք: Կրկին անգամ կ՛ըսեմ, որ բնա՛ւ չեմ կասկածիր, որ շատ կարճ
ժամանակահատուածի մը ընթացքին, կրնանք այդ բանը ընել: Բայց, նախքան այնտեղ
հասնիլը, գէթ մէկ անգամ քաջութիւնը ունենանք իրապաշտութեամբ մօտենալու այս հարցին,
եւ մենք մեզի հարցնելու, «այո, վերականգնենք, բայց որո՞ւ կամ որո՞նց համար
վերականգնենք»:
22 Մարտ 2017
Յակոբ Քորթմոսեան
Յ.Գ. Անկեղծ ըլլալու համար
նմանատիպ գրութիւն գրելու մտադրութիւն չունէի, եւ ընդհանրապէս այս առիթով
արտայայտուելու մասին չէի մտածեր: Սակայն, վերջին շրջանին ու յատկապէս վերջին
օրերուն ծայր առած ծայրայեղ արտայայտութիւնները վերակագնումի մասին, պատճառ
հանդիսացան այս տողերը արձանագրելուս:
www.arevelk.am
No comments:
Post a Comment