Friday, April 23, 2021

ԱՌԱԾՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ

 ԱՌԱԾՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ

Գիտենք, որ ժողովուրդի մը փորձառութեան եւ իմաստութեան խտացուած արտայայատութիւններն են առածներն ու ասացուածքները: Ասացուածքները ուղղակի իմաստ մը կ՛արտայայտեն, բառացի կը հասկցուին ու կ՛ընդհանրացուին՝ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԳՈՐԾԸ ՎԱՂՈՒԱՆ ՄԻ ՁԳԵՐ, իսկ առածները փոխաբերական խօսքեր են, բառացի իմաստէն անդին մարդկային կեանքին հետ կապուած բան մը ըսել կ՛ուզեն՝ ԷՇԸ ԻՆՉ ԳԻՏԷ ՆՈՒՇԸ, Կ՛ԵՐԹԱՅ Կ՛ՈՒՏԷ ՆՈԻՒՇԸ:
Ես հաւաքագրած եմ Քեսապի բարբառով ըսուող շուրջ 680 առած ու ասացուածք (տես ՔԵՍԱՊ, Անթիլիաս, 2016, էջ 1073-1126) :
Ահաւասիկ տասնեակ մը առածներ ու ասացուածքներ, որոնք, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, վերջերս շատ կը յիշեմ:
1.- Քեսապի մէջ ձկնորսութիւն կ՛ըլլար նաեւ Քուրէշ գետակին վրայ գոյացած կուփերուն (գուբ) մէջ: Ձկնորսը նախ կը պղտորէր ջուրը, ապա խնկենիի պտուղի խիւսը (ծեծածը) կը թափէր ջուրին մէջ. շուտով ջուրը կը զուլալէր, բայց ձուկերը ընդարմացած կամ զգայազուկ կ՛ըլլային պահ մը. հաւաքէ՝ որքան որ ժամանակը թոյլ կու տայ: Ատկէ մնացած է այս առածը.
ԿԷՕՓԸ ՊԸՂՏԸՐԻ, ՍՕՆՐԱ ՍԸՄԸՆԻ (Գուբը պղտորէ, յետոյ թոյն թափէ:
Առածը կ՛օգտագործուի հանրութիւնը շահագործելու խարդախ փաստի մը առջեւ):
2.- ԳԻԷՂ ԿԸՆՆԻ, ՀԻԾԾՈՒՆ ԿԸԿԸՏՐԻ (Գիւղ կ՛ելլէ, գերան կը կտրէ), բայց կ՛ըսեն նաեւ ԺՈՒՂՈՒՎՔԸ ՊԱՌԿՈՒՕԾ ԱՍԼԱՆ Ի, ՄԸ՛ ԻՄՑԸՆԻ (Հանրութիւնը քնացած առիւծ է, մի՛ արթնցներ): Հա, կ՛ըսեն նաեւ ՝ ՇՕՆ ՉԸԿԻՑՈՒՕԾ ՏԻԷՂԸ ԹԻՊԸՆՆԻՐԸ ՀԱՐՍՆԷՔ ԿԻՆԻՆ (Շուն չկեցած տեղը թոպեկները (շնագայլերը) հարսնիք կ՛ընեն), բայց կ՛ըսեն նաեւ ՎԻԼՎՈՒՕՂ ԹԻՊԻՅԸ ՔԱՆԸԶ ՊԱՌԿՈՒՕՂ ԱՍԼԱՆԸ ՔԱՐԼԱ Ի (Պտտող թոպեկը քնացած առիւծէն աւելի շահաւոր է) :
3.- ԴԻՒՐՎԻՐ ԹԸՔՆԻՄ՝ ՄԸՐԶՕՆՔ Ի, ԴԻՒՐՎԱՐ ԹԸՔՆԻՄ՝ ՄՈՒՐՕՔ Ի (Վերեւ թքեմ՝ մրզանք՝ պեխ է, ներքեւ թքեմ՝ մօրուք է): Պարզ է, չէ՞:
4.- ԵԱ ԽԱՂՕ, ԵԱ ԽԱՐԱՊՕ (Կա՛մ խաղուկ է՝ խախուտ, կա՛մ փտուկ: Ընդհանուր անկայուն վիճակ մը գնահատելու ատեն):
5.-ՆԱ ՄԷՕՏ Ի ԾՈՒՕՎԸ ԼՈՒՂՈՒ, ՆԱ ԻԼ ԴՈՒՐԻՑԻ՝ ԴՈՒՂՈՒ (Ո՛չ մտիր ծովը՝ լողա՛, ո՛չ ալ դուրս ելիր՝ դողա ):
6.-ԷՍՈՒՆՔ ԽՈՒՐԱԴԱ, ԸՂՈՒՕՎ ԶՈՒՐԱԴԱ (ըսինք կատակ է, եղաւ տուրուդմփոց՝ ծեծկռտուք):
7.- 19-րդ դարուն օտար քարոզիչները նիւթական նպաստներով դաւանափոխութեան ալիք մը ստեղծեցին: Ատկէ մնացած է հետեւեալ ասացուածքը, որ կ՛ըսուի կաշառքով հետեւորդներուն համար.
ԿԻՐՈՒՕՎ ՄԻՐ ՀԷՑՑԻԷՆ, ԸՂՈՒՕՎ ՄԻՐ ՀԷՎԷՏԻԷՆ (Կերաւ մեր հացէն, եղաւ մեր հաւատէն):
Բայց կայ նաեւ ասոր վախճանական ասացուածքը՝ թրքերէնով.
ՈՒՆ ՊԻԴԴԻ, ՏԻՆ ՊԻԴԴԻ (Ալիւրը վերջացաւ՝ հաւատքը վերջացաւ):
8.- Հին օրերուն աղջիկ փախցնել կար, նշանուած աղջիկը նոյնիսկ: Հարս փախցնել չեմ լսած, բայց կայ առած.
ՀՈՒՕՐՍԸ ՁԻԷՕՆ, /ԳԸՍՄԱԹԸ Օ՞Մ (Հարսը՝ ձիուն, բախտը որո՞ւն ):
Կ՛ըսուի բան մը ստեղծելու կամ բանի մը տիրանալու համար ոտքի ելած անհատի կամ հասարակութեան որեւէ խանդավառութեան ատեն:
9.- ՇՕՆԸ ԷՐ ՏԻՐՈՒՋ ԴՌՈՒՆ ԱՌՋԻՒ ԿԸ ՀՈՒՋՋԻ (Շունը իր տիրոջ դուռին առջեւ կը հաջէ), ինչպէս ԽՈՐՈՒԶԸ ԵԷՐ ԱՂԲԸՆՈՒՑԸ ԽՈՒՐՈՒԶԼԸՔ ԿԻՆԻ (Աքլորը իր աղբիւսին մէջ աքլորութիւն կ՛ընէ): Հետեւաբար՝ ՇՕՆԸ ԶԷՐ ԷԳԷՆ ՉԸՍԻՊիԷՐ ( Շունը իր ագին չի լքեր): ՇՈՒՆԸ ՀԻՏ ԱՅՆԸ ՔՕՐՑԸ ՄԸ ՄԸՆՆԷ (Շան հետ նոյն քուրցին մէջ մի՛ մտներ), իսկ բարեմիտ, սակայն դժգոհ մարդուն իբրեւ զգուշացում՝ կ’ըսեն. ՇՕՆ. ՇՕՆ ԷՐԻ ԽՈՒՕԾ ԶԷՍ (Շուն, շո՛ւն, եկուր խած զիս):
10.- ՏԱՐՏ ԿՈՒ՝ ԿՈՒ ԳՈՒ ԿԱՍՆԱ, ՏԱՐՏ ԿՈՒ՝ ԿԸՎԱՌԻ ԿԱՍՆԱ (Ցաւ կայ՝ կու գայ կ՛անցնի, ցաւ կայ՝ կը վառէ կ՛անցնի): ԿՈՒԳՈՒ ՏԷՐԷՆ,ԿՈՒՐԹՈՒ ԲԷՐԷՆ (Կու գայ տարին, կ՛երթայ բարին): ՈՒՕՐԸ Կ՛ԸՆՆԻ, ՉՈՒՕՐԸ ՉԸՆՆԻէՐ (Օրը կ՛ելլէ, չարը չ՛ելլեր):
Եւ այսպէս՝ նոր ցաւեր, հին երգեր...

No comments:

Post a Comment