Sunday, August 6, 2017

ՀԱՅԵՐԸ ՔԵՍԱՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Ա.) - ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

ՀԱՅԵՐԸ ՔԵՍԱՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Ա.)

Քեսապը՝ Կասիոսէն Նկարուած
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Քեսապ (արաբերէն՝ كسب, Քասապ), հայաբնակ շրջան մըն է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, Լաթաքիոյ նահանգին մէջ ներառուած: Քեսապ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ կը գտնուի, կեդրոնը Քեսապ գիւղաքաղաքն է, որ կը գտնուի Լաթաքիա քաղաքէն 59 քմ հիւսիս, պատմական Կասիոս լերան (Ճէպէլ Ագրաա) հարաւ-արեւմտեան ստորոտին` դէպի հարաւ-արեւելք անտառախիտ հովիտներուն ու դալարագեղ բարձունքներուն վրայ:
Քեսապի շրջանը կ’երկարի Անտիոքէն 60 քմ հարաւ՝ դէպի Միջերկրական ծովի ափը: Քեսապն ու շրջակայ տասներկու գիւղերը կը գտնուին 1800 մ. բարձրութիւն ունեցող Կասիոս լերան արեւմտեան, հարաւ-արեւելեան եւ հարաւային լեռներու լանջերուն վրայ: Լեռը յունահռոմէական ժամանակաշրջաններուն կոչուած է Կասիոս, իսկ Խաչակիրներու շրջանին՝ Պարլեր (Mont Perlier): Արաբները զայն կոչած են Ճեպել Ագրաա (Ճաղատ լեռ): Լերան հարաւ-արեւելեան լանջին՝ 1250 մ. բարձրութեան վրայ կը գտնուի Պալլում կամ Պարլում կոչուող ուխտատեղին: Կառոյցը նման է յունահռոմէական տաճարի աւերակներու եւ յունահռոմէական պատմիչներու կողմէ կը յիշատակուի, իբրեւ Զեւս Աստծոյ սուրբ լեռ: Տաճարի աւերակներու վրայ հաւանաբար կը բարձրանայ Անտիոքի լատին դքսութեան օրով կանգնեցուած Պարլերի լերան վանքը:
Քեսապը հիւսիսէն եւ արեւելքէն սահմանակից է Թուրքիոյ, հարաւէն՝ Լըղըջէօր եւ դէպի Միջերկրական ծով ձգուող թիւրքմէնական գիւղերուն, իսկ արեւմուտքէն ունի ելք դէպի միջերկրական ծով: Ծովեզերքը խիստ լեռնային է եւ ծովի միակ մատչելի ափը Գարատուրանի ծովաբերանն է:
Քեսապը եւ մանաւանդ Տիւզաղաճի հարթավայրը, պատմականօրէն Փիւնիկեան նշանաւոր քաղաք պետութիւններէն՝ Ուկարիթի առեւտրական ցամաքային ճամբու վրայ կ’իյնար եւ զայն կը կապէր Փոքր Ասիոյ, Կիլիկիոյ եւ հիւսիսային միջագետքին:
Սելեւկեան-Հելենիստական պետութեան շրջանին, Քեսապի շրջանը կը գտնուէր այդ ժամանակներուն կառուցուած Անտիոք, Սելեւկիա եւ Լաւոդիկէ (Լաթաքիա) քաղաքներուն կազմած եռանկիւնին կեդրոնը: Լաւոդիկէ – Սելեւկիա ծովային ճամբան կ’անցնէր Գարատուրանի բացերէն, իսկ Լաւոդիկէ – Անտիոք ցամաքային ճամբան՝ Տիւզաղաճի հովիտէն:
Կասիոս լեռը կը նկատուէր այն ժամանակներուն Զեւս Աստուծոյ սրբավայրը: Յետագային Մեծն Տիգրանի իշխանութեան եւ Հռոմէական կայսրութեան ժամանակ, Լաւոդիկէի, Սելեւկիոյ եւ Անտիոքի զարգացումը կ’ազդէ նաեւ Քեսապ շրջանի բարգաւաճման եւ կը կրէ այդ դարերու քաղաքակրթական բոլոր հետեւանքները:
Քեսապ շրջանի նախնական պատմութեան մասին գրաւոր աղբիւրներ չկան: Առաջին անգամ շրջանը յիշատակուած է Խաչակիրներու պատմութեան մէջ, երբ Անտիոքի Դուքս Պեմունտ Ա. Քասպիսի աւարը (հողատարածքը) կը շնորհէ Պետրոս ճգնաւորի ընտանիքին, Քասպիս կամ Քասապելլա (Cassembella, Cassabella) անունով, որ նոյնացած է Քեսապ անունին հետ:
Գարատաշ
Մինչեւ 1939 թուական Քեսապի շրջանը կ’ընդգրկէր նաեւ Կասիոս լեռը: Ծովափը կ’երկարէր մինչեւ Անթը Մաղարինեն կոչուող պարիսպաձեւ լեռները: Հիւսիսէն շրջանի սահմանները կ’իջնէին դէպի Ամանոսի լեռներուն յարող Կասիոսի զառիթափ լանջերը: Թուրքիային կցուած այս ընդարձակ տարածութիւնները կազմած են շրջանի աւելի քան մէկ երրորդը: Այդ տարածքներուն վրայ գտնուած է գիւղացիներու կալուածքներու մեծ մասը (հիմնականին մէջ՝ արոտավայրեր, արտեր ու պարտէզներ): Այսպիսով, այսօր Քեսապի շրջանը բաղկացած է միայն Սուրիոյ մաս կազմող հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան մասերէ, որտեղ կը գտնուին շրջանի հայաբնակ գիւղերը:
Կասիոս լեռը հարաւ-արեւելեան գոգաւորութեան վրայ կը տարածուի Քեսապ աւանը:
Քեսապի շրջանը իր սահմաններով կը նմանի իշխող դիրք ունեցող լեռնային կղզիի: Հիւսիսէն՝ միջին բարձրութիւնէն կարելի է տեսնել Որոնդեսի գետաբերանը, Մուսա լեռն ու Ամանոսի լեռնաշղթան, արեւելքէն՝ Հալէպի դաշտերը, իսկ հարաւէն՝ Լաթաքիան: Պայծառ եղանակին կ’երեւի նաեւ Կիպրոս կղզին:
Հայկական տարրի մը գոյութիւնը շատ մը ուսումնասիրողներ կը տանին մինչեւ Մեծն Տիգրանի օրերը կամ նոյնիսկ անկէ առաջ: Շատեր Քեսապը կը դիտեն իբրեւ Կիլիկեան Հայաստանի սահմանակից եւ այդ ժամանակաշրջանի կազմուած հայկական գաւառակ: Սակայն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, մասնաւորաբար բարբառային առանձնայատկութիւնները նկատի առած, Քեսապ-Սուէտիա շրջանի հայերը Անտիոքի շրջանին մէջ գոյացած հայ գաղթականութեան մը մնացորդացն են:
Մեմլուքեան արշաւանքներուն եւ Օսմանեան իշխանութեան առաջին շրջանին (13-14-րդ դար) Անտիոքի շրջանի Հայ, Յոյն եւ Ասորի գիւղերը կը պարպուին ջարդերու եւ բռնութիւններու իբրեւ հետեւանք: Հայերը զերծ մնալու համար հալածանքներէ եւ կոտորածներէ, ձգելով Անտիոքի տափաստանները, կ’ապաստանին լեռնոտ շրջաններ՝ ինչպիսին, Քեսապը եւ Մուսա լեռը:
Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն կազմաւորումը եւ զարգացումը տեղի կ’ունենայ 16-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը:
Ըստ ժողովրդական աւանդութեան, հայերը առաջին անգամ եկած եւ հաստատուած են Էսկիւրան (Էսկէ Էօրան՝ հին գիւղ) կամ Նըրքը Գիէղ կոչուող շրջանը: Թէ անոնք ուրկէ՞ եկած են, տարբեր գերդաստաններ տարբեր տեղեր կը յիշատակեն, ինչպէս Արամօ, Արֆալի, Հաճըն, Զէյթուն, Քիւրտ Տաղ եւ Անտիոք: Գիւղացիք, որ առաջին անգամ կը հաստատուին Ներքի Գիւղի մէջ, որոշ ժամանակ մը ետք կը բարձրանան աւելի վեր, որ այժմու Քեսապն է: Շուտով, Քեսապը կը դառնայ հին ու նոր եկած գաղթականներուն բնակավայրը: Ներքի Գիւղի կազմութիւնը հաւանաբար եղած ըլլայ 16-րդ դարու սկիզբը: Յետագային քեսապցիներ մօտակայ շրջաններու կալուածներուն տիրելով, կը հիմնեն շրջակայ գիւղերը, որոնց կազմաւորումը տեղի կ’ունենայ 19-րդ դարու սկիզբը:
Գարատուրան.-լուսանկարին ձախ-կողմը՝ Հայ Աւետարանական-եկեղեցին, իսկ աջ կողմը՝ նախկինՍ. Աստուածածինեկեղեցին
Քեսապի շրջանը մինչեւ 19-րդ դարու կէսերուն վարչականօրէն ենթակայ էր Անտիոքի կառավարիչին, որ ուղղակի կը նշանակուէր Սուլթանին կողմէ: Անտիոք կը մտնէր Հալէպի կուսակալութեան մէջ, իբրեւ առանձին վիճակ գատաա եւ կ’ունենար իր առանձին կուսակալը՝ գայմագամը:
Քեսապի հայ բնակավայրերը ենթակայ եղած են երկու տարբեր կուսակալութիւններու սահմաններուն: Հարաւի գիւղերը.- վերի Պաղճաղազ, վարի Պաղճաղազ եւ Չաթալլէք ենթակայ էին Դամասկոսի կուսակալութեան մաս կազմող Լաթաքիոյ վերակացութեան մութասարիֆութեան: Մնացեալ գիւղերը մտած են Օրտուի կամ Ճեպել Ագրաայի շրջանին մէջ, որ կ’ենթարկուէր Հալէպի կուսակալութեան:
1922-ին, Ֆրանսական իշխանութիւնները կը փոխեն շրջանի վարչական իրավիճակը: Շրջանի փոքրամասնութիւններուն միջեւ եղած լարուածութիւնը մեղմելու մտադրութեամբ, Քեսապի շրջանը կ’անջատուի Օրտուէն եւ կը դառնայ առանձին շրջան, որուն կեդրոնը կ’ըլլայ Քեսապ աւանը: Կառավարիչ կը նշանակուի հայ մը, որուն ենթակայութեան տակ կը դրուի ոստիկանական ջոկատ մը:
19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, շրջանին մէջ ի յայտ կու գան առեւտուրով եւ վաճառականութեամբ զբաղող պարոններ (աղաներ), որոնք պարտքի դիմաց կամ դրամով ձեռք կը բերեն կախեալ գիւղացիներու լաւագոյն հողերը եւ զանոնք քառորդով կամ օրականով կ’աշխատցնեն իրենց իսկ կալուածներուն մէջ:
Մինչեւ 1840-ական թուականները, Քեսապ կը համարուէր գիւղերուն կեդրոնը, իսկ շրջանի գիւղերը կը համարուէին Քեսապի թաղերը կամ արուարձանները: Ժամանակի ընթացքին գիւղերը կը բաժնուին կեդրոնէն եւ կ’ունենան իրենց առանձին գիւղապետերը, ինչպէս նաեւ եկեղեցիները, դպրոցները եւ միութիւնները:
1850-ականներուն, շրջան մուտք կը գործեն օտար Միսիոնարներ եւ հետզհետէ մինչեւ դարավերջ կը կազմուին Կաթողիկէ, Աւետարանական եւ Լատին համայնքները: Համայնքներու ի յայտ գալը իր անդրադարձը կ’ունենայ շրջանի հասարակական կեանքին մէջ: Կը ստեղծուին համայնքային հարցեր, ժողովուրդը կը բաժնուի տարբեր համայնքներու, որ իր բացասական անդրադարձը կ’ունենայ շրջանի կազմակերպուածութեան վրայ: Սակայն, օտար միսիոնարներու շրջան այցը կ’ունենայ նաեւ դրական ազդեցութիւն: Անոնց նիւթական մեծ ներդրումով զարկ կը տրուի կրթական մարզին: Մինչեւ 19-րդ դարու կիսուն, ծխական մէկ դպրոցէ զատ շրջանին մէջ ուրիշ դպրոց չկար: Աւետարանական համայնքը բուռն թափով կը զարգացնէ կրթական – դպրոցական գործը: 1880 թուականին, աւետարանական դպրոցները արդէն բարձրագոյն նախակրթարաններ էին, իսկ 190-ին, անոնք կը վերածուին բարձրագոյն վարժարանի:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները շրջան մուտք կը գործեն 1890 թուականներուն: 1893-ին, Աղասին քանի մը ամգամ իր խումբով կ’այցելէ Քեսապ եւ կը կազմակերպէ շրջանը: Շուտով կը բացուին Հնչակեան մասնաճիւղեր: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շրջան կը մտնէ աւելի ուշ: 1906-ին, դաշնակցութիւնը մուտք կը գործէ շրջան տեղացի երիտասարդներու կողմէ, որոնք կ’ուսանէին Այնթապի եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարաններուն մէջ:
1910-ին կը ստեղծուի Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը, որուն նպատակն էր կրթական մարզը դուրս բերել յարանուանութեանց ազդեցութենէն եւ զայն դնել ազգային հիմքի վրայ: Նոյն թուականին 6000 բնակչութիւն ունեցող շրջանը ունէր 20-է աւելի վարժարաններ: Այս մեծ թիւը կը բացատրուի յարանուանութեանց գոյութեամբ:
Գարատուրանի ծովու թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին ներսէն
Պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն, հայկական Քեսապը գոյատեւած է իր ուրոյն բարբառով եւ աւանդութիւններով: Շրջան մը, եղած է զուտ հայաբնակ: Բնակչութեան զգալի աճ արձանագրուած է 16-րդ դարուն: 20-րդ դարու սկիզբը` 6000, իսկ 1915-ին բնակչութեան թիւը եղած է շուրջ 8000:
Աղէտի տարիներուն տեղահանութեանց եւ ինքնապաշտպանութեան պարագաներու ընթացքին, զոհուած է շուրջ 5000 անձ:
1922-ին Քեսապ կը մտնէ Ֆրանսացիներու ստեղծած «Աղեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագի» կազմին մէջ եւ մինչեւ 1938-ին կիսուն խաղաղ շրջան մը կ’ապրի: Սակայն 1938-ին Ֆրանսան Աղեքսադրէթի Սանճագը Թուրքիոյ «նուիրեց» անոր Բ. համաշխարհային պատերազմէն դուրս պահելու նպատակով: 1938-ի Յուլիս ամիսէն մինչեւ 1939-ի Յուլիս ամիսներու ընթացքին շրջանը կ’ապրի թրքական սպառնալիքի տակ:
Պատմական կարեւորութեան համար, պէտք է նշել, թէ շնորհիւ Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի, Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարքին Քեսապ եւ Պաղճաղասը եւ անոնց շրջակայքը պահպանուեցան Սուրիոյ հողատարածքին մէջ՝ անկախութենէն վերջ, ֆրանսական կառավարութեան մօտ միջամտելով Վատիկանի միջոցաւ: Կարտինալ Աղաճանեան, վերոնշեալ կեցուածքին համար օրին Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ Շուքրի Քուաթլիի ձեռամբ արժանացաւ սուրիական Բարձրագոյն շքանշանը:
1940-էն մինչեւ 1946 կարճատեւ շրջան մը ֆրանասական իշխանութեան տակ մնալէ ետք, Քեսապի շրջանը վերջնականօրէն կը մտնէ Սուրիական արաբ պետութեան սահմաններէն ներս:
…եւ դուրսէն
1946-1947-ին հայրենադարձութիւնը պարպեց շրջանի բնակչութեան 2/3-րդը: Հայրենիք ներգաղթեցին 2.407 անձ:
1947-ի հայրենադարձութենէն մինչեւ 1960 տասնամեակի սկիզբը Քեսապէն դէպի Լաթաքիա, Հալէպ, Դամասկոս եւ Պէյրութ արտագաղթը մեծ չափերու հասաւ: Աշխատող ձեռքերու պակասը, ստիպեց գիւղացիները, որ փոխեն իրենց անասնապահական, ծխախոտի եւ շերամափուծական տնտեսութիւնը եւ զայն փոխարինեն խնձորի պարտիզպանութեամբ: Խնձորի բերքին բերած եկամուտը շատ լաւ վարձատրեց գիւղացիին: Նիւթական պայմանները կամաց-կամաց լաւացան եւ շնորհիւ շրջանի կլիմային Քեսապ դարձաւ Սուրիոյ նշանաւոր ամառանոցներէն մէկը:
Քեսապցիք բարի համբաւ ունեցող մարդոց կոչած են «Տայի» (տայը, թրքերէն՝ քեռի), ինչպէս` Քեսապի հայդուկապետ Օվսեա Սաղտըճեանը:
Պէտք է ըսել, որ շատ մը անուանի անձեր բնակութիւն հաստատած են Քեսապի մէջ ինչպէս յեղափոխական գործիչ, ֆետայի Վարդան Շահպազը (Մինաս Տօնիկեան) կարճ ժամանակ մը ապրած է Քեսապ` բնակելով Քեսապի Ժողովրդային տան այժմու գրադարանի սենեակը. ան հոն վաստկած է «Հայրիկ» ծածկանունը:
1960-ականներէն սկսեալ սուրիահայ կարգ մը միութիւններ Քեսապ շրջանի մէջ հիմնեցին սեփական բանակավայրեր, կեդրոններ եւ շէնքեր ինչպէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բանակավայրը՝ Էքիզօլուք, Ս.Օ.Խ.-ի կազդուրման կայանը (1961)՝ Գալա, հոգատարութիւն տարածելով սննդակարօտ փոքրիկներուն: Հայ Աւետարանական Ջանից միութեան կերդրոնը՝ Քեսապ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի բանակավայրը՝ Չագալճըգ, Հ.Մ.Մ.-ի բանակավայրը՝ Գարատուրան, 1985 թուականէն ի վեր սեփական: Մխիթարեան վարժարանի բանակավայր՝ Գարատաշ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կազդուրման կեդրոնը՝ Քեսապ, եւ այլն:
Հալէպէն, Լաթաքիայէն, Դամասկոսէն եւ Պէյրութէն ամառանոց եկողներ շինեցին անձնական տուներ. ելեկտրական եւ հեռաձայնային ցանցերը տարածուեցան Քեսապ շրջանի բոլոր գիւղերու մէջ: Ճամբաները եղան ասֆալթապատ, ջուրը հասաւ բոլորին տուները եւ հին տուները նորոգուեցան ու օժտուեցան ամենէ արդիական սարքաւորումներով:
Բերիոյ (Հալէպի) թեմի 1949-1950 թուականի վիճակագրութեան տուեալներու համաձայն՝ Քէսապ՝ 551 հոգի, Գարատուրան (Գալատուրան)՝ 341:
1950-ականերուն, 2000 թուականէն 2400 անձ ներգաղթած է Հայաստան: Այնուհետեւ, տնտեսական եւ ընկերային ստեղծուած պայմաններուն բերումով, զգալի թիւ մը արտագաղթած է դէպի մեծ քաղաքներ` Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Եւրոպա եւ այլուր:
Ներկայիս տեղաբնակներու թիւը կը տարուբերուի 1500-էն 1800-ի միջեւ:
Համայնքին մէջ առկայ են միջնակարգ եւ նախակրթական վարժարաններ, հայկական կրօնական համայնքներու հովանաւորութեամբ: Առաքելական համայնքի կողքին գործօն են աւետարանական, եւ կաթողիկէ համայնքները եւս:
Գլխաւոր կրթական հաստատութիւնը` Ազգային Ուսումնասիրաց վարժարանը` հիմնուած է 1848 թուականին, ներկայիս միջնակարգ եւ երկրորդականի բաժիններով Ճեմարան:
1880-ական թուականներուն կառուցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին, փոխարինելով 17-րդ դարէն աւանդ փոքր մատուռի մը, որ նոյն անունը կը կրէր: Եկեղեցին բարեզարդուած է 1973 եւ 1992 թուականներուն:
Նկատի առնելով Քեսապի լեռնային իրավիճակը, հետեւաբար շրջանը չունի մշակութեան յարմար հողեր: Ուստի հաց հանելու համար մշակած է լեռներու կողերը, ժայռերու արանքները:
Անցեալին գլխաւոր մշակութիւնը եղած է ցորենը, ծխախոտը եւ շերամաբուծութիւնը:
Քեսապ կ’արտադրէ հինգ տեսակ որակաւոր խնձոր, աւելի քան տասը տեսակ խաղող, դեղձ, տանձ, սալոր, թութ (ճերմակ եւ կարմիր), թուզ (քանի մը տեսակ), նուռ, ընկոյզ, սերկեւիլ, ծիրան, կեռաս, ձիթապտուղ եւ բանջարեղէն: Գաւառը հարուստ է վայրի պտուղներով` բեւեկն, սինձ, վայրի տանձ, աղտոր, մուրտ (ընտանի եւ վայրի), մորմենի թութ, եղջիւր եւ այլն: Անցեալին զարգացած էր նաեւ մեղուաբուծութիւնը:
Անասնապահութիւնը Քեսապի գիւղերէն յատկապէս Գալատուրանի եկամուտի գլխաւոր աղբիւրն էր: Անասնապահութեան գլխաւոր ճիւղը այծերու բուծումն էր. կը բուծանէին նաեւ կով, եզ, էշ, ջորի, ձի, ոչխար եւ հաւ:
Հնձանը, խաղողէն ռուպ պատրաստելու աշխատանքը աշնան տօնախմբութեան բնոյթ կը ստանայ, երբ դրացիներ ու ազգականներ խմբուելով հաւաքական ջերմ մթնոլորտ կը ստեղծեն:
Ուշ աշնան եղանակի աշխատանք մըն է կասլի ձէթի պատրաստութիւնը: Կասլի պտուղը կը հաւաքեն Քեսապի լեռները ծածկող կասլիի անտառներէն: Կասլի ձէթը, բացի օճառէն կը գործածուի միւռոնի պատրաստութեան համար:
Ամէն թաղ ունէր իր համայնական թոնիրը: Թոնիրը, այսօր համարեայ պատմութեան անցած, մաս կը կազմէ գիւղական աւանդութեան:
Տարբեր համ ունէին նաեւ գիւղական ճաշերը, գլխաւորաբար` ցորենով պատրաստուած թարխանան եւ գուրթանան:
Վերջին տասնամեակներուն գաւառին կենցաղային պայմանները յեղաշրջուեցան, գիւղերը ելեկտրականութեամբ օժտուեցան, հին, քարաշէն, գերաններով եւ հողէ տանիքներով, յարդախառն ցեխով ծեփուած բնակարանները վերանորոգուեցան եւ արդիական շէնքեր բարձրացան:
Սուրիական ծովափին վրայ եւ Որոնդէսի (Ասի) հովիտին մէջ գտնուող Քեսապ քաղաքը իր մերձաւորութեան մէջ ունի փոքր ու մեծ բազմաթիւ աւաններ` 30, 40 մինչեւ 400 հայ բնակիչներով: Անոնցմէ ոմանք ունին իրենց յատուկ մատուռը կամ եկեղեցին:
Քեսապի եւ շրջակայքի գիւղերուն մէջ գործած են ու տակաւին կը գործեն հայկական շատ մը միութիւններ:
Այս բաժինով քանի որ կը ներկայացուի Քեսապ իբրեւ քաղաք ներառուած իր շրջակայքի գիւղերով միատեղ, հետեւաբար ստորեւ կը յիշատակենք այն միութիւնները, որ շրջակայ հայկական գիւղերու մէջ չունին մասնաճիւղեր: Այլ, ընդհանուր Քեսապի եւ շրջանի բնակիչները միասնաբար համախմուած են նշեալ միութեան դրօշին տակ:

– Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւնը, հիմնուած 1910-ին: Կը գործէ մինչեւ այսօր, մեծ դեր ունենալով շրջանի հայոց ազգային, մշակութային եւ կրթական կեանքէն ներս. իսկ 1950-ականներէն յետոյ կարեւոր ներդրում բերած է արտասահմանի քեսապցիները կազմակերպելու աշխատանքներուն մէջ:

– Սուրիահայ Պատանեկան Միութեան «Քրիստափոր Միքայէլեան» Մասնաճիւղը տասնեակ տարիներու ներկայութիւն է շրջանին մէջ: Մասնաճիւղի պատանիները յեղափոխաշունչ դրօշի տակ համախմբուած կը հետեւին ՊՄ Կանոնագիր-Ծրագրին: Մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարիչները հոգեկան եւ ֆիզիքական զարգացման համար ոչ մէկ ջանք կը խնայեն: Ազգային բոլոր տօնակատարութեանց մասնակցելէ զատ, կը կազմակերպեն հերթական դասախօսութիւններ, զրոյցներ եւ այլ դաստիարակչական բնոյթի ծրագիրներ: Անոց ջամբելով հայկական, ազգային, յեղափոխական ոգի՝ վաղուան օրուան ղեկավարը:
– Հայ Մարմնամարզական Միութեան (Հ.Մ.Մ.) Քեսապի մասնաճիւղը հիմնուած է 1924 թուականին: Ինչպէս վերը նշեցինք Հ.Մ.Մ. 1985 թուականէն ի վեր Գարատուրանի մէջ ունի իր սեփական բանակավայրը:
– Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (Ս.Օ.Խ.) Քեսապի մասնաճիւղ:
1930 թուականին, քաղաքական ղեկավար եւ գաղափարական մտաւորական Արշակ Ջամալեան աշխատանքային այցով ժամանած է հայաւան Քեսապի շրջանը, Հայ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղ մը հիմնելու նպատակով: Այդ թուականին, Քեսապի մէջ գոյութիւն ունէր Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը, որու կողքին կը գործէր հայ կանանց միութիւն մը՝ Ուսումնասիրաց Տիկնանց միութիւն անունով, որ կը տանէր դաստիարակչական, կրթական եւ մշակութային գործունէութիւն, նիւթական հասոյթը յատկացնելով Ազգային Ուսումնասիրաց վարժարանին:
Քեսապի ղեկավար տարրի ջանքերով, վերոյիշեալ միութիւնը դարձաւ Սուրիոյ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղ 1930 Յուլիսին, հովանաւորուած Սուրիոյ Կարմիր խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, այն պայմանով, որ միւթիւնը նեցուկ հանդիսանայ Ազգ. Ուսումնասիրաց Վարժարանին, նիւթապէս եւ բարոյապէս: Նորակազմ մասնաճիւղը կը հաշուէր 200 երկսեռ անդամներ:
Երկու տարուան գործունէութենէն ետք, Սանճագի պարպումով, միութիւնը կազմալուծուեցաւ:
1934-ին Ս.Օ.Խաչի մասնաճիւղըը վերակազմուեցաւ եւ մնաց զուտ կանանցի միութիւն: 1984-ին կոչուեցաւ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղ:
Քեսապի Ս.Օ.Խաչի մասնաճիւղը հիմնուած օրէն սկսեալ, խնամատարական, բարեսիրական, կրթական եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ լայնածաւալ գործունէութիւն կը ցուցաբերէ: Յատկապէս կը նախաձեռնէ Ազգային պատսպարանի հանգանակութիւններ, Ազգ. Ուսումնասիրաց վարժարանի նիւթական օժանդակութիւն, Քեսապի ազգագրական իրերու ցուցահանդէս, ձեռագործներու, անուշեղէններու, տոհմիկ ուտելիքներու ցուցահանդէս վաճառքներ, պարահանդէսներ, թատերգութիւններ, դասախօսութիւններ, վիճաբանական ասուլիսներ եւ այլն:
Էքիզօլուքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բանակավայրը
– Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Քեսապի մասնաճիւղի գործունէութիւնները սկսած են 1947-ին: Մասնաճիւղը Սուրիոյ Շրջանային կառոյցին պաշտօնապէս կը միանայ Օգոստոս 8, 1994 թուականին: Ունի սկաուտական շարքեր եւ մարզական խումբեր, ինչպէս փինկ-փոնկի, լողի եւ ճատրակի:
1995 թուականին կը կազմուի ֆութպոլի խումբ մը, սակայն խումբի կեանքը կարճ կ’ըլլայ: Կը կազմակերպէ մասնաճիւղի անդամներուն դասախօսական շարքեր, ինչպէս նաեւ սկաուտական շարքերուն միջեւ զանազան մրցաշարքեր:
Սկաուտական շարքերը իրենց տարիքային բաժանումով բաժնուած են երկու միաւորներու. «Գայլ-Արծուիկ» միաւոր եւ «Արի-Արենուշ» միաւոր, որոնք շաբթական հերթականութեամբ իրենց հանդիպումները կ’ունենան ու կը տանին կազմակերպուած ու բեղուն աշխատանք: Կը մասնակցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ շրջանային վարչութեան կազմակերպած միջ մասնաճիւղային տարեկան տողանցքին, որ տեղի կ’ունենայ Քեսապի մէջ Ս. Աստուածածին տօնին առթիւ: Ինչպէս նաեւ մասնաճիւղի Սկաուտ խորհուրդի կազմակերպած տարեկան բանակումին, որ տեղի կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Էքիզօլուքի բանակավայրէն ներս:
Քեսապի մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւններ կազմակերպած են զանազան ձեռնարկներ նուիրուած ազգային տօներու, ինչպէս նաեւ յատուկ հանդիսութեամբ նշած են սկաուտի եւ մոկլիի տօները:

– Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) Քեսապի մասնաճիւղը հիմնուած է 1913 թուականին:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հովանու ներքեւ գործած է Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) Քեսապի մասնաճիւղը՝ հիմնուած 1935-ին:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) իր մասնաճիւղերը ունեցած է՝ 1924-1964 ժամանակաշրջանին Քեսապի, իսկ 1931-1967 թուականին՝ Գարատուրանի մէջ: Այս մասնաճիւղերը նպաստած են Քեսապի շրջակայ հայկական գիւղերու նպաստընկալներուն, ինչպէս Տիւզաղաճի, Սեւ Աղբիւրի, Էսկիւրանի, Պաշորտի եւ այլն:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ը այս շրջանին երկու դպրոցներ ունեցած է: Քեսապի մէջ «Քեսապի նպաստընկալ» նախակրթարան վարժարան, որ ունէր մօտաւորապէս աւելի քան 100 աշակերտներ: Իսկ Գարատուրանի մէջ «Մեսրոպեան» նախակրթարան վարժարանը՝ աւելի նուազ աշակերտներով:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ը ունեցած է տիկնանց միութիւններ, որոնք ունեցած են բեղուն աշխատանքներ:
1957-ին Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը (Հ.Ե.Ը.) միացեալ մասնաճիւղ մը ունեցած է Քեսապի մէջ 140 անդամներով: Ունեցած է զանազան տեսակի մշակութային ձեռնարկները, մեծ գործունէութիւն ցուցաբերած է յատկապէս թատրոնի բնագաւառին մէջ:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ը ունի մօտաւորապէս 200 անդամ-անդամուհիներ: Միութեան ակումբը Գարատուրանի նախկին Մեսրոպեանի շէնքն է, որ հողային սահքին պատճառով շատ վնասուած ըլլալուն, փոխադրուած են այժմ Քեսապի կազդուրման կայանին մէջ, ուր իրենց աշխատանքը կը վարեն սովորաբար, ամառները դադրելով:
1997 թուականին ունեցաւ իր առաջին պաշտօնական վարչակազմը, որ միութեան նպատակները իրագործել ջանալով սատար կը դառնայ ծառայելով ազգի զաւակներուն, պահելով սաներ եւ օժանդակ դառնալով չքաւոր ու կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Նոյն տարին Քեսապի ՀԲԸՄ-ը ունեցաւ իր տիկնանց վարչակազմը, որ դարձեալ կը կատարէ բարեգործական ծառայութիւններ, մշակութային, ընկերային, գեղարուեստական ձեռնարկներ:
21 մարտ 2014 թուական… Քեսապի վրայ շղթայազերծուած յարձակում
Հոկտեմբեր 21, 1999 թուականին հիմը կը դրուի Քեսապի Հ.Ե.Ը.-ին, կազմելով սկաուտական շարքերը: Անոնք կը մասնակցին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած միացեալ բանակումներուն եւ կ’ունենան նաեւ իրենց բանակումը:
Քեսապի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ կազմուեցաւ նաեւ մարզական եւ յատկապէս ոտնագնդակի խումբ մը, որ կը մասնակցի Լաթաքիոյ մակարդակով կայացած մրցաշարքերուն:

– Սուրիահայ երիտասարդական միութեան «Շանթ» Մասնաճիւղը շրջանի մէջ 1980ականներէն սկսեալ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է: Մասնաճիւղը հետեւած է Ս.Ե.Մ.-ի Կանոնագիր եւ Ծրագրին: Մասնաճիւղին ինքնադաստիարակչական գործունէութիւնը կը նպատակադրէ ստեղծել, համախմբել հայ երիտասարդութեան մէջ խաւ մը, որ ազգային, յեղափոխական ու բարոյական է իր դիմագիծով: Հետեւաբար, այս պատկերը կը յառաջանայ իւրաքանչիւր ՍԵՄականի նկարագրին մէջ այս երեք՝ ազգային, յեղափոխական ու բարոյական արժանիքները յատկանիշ կը հանդիսանան ու կ’իւրացուին իբրեւ այդպիսին: Այդ իսկ պատճառով ալ ՍԵՄականներ գործօն դեր կը կատարեն շրջանին մէջ:
Մասնաճիւղի անդամները կը հետեւին ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած տարեկան բանակումներուն, շրջանի մէջ տեղի ունեցած միջ-մասնաճիւղային դաստիարակչական եւ այլ ծրագիրներուն:

– Քեսապի եւ Շրջանի Միացեալ Ք.Ջ. Ընկերակցութիւնը:
Նախ պէտք է ըսել, որ Ջանից բառի արմատը ջանք բառն է, բառարանային հասկացողութեամբ՝ ճիգ, եռանդ եւ փոյթ բառերու կը հանդիպինք: Իսկ ջանալ բայը, կը նշանակէ ձգտիլ, ճիգ թափել, փորձել: Համաշխարհային Քրիստոնէական Ջանից շարժումը սկսած է 1881 թուականին եւ գլխաւոր նպատակը եղած է արդիւնաբեր եւ օգտակար անդամներ պատրաստել Աստուծոյ ծառայութեան համար: Բոլոր ջանիցականները տարբեր Աւետարանական եկեղեցիներու մէջ, եկեղեցւոյ պաշտամունքը կը ստանցնեն, ըլլայ երգի առաջնորդութեամբ, աղօթքով եւ կամ Աստուծոյ խօսքով: Փետրուար ամիսը Ջանից ամիս է:
Քեսապի եւ շրջանի Միացեալ Ք.Ջ. Ընկերակցութիւնը ճոխ երիտասարդական խումբ մըն է, որ կը բաղկանայ օժանդակ եւ գործօն անդամներէ, որոնք կը հաւաքուին իւրաքանչիւր ուրբաթ օր՝ ունենալու իրենց շաբաթամիջի պաշտամունքը, որ կ’ընդգրկէ հոգեւոր, հոգեբանական եւ ընկերային նիւթեր:
Ջանիցականներ՝ երկու շաբաթ անգամ մը կ’այցելեն Լաթաքիոյ Արաբ Աւետ. Եկեղեցին ուր միատեղ` կարգ մը Քեսապահայ ուսանող երիտասարդներու հետ կ’ունենան միացեալ Պաշտամունք, Նիւթ եւ Ընկերային պահ: Ասոր կողքին, Քեսապի Միացեալ Պատանեաց խումբը, որ կը բաղկանայ պարման-պարմանուհիներէ կը հաւաքուին իւրաքանչիւր ուրբաթ օր, ունենալու միօրեայ պաշտամունք մը, որ կ’ընդգրկէ հոգեւոր, ազգային եւ ընկերաին այլ նիւթեր:
Երիտասարդներն եւ պատանիներն գործակցաբար իրենց առաջնորդներուն հետ, ջանք չեն խնայեր գործադրելու համար իրենց լսածներն ու սորվածները իրենց եկեղեցական կեանքին մէջ տարբեր առիթներով:

– Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ բաւական աշխուժ գուրծունէութիւն կը ծաւալէ շրջանին մէջ:
Մասնաճիւղը ունի իր զանազան յանձնախումբերը: Մշակութային կեանքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն մասնաճիւղի երգչախումբերը: 2000 թուականին Մասնաճիւղի նուիրեալ անդամներու տքնաջան աշխատանքով կը հիմնուի «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ զանազան տօնակատարութիւններու ընթացքին հանդէս եկած է բազմաթիւ ելոյթներով, իսկ 2002 թուականին՝ «Կիլիկիա» երկսեռ քառաձայն երգչախումբը, որ նոյնպէս հանդէս եկած է բազմաթիւ համերգներով:
Միւս կողմէ, «Արցախ» պարախումբն ալ իր կարգին վերոնշեալ նախաձեռնութիւններուն նման աննախընթաց ոգեւորութիւն յառաջացուցած են գաղութի արուեստասէր շրջանակներէն ներս:
Տեղի ունեցած են տոհմիկ երեկոներ, դասախօսական ձեռնարկներ եւ հայ գրքի ցուցահանդէսներ. Քեսապի ազգագրական երգերու ձայներիզ մը, նախաձեռնութեամբ Տիար Ժիրայր Թրթռեանիը Ս. Աստուածածնայ Տօնին առթիւ կազմակերպուած են փառատօներ Քեսապի եւ Էսկիւրանի մէջ:
Ըստ հնարաւորին մասնաճիւղը կազմակերպած է ֆրանսերէնի եւ այլ լեզուներու ուսուցողութեան դասընթացքներ:
«Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի վարչութեան հովանիին տակ կը գործէ Գրական Խմբակը: Գրական խմբակը կը հրատարակէ Գրական «Կասիոս» լրատուն, որ լոյս կը տեսնէ 2012 թուականէն ամսական դրութեամբ եւ լոյս կ’ընծայուի ելեկտրոնային միջոցներով, միեւնոյն ատեն՝ տպագրուած: Նշենք, որ այս նախաձեռնութիւնը Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին Քեսապցիներու տարագրութեան ընթացքին կ’ընդհատուի:
«Կասիոս»ի մէջ լոյս կը տեսնեն՝ Քեսապի եւ շրջակայքի հայութեան մասին գրական, գեղարուեստական եւ զանազան լուրեր: Անդրարաձ կը կատարուի հոն, Քեսապի մէջ տեղի ունեցած եւ ունենալիք մշակութային, հոգեւոր, մարզական եւ այլ ձեռնարկներուն մասին: Միւս կողմէ կը քաջալերէ քեսապցի նոր գրիչ շարժողները, յատկապէս պատանիներն ու երիտասարդները, եւ այլն:

– Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Քեսապի մասնաճիւղը հիմնուած է 1997 թուականին:

– 18 Սեպտեմբեր 2007 թուականին, Քեսապահայ կեանքի մէջ ծնունդ առած է ֆութպոլի F. C. KESSAB (Football Club Kessab) մարզական նոր խումբ մը, որ կազմուած է Քեսապահայ տարբեր համայնքներու մարզասէր երիտասարդներէ:
Խումբը, իբրեւ Քեսապի ներկայացուցչական խումբ կը ներկայանայ ու կը մասնակցի զանազան մրցաշախրքերու, որոնք կը կատարուին Սուրիոյ զանազան շրջաններու մէջ:
Խումբը կը կատարէ իր մնայուն շաբաթական փորձերը, որոնք կը կատարուին Աւետարանական համայնքի ՔՋԱԿ համալիրի դաշտին մէջ:
Խումբը նաեւ Քեսապի մէջ կ’ընկալէ տարբեր շրջաններէ մարզական խումբեր, ինչպէս՝ ՀՄԸՄ Լաթաքիա, Հալէպ, Գամիշլի եւ այլն:
Խումբը ունի իր յատուկ տարազը, որ իր վրայ կը կրէ խումբին նշանը եւ kessabtsiner կայքէջին անունը: Ան ունի իր կազմակերպչական դրութիւնը:
Նշենք, որ ֆութպոլի F. C. KESSAB խումբը 2015 թուականին, Հայաստանի մէջ մասնակցած է Համահայկական 6-րդ ամառնային խաղերուն:

Միւս կողմէ, կարեւորութեան համար պէտք է ըսել, որ շատ մը բարեսիրական հաստատութիւններ կամ հիմնարկներ, թէեւ գրասենեակ չեն ունեցած ծովափի եւ յատկապէս այս պարագային Քեսապի մէջ, սակայն միշտ Քեսապը ընդգրկուած է անոնց աշխատանքային ծիրին մէջ. այդ հաստատութիւններու հիմնադրութեան օրէն ի վեր ու ձեռք երկարած քեսապահայերուն:
Վերոնշեալ ծիրին մէջ արժանի է յիշատակել «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի (Ճ.Յ.Ձ.) տարած մեծ գործունէութիւնը:
Այս ձեռնարկը 1976 թուականին, «Բարգաւաճման ծրագիր» խորագրի տակ Քեսապի մէջ հիմնուած է սառնարան:
Սուրիոյ տեղի ունեցած մարտերու ընթացքին, մասնաւորապէս Քեսապի աղետալի օրերուն Հայաստանի Ճինիշեանի գրասենեակի ջանքերով Սուրիոյ հիմնարկը ստացած է քեսապահայերու յատկացուած կոկիկ գումար մը, որ բաժնուած է 327 տեղահան ընտանիքներու Լաթաքիոյ մէջ:
Քեսապի ազատագրուելէ ետք նոյն նուիատուութեան մնացած գումարով Ձեռնարկը կը մասնակցի Քեսապի վերականգնումի ու բարգաւաճման աշխատանքներուն, երկրագործական ու փայտահատման գործիքներ հայթայթելով՝ երեք Համայնքներու միջոցաւ բոլոր քեսապցիներուն հաւասարապէս, այս ծրագիրը իրականացած է երեք Համայնքապետերու օրհնութեամբ եւ բարեհաճութեամբ:
«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը նոյնպէս իր ծրագրին մաս կազմող բոլոր օժանդակութիւնները հասցուցած է քեսապահայ աշակերտներուն, փոքրիկներուն: Քեսապահայ բոլոր կողմերուն անխտիր համահաւասար օժանդակութեան ձեռք երկարած է: Նոյնպէս պատերազմական ժամանակաշրջանին յատկապէս քեսապահայերու արտագաղթէն ետք «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը ամէն ճիգ ի գործ դրած է հասնելու քեսապահայի դժուարութիւններուն:
Արդարեւ, Քեսապի շրջակայքը մէկը միւսէն 1-4 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող նշանաւոր հայաբնակ գիւղերն են.-
Գարատուրան (կամ Գալատուրան), Պաշորտ (Պաշուրթ), Սեւ Աղբիւր, Ներքի Գիւղ (կամ Էսկիւրէն) եւ Խայըթ, Չինար (Չինարճըգ), Չագալճըգ, Քէօրքիւնէ, Էքիզ Օլուք (Երկու աղբիւր), Տիւզաղաճ, Քարա Տաշ (Սեւ քար), Վերի Պաղճաղազ եւ Վարի Պաղճաղազ:
Սուրիոյ մէջ Քեսապ կը ճանչցուի արաբերէն, իբրեւ Քասապ, մասամբ պահելով իր հայկական անուանակոչումը: Սակայն պարագան նոյնը չէ գիւղերու անուններուն, որոնք 1964 թուականին պետական հրամանագրով, թրքերէնէ փոխարինուած են արաբական անուններով: Բայց հայ համայնքը կը շարունակէ գործածել հին անունները:
Քեսապ իր շրջակայ հայկական գիւղերով՝ գեղեցիկ բնութեամբ, մաքուր օդով օժտուած ըլլալուն համար շատեր հոս կու գան օդափոխութեան: Պէտք է ըսել, որ ան Սուրիոյ զբօսաշրջիկութեան առաջնակարք վայրերէն մէկն է: Մեծաւ մասամբ Հայ բնակչութիւն ունենալուն համար, յատկապէս Հալէպի հայութեան համար օդափոխութեան կեդրոն դարձած է: Այդ պատճառով ալ շատ մը հալէպահայեր ոչ թէ բնակարաններ վարձելով ամրան եղանակը հոն կ’անցնեն այլ 1980ականներէն սկսեալ հողեր եւ արդիական մեծ բնակարաններ կառուցած են:
Կարեւորութեամբ պէտք է արձանագրել, որ վերջին տարիներուն ընթացք առաւ պապենական հողերը այլազգիներուն ծախելու երեւոյթը, որուն պատճառով ժամանակի ընթացքին պատճառ պիտի ըլլար գաւառի հայկական դիմագիծի աղարտման:
Ներկայիս Քեսապի քաղաքապետն է Վազգէն Չափարեանը:
Արտասահմանի շատ մը երկիրներու մէջ պատկարելի թիւ կը կազմէն քեսապցիները, այդ երկիրներէն կարելի է նշել Լիբանանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Գանատան, Աւստրալիան, Հայաստանն ու Եւրոպական երկիրներ:
Քեսապցին 1960-ական թուականներու սկիզբէն մինչեւ 2014 թուականի մարտ ամիսը ապրեցաւ խաղաղ եւ բարգաւաճ շրջամ մը, որ աւաղ խախտուեցաւ Քեսապ խուժող «Սուրիական ազատ բանակ»ի եւ այլ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ, որոնք Քեսապ մտան Թուրքիայէն, շնորհիւ վերջինին բերած գաղտնի աջակցութեան:
Աւելցնենք, որ վերջին տարիներուն յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին ներքին տեղափոխութեան պատճառով յատկապէս Հալէպի հայութիւնը Քեսապ տեղափոխուած էր համեմատաբար աւելի ապահով նկատուելուն համար:

Արտատպուած՝  August 4, 2017

No comments:

Post a Comment