Sunday, October 16, 2016

«ԱՇԽԱՐՀԸ ԴՄԱԿ, ՄԱՐԴԻԿԸ ԴԱՆԱԿ»



 ՎԱՀԷ Յ ԱԲԷԼԵԱՆ    October 16, 2016    Ohio, USA

«ԱՇԽԱՐՀԸ ԴՄԱԿ, ՄԱՐԴԻԿԸ ԴԱՆԱԿ»

  

Հարսանիք Քեսապի մէջ

Եթէ կան ոմանք, որոնք չեն գիտեր, թէ «դմակ» ի՞նչ կը նշանակէ, ըսեմ, որ ոչխարին իւղով պոչն է, որ դիւրութեամբ կրնայ յօշոտուիլ։
Ռուբէն Փաշան, մկրտութեամբ՝ Ռուբէն Տէր Մինասեան, հայ յեղափոխութեան կարկառուն դէմքերէն մէկն է եւ միակը, որ իր փորձառութիւնը փոխանցեց գալիք սերունդներուն յեղափոխականի անզուգական եւ հաճելի, ընթեռնլի իր յուշերովը։ Իր «Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները» քանի մը անգամ տպագրուած է։
Երիտասարդ տղայ մըն էր, տակաւին քսանմէկ տարին իսկ չէր հասած, եւ թերեւս ալ, մեր ժողովրդական երգին բառերով՝ աղուամազ իսկ բուսած չէր իր երեսին եւ ծնօտին, երբ նետուեցաւ յեղափոխութեան հնոցը եւ իր «կրակէ» մկրտութիւնը ստացաւ առասպելական դարձած, բայց շնչող մարմինով գոյ, երբեմնի մեծն յեղափոխական՝ Նիկոլ Դումանին կողմէ, որ օր մը ինքնասպան պիտի ըլլար, քանի որ թոքատապի պատճառով պիտի չկարենար իր յեղափոխականի նպաստը բերել։
Կը գրեմ յիշողութեանս վրայ հիմնուած։ Տասնեակ տարիներ անցած են Ռուբէնի յուշերուն ընթերցանութեանս վրայ։ Տարիներու ընթացքին ալ, գիրքերէս ոմանք հոս եւ հոն պահ մնացին։ Նոյն այդ յուշերուն մէջ ըլլալու է երիտասարդ Ռուբէնին նկարը Նիկոլ Դումանին խումբին հետ նկարուած, որպէս անոր անդամներէն հաւանաբար ամենէն երիտասարդը։ Եթէ այդ նկարը ձեր ձեռքը անցնի, նկարին աջ կողմը պիտի հանդիպիք երիտասարդի մը, որ ծունկի եկած եւ աջ ձեռքը բարձրացուած է այնպէս մը որ պիտի ընէր եթէ պատերազմի մը ընթացքին ձեռնառումբ նետելու ըլլար։ Այդ երիտասարդը Ռուբէնն է, որուն փաշա մակդիրը տուին քանի որ սրտով, անկասկած ոչ նիւթական ունեւորութեամբ, փաշայի նման մարդ մըն էր, որ իր յուշագրութեան թուղթերը պիտի գործածէր իր զինուորներուն համար սիկարէթ փաթթելու, ամոքելու համար անոնց անօթի փորին ցաւերը։ Որպէսզի կարենայ Նիկոլ Դումանին խումբին մաս կազմել երիտասարդ Ռուբէնը ինքզինք զանազան կացութիւններու մէջ ալ դրած է, թրծելու համար իր մարմինը որպէս յեղափոխական։
Ռուբէնը միակը չէր, որ թրծուեցաւ Նիկոլ Դումանի շունչով։ Անշուշտ կային շատ մը ուրիշներ, որոնցմէ ոմանք այսօր պիտի չկարենանք մատնանշել պարզապէս որպէս «ուրիշ» մը։ Անոնց կարգին է Դրաստամատ Կանայեանը, պարզապէս ըսենք՝ Դրօն։ Դրօն եւ իր կինը՝ Գայիանէն կու գային Իգտիրի հայ երկու ամենէն աչքառու, բայց իրարու անհաշտ եւ անհանդուրժող ընտանիքներէ։ Թերեւս ալ Դրոյին եւ Գայիանէին ամուսնութիւնը հայկական պատկերակն է Շէյքսպիրի Ռոմիոյ եւ Ժուլիէթին, բայց անոնց ամուսնութիւնը եղաւ կարգին, հայ եկեղեցիէ մը ներս։ Պսակի արարողութենէն ետք, երբ նորապսակ զոյգը եկեղեցիէն դուրս կու գար, մէկը կը մօտենայ Դրոյին եւ իրեն կը յանձնէ թուղթի կտոր մը։ Ի յայտ կու գայ, որ Նիկոլ Դումանէն հեռագիր մըն է, որ կը հրահանգէ, որ իր կամաւոր զինուոր Դրօն անմիջապէս ներկայանայ, զինուորական յանձնարարութեան մը համար։ Երբ նորապսակ զոյգը Դրոյին ծնողական տունը կը հասնի, Դրօն կը խնդրէ հօրմէն, որ կնոջը զաւակին պէս հոգ տանի եւ ինք կը մեկնի ճակատ։
Դրոյի ամուսնութեան այս պատահարին հետ կապուած է Քեսապի հարսանեկան տօնակատարութեանց վերջին արարը, երբ փեսային ամուրի ընկերները կը շրջապատեն զինք, նախքան իր եկեղեցի մտնելը եւ կը հագուեցնեն զինք, երգելով «Զարթիր Որդեակ» երգը, որ ծանօթ չէ իր իրական վերնագիրով՝ «Զինուորի մօր երգը»։ «Քսան տարի կերակրեցի, մինչ հասակդ այս առիր», կ’ըսէ մայրը եւ կը յորդորէ իր զաւակը ըսելով, «բարձր հասակիդ մայրդ մեռնի, դուն ալ քու ազգիդ մեռիր»։ Ծանր զգացումներով լեցուն երգ մըն է, որ տակաւին քեսապցիները կը շարունակեն երգել հարսանիքներուն։
Այսպէս, երիտասարդ եւ իտէալը որոնող երիտասարդ Ռուբէնը, օր մը, երբ կը ճամբորդէր Նիկոլ Դումանին հետ, որքան որ կը յիշեմ՝ իւրաքանչիւրը իր ձիուն վրայ հեծած, կը սկսի պարզաբանել ընկերային կեանքի անարդարութիւնները Նիկոլ Դումանին։ Իսկ այս վերջինը ամենայն հանդարտութեամբ կը շարունակէ մտիկ ընել երիտասարդին։ Ռուբէնի երկար վերլուծումներէն ետք, ղարաբաղցի Նիկոլ Դումանը, որուն ծնողական տունը այժմ թանգարանի վերածուած է, կը սղագրէ իր տեսութիւնը ըսելով՝ «Աշխարհը դմակ, մարդիկ դանակ»։
Յաճախ կը կարդամ Թուրքիոյ ըրած սանձարձակութիւններուն զանազան մեկնաբանութիւնները, վերլուծումներ, ընդվզումներ, բայց միշտ միտքս կու գայ Նիկոլ Դումանին ըսածը՝ «Աշխարհը դմակ, մարդիկը դանակ»։ Կարենանք պահել եւ պաշտպանել մեր նիհարցած դմակը, որ զոհ չըլլայ ուրիշին դանակին։ Վերջին հաշուով այդ է բացարձակ ճշմարտութիւնը։

Արտատպումի պարագային կը խնդրուի նախապէս կապ հաստատել Հայերէն Blog-ի վարչութեան հետ:

No comments:

Post a Comment