Tuesday, April 1, 2014

“ՔԵՍԱՊ ԷԼ ԺԵՄԻԼ“ (ԳԵՂԵՑԻԿ ՔԵՍԱՊԸ)



April 22, 2014  
 
“ՔԵՍԱՊ ԷԼ ԺԵՄԻԼ“ 
(ԳԵՂԵՑԻԿ ՔԵՍԱՊԸ)
 ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Էքիզօլուխ
Հօրեղբայրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան, կառչած մնաց սուրիական հայրենիքին, նոյնիսկ երբ իր հարազատները (ներառեալ` իր զաւակները) ձգեցին երկիրը ու գաղթեցին: Եթէ մէկ կողմէ հաւատաց Հալէպ քաղաքին` որպէս սփիւռքահայ կարեւոր կռուանի, բայց նաեւ ունէր համակ սէր եւ կապուածութիւն Քեսապին, յատկապէս` Էքիզօլուխին… Այս սէրը իրեն համար շատ յստակ եւ շեշտուած էր այնքան, որ ան նաեւ որոշեց թաղուիլ Քեսապի մէջ, եւ այդպէս ալ եղաւ…
Գիտական-բժշկական մասնագիտութեան առընթեր, հօրեղբայրս նաեւ ունէր գեղանկարչական (ու տակաւին այլ) արժանիքներ: Ան աշակերտած էր հայազգի մեծանուն գեղանկարիչ Արմիսի` վեր. Արմենակ Միսիրեանի, որուն վարժութիւններուն ու ցուցմունքներուն հետ զարգացուցած էր այս արուեստը: 15 հոկտեմբեր 1984-ին, պետական հովանաւորութեամբ, ան կազմակերպեց գեղանկարչական իր գործերուն ցուցահանդէսը` Հալէպի թանգարանին մէջ, ուր ցուցադրուեցան իր բոլոր գործերը` նուիրուած Քեսապին: Չմոռցաւ հրաւէրները արաբերէնով տպելու եւ իր ցուցահանդէսը “Քեսապ էլ ժամիլ“ (գեղեցիկ Քեսապ) կոչելու: Ներկայ էի ցուցահանդէսին բացումին, Հալէպի մէջ, բայց “Գեղեցիկ Քեսապի“ մէջ կար աւելին, կար նաեւ իմ պատմութիւնս:                            ::
Հօրեղբօրս բնակարանը Էքիզօլուխ գիւղէն քիչ մըն ալ անդին` Մեղրաձորի բարձունքին վրայ կանգնած, պարզ ու “գեղջկական“ տուն մըն է: Մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներուն ամրան մեր արձակուրդները, նաեւ քիչ մըն ալ երկար, հոն կ՛անցընէինք: Սովորութիւն էր, որ վերածուած էր ամէն ամառ կրկնուող իրավիճակի: Տունը ներկայ օրերու հանգստաւէտ ոչ մէկ պայման ունէր, հօրեղբայրս ատիկա կը բացատրէր “գեղջկական“ իրականութեամբ, ըսելով, թէ մթնոլորտին հետ պէտք էր պատշաճիլ. տակաւին, կար բնութեան ստեղծած արուեստին հետ ապրելու անհրաժեշութիւնը: Հօրեղբայրս ժամանակը կ՛անցընէր գծելով ու գծագրելով, իսկ ես քիչ մը խաղալով, բայց նաեւ` “ձանձրացնելով“, նկատի ունենալով, որ տունը հեռու էր գիւղէն եւ չորս կողմերը (գէթ այն ժամանակ) ժխոր չկար:

Դէպի Քեսապ
Էքիզօլուխի մուտքին կայ ակը, որուն ջուրը ոչ միայն կը զովացէր, այլ նաեւ կը յագեցնէր: Պիտի խմէինք ակին ջուրէն, երբ նոր կը հասնէինք գիւղ: Կարծէք` գիւղ մտնելու առաջին նախապայմանն էր: Ակին ջուրին հաւաքուած մասին մէջ միշտ կար ձմերուկ` մէկ կամ քանի մը հատ: Պաղ ջուրը լաւագոյն ձեւն էր ձմերուկը պաղեցնելու…: Մենք պիտի խմէինք, բայց նաեւ հերթը պէտք էր տալ… իշուկներուն: Գիւղը իր ամբողջական համերաշխ մթնոլորտին մէջ է, ուր իւրաքանչիւրը իր տեղը ունէր եւ միասին կը կազմէին գեղեցիկ ու խաղաղ մեծ հայկական համայնապատկեր մը:
Գիւղին մուտքին` ձախ կողմը, կար պրն. Մարտիրոսը, որ վարժապետ-մտաւորական էր եւ միեւնոյն ժամանակ ունէր պզտիկ խանութ մը: Պրն. Մարտիրոսին հետ հայրս եւ հօրեղբայրս պիտի զրուցէին ազգային նիւթերու, հայրենի մտահոգութիւններու եւ անպայմանօրէն հայապահպանումի մասին: Ազգային զօրաւոր նկարագրի տէր անձն էր, որուն համար լեզուն եւ ինքնութիւնը ամէն բանէ վեր էին: Կը խօսէր արեւմտահայերէն, բայց անպայմանօրէն կար Քեսապի բարբառը, զոր երբեմն-երբեմն պիտի գործածէր եւ յիշեցնէր մեզի, թէ անհրաժեշտ էր զայն պահելը...                        
Էքիզօլուխ գիւղէն մինչեւ հօրեղբօրս տունը` Մեղրաձոր, ճամբան քարքարոտ էր: Չէին կուպրապատած ու հասկնալի չէր, թէ ինչո՞ւ… Երեւի այդ ալ “գեղջկական“ ըլլալու մասն էր: Կար հօրս մտահոգութիւնը. “Այս ճամբան ինքնաշարժին աքսին համար լաւ չէ…“: Կարգ մը տեղեր նոյնիսկ պէտք էր ինքնաշարժէն իջնել, որպէսզի նուազեցնէինք ծանրութիւնը` կանխելով մեծ փոսերուն մէջ աղէտ պատճառելու հաւանականութիւնը:
Պէտք էր միշտ բարեւէի Մանճա Լելոյին, ու պիտի չուշանար իր խօսքը… “Տոքթորին էխբօր որդին է…“: Լելօ կը նշանակէր քոյր, իսկ Մանճան կրճատումն էր Մանճիկեանին: Մանկութեանս ու պատանեկութեանս օրերուն կը գծուէին իմ հոգիիս մէջ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ քոյր-մայր հաղորդականութեան հասկացողութիւնն ու գիտակցութիւնը:
Իրականութիւններ, որոնք արժէքներ միայն լեցուցին մեր կեանքի պարունակին մէջ:
Մանճա Լելոյին տունը հօրեղբօրս տունէն քիչ մը առաջ էր` աջին: Ունէր երկու կով: Անոնք անշարժ կեցած էին, կը կարծէի, թէ անոնց աչքերը սեւցած` ինծի կը նայէին: Եւ չէր ուշանար հօրս քաշքշուքը. “Կարմիր չհագնիս, կրնայ վրադ յարձակիլ…“: Մանկապատանեկան հոգիիս ու երեւակայութեանս մէջ Մանճա Լելոյին կովերը քիչ մը վախ պատճառող իրականութիւններ էին… Պէտք էր մեծնայինք, որ գիտակցէինք, թէ որքան անմեղ կրնար ըլլալ կովուն նայուածքը...                
Հօրեղբօրս տան բարձունքին վրայէն պիտի դիտէի նախ ձորը:
Այսպէս ըսած` ունի “վայրի“ ու “բնական“ գեղեցկութիւն մը, որ շատ իւրայատուկ է: Խիտ անտառներով եւ հեռուէն երեւցող նեղ արահետներ, որոնք կը տանէին դէպի վար ու խորը` Մեղրաձորը: Գիւղին տղաքը` խոզ որսալու… Կը մտածէի, թէ արդեօք կը վերադառնայի՞ն, թէ՞ կրնային կորսուիլ: Ինծի համար Մեղրաձորը կորսուող ու կորսուելու իրականութիւն էր կարծես, եւ չէի համարձակած երբեք հոն իջնել: Բայց դիտելով` կը վայելէի Պասիթի ծովեզերեքը: Արեւուն ճառագայթներուն հետ` ծովը կը ստանար փայլուն եւ շէնշող պատկեր: Ու կը լսէի հօրս բացատրութիւնը. “Լերան ետեւը Մուսա լեռն է…“: Այս նախադասութեան պիտի յաջորդէին հերոսամարտի պատմութիւնը եւ հայուն հպարտութիւնը...                        .
Վահան Թութիկեանը եւ իր ընտանիքը յաճախ կ՛այցելէին հօրեղբօրս: Յատկանշական էին իրենց “կարմրուկ“ դէմքերը, որ մէկ կողմէ առողջութեան նշան էր, բայց նաեւ հայկական արիւն էր, որ դուրս կը ժայթքէր որպէս ապրող իրականութիւն:
Մուսա Լեռը` Ռաս Պասիթէն
Մեղրաձորէն Էքիզօլուխ, շրջակայ գիւղերը եւ Քեսապ…Բնութիւնը,անտառները, անասունները, ջուրը, խնձորները` “Կոլտըն“-ն ու “Չըպըխճեան“, բայց անպայմանօրէն իւրաքանչիւր հայ անհատը եւ ընտանիքը:                    :
“Չոց ես“ ու պատասխանը` “աղւիոր եմ“… Եւ որոնց հետ մէկ-մէկ ապրեցայ մանկութենէն մինչեւ պատանեկութիւն տանող “աղւիոր“ օրերը… Եկեղեցիները եւ ազգային կառոյցները, նահատակներու արեամբ կանգուն մնացած եւ վերապրող իրականութիւնները, որոնք լեցուցին պատանեկան հոգիիս մէջ գերակայութիւնը, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել...                    վերապրիլը:               :
Եւ վերապրիլը` որպէս հայ եւ որպէս մարդ, ազգային ու մարդկային ինքնագիտակցութեամբ եւ արժէքներով…                   ...
Այսօր միայն հեռուէն կրնամ դիտել Քեսապը: Բռնագրաւումը ու տակաւին խափանարարական այլ արարքները հեռացուցին Քեսապը մեր ֆիզիքական տեսադաշտէն: Բայց արդեօք կրցա՞ն (ու տակաւին կրնա՞ն) հեռացնել զայն մեր հոգեկան ու իմացական հորիզոնէն:                          :
Երեւի դարձեալ պէտք է յիշեցնել, թէ Քեսապի ու շրջանի գիւղերուն մէջ կայ հայուն նահատակի նուիրուած արիւնը: Ու այդ արիւնը կենդանի է եւ հայուն տուած է տրոփող սիրտ մը ու վիթխարի հոգի մը, որ մինչեւ այսօր տակաւին վեհօրէն կը կանգնի որպէս վերապրող իրականութիւն: Եւ այս վերապրիլը կարելի չէ բռնագրաւել, ոչ ալ` խափանել… Այլ այս վերապրիլը պիտի շարունակէ մնալ հայուն կեանքին համար ամուր կռուան:
Եթէ այսօր Մեղրաձորին ալ կը նայիմ միայն հեռուէն, բայց շատ յստակ կը տեսնեմ անոր “վայրի“ ու “բնական“ գեղեցկութիւնը, որուն խորերէն Քեսապի մեր հայ տղաքը դարձեալ դուրս կու գան որպէս ապրող իրականութիւն` առանց “կորսուելու“… Անոնք գիտեն իրենց “տան ճամբան“ եւ կ՛ուզեն ամուր կառչիլ անոր…
Իսկ մեզի համար, հեռու թէ մօտ, “Քեսապ էլ ժեմիլ“ կը մնայ միշտ գեղեցիկ, բայց նաեւ` ազգային հպարտութեան աղբիւր եւ հիմք…:                  :
“Քեսապ Էլ ժեմիլ“-ը (գեղեցիկ Քեսապ)` մանկութենէս դէպի պատանեկութիւն եւ մինչեւ այսօր… Մեր կեանքերուն գեղեցիկ արժէքը աւելցնող վերապրող իրականութիւն:

No comments:

Post a Comment