Tuesday, March 28, 2017

Քեսապ Եւ Քեսապցիք.
Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ


ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մենք մեր մեծ հայրերէն-մայրերէն յաճախ լսած ենք, թէ` «ժամանակը լաւագոյն դարմանը կը հանդիսանայ ցաւերուն, տրտմութեան, նեղութեանց, ձախողութիւններուն, աղէտներուն…», որովհետեւ ժամանակի ընթացքին մարդիկ կ՛ընտելանան կատարուած պատահարներուն: Կը մոռնան զանոնք: Իսկ ժամանակը անոնց վրայ փոշի կը կուտակէ, եւ այդ բոլորը կը դառնան հին, մաշած, փոշեթաթաւ, անցուկ ու մոռցուկ պատմութիւն:
Բացի… կարգ մը աղէտներէ, անջնջելի ողբերգութիւններէ, որոնք ոչ մէկ պարագայի կը վերածուին յուշի:
Վարդանանքէն ահաւասիկ անցած են աւելի քան 1500 տարիներ, եւ այդ թուականը կը շարունակէ մնալ նոր, այժմէական:
Անիի անկումը, կործանումը:
Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումը:
Եւ այսպէս, անմոռանալի թուականնե՜ր ու թուականնե՛ր:
Եւ այդ անմոռանալի թուականներուն ամենաարիւնոտը, սեւը` հայոց Մեծ եղեռնը, Ցեղասպանութիւնը, որ սկսաւ օսմանեան վաղ ժամանակներէն, անցնելով համիտեան ջարդերէն, Ատանայի կոտորածներէն, հասնելու համար հայոց Մեծ եղեռն, մինչեւ քեմալական ջարդեր ու մէկ դարու վրայ երկարող ճերմակ ու կարմիր ջարդեր (Պաքու, Սումկայիթ…):
Այսօր մենք կանգնած ենք այդ մօտիկ անցեալի թուականներու հանգանակին, եւ անոնց միացումով թէ կուտակումով զանոնք կը կոչենք «Հայոց ցեղասպանութիւն», որուն զոհ գացին աւելի քան երկու միլիոն հայեր, մեր պատմամշակութային դարաւոր անգնահատելի հարստութիւնը եւ մանաւանդ` հողը, երկիրը. այս Ցեղասպանութեան 102-ամեակը պիտի տօնենք մօտ մէկ ամիս ետք:
Հայութեան շատ փոքրիկ մէկ խմբաւորումը` քեսապահայութիւնը, անկարելի է, որ մոռնայ այս թուականները, որքան ալ ժամանակը անոնց վրայ փոշի կուտակէ, կամ մոռացութեան պարտադրանքը բրտօրէն իշխէ անոր, մանաւանդ Ատանայի կոտորածին Քեսապը ենթարկուած էր թալանի եւ հրկիզումի, տեղահանուած էր դէպի Լաթաքիա (Ս. Աստուածածին եկեղեցին), տալով աւելի քան 160 անմեղ զոհեր:
Անկարելի է, որ ան մոռնայ հայոց Մեծ եղեռնը եւ անոր յաջորդող տարիները, երբ ան բրտօրէն քշուեցաւ իր գիւղէն դէպի Տէր Զօրի եւ Դամասկոսի անապատները` տալով աւելի քան հինգ հազար զոհ` իր «համեստ» բաժինը մատուցելով օսմանեան եղեռնակուլ բագինին:
Կարելի՞ է երեւակայել մարդկային հաւաքականութիւն մը, որ ժամանակի բերումով մոռացութեան տար Ա. թէ Բ. համաշխարհային պատերազմները:
Կարելի՞ է պատկերացնել, որ սուրիացի ժողովուրդը գալիք տասնամեակներուն կամ դարերուն մոռացութեան տայ, եւ կամ պատմութենէն ջնջէ 13 մարտ 2011-էն սկսեալ եւ ցայսօր (2017) երկարող արիւնալի տագնապը, զոր իրեն վիճակուած է աշխարհի մեծ պետութիւններուն եւ շրջանային իշխանութիւններուն կողմէ:
Մոռացութեան կրնա՞ն տրուիլ բազմահազար զոհերը, մանաւանդ` հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած, եւ քարուքանդ դարձած երէկուան ծաղկող երկիրը, որուն հոգեֆիզիքական վերականգնումը տարիներ ու տարիներ պիտի պահանջէ:
Անկարելի է մոռնալ:
Եւ քեսապահայութեան համար անկարելի պիտի ըլլայ մոռնալ սուրիական մեր հայրենիքի այս տագնապը, որուն կործանիչ մէկ փոթորիկը, փորձանքը զինք եւս տեղահանեց իր պապենական գիւղէն, երրորդ անգամն ըլլալով` մէկ դարու մէջ, 21 մարտ 2014-ի, մայրերու տօնի, արեւաշող գարնանային առաջին առաւօտուն, զինք շպրտելով Լաթաքիա (վերստին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակն ու շրջակայքը), տալով տասնեակ մը զոհեր:
Անկարելի պիտի ըլլայ մոռնալ, մանաւանդ երբ ճակատագիրի թէ մեծապետական նենգ քաղաքականութեանց բերմամբ, Քեսապն ու քեսապահայութիւնը դատապարտուած է դրացի մնալ Թուրքիոյ` քաղաքակրթութիւններու կործանիչ եւ արիւնարբու պետութեան… մինչեւ արեւոտ այգեբաց մը: Ալեքսանտրեթի բռնագրաւեալ մարզը` «Սանճախը», իր հայկական Մուսա Լեռով վերադառնայ պատմական հայրենիքին` Սուրիոյ գիրկը:
Այո՛, երեք սրընթաց տարիներ անցան այդ արեւագոյն, սակայն սեւ առաւօտէն:
Եւ այդ աղէտի «հաշուական ստացագիրին» հաշուեփակը չէ կատարուած, չէ աւարտած ցարդ:
Անցնող թէ այս տարուան ընթացքին մանր-մանր գրութիւններով արտայայտուած ենք իրագործուած հանգրուաններուն մասին: Սակայն վարի տողերով պիտի փորձենք ամփոփել անցնող մէկ տարին. 21 մարտ 2016-էն մինչեւ 21 մարտ 2017-ը:
Սուրիոյ այս պատերազմական իրավիճակին մէջ Քեսապի վիճակը շատ աւելի լաւ չէր կրնար ըլլալ: Սակայն համարձակիլ եւ ըսել, թէ վատ էր, անճիշդ պիտի ըլլայ: Մեր լաւն ու վատը, Սուրիոյ չափանիշով, համեմատական է:
Տնտեսական եւ կենցաղային տեսանկիւնէն, շարունակուեցան անոր տրուիլ զանազան տեսակի նպաստներ եւ օժանդակութիւններ: Անոր աստուածային` ճակտի քրտինքով վաստակուած բերքը` «օժանդակութիւնը», այնքան ալ փայլուն չէր: Խնձորի բերքին 60 առ հարիւրը գարնանային կարկուտէն վնասուած էր, պատերազմական- տնտեսական շրջափակումի պայմաններուն մէջ բերքի վաճառման արժէքն ալ քաջալերելի չեղաւ:
Մինչեւ 2016-ի աւարտը, յատուկ կարգադրութեամբ, հակառակ Սուրիոյ ամբողջական տարածքին ելեկտրական հոսանքի հերթական երկարաժամ անջատումի դրութեան, Քեսապի մէջ հոսանքը չէր անջատուեր:
Ջուրի մատակարարման գործը ցայսօր անխափան կը կատարուի փոքր սեղմումներով (ելեկտրականութեան հոսանքի անջատման եւ կրճատումներու պատճառով, 2017-էն ի վեր):
Հեռաձայնը թէ համացանցը անխափան կը գործեն:
Վերոյիշեալ երեք առաւելութիւնները, ինչպէս նաեւ, թէկուզ Թուրքիոյ սահմանային հարեւանութեամբ, համեմատական ապահովութիւնն ու անդորրը թոյլ տուին ու ամրան երկու ամիսներուն` յուլիս-օգոստոս, օդափոխութեան եւ զբօսաշրջութեան համեստ «մթնոլորտ» մը տիրէ, թէեւ տասնեակ մը հիւրանոցներէն միայն մէկը կը գործէ, անձերու կողմէ վարձու տրուող տուներուն եւ յարկաբաժիններուն հազիւ թէ 5-7 առ հարիւրը պատրաստ է շահարկման, իսկ աւելի քան 30 ճաշարանէն միայն 3-ը կը գործէր:
Առեւտրական կրճատուած ու սեղմուած շուկան ալ օգտուեցաւ այս կարճատեւ ու համեստ եռուզեռէն:
Երկու հանգրուաններով, կարճ ժամանակուան համար, ամբողջ երկիրը, նոյնպէս Քեսապը ապրեցաւ վառելանիւթի տագնապ:
Տիրող դաժան ցուրտը այս տարի սրեց մազութի պահանջն ու տագնապը, մինչ պենզինի տագնապը շատ շուտով շրջանցուեցաւ: (Սուրիան զրկուած է իր նաւթահորերը օգտագործելէ, անոնք գրաւուած կամ աւերուած են, իսկ շրջափակման պատճառով քարիւղատար նաւերը կը խուսափին Սուրիա քարիւղ փոխադրելէ, որոշ բացառութիւններով):
Դաժան ցուրտին դիմադրելու համար տակաւին կարելի էր այրած անտառներէն ապահովել ածխացած փայտ, որ փոխարինեց սղած մազութին օգտագործումը, ինչպէս` նախորդ տարիներուն:
Ելեկտրական հոսանքի հերթական անջատման դրութիւնը, հաւանաբար գալիք ամառ, ոռոգման գծով դժուարութիւններ ստեղծէ, եթէ պայմանները չբարելաւուին:
Քեսապի ժողովրդային սառնարանը անխափան գործեց մինչեւ 2017-ի սկիզբը, հոսանքի կայուն մատակարարման շնորհիւ, ուր ամբարուած էր խնձորի բերքի մէկ կարեւոր մասը: Վիճակը վատթարացաւ, երբ սկսաւ կիրարկուիլ հոսանքի անջատում, ինչպէս նաեւ վառելանիւթի սակաւութիւն սկսաւ. սակայն սառեցման-պահպանման ժամանակաշրջանի մօտալուտ աւարտին հասնելով` տագնապ չստեղծուեցաւ, եւ մթերուած բերքը չփճացաւ:
Ամփոփելով կ՛ընդգծեմ, որ Սուրիոյ պատերազմական պայմաններուն ի տես, Քեսապի այս համեմատական հանդուրժելի պայմանները, ժողովուրդին իրավիճակը չվատթարացուց այնքան, ինչպէս եղան Դամասկոսի, Հոմսի եւ մանաւանդ Հալէպի պարագային, ուր առօրեայ հերթականութեամբ հրթիռներ տեղացին, արկեր պայթեցան, եւ քաղաքները ենթարկուեցան խաւարի ու ծարաւի (թէեւ երկու փոքր հրասանդի հրթիռներ ինկան պարտէզներուն մէջ` առանց մարդկային թէ նիւթական վնասներու):
Թուրքիոյ հետ սահմանային իրավիճակի մը պատկերը ստեղծուեցաւ, Թուրքիոյ կողմէ կառուցուող 850 քմ, 3 մեթր բարձրութեամբ սահմանային պատի Քեսապի շրջանի 25 ք.-ի կառուցումով: Գրութեամբ մը զայն կոչեցի «Ամօթի պատը», սակայն բարեկամներէս երկրաչափ Լեւոն Գազանճեանը, Հալէպէն, որ Քեսապ եկած էր հետեւելու «Եու. Էն. Տի. Փի.»-ի կողմէ կառուցուող օճառի գործարանի մը շինարարական աշխատանքներուն, կատարելով սրբագրումը, այդ պատը վերանուանեց «Վախի պատ»: Այո՛, Թուրքիոյ կառուցած «Վախի պատ»-ը: Գող, սիրտը դող:
Քեսապի հոգեմտաւոր վիճակը աւելի քան քաջալերական էր:
Ամէնէն գեղեցիկ իրականութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ` Արամ Ա. վեհափառին, ընկերակցութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ ազգայիններու, Սուրիոյ ծովափնեայ շրջաններու շրջապտոյտի ընթացքին Քեսապ կարճատեւ այցելութիւնն էր, որ հոգեպարար եղաւ քեսապահայութեան համար:
Քեսապի հայկական երեք վարժարանները` երկուքը նախակրթարան, երրորդը երկրորդական, ինչպէս նաեւ պետական երկրորդական վարժարանը, անխափան գործեցին, թէեւ անոնց`  հայկական վարժարաններու գոյատեւումը կախեալ է ստացուող նիւթական նպաստներէն (երկու երրորդը անոնց նիւթական եկամուտին):
Աշակերտութեան թիւը չէր կրնար աճ արձանագրել` ի տես նուազած պսակներուն եւ աճ արձանագրած մահերուն:
Պետական երկրորդական վարժարանները կը դիմագրաւեն ուսուցիչներու հարց, որոնք մեծ ծախսերով, փոքր եկամուտին դիմաց, առօրեայ, կու գան հեռաւոր շրջաններէ:
Եկեղեցական կեանքն ալ բնականոն ընթացաւ:
Օգոստոս ամսուն, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ազգայիններու ընկերակցութեամբ, ժամանեց Քեսապ եւ պատարագեց ու կատարեց մատաղօրհնէքն ու բերքօրհնէքը:
Հայ կաթողիկէ համայնքը հիւրընկալեց Լիբանանէն, Զմմառու վանքի վանահայր`  Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանը:
Հայ աւետարանական համայնքը քանիցս հիւրընկալեց համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, որ մօտէն կը հետեւի Քեսապի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (21 մարտ 2014-ին ահաբեկիչներու ներխուժումով պղծուած եւ հրկիզուած) շինարարական աշխատանքներուն:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի ցայտուն գործունէութենէն եղաւ թատրերգութեան մը ներկայացումը, բայց մանաւանդ` «Կիլիկիա» քառաձայն երգչախումբին ելոյթը, խմբավարութեամբ վաստակաւոր խմբավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, որ յատուկ Հալէպէն եկած էր Քեսապ, վերականգնելու իր իսկ կերտած, կրթած, մարզած «Կիլիկիա» երգչախումբը:
Այս արտակարգ ելոյթով հայ երգը վերստին բարձրացաւ` հասնելու համար բռնագրաւուած եւ պղծուած Կասիոս լերան գագաթը:
***
Հակառակ վերը նշուած վարդագոյն ու լուսաշող երեւոյթներուն` տակաւին Քեսապի հորիզոնին վրայ կը տիրեն բաւականաչափ սեւ ամպեր:
Իր 7-րդ տարին թեւակոխած` սուրիական տագնապի իրավիճակը թոյլ չի տար, որ բարելաւուի ո՛չ միայն Քեսապի, այլ համայն Սուրիոյ տնտեսական կեանքը:
Խեղճ տնտեսութիւնը գիւղ չի կրնար պահել:
Թէեւ արտագաղթը, անցնող երեք տարիներուն մօտ 200-ի թիւ մը հնձեց քեսապահայութենէն (զինուորութեան, ուսման թէ այլ պատճառներով  մեկնողներու), սակայն մնացեալ մօտ 1000-ի հասնող թիւին վիճակը, նիւթական, ամուսնութիւններու եւ ծնունդներու սակաւութեան… եւ այլ պատճառներով, մեզ կը մտահոգեն:
Գիւղատնտեսութիւնը կախեալ է կլիմայական պայմաններէն, անոր սպառնալի «կատակներէն» (կարկուտ, սառոյց կամ ամառնային երաշտ…), ինչպէս նաեւ` շուկայի անմխիթար վիճակէն (արտածման անկարելիութիւն, տեղական շուկայի խեղճութիւն), եւ ասոր փոխարէն` պարարտանիւթերու թէ հակավարակային դեղերու տարապայման սղութենէն:
Զբօսաշրջութիւնն ու ներքին առեւտուրը կախեալ են երկրի խաղաղութենէն եւ ապահովութենէն:
Այս բոլորը իրենց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենան երիտասարդութեան եւ մանաւանդ անոր ուսեալ խաւին վրայ, որոնք հարկադրուած` գործի փնտռտուքի պատճառով կրնան լքել գիւղը:
Այսպիսի տեղաշարժ մը, ինչպէս պատահեցաւ 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն, իր անդրադարձը պիտի ունենայ գիւղի կեանքի զանազան բնագաւառներուն վրայ (կրթական, մշակութային, ընկերային… եւ այլն):
Սուրիոյ վերոյիշեալ տագնապին պատճառով կարգ մը ժխտական սովորութիւններ սկսած են սողոսկիլ փոքր խաւի մը կենցաղին մէջ:
***
Այս բոլորին հետ միատեղ, կը մնայ մեզի լաւատեսութեամբ լիցքաւորուիլ, որ շուտով աւարտի կամ գէթ խամրի մեր հայրենիքին` Սուրիոյ տագնապը, եւ կեանքը կամաց-կամաց վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին:
Ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ գիւղիս գոյապայքարի ուղղութիւնը:
Լքել սեւը, փնտռել ճերմակը:
Երգը կ՛ըսէ`
Ձախորդ օրերը
Ձմրան նման.
Կու գան ու կ՛երթան:
Վհատելու չէ…
Հին ճամբաներ, նոր յոյսեր:
Առանց յոյսի չիք կեանք ու Քեսապ ու քեսապահայութիւն:
Եւ յոյսը լոյս է:
Լոյսը ըլլայ Աստուածային, թէ երկրային (իմա՛ ազգային)
Լոյսը յոյս ու լոյս է:

Քեսապ, 17 մարտ 2017 



Դէպի Ո՞ւր... Յակոբ Քորթմոսեան

Դէպի Ո՞ւր...
Յակոբ Քորթմոսեան






28 Մարտ 2017 , 20:44
 (Քէսապցիներու 3-րդ տեղահանութեան 3-րդ տարելիցին առիթով)

Արդէն երեք տարի անցած է Քէսապցիներու 3րդ տեղահանութենէն: Տարիները շուտ անցան, սակայն բացուած վէրքը աւելիով ու աւելիով սկսած է խորանալ:
Անցնող երեք տարիներու ընթացքին եւ մինչեւ այսօր շատ խօսուեցաւ Քէսապի ու քէսապցիներու մասին: Ոգեշնչող ճառեր, գօտեպնդիչ յօդուածներ, ամպագոռգոռ խօսքեր եւ յուսադրիչ խոստումներ… Այո, այս բոլորը կատարուեցան եւ այս բոլորին եկաւ միանալու վերականգնումի քարոզարշաւը:
Երբ բառարանները բանանք եւ փորձենք վերականգնել բային իմաստը հասկնալ, պիտի հանտիպինք հետեւեալ բացատրութիւններուն. «Նորոգել, վերանորոգել, վերակառուցել, վերաշինել, վերահաստատել, վերակազմել, կազդուրել, վերագտնել», եւայլն: Արդարեւ, այնպիսի բացատրութիւններ կան, որոնք կը վերաբերին նիւթական կորուստները, այսինքն՝ որեւէ շինութիւն վերականգնելուն, ինչպիսիք են՝ «նորոգել, վերանորոգել, վերակառուցել, վերաշինել, վերակազմել»: Իսկ անդին, այլ բացատրութիւններ կան, որոնք ուղղակիօրէն մարդու ներաշխարհը վերականգնելու մասին է, որ կը խօսին, ինչպիսիք են՝ «վերահաստատել, կազդուրել, վերագտնել»:

Առանձնաբար ներկայացնեմ.
Նիւթական վերականգնում. Վերջին շրջանին վերակագնումի մասին ծայր առած քարոզարշաւը իր մէջ կը պարունակէ լուրջ մտահոգութիւններ ու մտավախութիւններ: Նախ եւ առաջ ըսեմ, թէ բնաւ կասկածողը չեմ, որ Քէսապի վերականգնումը կարելի է իրագործել ընդամէնը քանի մը ամիսներու ընթացքին: Մենք մարդկային այն տեսակն ենք, որ գիտենք դժուարութիւններու մէջէն շուտ վերականգնիլ, այդ ալ մեր ազգային՝ այս պարագային՝ քէսապցիական մեր իւրայատկութիւնն է: Այս գետնի վրայ չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը կրնայ հակառակը պնդել: Միւս կողմե սակայն, նկատի ունենալով համաշխարհային գետնի եւ ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական զարգացումները, կարելի չէ չմտահոգուիլ ու մտավախութիւն չյայտնել վերականգնումի գործընթացի մասին: Ի՞նչը պիտի վերականգնենք, ի՞նչը պիտի վերաշինենք: Աւելին, որո՞ւ համար պիտի վերակակնգնենք եւ ի՞նչ նպատակ ունի այդ վերականգնումը: Չէ՞ որ ներկայիս նիւթական հասկացողութեամբ անհրաժեշտ կարելիութիւնները կան կեանքը բնականոն կերպով շարունակելու: Փառք Աստուծոյ, եկեղեցիները, դպրոցները, սրահները կը գործեն, ինչի՞ մասին է խօսքը հետեւաբար: Բոլորս ալ վստահենք, որ անցեալի ապահովութիւնը եւ բարօր վիճակը վերականգնելւ անհնար է. կարելի է որ մի քանի տարի լաւանայ, բայց մնայուն չի կրնար ըլլալ: Ներկայիս աշխարհը կառավարող քաղաքականութիւնը թերեւս բոլոր ժամանակներու ընթացքին հանդիպած ամէնէն կեղտոտ եւ լիրբ քաղաքականութիւնն է, որ ոչ մէկ բարոյական արժէք կը ճանչնայ, այլ միայն՝ քաղաքական շահ. վկայ, 21 Մարտ 2014ին Քէսապի դէպքերը… (վստահ եմ առողջ մտածողութեան տէր մարդիկ հասկցան ըսուածը): Առ այդ, վերականգնումի գործընթացին այս պրիսմակէն պէտք է նայիլ եւ ըստ այնմ գործել:

Մարդու ներաշխարհի վերականգնում. Դժբախտաբար, անոնք որոնք մեծ-մեծ կը խօսին նիւթական վերականգնումի մասին, կը մոռնան եւ նոյնիսկ կ՛անգիտանան մարդու ներաշխարհի եւ վիրաւորուած հոգիի վերականգնումի մասին: Այստեղ վերականգնելը պէտք է հասկնալ որպէս՝ վերահաստատել, կազդուրել, վերագտնել: Վերահաստատել ներքին անդորրը, կազդուրել վերաւորուած հոգիները, վերագտնել նախկին խաղաղաութիւնը:
Արդարեւ, բոլոր անոնք որոնք բարձրաձայն կը խօսին Քէսապը վերականգնելու մասին, երբեւէ մտածա՞ծ են քէսապցիներուն վիրաւորուած հոգիները վերականգնելու մասին. այս առումով տեղին է մէջբերել քէսապցի Ստեփան Աբէլեանի խօսքերը. «Այսպէս, երեք տարիներ անցան, ոմանք կը խորհին ակնթարթի պէս: Հաւանաբար ժամանակի առումով շատ ճիշդ, բայց եթէ մեզի հարցնէք, մենք մեր աչքերուն մէջ ափ մը աւազի հատիկներ ունինք, հետևաբար մեր ակնթարթը աւազոտ աչքերու ակնթարթ է... ինչ որ կոպերուդ իւրաքանչիւր շարժումը կը վիրաւորէ, կ՛արիւնի եւ իմացէք թէ Քէսապցին այդ ակնթարթը ինչ-ինչ ցաւերով եւ աչքի վէրքերով է որ կ՛ընէ, ուստի պատճառած անհանգստութիւնը այդ անցնող պահը դժոխքի կը վերածէ... Երեք տարիներ վիրաւոր աչքերու ակնթարթով անցան... եւ ալ չպատմենք այդ արիւնալի աչքին մէջի բորբոքումները… յառաջացած բարդութիւնները որ բժշկութիւնն անգամ անզօր էր կասեցնելու...»:
Աւելին, վերականգնում հոլովողները, երբեւէ մտածա՞ծ են այն քէսապցի երիտասարդներուն մասին, որոնք վերջին տարիներու դէպքերուն պատճառով ակամայ հեռացան Քէսապէն, եւ մինչեւ այսօր շատերը չեն գիտեր թէ ի՞նչ կը սպասէ իրենց: Երիտասարդներ, որոնք այս հանգրուանին պիտի կայուանանային, ընտանիք պիտի կազմէին եւ բնականոն կերպով իրենց կեանքը շարունակէին: Ոեւէ մէկը այդ երիտասարդներուն մասին կը մտածէ՞:
Անդին, ոեւէ մէկը կը մտածէ՞ այն երիտասարդ զոյգերուն մասին, որոնք դեռ եւս կը շարունակեն Քէսապի մէջ ապրիլ, թէ ի՞նչ մտատանջութիւններով է որ կ՛ապրին, մտածելով իրենց մատղաշ զաւակներու մասին: Միւս կողմէ, այն ընտանիքները որոնք արդէն իսկ բանակ ուղղարկելու տարիքին մօտեցող զաւակներ ունին, ոեւէ մէկը անոնց ներէին յուզումներու մասին կը մտածէ՞:

Վերականգնե՛նք, գիւղացիներ, վերականգնենք: Կրկին անգամ կ՛ըսեմ, որ բնա՛ւ չեմ կասկածիր, որ շատ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին, կրնանք այդ բանը ընել: Բայց, նախքան այնտեղ հասնիլը, գէթ մէկ անգամ քաջութիւնը ունենանք իրապաշտութեամբ մօտենալու այս հարցին, եւ մենք մեզի հարցնելու, «այո, վերականգնենք, բայց որո՞ւ կամ որո՞նց համար վերականգնենք»:

22 Մարտ 2017 
 Յակոբ Քորթմոսեան

Յ.Գ. Անկեղծ ըլլալու համար նմանատիպ գրութիւն գրելու մտադրութիւն չունէի, եւ ընդհանրապէս այս առիթով արտայայտուելու մասին չէի մտածեր: Սակայն, վերջին շրջանին ու յատկապէս վերջին օրերուն ծայր առած ծայրայեղ արտայայտութիւնները վերակագնումի մասին, պատճառ հանդիսացան այս տողերը արձանագրելուս:

Արտատպուած՝ ԱՐԵՒԵԼՔ լրատուական  28 Մարտ 2017

www.arevelk.am

Sunday, March 26, 2017

Our House in Canada - Rev. H. Sarmazian/V.H.Apelian

Our House in Canada
 Rev. Hovhannes Sarmazian
Translated and abridged by Vahe H. Apelian, February 2016


After long family discussions and arguments, last October finally we also got a house in Canada. Our house now has its owner, its own address and its unique telephone number. Our children are very happy as if they achieved a victory. They also seem to be a bit proud of their new house. Enthused they call friends a little bit everywhere and herald to them the news of their new house and invite them to come and see their new residence.
Buying a house lately had become an issue of contention in our family and cause for frequent arguments. My elder son who has an aptitude for mathematics had always tried to convince me of the benefits of buying a house citing figures and letting me know how beneficial purchasing a house can be over renting one.                        .

- “Instead of wasting your money paying rent, you can allocate the same amount towards a mortgage and years later the house will be yours.”  My son used to tell me confidently. His sister and brother would join to confirm his saying. I, on the other hand, with my Middle-Eastern mentality, used to ask myself,
- “Am I going to go in hundred of thousands debt? That is not possible. In a situation like that I would lose my sleep during the nights. No, that’s impossible. It is not possible to buy a house when there is no available money for it”, would be my conclusion.                     .

After all this commotion, I would look forward sitting in front of our television during the weekends and enjoy the Armenian program, “New Horizon”. During airing of the program, a spokesperson from an agency that deals with buying and selling properties would invariably appear announcing in support of my children.                      .

- “Are you tired of paying rent? Do you know how easy it is to become the owner of you own house? To know how we can be of help to you, call us”.

And then their business address and their telephone number would appear on the screen.                          .

- “Let us take Dad to the office of the real estate agency, and ask him to stay there until evening so that he will come to realize how beneficial is buying a house instead of renting one”, used to say my daughter to her two brothers.

It is fair that I confess that as a student I also have been pretty good in the subject of mathematics. However, I have not been “open-eyed” when it came to matters of buying and selling. That is why I have always felt that people can easily take advantage of me and thus be able to sell me something they have set at a higher price than it is actually worth.                                .

Finally, being left on my own in my viewpoint, I accepted my defeat and gave in enabling us to get a house for our own. Admittedly our new house is a pretty house with an appealing front yard laden with flowers and a fenced backyard filled with newly planted fruit bearing trees. With its garage and neatly arranged rooms, it is a very livable house. Everything pertaining to the house has been thoughtfully planned.                    .

The previous owner was a former villager from Portugal who is now engaged in construction. What struck me odd is the following: after living in the house for the previous five years and with his own efforts planting the flowers and fruit bearing trees, with total ease and a little bit happy and without showing the slightest sentiments, handed us the keys of the house and walked down the streets during the sunset hours. For a brief moment I wondered if I was deceived this time around too. Why would the man look so happy for having sold his house?                           .

Why should I lie lest I sin? For some time my old car remained idle on the street as it was not operational any more. Three months ago, abiding to the order of the municipality, I called a special agency to tow it away. When they came and tied our old car to their special truck and started hauling it away like the carcass of a dead domestic animal, for a brief moment I followed them and then suddenly an overwhelming sadness overtook me. That iron thing without a soul had been my companion for many years and had served me well. How was it that the Portuguese villager could let go of the house he had tended with his own hands and without slightest emotion hand us the keys and walk away without even taking one last glance?

*****
We are already in our new house. My children are happy and negotiate among themselves as who would occupy which room. Household utensils, furniture, personal items are being placed in their proper spots.

Everyone in the family appears to be happy and enthusiastic. I also am happy to a certain extent. But the source of my happiness is not the house but the result of my children’s happiness. I have to confess that our new house in Canada does not lift my spirits. I do not know why I do not feel at home in the beautiful and comfortable house. It is not because I have accumulated debt that will take years to pay. Some inexplicable, mysterious and mystifying feeling keeps me from embracing without reservation our new house. I liken myself to the young village migrant in the big city who after leaving his first love back in the village marries maybe a more beautiful but nonetheless a strange city girl.                              .

Why is it that everything appears to be artificial and illusory to me in this remote land? These thoughts take me to a distant place, at the northwestern corner of Syria, to Kessab where, at the foot of the Seldran mountain, there is a small Armenian village called Baghjaghaz and to a small house in that village. That small house is our ancestral house. It is modest but entirely and really ours. My grandfather had built it with his hands.

In 1909, during the Adana Massacres, marauding Turkish mobs sacked and torched also Kessab and its surrounding villages. My grandfather returned to his demolished ancestral home once more, and with a renewed faith and with an Armenian stubbornness, had cut the huge pine tree in its yard and from whose trunk and thick branches he had fashioned logs and wood panels to build our house anew.                .

My father tended the house every fall and did the repairs so that its earth-covered roof and its thick stone-walls would stand the fury of winter rain and snow. I remember the blue stone quarry not far from our village. We called the blue stones Kuyruk. Every autumn the able-bodied men of the village would go to the quarry and bring the blue stones and lay them over the roofs and then go over them with large stone-rollers to crush and pack them on the rooftop against the rain.                     .

Our Bagjaghaz house had history as to who was the carpenter who made the wooden windows and its shutters and who was the master mason who had laid down its thick wall and layered it with kirej - a special cementing material the villagers prepared. My father would tell us such things about the house with supreme patience.

The wooden logs supporting the roof extended approximately a foot or so beyond the walls. Over the extension stones were placed to contain the blue crushed stones on the rooftops. At times the stones from the perimeter of our roof would fall casting the image of an old person some of whose front teeth are missing. Below these stones, along one of the walls, three chicken coops
were placed for the hens to lay their eggs. It was so pleasant to hear the hens vocalizing after laying their eggs and expecting my mother to offer them extra feed.                     .

It is not possible not to remember the mulberry tree in our courtyard. In the evenings Uncle Elesha would come and lean against the trunk of the tree while holding his pipe and waiting for my father to step out of the house to chat under the moonlight of bygone days.                      .

Our house consisted of two rooms. One was at ground level and was used as the stable. The other room was over the stable. On a June day I was born in a corner of its wooden floor without the assistance of a nurse or a medical doctor. Our unschooled but expert midwife Hannoush Nanar (grandma) had helped my mother give birth.                  .

My mother would tell of the episode as if it was a fairly tale. “It was in late June; the fruits of the apricot tree in our yard had barely started ripening. It was harvest time and all of us had gone to the fields. I started feeling not well. I came home early and had people summon Hannoush Nanar. That evening, before sunset, you were born.”                             .

Our ancestral home in the village, where I have first opened my eyes and uttered my first cry has anchored an unbreakable bond in me. I maintain a spiritual connection with its stones, wooden logs, and its cozy hearth however inanimate objects they are. I realize that the residence that resonates the most sentiments in the person is one’s ancestral home where the person is born and raised.                                  .

I liken myself to the restless lad in the poem who ventured out of their modest home at the foot of the hill, next to a creek in search of better accommodation. He went onto the world and saw many large and beautiful houses but in each one of them he found something amiss and longingly returned to his modest home at the foot of the hill, next to the creek.                     .


And now in our new and beautiful house in Canada, I do not know why, I feel a stranger. I wonder why my joy is not genuine and unbound. Why is that, things on these Western shores appear alien to me? When? Why? And how is that I lost my ability to acculturate anew?                      .

I direct my thoughts to our ancestral home in the village and wonder; what is that it is so magnetic and so profound that continues to attract me to it even half a century later? Small memories from my ancestral home continue to stir emotions in me and I revert to that little child I was who recited the poem proclaiming the sweetness of his home.  
 
Published on Keghart.com (http://www.keghart.com)

Translated and abridged by Vahe H. Apelian, February 2016

Friday, March 24, 2017

«Մէքթուպ իմ Պէպկօն» - Արա Քէշիշեան


“A Letter To Grandpa”                                                                                                 
by Ara Kechichian   / Translated by V.H.Apelian                                               

In my dream when I saw you                                                                                        
You had come to say something,                                                                                     
I saw you much troubled                                                                                                    
You were right to be angry                                                                            
A stick in your hand, you made me afraid                                   
White garment, white beard                                                    
 I had not seen you like that, Grandpa                                    
You had come to visit me                                                         
I saw a longing in your gaze                                                     
For the land, the air and the water of Kessab                                  
I saw a thirty-years long, longing.                                                
I know you found my house with difficulty                     
Kessab has changed nowadays                                                      
You had difficulty finding your ward                                     
The house you built exists no more                                     
Did you look for the mulberry tree you planted?              
The Laurel tree and the walnut tree?                              
The oven place, we sold it                                                 
We got rid of the Balent’s section                                      
We had a building erected in the orchard                            
and bought a car instead
We purchased many and many new things                                    
We built a new Kessab                                                                   
“It is now that I just died”, you said                                        
You were right to say so                                                                
You were right to be angry                                                                 
You have the right to beat me                                                        
To cast me in a fire                                                                      
You had a right to return to say                                                        
In one glance, I understood you                                                       
At that very moment I opened your wounds                       
Kessab is a legacy handed to us                                         
Destined for passing it on to our grandchildren 
Claiming ownership of our lands                                             
“the land cannot be sold”, you said                                     
 “The land sustains the person”                                                                    
You had a right to say so                                                                                  
And be angry at me.                                                                                         
I opened my eyes, you were not there, Grandpa                                          
You left troubled, do not go, Grandpa                                                         
I wish you had come earlier                                                            
Openend my blinded eyes                                                                             
I promise you Grandpa                                                                                 
To safeguard our lands                                                                             
Given to us as a legacy by our elders                                                      
Come back, come back, sweat Grandpa                                                       
I promise you, Grandpa                                                                              
To guard our lands                                                                                          
The legacy of our elders                                                                          
Come back, come back, Sweet Grandpa