Wednesday, August 30, 2017

Քեսապի Ոսկի Աշունը - ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Քեսապի Ոսկի Աշունը

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ




Աշուն էր… Քեսապի ոսկի աշունը: Օդը պայծառ էր,  եւ արեւի տաքութիւնը` նուազած: Ծառերը հետզհետէ սկսած էին թօթափել իրենց տերեւները: Ոտքերուն տակ հողը մերթ չոր էր, մերթ խոնաւ, ամէն ոք ճամբեզրերու չորցած թուփերուն եւ վայրի ծաղիկներուն հոտը կ՛առնէր:
Կը փչէր քամին ու ամէնուր կը տանէր մէկ կողմէ աւանդական ռուպին բոյրը, իսկ միւս կողմէ` սնտուկներուն մէջ խնամքով շարուած խնձորներուն ու խաղողներուն բոյրը:
Մըշըլ պապուկն էր հոն, կրակին գլուխ անցած` կը հետեւէր եռացող խաղողի հիւթին, որ հետզհետէ պնդանալով` ռուպ պիտի դառնար: Մըշըլ պապուկին կրակը աշնան չէր մարեր, շաբաթներով վառած կը մնար, որպէսզի թաղեցիները հերթով իրենց խաղողներուն ռուպը պատրաստէին:
Բերքահաւաքի աշխատանքներէն յոգնած` գիւղացիք կը հաւաքուէին կրակին շուրջ, մէկ կողմէ կը հետեւէին կրակին, իսկ միւս կողմէ` իրենց աչքերը երկինք կը յառէին ստուգելու համար ամպերուն ուղղութիւնը եւ հաւանական անձրեւի մը գալուստը, որ կրնար չարաբաստիկ ըլլալ խաղողի ռուպի պատրաստութեան աշխատանքներուն համար:
Մըշըլ պապուկն ու բոլոր ծերերը, հակառակ միջին տարիքի մարդոց ու երիտասարդներուն, հանգիստ կը շարունակէին իրենց գործը` չյագենալով աշնան բարիքները տեսնելով եւ դեղնած տերեւներուն սօսափը վայելելով. ո՜վ գիտէ, գալ աշնան պիտի կարենայի՞ն արբենալ խաղողի ողկոյզներէն ու խնձորի առատ օրհնութենէն…
Դէպի մօրաքրոջս տուն տանող ճամբու եզրին էր Մըշըլ պապուկին հնձանն ու կրակը: Մանկութեանս ամէնէն շատ աշնան կը սիրէի քալել դէպի մօրաքոյրենցս տուն, որպէսզի առիթ ունենայի վայելելու այդ հրաշալի արարողութիւնը:





Որթատունկերէն խաղողի ողկոյզները կը քաղուէին ու կը զետեղուին զամբիւղներու եւ սնտուկներու մէջ, ապա խնամքով կը լեցուէին հնձանին մէջ: Հերթով տղամարդիկ,  յատուկ տրեխներ հագած, կը ճմլէին խաղողի հատիկները, որոնք դուրս կու տային ամբողջ ամառուան մը արեւէն քաղցրացած իրենց հիւթը, որ կը զետեղուէր յատուկ պղինձէ դոյլերու եւ ամաններու մէջ: Խաղողի հիւթին կ՛աւելցնէին ճերմակ հող մը, որ «հաւուրա» կը կոչուէր, որպէսզի այդ նիւթի օգնութեամբ կարելի ըլլայ զտել ու արցունքի պէս զուլալ դարձնել խաղողէն ստացուած հիւթը: Վերջապէս կարգը կը հասնէր կրակին: Խոշոր լաղերու մէջ կը տեղադրուէր այդ զուլալ հեղուկը ու զգուշութեամբ կը դրուէր կրակին վրայ: Տղամարդիկ հերթաբար կը հսկէին կրակը, իսկ Մըշըլ պապուկը տախտակէ պզտլիկ ու ցած աթոռի մը վրայ նստած` կը հետեւէր եռացող ու քիչ-քիչ պնդացող հիւթին: Խաղողի հիւթին գոյնը կրակի տաքութեան տակ կը դառնար ոսկեգոյն ու ապա` մուգ կարմիր: Վերջապէս կը հասնէր մանուկներուն եւ բոլորին սիրելի պահը: Ամբողջապէս ռուպ չդարձած` հեղուկէն քիչ մը կը փոխադրէին այլ ամանի մը մէջ եւ ջրադդումով նոյն հեղուկը կը հոսեցնէին նոյն ամանին մէջ եւ ահա կը գոյանար առատ, ոսկեգոյն եւ խիտ փրփուր:
– Է՜յ, հէ՜յ, «փրփոր»,- կը կանչէր Մըշըլ պապուկն ու բարձրէն կը թափէր հեղուկը տաշտին մէջ ու որքան ձեռքը բարձրացնէր, այնքան աւելի շատ կը գոյանային փրփուրները տաշտին մէջ:
Փրփրալից ամանին շուրջ կը հաւաքուէինք նախ մենք` փոքրերս, եւ կը ճաշակէինք փրփուրը դափնիի տերեւներէն պատրաստուած յատուկ դգալներով:
Դէպի մայրամուտ խոնարհող արեւը բան չէր ըսեր ո՛չ Մըշըլ պապուկին, ո՛չ ալ գիւղացիներուն, որոնք գիշերները մինչեւ լոյս արթուն կը մնային խաղողի ռուպի պատրաստութեան համար: Տքնաջան աշխատանքը փաստօրէն խրախճանքի կը վերածուէր` ուրախութիւն, կերուխում, երգ ու պար: Շատ անգամ ծայր կ՛առնէր շուրջպար մը ու կը վերջանար կեցցէներով ու ծափերով:
Ոսկի աշնան Քեսապ ոչ միայն տարբեր գոյներ կը հագնի, այլեւ կ՛ունենայ տարբեր բոյրեր` բերքահաւաքի, խաղողի ռուպի, նուռի հիւթի, ձմեռնային պաշարի եւ համեմունքներու պատրաստութեան գոյներ ու բոյրեր, որոնք աւանդութիւն դարձած են, եւ որոնց պատրաստութեան ամէն մէկը յատուկ եղանակ ու արարողութիւն ունի: Այսօր չկայ Մըշըլ պապուկը, չկան նաեւ գիւղի ծերերը, բայց քեսապցիք կը շարունակեն ապրիլ ու վայելել Աստուծոյ բարիքները` ապրեցնելով դարերու խորերէն եկած Քեսապի բոլոր աւանդութիւնները:




Արտատպուած՝

No comments:

Post a Comment