Saturday, August 12, 2017

ՀԱՅԵՐԸ ՔԵՍԱՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ( Բ. ) - ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

ՀԱՅԵՐԸ ՔԵՍԱՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ( Բ. )

 

 

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

 

 

 





Քեսապ աւանը հայկական հին բնօրրան է կը գտնուի Կասիոս լերան հարաւային կողմը, 850 մեթր բարձրութեան վրայ:
Աւանդութեան մը համաձայն, Քեսապը հիմնած են Ներքին Գիւղի բնակիչները: Ըստ բանաւոր եւ գրաւոր տուեալներու, առաջին հայ ընտանիքներու Քեսապ հաստատման թուական ընդունուած է 16-րդ դարը, իսկ հայ համայնքի կազմաւորման թուական` 18-րդ դարու սկիզբները: Յիշատակուած է իբրեւ շրջանի տասնեակ մը հայ գիւղերու հոգեւոր, կրթական, տնտեսական եւ վարչական կեդրոն:
Քեսապ Սուրիոյ լաւագոյն ամառանոցներէն է:
Սուրիոյ կեդրոնական վիճակագրական գրասենեակի տուեալներով՝ 2004 թուականին Քեսապի բնակչութիւնը կը հաշուէր 1754 հոգի: Քեսապցիները հիմնականին մէջ կը խօսին Քեսապի բարբառով:
Քեսապ այցելողներու թիւը կ’աւելնայ յատկապէս Օգոստոսին, երբ շրջակայ գիւղերու բնակչութիւնը կը ժամանէ Քեսապ՝ նշելու Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնը: Քեսապի մէջ կը նախաձեռնուի սկաուտական բանակումներ:
Նշանաւոր էր Քեսապի շուկան` իր արհեստաւորներով. ջուլհակ, կօշկակար, կլայեկագործ, դարբին, ատաղձագործ, դերձակ, պայտար, համետագործ եւ հիւսն: Շրջակայ թուրքմէն գիւղերը ամէն կարիքի համար Քեսապի վարպետներուն կը դիմէին: Քեսապը յայտնի է դափնիէ պատրաստուած բնական օճառներու արտադրութեամբ եւ խնձորի մշակութեամբ:
Նշանաւոր է Քեսապի գրադարանը, որ ունի գիրքերու ճոխ հաւաքածոյ. հիմնուած է 1910 թուականին:
20-րդ դարու սկիզբին Քեսապ աւանը կը բաղկանար 3 թաղերէ՝ Արեւմտեան, կեդրոնական եւ արեւելեան շրջապատուած 3 կողմէ լեռներով: Շինարարական մեծ թափ մը կը սկսի Ատանայի ջարդէն ետք սակայն 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով կանգ կ’առնէ: Այս ժամանակաշրջանին մէջն է, որ կը շինուի գրադարանը, Սահակեան դպրոցը, Աւետարանական համայնքի դպրոցը:
Ուսումնասիրաց վարժարանի, Լատին եկեղեցիի եւ դպրոցի, երկյարկանի բնակարաններու շինութիւնը եւ վերանորոգումը կը սկսի 1920 թուականներուն: Կը բարեկարգուին նաեւ փողոցներն ու գիւղի հրապարակը:
1952 թուականին Քեսապ կ’ունենայ ելեկտրականութիւն, ջուրի ցանց, կոյուղի: Միւս կողմէ, Քաղաքապետարանը կ’ունենայ մնայուն եւ բաւարար պաշտօնէութիւն:
21-րդ դարու սկիզբին Քեսապ աւանը բոլորովին կերպարանափոխուած է՝ դեռ կը մնան քանի մը կարմիր կղմինտաւոր տուներ սակայն անոնց կողքին կը բարձրանան 5-էն 6 յարկանի շէնքեր, տասնեակ մը պանդոկներ, ճաշարաններ, զբօսավայրեր եւ այլն: Պահելու համար գիւղի հին տուներու ոճը «Երկիր եւ Մշակոյթ» միութիւնը կեդրոնական թաղի տուներէն մէկը գնեց 20-րդ դարու վերջաւորութեան եւ նորոգեց կարելի եղածին չափ պահելով իր նախատիպարը:
Ներկայիս Քեսապ շրջանը օժտուած է հեռաձայնային ցանցով: Հեռատեսիլ, ձայնասփիւռի գործիք, համակարգիչներ եւ այլն կարելի է տեսնել բոլորին մօտ: Քեսապ կապուած է համացանցով աշխարհի բոլոր երկրամասերու հետ:
Վերջին 20 տարիներու ընթացքին լայն թափ ստացած է շինարարութիւնը, կառուցուած են շարք մը պանդոկներ, բնակելի շէնքեր, վերանորոգուած կանգուն եկեղեցիներ:
Հայ երեք համայնքները համերաշխ ներկայութիւն են` իրենց հոգեւոր թէ կրթական կառոյցներով:
Յուլիս 1, 2001-ին, պաշտօնական բացումը կատարուած է Քեսապի արդիական զբօսաշրջկական համալիրին, ձեռամբ` Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի:
Քեսապի մէջ կը գործէ «Միսաքեան Մշակութային Կեդրոն»ը, ուր տեղի կ’ունենան դաշնամուրային, օտար լեզուներու, պալէի եւ այլ դասընթացքներ:


Քեսապի մէջ կը գործէր հայկական երեք յարանուանութիւններու եկեղեցիները:
– Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցի-մատուռը հիմնուած է 17-րդ դարուն եւ 1865 թուականին, աւելցած է մկրտութեան աւազանը:
1880 թուականին, տիրող հոգեւոր-կրթական զարթօնքին իբրեւ արդիւնք, քանդուած է մատուռը եւ կառուցուած` ներկայի եկեղեցին (թէեւ հողածածկ տանիքով): Ապա 1903 թուականին, շինուած է զանգակատունը: Վաւերական փաստ մըն է հնադարեան եկեղեցւոյ մասին վկայող. միակ արձանագրութիւն մը, որ կ’ըսէ: (ԱՅՍ Է ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ՈՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑԱՒ ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ 1880-ին):
1973-ին, նորոգուած է առաստաղը: 1992 թուականին, հիմնովին բարեզարդուած է ներքնամասը: Նոյեմբեր 20,1992 թուականին, վերաշինուած է եւ օծուած, ձեռամբ` Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (նախագիծ եւ իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Անդրանիկ Մարկոսեանի):
1997-ին, եկեղեցին ու գմբէթը դուրսի կողմէն քարապատուած են: Բարեկարգուած է նաեւ շրջակայքը եւ «Սահակեան» սրահը:
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ են երիցատունն ու Ազգային Սահակեան սրահը, ուր կը գործէ Կիրակնօրեայ Դպրոցը:

Քեսապի վարժարանի  աշակերտուհիներ
1939-էն վերջ, ամէն տարի, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին կիրակիին, ժողովրդային ուխտագնացութիւն կը կատարուի:
Քեսապի նախնական գերեզմանատունը գտնուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: 1880 թուականին, եկեղեցւոյ վերակառուցման ընթացքին, աճիւնները ամփոփուած են հասարակաց փոսի մը մէջ` արեւմտեան դրան առջեւ. իսկ յետագային փոխադրուած` ներկայ վայրը՝ Հայոց Ազգային Գերեզմանատունը, ուր գիւղին յարող բլուրին լանջին Ապրիլ 24,1964 թուականին, իրագործուած է Ապրիլեան նահատակաց Յուշարձանը` ի յիշատակ քեսապցի անշիրիմ նահատակներուն-Սիւն Խաչ: Նախագիծ եւ իրագործում՝ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի: Հոն կանգնած է յուշաքար մը, որուն վրայ արձանագրուած է հետեւեալը. «Յուշարձան քեսապցի անշիրիմ նահատակներու յիշատակին, ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակին առիթով, Քեսապ, Ապրիլ 24, 1964»:
Սեպտեմբեր 23, 2009 թուականին շրջափակին մէջ կանգնած է «Ապրիլեան նահատակաց նուիրուած խաչքար-յուշակոթող»ը: Նախագիծ եւ իրագործում՝ Մաթիկ Էպլիղաթեանի:
Տարիներ շարունակ Ս. Աստուածածին եկեղեցին կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Քեսապահայութեան կեանքին մէջ:
Պէտք է շեշտել որ Ս. Աստուածածին եկեղեցին Քեսապի մէջ Առաքելական համայնքի գործող եկեղեցին է. շրջակայ գիւղերուն մէջ վերոնշեալ համայնքը ունի նաեւ Առաքելական եկեղեցիներ եւ մատուռներ:
Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, Քեսապ եւս իր բաժինը ստացաւ: Մարտ 21, 2014 թուականին երբ Քեսապ բռնագրաւուեցաւ, ահաբեկչական խմբաւորումներ սրբապղծեցին Ս. Աստուածածին Եկեղեցին՝ սրբանկարներ պատրուեցան, խաչեր քարուքանդ եղան եւ այլն:


– Քեսապի Հայ Կաթողիկէ առաջին եկեղեցին կառուցուած է Անտոնեան միաբանութեան հայրերուն կողմէ 1861-ին ու կը նուիրուի Անարատ յղութեան՝ Աստուածամօր: Իսկ 1925-ին Ֆրանչիսկեան հայրերը կը կառուցեն Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցին: Լատին հայրերը Քեսապի մէջ կը ծառայեն մինչեւ 1946, անոնք երբ կը հեռանան Քեսապէն իրենց եկեղեցին կը յանձնեն Հայ Կաթողիկէ համայնքին: Ժողովրդապետութեան կը ծառայեն Զմմառեան վարդապետներ եւ կապուած են պատրիարքութեան:
Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի Մարտ 20, 2016 թուականին, տեղի ունեցաւ յուշակոթողի բացում, ի յիշատակ Քեսապի երեք տեղահանութիւններուն՝ 1909, 1915 եւ 2014 թուականի:
Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու մուտք գործելով Քեսապ քանդուած էր Ս. Միքայէլ վանքի պատմական զանգակները:
Արդարեւ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի օգնութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի նուիրատուութեամբ, քանդուած պատմական զանգակները վերանորոգուեցան Լիբանանի «Պէյթ Շապապ»ի մէջ ու վերադարձան Քեսապ:
Կիրակի՝ Օգոստոս 21, 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Արհիապատիւ՝ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, առաջնորդ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Թէմին: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ վերանորոգ զոյգ զանգակներու օծումը եւ Երջանկայիշատակ՝ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին նոր դահլիճի բացումը:
Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց միութիւնը կազմուած է 1996 թուականին, սակայն այդ թուականէն առաջ միշտ գոյութիւն ունեցած է խումբ մը կամաւոր ու ժրաջան տիկիններ եւ անձնուէր օրիորդներ, որոնք բոլոր նուիրուածութեամբ կ’ապահովէին եկեղեցւոյ բարեզարդումը եւ բարեկարգաւորումը:

Քեսապի Միսաքեան կեդրոնի շէնքը բռնագրաւումէն առաջ եւ վերջը
Սոյն միութիւնը ունի իր վարչակազմը, անդամուհիները եւ իր հոգեւոր վարիչը: Նպատակն է ապահովել եկեղեցւոյ բարեզարդումը, կազմակերպել մշակութային եւ այլեւայլ ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ վառ պահել մեր ժողովուրդին մէջ հայկական աւանդութիւնները բազմատեսակ միջոցառումներու ընդմէջէն:
Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, հին օրերէն ունեցած է իր շուրջ Կիրակնօրեայի պատանեկան շարժում, այդ շարժումը կոչուած է «Կիրակնօրեայ», աւելի կանոնաւորապէս գործած է 1983-էն ի վեր շնորհիւ խումբ մը նուիրեալ երիտասարդներու եւ 1993-ին երբ նշուեցաւ սոյն շարժման տասնամեակը, այդ օրէն ի վեր ան կոչուեցաւ «Հ.Կ.Մ.» այսինքն՝ Հայ Կաթողիկէ Միութիւն:
1995 թուականին Հ.Կ.Մ.-ի պատանեկան միջ-մասնաճիւղային երրորդ համագումարէն ետք, ան ունեցաւ նաեւ իր պաշտօնական Կանոնագիրը:
Հ.Կ.Մ. պատանեկանի նպատակն է պատանիներուն ջամբել քրիստոնէական եւ հայկական դաստիարակութիւն, զանոնք միշտ պահել եկեղեցւոյ գիրկը եւ տոգորելով անոնց սրտերը հայկականութեամբ եւ հայասիրութեամբ:
Հ.Կ.Մ.-ը ունի իր հոգեւոր վարիչ վարդապետը եւ Պատանեկան խորհուրդ մը, իբրեւ պատասխանատուներ:
Հ.Կ.Մ.-ը յատուկ իր դաստիարակչական ծրագրի կողքին ունի զանազան գործունէութիւններ՝ ընկերային, մարզական, գեղարուեստական եւ այլն:

– Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին գոյութիւն ունեցած է 1853 թուականին, պաշտամունքները կատարուած են զանազան բնակարաններու մէջ: 1909 թուականին աշխատանք կը տարուի կառուցելու եկեղեցաշէնք մը, սակայն հայոց դէմ գործուած ջարդերն ու կոտորածները պատճառ կը դառնան, որ շէնքի շինարարութիւնը՝ 1911-1913 տարիներուն կիսատ մնայ: Յատկապէս Հայոց ցեղասպանութիւնն ալ վրայ հասնելով ի վիճակի չըլլար, որ շէնքի կառուցումը աւարտի: Հետեւաբար հանգրուանային ձեւով կառուցումները ի վերջոյ կ’աւարտի 1971 թուականին:
Քեսապի հայ Աւետարանական Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը ունի քանի մը տասնեակ անդամուհիներ, որոնք ամէն շաբաթ կը հաւաքուին ունենալու իրենց աղօթքի, Աստուածաշունչի սերտողութեան, ազգային, առողջապահական եւ այլ նիւթերու պահերը: Միութիւնը տարուան ընթացքին կ’ունենայ տարեկան երկօրեայ համագումար, պտոյտ, տարբեր առիթներու ձեռնարկներ եւ ցուցահանդէս:
Քեսապի հայ Աւետ. Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ եւ Տիկնանց Միութեան առաքելութիւնը եղած է եւ կը մնայ Քրիստոսի սիրով եւ հոգիով ծառայել կարօտեալին, հասնիլ անկարին ու հիւանդին:
Մարտ 21, 2014-ի առաւօտեան, ահաբեկչական խմբաւորումներ երբ ներխուժեցին Քեսապ, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ շէնքը սրբապղծեցին, հրոյ ճարակ դարձուցին եւ աւերեցին:
Քեսապի ազատագրումէն ետք՝ քանի մը տարուան ընթացքին եկեղեցւոյ նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքները աւարտեցան: Այնուհետեւ, Յուլիս 9, 2017 թուականին եկեղեցւոյ շէնքին վերանորոգման նուիրուած պաշտամունք կատրուեցաւ:


Քեսապի մէջ գործող հայկական դպրոցներուն թիւը նոյնպէս երեք եղած է:
Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարան
1919 թուականին Գաղթականութենէն վերապրողներու տունդարձէն ետք, Քեսապի Առաքելական եւ Աւետարանական համայնքները կը հետեւին Ազգ. միութեան որոշումներուն ու կը պահեն երկու Միացեալ Վարժարաններ, մէկը աղջկանց իսկ միւսը մանչերու: Քանի մը տարի ետք համայնքային երկպառակութեան պատճառով վարժարանը կը փակուի եւ կը բացուին նախկին յարանուանական դպրոցները:
1924-ին կը վերաբացուին ազգային եւ աւետարանական դպրոցները:
Աշնան կը բացուի Ուսումնասիրաց Միւթեան երկրորդական վարժարանը (1925-1938) ժողովրդային գրադարանին շէնքին մէջ: Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանը կը հանդիսանայ Սուրիոյ առաջին հայկական երկրորդական վարժարանը
1928-ին դպրոցը կ’ունենայ իր սեփական գեղեցիկ շէնքը, գիւղէն դուրս լաւագոյն դիրքի մը վրայ՝ ընդարձակ խաղավայրով:
1936 -1937 թուականին դպրոցը կը վերածուի միջնակարգ վարժարանի, իսկ 1938 -1939-ին կը միանայ միացեալ նախակրթարանին:
1938-ին Ուսումնասիրաց միջնակարգ դպրոցը եւ միացեալ նախակրթարանը (բացուած 1933 թուականին) կը միանան Ուսումնասիրաց Միացեալ անուան տակ:
1938-1958 դպրոցը կ’ըլլայ ութամեայ, 1958–1963՝ եօթամեայ, իսկ անկէ ետք միայն վեցամեայ նախակրթարան:
Ազգ. Ուսոմնասիրաց Միացեալ վարժարանի աշակերտութեան թիւը տարիներու ընթացքին եղած է հետեւեալ ձեւով, մինչեւ հայրենադարձութիւն (1947) վարժարանը կ’ունենայ 200-250 աշակերտութիւն: 1942-1943 տարեշրջանին կ’ունենայ 219 աշակերտ-աշակերտուհի: 1944-1945 տարեշրջանին 204 աշակերտ: Հայրենադարձութենէն ետք աշակերտութեան թիւը չ’անցնիր 176-ը: Իսկ 1948-1949 տարեշրջանին՝ 145 աշակերտ: 1985-1986 թուականին՝ 80 աշակերտ:
Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի շէնքը 1996 թուականին հիմնովին վերանորոգուեցաւ, յաջորդող տարիներուն վարժարանը օժտուեցաւ ջերուցման ցանցով, համակարգիչի սենեակով եւ ուսուցման արդի սարքաւորումներով:
2002-ին պետկան մարմիններու կողմէ ձեռք բերուեցաւ պետական արտօնագիր, վարժարանը վերածելու Միջնակարգ դպրոցի (իննամեայ):
2005 – 2006 տարեշրջանին վարժարանը տուաւ իր առաջին Ը. կարգի շրջանաւարտները, որոնք ներկայացան պետական քննութիւններուն (Պրովէի):
2000-էն ետք ընդհանուր աշակերտութեան (մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ) թուային պատկերը եղաւ հետեւեալ ձեւով.- 2002-2003 տարեշրջանին 151 աշակերտ: 2005-2006 թուականին՝ 196 աշակերտ: 2007-2008 թուականին՝ 226 աշալերտ:
2008-ին Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանը վերաբացուեցաւ, իբրեւ Ճեմարան:


Հայ Աւետարանական Վարժարան
Քեսապի Հայ Աւետարանական Վարժարանը հիմնուած է 1848-1852 ժամանակաշրջանին: Ըստ 1852-ի տուեալներուն ունեցած է 20 աշակերտներ, 1853 թուականին երբ եկեղեցին պետական ճանաչում կը ստանայ, աշակերտութեան թիւը կը կրկնապատկուի, ու կ’ըլլայ 45:
1855-ին կը հիմնուին անջատ երկու դպրոցներ, մէկը՝ մանչերու, ու միւսը աղջիկներու, որոնք անընդհատ կը գործեն մինչեւ 1915 թուականը: 1857 թուականին երկու դպրոցներու աշակերտութեան թիւը կը հասնի 251 աշակերտի:
1860-ական թուականներուն, աղջկանց վարժարանի կողքին կը սկսին չափահաս աղջիկներու ու կանանց գիշերային ու ցերեկային դասընթացքներ:
1908-ին աղջկանց բաժինը կ’օժտուի գիշերօթիկի բաժինով մը՝ հեռաւոր գիւղերէն եկող աշակերտուհիներուն համար, ու դպրոցը կը վերածուի բարձրագոյն վարժարանի: 1911 թուականին շրջանաւարտներու առաջին հունձքը կու տայ:
Մանչերու վարժարանը՝ 1874-1884-ի միջեւ կը վերածուի միջնակարգի:
1905-1915-ներու միջեւ դպրոցը կը բանայ գիշերօթիկի բաժին մը, ու 1911 թուականին կը ճանչցուի իբր բարձրագոյն վարժարան:
1908-ին, տղոց եւ աղջկանց վարժարանները ունեցած են 472 աշակերտներ-աշակերտուհիներ:
1909-ի ջարդերուն, թուրքերը կը քանդեն ու կ’այրեն դպրոցի շէնքերը:
1910-ին կը կառուցուին երկու դպրոցական շէնքեր, արեւելեանը՝ աղջկանց, իսկ արեւմտեանը՝ մանչերու:
Մանչերու վարժարանին հսկողութիւնը 1855-1861 տարիներուն կը ստանձնեն Ամերիկացի Միսիոնարներ, ապա զայն կը յանձնեն Քեսապի Հայ Աւետ. Եկեղեցիին: Իսկ աղջկանց վարժարանին վրայ Ամերիկացի Միսիոնարուհիներու հսկողութիւնը կ’երկարի 1855-1911, ապա կը յանձնուի Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին:
Տարագրութենէն առաջ, 1914 թուականին, Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետ. վարժարաններու աշակերտութեան թիւը եղած է 900:
Տարագրութենէն ետք, 1924 թուականին կը վերաբացուի Քեսապի Աւետ. վարժարանը՝ երկսեռ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով:
1925-1926 տարեշրջանին, վարժարանը կ’ունենայ 165 աշակերտ-աշակերտուհի: Այս տարեշրջանին կը նորոգուի դպրոցի շէնքը:
1927-1928 տարեշրջանին, պայմանագրութիւն մը կը կնքուի Քեսապի Հայ Աւետ. վարժարանի հոգաբարձութեան եւ Ուսումնասիրաց Ընկերութեան երկրորդական վարժարանի հոգաբարձութեան միջեւ, որ Հայ Աւետ. վարժարանի բարձրագոյն դասարանի աշակերտները ընդունուին Ուսումնասիրաց Ընկերութեան երկրորդական վարժարանէն ներս:
1932-1933 տարեշրջանին վարժարանը կ’ունենայ 208 աշակերտ-աշակերտուհիներ:
1933-1934 տարեշրջանին աշակերտութեան թիւը կը նուազի 83-ի, ներքին բաժանումներու պատճառով:
1835-ին Հայ Աւետարանական Հալէպի շրջանային Յանձնաժողովի հովանաւորութեան տակ, Քեսապի Հայ Աւետ. վարժարանը կը բարձրանայ բարձրագոյն նախակրթարանի (junior high school), կ’ունենայ 260 աշակերտ: Նոյն թուին, Քեսապի եւ շրջակայ Հայ Աւետ. վարժարաններուն աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը հասնի 447-ի:
1942 թուականին վարժարանը կը վերածուի իննամեայ միջնակարգ վարժարանի: 1944-1945 ուսումնական տարեշրջանին, վարժարանը կ’ունենայ 152 աշակերտ-աշակերտուհի:
Ներգաղթէ ետք, աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն կը նուազի, որովհետեւ Աւետարանական ընտանիքներ մեծ թիւով Հայրենիք կը ներգաղթեն:
1947-1948 տարեշրջանին վարժարանը կ’ունենայ միայն 30 աշակերտ:
1953-ին դպրոցին կառավարական արտօնութիւնը կը վերանորոգուի իբր մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժիններով եւ կ’ունենայ 84 աշակերտ:
1959-ին կը վաւերացուի անոր անունը՝ «Հայ Աւետ. Նահատակաց Վարժարան», եւ կ’ունենաայ 95 աշակերտ:
1961-1962 տարեշրջանին, արտագաղթի պատճառով աշակերտութեան թիւը կը նուազի 54-ի, կառավարական մակարդակով դպրոցը միջնակարգ պահելու համար, բաւարար դրամագլուխ չունենալուն համար, կը վերածուի մանկապարտէզ-նախակրթարանի ու կառավարութեան մօտ կը վաւերացուի 1967 թուականին:
1967-1968 տարեշրջանին աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ 100-ի, քանի որ անոր կը միանան Կաթողիկէ վարժարանի աշակերտութիւնը: Այս շրջանին վարժարանը «տաք ճաշ»ի դրութիւն մը կը սկսի շրջաններէն եկող աշակերտներուն համար ու կը շարունակուի մինչեւ 70-ական թուականներու վերջաւորութեան:
1970 թուականին կ’ամբողջանայ 1912 թուականին կիսատ մնացած եկեղեցւոյ շէնքը, ու հին եկեղեցւոյ շէնքը կը վերածուի դպրոցի: 1971-1972 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը կ’ունենաայ 143 աշակերտ: 1977-1978 ուսումնական տարեշրջանին դպրոցը կ’ունենայ իր անձնական փոխադրակառքը:
1981-1982 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը ունեցած է 94 աշակերտ: Այս տարեշրջանին, շրջանի վերջին մանկապարտէզներն ալ կը փակուին (Գալատուրան, Էքիզօլուգ եւ Քէօրքիւնէ) ու կը միանան Քեսապի Նահատակաց վարժարանին, որ կը վերանուանուի Քեսապի Հայ Աւետ. Նահատակաց Միացեալ Վարժարան:
1988-1990-ներու միջեւ կը կառուցուի նոր դպրոցաշէնքը:
1991-1992 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը կ’ունենայ 90 աշակերտ: 2001-2002-ին՝ 65 աշակերտ: 2002-2003-ին՝ 64 աշակերտ:


Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարան (Հ.Կ.Բ.Վ.)
Քեսապի Հայ Կաթողիկէ առաջին յիշուած հայկական դպրոցը կառուցուած է Անտոնեան հայրերու կողմէ 1861-ին: Միւս կողմէ, Քեսապի մէջ հաստատուած լատին հայրերը իրենք ալ կը բանան շարք մը դպրոցներ՝ Քեսապի, Պաղճաղազի, Գարատուրանի եւ Չինարճըգի մէջ: Քեսապի դպրոցին աղջկանց բաժինը կը յանձնուի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն խնամքին, որ կը գործէ մինչեւ 1946 դէպի Մայր Հայաստան ներգաղթի ժամանակ: Նոյնը կը պատահի միւս դպրոցներուն, որոնք կը դատարկուին ներգաղթին ժամանակ: Այժմ միայն կը մնայ ու կը գործէ Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ Վարժարանը: 1997 թուականին կը նորոգուի եւ կը բարեզարդուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան նպաստով եւ կ’ունենայ նոր յարկ մը ու արդիական սարքաւորում: Վարժարանը իր տեսչական եւ ուսուցչական կազմերով կր շարունակէ պահել իրեն վստահուած կրթական-բարոյական եւ հոգեւոր-ազգային դաստիարակութիւնը:

Քեսապի մէջ կը գտնուի երեք յայանուանութիւններու միատեղ պատկանող գերեզմանատունը:
**********************************************************
Ստորեւ կը ներկայացնենք Քեսապի հայկական գիւղերը:

ՊԱՇՈՐՏ
Պաշորտ կը գտնուի Գալատուրանի լեռներուն հիւսիսային բարձունքին: Գարատաշէն շուրջ 5 քմ դէպի արեւմուտք, որ սկզբնապէս եղած է հովիւներուն Ալաչոխը:
19-րդ դարու կիսուն այստեղ մշտական կայք կը հաստատէ Քեսապի Մահշիկեան գերդաստանէն՝ Մովսէսի որդի Գրիգորը, որ կը դառնայ Պաշորտի Մովսէսեան գերդաստանի նախահայրը: Տարագրութենէն առաջ, նոյն թաղին մէջ կայք կը հաստատեն նաեւ Գարատուրանի Չերչիկեանները:
1920-ական թուականներուն Մովսէսեան եւ Չերչիկեան ընտանիքներուն հետ կայք կը հաստատեն նաեւ Գարատուրանէն Գազազեան ընտանիք մը:
1909 թուականի կոտորածին, Քեսապէն խումբ մը փախստականներ կ’ապաստանին Պաշորտ. ապա պաշորտցիներուն հետ կը լքեն գիւղը ու կ’իջնեն ծովեզերք, Պաշորտն ալ ալան թալանի կ’ենթարկուի:
1915 թուականին, Պաշորտի բնակիչները տարագրութեան կ’ելլեն Գալատուրանէն ու կը քշուին Համա, անկէ դէպի հարաւ՝ մինչեւ Յորդանան: Տարագրութենէն վերապրողները գարատուրանցիներուն հետ Փոր Սաիտէն կը վերադառնան:
1920-ի մարդահամարին մէջ Պաշորտ չկայ. մինչդեռ 1911 մարդահամարին, գիւղը կը հաշուէր 85 անձ, 1915՝ 40 անձ:
Գիւղացիներուն հիմնական զբաղումը կը շարունակէ մնալ խաշնարածութիւնը: 1939-ին, նոր սահմանագծումով սահմանը կ’անցնի Պաշորտի տուներուն մօտէն: Գիւղացիք կը կորսնցնեն իրենց արտերուն մէկ մասը եւ Մուսըլէքի աղբիւրէն կը զրկուին: Այծերու հօտը պահելը անկարելի կը դառնայ:
1947-ին, գիւղը իր ամբողջ բնակչութեամբ հայրենիք կը ներգաղթէ. ընդամէնը՝ 46 հոգի:
Պաշորտի բնակչութիւնը կապուած էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, իսկ դպրոցական փոքրիկները կը յաճախէին Գարատուրանի Մեսրոպեան, Նուպարեան եւ Քեսապի Սահակեան վարժարանները:
1935 թուականին, Գարատուրանի ՀԲԸՄ մասնաճիւղը, բնակչութեան երթեւեկի դժուարութիւնը նկատի ունենալով, կը հիմնէ միջին նախակրթարան մը իբրեւ Մեսրոպեան Նպաստընկալ վարժարանի մասնաճիւղ: Դպրոցը կը գործէ մինչեւ հայրենադարձութիւն:
Այժմ թփուտներուն մէջ կ’երեւին լքուած գիւղակին կիսակործան պատերը, իսկ արեւելեան հարթութիւններուն վրայ, նախկին արտերու փոխարէն, գետի պէս յորդած են խնձորի եւ այլ պտուղներու ծառեր:


ՉԱԳԱԼՃԸԳ Չագալճըգ (արաբերէն՝ الغزالة: Ալ-Ղազալէ, հայերէն՝ եղնիկ) կը գտնուի անտառապատ լանջերու կողին: Չինարի Գաթապեան թաղէն քիչ անդին, կ’երեւի Չագալճըգ գիւղակը:
Այս գիւղն ալ նշանաւոր է իր աղբիւրով ու անոր առջեւ գտնուող վիթխարի Սօսիով: Գիւղին հիմնական բնակիչները Թրթռեաններն են: Գերդաստանը կը մեծնայ, եւ իւրաքանչիւր ընտանիքի բաժին ինկած հողը չի կրնար բաւարարել իրենց կարիքներուն: Որոշ ընտանիքներ կը լքեն գիւղը եւ միւս գիւղերուն մէջ կը հաստատուին: Ոմանք կ’աշխատին Տիւզաղաճ եւ մշտական բնակութիւն կը հաստատեն հիմնելով Տիւզաղաճի Թրթռեան թաղը:
Չագալճըգէն դէպի արեւմուտք եղած է ուրիշ թաղ մը եւս. Մաթըսլէք՝ Մաթոսեաններու անունով:
Ապրիլ 23, 1909-ի առտուն, երբ Չագալճըգի եւ Մաթըսլեքի բնակիչները տեղեակ կ’ըլլան, թէ թուրք խուժանը մտած է Չինարճըգ, իրենց պղնձեղէններն ու գործիքները արտերուն մէջ պահելով, Պաղճաղազի ճամբով կը հասնին Պասիթ: Թուրք խուժանը կը մտնէ գիւղ, կը կողոպտէ ինչ որ գտնէ ու կրակի կու տայ տուները:
1915-ին, գիւղացիք Քէօրքիւնէի բնակիչներուն հետ կը տարագրուին երկու խումբով: 1920 թուականի մարդահամարին մէջ, Չագալճըգ կը յիշատակուի իբրեւ առանձին գիւղ:
Չագալճըգի մէջ գործած է Հայ Աւետարանական վարժարանը, որ հիմնուած է 1910 թուականին ու գործած մինչեւ 1915: Ապա՝ 1928-1934:
1947-ին, գիւղէն հայրենիք կը ներգաղթեն 29 անձ: Չագալճըգ վերջին տասնամեակին, վերածուեցաւ գեղեցիկ ամարանոցի մը: Շուրջ երկու տասնեակ առանձնատուներ հաշուող թաղամաս մը բարձրացաւ գիւղի թիկունքին:


ՉԻՆԱՐ (ՉԻՆԱՐՃԸԳ)
Նախկին Չինարճըգ կամ Չինար (արաբերէն՝ عين الدلبة: Էյն ալ-Տըլպէ, հայերէն՝ սօսի ծառին աղբիւրը) գիւղը կը գտնուի անտառապատ լանջերու կողին՝ տարածուած է Գուրոմ լերան հարաւ արեւելեան ստորոտին:
Չինարճըգ իր անունը կը պարտի հսկայ սօսի (թրքերէն չինար) ծառին, որ աղբիւրին մօտ տնկուած էր 1880-ական թուականներուն:
Չինարճըգ տարագրութենէն առաջ ունէր երկու գլխաւոր թաղեր. Աղբիւրին թաղը ու Գաթապինց թաղը:
Աղբիւրին թաղը կազմուած էր գլխաւորաբար Թօփալեաններու, Ճուրեաններու, Արապեաններու եւ Օհանեաններու տուներէն: Աղբիւրի թաղէն շուրջ կէս քիլոմեթր անդին, կը գտնուէր Գաթապեաններու թաղը: Այս երկու թաղերուն առջեւ զառիթափերը իրարու մօտենալով կը կազմեն խորունկ ձոր մը: Տարագրութենէն վերադառնալէն ետք, ձորի աջին կը ձեւաւորուի նոր թաղ մը՝ «Անթը Չընոր»ը, ուր բնակութիւն կը հաստատեն գլխաւորաբար Չիլինկիրեան եւ Քորթմոսեան գերդաստանի ընտանիքները: Գիւղը նշանաւոր է իր յորդաբուխ աղբիւրով: Աղբիւրին առջեւ, մինչեւ հայրենադարձութեան տարին, կը գործէր Քեսապի շրջանին հնագոյն ջրաղացը:

Չինարի ակը
Չինարճըգ սկզբնապէս եղած է բնիկ քեսապցի ընտանիքներու կալուածը: 1965ին, գիւղը ունեցած է 40 տուն բնակչութիւն, սակայն եկեղեցի չէ ունեցած:
1909-ին թուրք խուժանը կ’ասպատակէ նաեւ Չինարճըգ գիւղը:
1911-ին, գիւղը կը հաշուեր 176 անձ, իսկ 1915ին՝ 210 անձ: Տարագրութեան տարիներուն կը զոհուի բնակչութեան շուրջ երկու երրորդը: 1920ին գիւղ վերադարձած են 77 անձ:
Գիւղացիք մեծ խանդավառութեամբ կ’ընդունին հայրենադարձութեան աւետիսը: Հայրենիք կը ներգաղթեն բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
Գիւղին մէջ գործած են երկու դպրոցներ:
– Ազգային վարժարան. հիմնուած է 1910ին. գործած է մինչեւ 1915 եւ 1923-1943 թուականներուն միջեւ: Ունեցած է Տարրական նախակրթարան իր մանկապարտէզով եւ եղած է մասնաճիւղ Քեսապի Սահակեան վարժարանին: Երրորդ դասարանէն ետք աշակերտները յաճախած են Քեսապի դպրոցները՝ հետիոտն: 1935ին կը դառնայ ՀԲԸՄ-ի Ազգային նպաստընկալ վարժարան:
– Լատինաց վարժարան (1904-1915, 1921-1946). տեղւոյն կաթողիկէ ընտանիքներուն համար 1860ական թուականներուն, գիւղին մէջ քանի մը տարի գործած է փոքրիկ դպրոց մը:
Գիւղը վերջին երկու տասնամեակներուն սկսաւ կորսնցնելու իր զուտ հայկական դիմագիծը:
Ներկայիս Չինարճըգ ամառանոցային կոկիկ գիւղ մըն է:


ՏԻՒԶԱՂԱՃ Տիւզաղաճ (արաբերէն՝ الشجرة: Աշ-Շաճարա, հայերէն՝ ծառ) կը գտնուի դաշտային դիրքի վրայ, անոր արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերը Քեսապի շրջանի բարձունքներն են, իսկ արեւելեան կողմը՝ շրջանին բնական սահմանը հանդիսացող լեռները:
Շրջանը երկրագործական լայն կարելիութիւններ ունի: Հոն կը գտնուի Լեղի ջուրը:
Տիւզաղաճի 19-րդ դարու առաջին կիսուն, գրեթէ ամբողջապէս անտառապատ եղած է Տիւզաղաճը: Լաթաքիա-Անտիոք ճամբան անցած է խիտ անտառներու մէջէն: Յիշեալ դարու 40-ական թուականներուն, օտար կապալարուներ պետութենէն կը գնեն Տիւզաղաճի անտառներու շահագործումի իրաւունքը: Այս գործին համար բանուորները կու գան Քեսապէն եւ շրջակայ գիւղերէն:
Անտառահատումին պատճառով, քանի մը տարուան ընթացքին ամբողջ հարթավայրը կը լերկանայ: Մօտակայ գիւղացիներ արտեր կը բանան, ցանք կ’ընեն, պարտէզներ կը տնկեն: Ասոնցմէ ոմանք մնայուն բնակութեան համար տուներ կը կառուցեն: Այստեղ հաստատուծ ընտանիքները ընդհանրապէս Սեւաղբիւրէն, Քէօրքիւնէէն, Չագալճըգէն, Չինարճըգէն եւ Քեսապէն են:
Գիւղը առանձին եկեղեցի եւ մուխթարութիւն չէ ունեցած:
Ապրիլ 23, 1909-ին, թուրք խուժանը Օրտուի կ’ողմէ կը յարձակի Տիւզաղաճի վրայ եւ կը թալանէ գիւղը: Գիւղացիք կը փախչին դէպի Էքիզօլուք ու կը միանան միւս գիւղերու փախստականներուն: Անոնք մէկ շաբաթ ետք կը վերադառնան իրենց տուները: 1911 թուականին ունեցած է 22 տուն (113): 1915 թուականին, գիւղի բնակչութիւնը կը տեղահանուի երկու խումբով՝ Քէօրքիւնէյի բնակչութեան հետ: 1919-1920-ներուն գիւղ կը վերադառնայ բնակչութեան մէկ մասը: 1939ի սահմանագծումով, Տիւզաղաճի արեւելեան մասը կէսէն աւելի Թուրքիա կը մնայ:
1947-ին, հայրենիք կը ներգաղթէ գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
1950-60 թուականներուն՝ տնտեսական տագնապէն փախուստ տալով, երիտասարդները կ’երթան Լիբանան եւ այլուր. գիւղը գրեթէ կը պարպուի:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն ժամանակ, ոմանք վերջնականապէս կը վերադառնան իրենց կալուածները:
Նախկին գիւղատեղը գրեթէ ամբողջապէս լքուած է. տեղացիք իրենց նոր տուները կառուցած են ճամբուն մօտիկ իրենց կալուածներուն մէջ:
Տիւզաղաճի մէջ գործած են քանի մը դպրոցներ.
– Հայ Աւետարանական վարժարան. կը հիմնուի 18-րդ դարու կէսերուն իբրեւ Քեսապի դպրոցին մասնաճիւղ, գործած է մինչեւ 1910:
– Ազգային վարժարան (1910-1915, 1924-1942). գործած է իբրեւ Գարատուրանի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի մասնաճիւղ: 1934-ին դպրոցը կ’անցնի Ուսումնասիրաց ընկերութեան հովանաւորութեան տակ:
– Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ազգային Նպաստընկալ վարժարան (1934-1937):
2003-ի տուեալներով գոյութիւն ունէր 15 հայ ընտանիք:


ԷՔԻԶՕԼՈՒՔ Էքիզօլուքը (արաբերէն՝ النبعين: Նապէյն, հայերէն՝ Երկու աղբիւր) իր բարձր դիրքին պատճառով իր դիմաց կը փռէ ամբողջ արեւելեան հորիզոնը, որ իր մէջ կ’ընդգրկէ Քեսապի Տիւզաղաճ ու Քէօրքունէ գիւղերը: Էքիզօլուք ունի հիւսիսէն հարաւ թեք դիրք եւ անուանի է իր զոյգ ակով աղբիւրով:
Միւս երեք կողմերէն գիւղը ամբոջովին փակ է: Թիկունքին Աճամի լեռնանցքէն բարձրացող ճամբան կը տանի Պաղճաղազ ու Պասիթ:
Նախկին Էքիզօլուքը եղած է խիտ տուներով փոքրիկ գիւղ մը, ընդամէնը մէկ թաղ, որ զառիթափի մը տարածքին փռուած ըլլալուն համար, բնականաբար ունեցած է վերի եւ վարի թաղեր: Գիւղը կազմուած է 19-րդ դարուն սկիզբը:
Բնակչութեան հիմնական մասը ներկայացնող Թութիկեան, Աշըգեան, Սէկէեան, Սահակեան, Թասլաքեան եւ Թալմազեան գերդաստանները, կ’ըսուի թէ կը սերին Մարտիկեան մայր գերդաստանէն:
Գիւղացիներու հիմնական զբաղումները եղած են հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնը: Գետնախնձորի մշակութիւնը առաջին անգամ կը սկսի Էքիզօլուքի մէջ:
1909-ի աղէտին, Չագալճըգի եւ Քէօրքիւնէի փախստականներու միանալով, գիւղացիք կը լքեն գիւղը, կ’իջնեն վարի Պաղճաղազի Լատինաց վանքը, ուրկէ կ’առաջնորդուին Պասիթի նաւահանգիստը: Թուրք խուժանը կ’աւերէ գիւղը, կը քշէ կենդանիները ու տուները կրակի կու տայ:
Էքիզօլուքը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ, Հալէպի նահանգի վիլայէթի վերջին գիւղն էր: Անկէ քիչ անդին կը սկսէր Լաթաքիոյ վերակացութիւնը՝ Մութասարիֆութիւնը: Ան կ’ըլլայ թալանի ենթարկուող վերջին գիւղը:

Էքիզօլուքի աղբիւրը
Լաթաքիայէն վերադարձին, գիւղացիք արագ թափով կը նորոգեն տուները ու կը վերականգնեն իրենց տնտեսութիւնը: 1911ին կը սկսի եկեղեցւոյ շինութիւնը, որ առանց ծածքի կը մնայ տարագրութեան պատճառով:
1915-ի Օգոստոսին, Էքիզոլուքի բնակչութիւնը կը տեղահանուի եւ տարագրութեան ճամբաներուն վրայ գիւղը կը կորսնցնէ իր նախկին բնակչութեան աւելի քան երկու երրորդը:
1919-1922 թուականի անիշխանական տարիներուն, Ճոյ Թութիկեանի կամաւորական խումբը կը հսկէր ոչ միայն գիւղը՝ այլ ամբողջ Մեղրաձորին ու շրջանի հարաւային գիւղերը ու կարեւոր կապ մը կը հանդիսանար անոնց եւ Քեսապի կեդրոնին միջեւ:
1947-ի հայրենադարձութիւնը Էքիզօլուքցիները չի խանդավառեր, միայն 20 անձ Հայաստան կը գաղթէ:
Գիւղին բարձր դիրքը, ամրան եղանակին գրեթէ միշտ զով, յաճախ մշուշոտ եղանակն ու բաւարար ջուրը, տնտեսական պայմաններու հիմնական փոփոխութեան բնական պայմանները կը դառնան:
Էքիզօլուքի վերջին կէս դարու կէանքին մէջ, գիւղացիներու ներդրումի կողքին պէտք չէ մոռնալ հալէպահայ կարգ մը ընտանիքներու հոգատարութիւնը այս գիւղին նկատմամբ:
Աճամի լեռանցքին կից, կը գործէ Սուրիոյ ՀԲԸՄի ընդարձակ բանակավայրը:
Էքիզօլուքը առաջին գիւղն է շրջանին մէջ, որ կ’ունենայ զայն Քեսապին կապող ասֆալթապատ ճամբայ, ելեկտրականութիւն եւ ջուրի ցանց:
1855-ին Էքիզօլուքի ամբողջ բնակչութիւնը բողոքականութեան կը յարի: Բողոքականութիւնը, գիւղին մէջ հոգեւոր եւ կրթական շարժում կը ստեղծէ:

Էքիզօլուքի Հայ Աւետարանական եկեղեցին վերանորոգուած
Իբրեւ ժողովարան եւ դպրոց կը գործածուի գիւղին տուներէն մէկը: Եկեղեցւոյ շէնքը կը կառուցուի 1882-ին՝ վարի թաղին առջեւ ու մինչեւ տարագրութիւն կը գործածուի նաեւ իբրեւ դպրոց:
Վերապատուելի Յովհաննէս Էսքիճեան (1908-1913), գիւղին մէջ կը կառուցէ երկյարկանի ու կղմիտրածածք երիցատուն մը, իսկ 1911-ին կը ձեռնարկէ նոր եկեղեցւոյ մը շինութեան, որ վերահաս պատերազմի պատճառով անծածկ կը մնայ: Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կ’աւարտի 1956-ին եւ կը կոչուի Էմմանուէլ:
Էքիզօլուքի Հայ Աւետարանական վարժարանը հիմնուած է 1855 թուականին, որ յետագային մեծցած ու դարձած է լրիւ նախակրթարան: Հոս իբրեւ ուսուցիչ, ծառայած են տեղացիներու կողքին՝ գլխաւորաբար այնթապցի, պեհեսնեցի եւ քիլիսցի ուսուցիչ ուսուցչուհիներ:

Էքիզօլուքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բանակավայրը
1960ական թուականներէն սկսեալ նախակրթարանը կը կորսնցնէ իր բարձրագոյն կարգերը, ապա կը վերածուի մանկապարտէզի, որովհետեւ գիւղը Քեսապին կապող ճամբուն ասֆալթապատումով, երթեւեկը կը դիւրանայ եւ փոքրիկները ինքնաշարժով կը յաճախեն Քեսապի վարժարանները:
Գիւղին մէջ գործած են նաեւ զուտ տեղական միութիւններ:
1940-ական թուականներուն, գիւղի կանայք կը կազմեն Տիկնանց Ուսումնասիրաց միութիւն մը, որ ունեցած է գրադարան եւ ընթերցարան:
1966 թուականին, նախկին երիցատունը կը վերածուի ակումբ-գրադարանի:
Գիւղին մէջ 1976-1978 թուականներուն, գործած է Վերելք միութիւնը, որուն շուրջ խմբուած են գիւղին մօտաւորապէս 25-30 պարման-պարմանուհիները: Վերելքը ինքնադաստիարակչական խմբակ էր. նպատակն էր ծանօթանալ հայ գրականութեան, մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան:
Գիւղին մէջ կը գտնուի Հայ Մարմնամկրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) բանակավայրը:
Էքիզօլուքի մէջ կը գտնուի երեք յայանուանութիւններու միատեղ պատկանող գերեզմանատունը:



ՆԵՐՔԻ ԳԻՒՂ ԵՒ ԽԱՅԻԹ Ներքի գիւղը (վարի գիւղ, արաբերէն՝ الطلال: Ալ-Թլալ, հայերէն՝ գեղատեսիլ) կամ Էսկիւրանը (Էսկի Օրան՝ հին գիւղ) ունի երկու թաղեր. մին լերան ստորոտը, միւսը քանի մը տասնեակ մեթր վար՝ աղբիւրին կից:
Խայիթը նկատուած է Ներքի Գիւղին մէկ թաղը: Աւանդութիւններով հարուստ պզտիկ գիւղ մըն է Ներքի Գիւղը, որ կը նկատուի շրջանին առաջին հայ գիւղը: Գիւղացիներուն դէպի Քեսապ տեղաշարժէն ետք գիւղը գրեթէ ամբողջապէս կը լքուի: Գիւղը անապահով եղած է գլխաւորաբար թրքական Օրտու գիւղին մօտիկ ըլլալուն պատճառով:
1909-ի աղէտին, գիւղացիք խայիթցիներուն հետ կը պարպեն գիւղը ու կը բարձրանան Քեսապ: Խուժանը ամէնէն առաջ Ներքի Գիւղ մտնելով՝ կը կողոպտէ ինչ որ կը գտնէ ու կրակի կու տայ տուները:
1915-ին, Ներքի Գիւղի եւ Խայիթի բնակչութիւնն ալ կը տարագրուի: 1920 թուականին գիւղ վերադարձած են միայն 50 անձ. գիւղի բնակչութեան շուրջ երկու երրորդը զոհուած է: Կարգ մը ընտանիքներ երբեք չեն վերադարձած:
Վերապրողներուն վերադարձէն ետք, կամաւորներն ու Ազգային միութիւնը գիշեր ու ցերեկ հսկողութեան տակ կը պահեն Ներքի Գիւղը: Վերապրողները ընդհանրապէս Ներքի Գիւղէն կը մտնէին շրջան ու շատերու տեղաւորումի գործը այդտեղ կ’որոշուէր: Նաեւ Օրտուէն գալիք որեւէ վտանգի դէմ ինքնապաշտպանութիւնը ասկէ կը սկսէր:
1928 թուականին բացուած Քեսապ-Օրտու առաջին ինքնաշարժի հողէ ճամբան կ’անցնէր Ներքի Գիւղէն: 1939էն ետք, Թուրքիա տանող այս ճամբան կը լքուի ու կը փակուի:
Ներքի Գիւղ 1913 թուականին 178, 1913 թուականին բնակիչ
1947-ին հայրենիք կը ներգաղթէ 78 անձ:
1955-ի մարդահամարին, Ներքի Գիւղ եւ Խայիթ կը հաշուէր 68 անձ:


Ներքի գիւղի (Էսկիւրէն) ակը
Ներքի գիւղի (Էսկիւրէն) Ս. Աստուածածին Մատուռ-Ուխտավայր
Ներքի Գիւղի աղբիւրի հրապարակին կիցը եղած է գիւղի սրբավայրը` Կղըցիկը:
1939-ի սահմանագծումով, Քեսապի ուխտագնացութեան վայրը, Պալլում, Թուրքիոյ մէջ կը մնայ` անցեալին քեսապցիք Վարդավառի տօնին ուխտի կ’երթային հոն, որ հեթանոսական շրջանէն մնացած կիսաւեր ուխտատեղի մըն է: Հետագային Պալլումը փոխարինուեցաւ Սուրբ Աստուածածնայ տօնով:
Քեսապի Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ որոշումով ժողովրդային ուխտագնացութեան վայրը կը դառնայ Կղըցիկը, ուր ժողովրդային ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման երկուշաբթի օրը:
1959 թուականին, նախաձեռնութեամբ Քեսապի եւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն, կառուցուած է Ս. Աստուածածին մատուռը: Օծումը կատարուած է Օգոստոս 17, 1959 թուականին, ձեռամբ օրուայ Առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի:
Սուրբ Աստուածածնայ տօնին, էսկիւրանի հրապարակին կը զենուին ոչխարներ, կ’եփի պատմական հերիսան: Տօնախմբութիւնը կը սկսի Աստուածածնայ կիրակի օրը, Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագէն եւ տողանցքէն ետք, յետմիջօրէին, կը շարունակուի ամբողջ գիշերը, իսկ յաջորդ օր եւ տարին միայն մէկ անգամ Սուրբ պատարագ կը մատուցուի գիւղին Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ:
Գիւղի հիմնական բնակչութեան մաս կը կազմեն Աթիքեան, Քիլաղպեան, Բէնդէզեան, Մելքոնեան, Դանիէլեան, Նազարեան, Սողոմոնեան, Չօլաքեան, Շէխուկեան եւ Այնթապլեան գերդաստանները…

Ներքի Գիւղին մէջ կայ ՍԻՒՏԻԿԻի ուխտավայրը: Սիւտիկի կամ Սիպտիկի սրբավայրին անունը կը բացատրուի իբրեւ սեւ տիկին կամ սուրբ տիկին: Սրբատեղին բլուրի մը վրայ գմբէթաւոր փոքրիկ կառոյց մըն էր ճիշդ Թուրքիոյ սահմանին վրայ: Վերջերս թուրքերը հիմնայատակ քանդեցին զայն: Յոյն ուղղափառները՝ օրթոտոքսները, իբրեւ ուխտավայր կառուցեցին նոր մատուռ մը սահմանէն քիչ հեռու, որուն կից կառուցեցին վանք մը:
Ներքի Գիւղին մէջ 1910 թուականին կը բացուի Ազգային վարժարան, որ կը գործէ իբրեւ Քեսապի Սահակեան վարժարանի մասնաճիւղը: Ունեցած է նախակրթարանի առաջին երկու կարգերը:
1921-1924 նոյն տեղը կը գործէ Ազգային Միութեան Միացեալ վարժարանը:
1930-ական թուականներուն իբրեւ ՀԲԸՄի նպաստընկալ վարժարան, որ կը գործէ քանի մը տարի:
Էսկիւրանի մէջ կը գտնուի երեք յայանուանութիւններու միատեղ պատկանող գերեզմանատունը:
Շրջանին մէջ Հայ Կաթողիկէ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Այվազեանի ջանքերով հիմնուած է կազդուրման կայան:


ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆ (Գալատուրան) Գարատուրան (արաբերէն՝السمراء : Աս-Սամրա, հայերէն՝ Թուխ) կը գտնուի Քեսապի արեւմուտքը, եւ Կալա (բերդ) կոչուած բարձունքէն Գարատաշի ձորաբերանէն կ’իջնէ մինչեւ ծովափ: Շուրջ 900 մ. բարձրութենէն մինչեւ ծով կը տարածուի Գարատուրանի հովիտը՝ ութ քիլոմեթր երկարութեամբ եւ մէկ-երկու քիլոմեթր լայնութեամբ նեղ հովիտ մըն է, բարձր, ամայի եւ մշտականաչ կասլիի անտառախիտ լեռներով շրջապատուած:
Գարատուրան խորունկ ձորին մէջ, ցրուած աւելի քան մէկուկէս տասնեակ մեծ ու փոքր թաղերը կը կազմեն Գարատուրան գիւղը:
Իւրաքանչիւր գերդաստան կը բնակի առանձին թաղամասի մէջ, հետեւաբար թաղերը կը ճանչցուին բնիկ գերդաստաններուն անուններով ինչպէս՝ Մանճիկեան (Մանճիկլէք), Եարալեան (Եարալլէք), Սաղտըճեան (Սաղտճլէք), Սուլեան (Սուլլէք), որ կը կոչուի նաեւ Ծմակ թաղ, որովհետեւ ձմեռը քառասուն օր արեւ չի տեսներ, իսկ ամառը` քառասուն օր` լուսին եւ այլն: Այսպիսով, իրարմէ որոշ հեռաւորութեամբ տասնեակ մը թաղերէ բաղկացած է:
Գարատուրանի հիմնական բնակիչները իրենց ընտանեկան կալուածներուն վրայ կայք հաստատած քեսապցիներ էին, որոնց հիմնական զբաղումները եղած են երկրագործութիւն եւ անասնապահութիւն:
Գարատուրան եղած է շրջանին ամէնէն բազմամարդ գիւղը: Սակայն 1890-ական թուականներուն սկսած արտագաղթէն եւ 1909-ի աղէտէն ետք կատարուած մարդահամարներու թիւը կը տրուի 1286 անձ, 1913-ին ունեցած է 1381 անձ, իսկ 1915 թուականին՝ 1290 անձ:

Գարատուրանի ծովու թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին
1918-1920 թուականներուն, տարագրութեան ճամբաներէն գիւղ կը վերադառնան գիւղի նախկին բնակչութեան միայն 45 առ հարիւրը:
1939-ի սահմանագծումով, Թուրքիոյ կը կցուին գարատուրանցի կարգ մը ընտանիքներու գրեթէ բոլոր արտերը, պարտէզներն ու արօտավայրերը:
Գարատուրանցիք հայրենադարձութեան աւետիսը կ’ընդունին մեծ խանդավառութեամբ: 1947-ին հայրենիք կը ներգաղթէ 804 անձ:
Յունուար 1942-ին տեղի ունեցած հողի մեծ սահանք մը իր տակը առաւ Գազազեաններուն թաղը, գիւղին պատմական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, դպրոցն ու գրադարանը:
Հին եկեղեցւոյ փոխարէն, 1961-ին կառուցուեցաւ նոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ հետագային` 2008-ին, քակուեցաւ եւ տեղը գեղակերտ եկեղեցի շինուեցաւ: Կողքին կը գտնուի Աւետարանական եկեղեցին, հիմնուած` 1909-ին:

Գարատուրանի ծովու թաղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին ներսէն
Եկեղեցիէն անդին, որ Եարալեան եւ Սաղտըճեան թաղերն են, այդ շրջանին մէջ Մարտ 1998-ին տեղի ունեցաւ հողի սահանք մը: Աւելի վարը Թիթիզեան թաղն է. ապա` Սուլեան թաղը, որ կը կոչուի նաեւ Ծմակ թաղ, որովհետեւ ձմեռը քառասուն օր արեւ չի տեսներ, իսկ ամառը` քառասուն օր` լուսին, իսկ Ծովու թաղը կը գտնուի ծովեզերքէն շուրջ մէկ քիլոմեթր արեւելք: Ծովու թաղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին հիմնուած է 1908 թուականին:
Գարատուրանցիք նկատուած են շրջանին ամէնէն աւանդապահ ժողովուրդը: Ամբողջութեամբ հայաբնակ է: Ներկայիս:
2003-ի տուեալներով հայութիւնը կը հաշուէր մօտաւորապէս 450 հայ բնակիչ:
Մինչեւ 19-րդ դարուն կէսերը, գիւղին մէջ գործած են նուազագոյնը 3 մատուռներ, որոնք կը լքուին թաղեցիներու տեղաշարժին պատճառով:

Գարատուրանի հայ առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին հիմնուած է 1890 թուականին: Հիմնարկէքը կատարուած է Մկրտիչ Քէֆսիզեան Կաթողիկոսի կողմէ: Ունեցած է զանգակատուն եւ հողածածկ տանիք: Յունուար 23,1942 թուականին, հողի սահանքի մը հետեւանքով եկեղեցին կործանած է:
1960-ին (արդեամբ` հաւատացեալ ժողովուրդին) ձեռնարկուած է նոր եկեղեցւոյ շինութեան, նախկինէն 50 մեթր դէպի հարաւ: Հիմնարկէքը կատարուած է 4 Սեպտեմբեր 1960-ին, նախագահութեամբ օրուայ Առաջնորդ` Ղեւոնդ Արք. Չէպէյեանի: Շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1961 թուականին, հանդիսաւոր օծումը կատարուած է 1962-ի օգօստոսին:
Օգոստոս 20, 1991-ին, շինուած են զանգակատունը (բարերարութեամբ` Քեսապահայ Միսաք Մանճիկեանի) եւ թաղական խորհուրդի սենեակը:
1930-ին, Քեսապ-Գարատուրան կ’այցելէ քաղաքական ղեկավար, գաղափարական մտաւորական Արշակ Ջամալեանը եւ հիմը կը դնէ Գարատուրանի ու Քեսապի «Հայ Կարմիր Խաչ» մասնաճիւղին:
1934-1935-ին կոչուած է «Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ», Գարատուրանի մասնաճիւղը շարունակած է իր գործունէութիւնը գիւղի երիտասարդութեան հետ, միասնաբար աշխատելով կառուցած են գրադարան, որ միեւնոյն ժամանակ գործածուած է, իբրեւ դպրոց:

Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին

Սակայն 1941-1942-ին երբ հողի սահանք տեղի ունեցաւ, դպրոցը, եկեղեցին ու այլ բնակարններ կործանեցան: Այս տխուր պատահարէն ետք, գիւղացիները կը վերսկսին կառուցել փլատակները, սակայն պարագաներու բերումով աշխատանքները կիսաւարտ կը մնան:
1984-ին Հալէպի ՍՕԽաչի շրջանային վարչութեան թելադրութեամբ, դարձեալ վերակազմուեցաւ ՍՕխաչի Գարատուրանի մասնաճիւղը՝ «Գետաշէն» անունով:
Մասնաճիւղը վերակազմուելէն ետք իր առաջին գործունէութիւնը կ’ըլլայ կէս մնացած սրահը վերականգնել:
Նորակազմ վարչութիւնը գիւղի բնակիչներու հետ համախորհուրդ շինարարական յանձնախումբ մը կազմելով գործի կ’ըսկսի, իսկ նիւթականով անոնց նեցուկ կը կանգնի ՍՕԽաչի Շրջանային վարչութիւնը, այսպիսով մէջտեղ կու գայ սրահը, վարչութեան սենեակը եւ գրադարանը, որ կը հաշուէ մօտաւորապէս 500 գիրք:
Օգոստոս 20, 1985-ին, կը կատարու «Ռուբէն Տէր Մինասեան» սրահի բացման հանդիսութիւնը: Վարչութիւնը ունի իր տարեկան հասութաբեր ձեռնարկներն ու այլ գործունէութիւնները:
Մասնաճիւղը կը մասնակցի շրջանային վարչութեան պատգամաւորական եւ սեմինարի ժողովներուն, կ’օժանդակէ Հայ պատսպարանին ու Հայ Ծերանոցին:


ԾՈՎՈՒ ԹԱՂ
Ծովու թաղը կը գտնուի ծովեզերքէն շուրջ մէկ քիլոմեթր արեւելք:
Նշանաւոր եղած է նաեւ Գարատուրանի Հայ Առաքելական Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, կառուցուած 1908-ին: Մինչեւ 1947, ամէն կիրակի Ս. Պատարագ մատուցուած է մատուռին մէջ: 1987 թուականին վերանորոգուած է ֆրանսահայ «Երկիր եւ Մշակոյթ» միութեան միջոցներով:
Ծովու Թաղի Հայ Առաքելական Ս. Սարգիս սրբավայրը կը գտնուի Ծովու թաղի պարիսպին հարաւային անկիւնը` քարափին վրայ: Հիմքերու մնացորդացէն կարելի է ենթադրել թէ եղած է շքեղ եկեղեցի մը: Սրբատեղիին արեւելեան պատէն ութ մեթր բարձրութեամբ հատուած մը, կորաձեւ բարձրադիր պատուհանով, մինչեւ վերջերս կանգուն կը մնար: 1986 թուականին պատահած սաստիկ փոթորիկը խորտակած է այդ մնացորդացը:
Ծովու Թաղի Հայ Առաքելական Ս. Գէորգ Եկեղեցին Ծովու թաղի գերեզմանատան անկիւնը կը գտնուի Ս. Գէորգ եկեղեցին: Ծածկ չունի, ներքին պատերը մինչեւ հիմքերը քանդուած են, մասամբ կանգուն մնացած են պարիսպին արեւելեան ու հարաւային պատերը: Խորանը կը գտնուի արեւելեան պատին կեդրոնը: Նոյն պատին վրայ կը կարդացուի հայերէն արձանագրութիւն մը, ըստ որուն կը կարծուի թէ 16-րդ-17-րդ դարերուն կառոյցը եկեղեցիի վերածուած է:
Ս. Գէորգ բնական աղէտով փլուզուած է:
1873-էն Ծովու թաղի մէջ ներկայութիւն եղած է Հայ աւետարանական Եկեղեցին, սակայն իբրեւ շէնք կաչուցւած է վերջին շրջանին եւ վերանորոգուած՝ 1986-ին:

ԴՊՐՈՑՆԵՐ
– Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վարժարան (1890-1905):
– Ազգային Մեսրոպեան վարժարան (1905-1915, 1924-1932):
– ՀԲԸՄ-ի Ազգային Մեսրոպեան Նպաստընկալ վարժարան (1932-1962):
– ՀԲԸ Միութեան Նպաստընկալ Վահան Պետրոսեան վարժարան (1962-1964):
– Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ վարժարան:
– Ազգ. Նուպարեան վարժարան (1909-1915, 1923-1934):
– ՀԲԸՄ Ազգ. Նուպարեան Նպաստընկալ վարժարան (1934-1948):
– Ազգ. Միութեան Միացեալ վարժարան (1923-1924):
– ՀԲԸՄ-ի Նպաստընկալ մանկապարտէզ (1934-1947):
– Ազգ. Միացեալ վարժարան (1934-1973):
– Հայ Աւետ. վարժարան (1873-1915):
– Հայ Աւետ. Նահատակաց վարժարան (1924-1981):
– Լատինաց վարժարան (1905-1915, 1921-1946):
– Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան վարժարան (1946-1948):

Գարատուրանի մէջ կը գտնուի երկու զատ գերեզմանատուներ, մէկը Առաքելական, միւսը՝ Աւետարանական:

ԳԱՐԱՏԱՇ (Սեւ քար) Գարատուրանի ձորաբերանին՝ ծովէն 900 մ. բարձրութեան վրայ կը գտնուի Գարատաշ (արաբերէն՝ الصلبة: Աս-Սալպէ, հայերէն՝ կարծր, պինդ) գիւղը: Ժամանակին եղած է անմարդաբնակ շրջան մը, ուր գտնուող ընդարձակ արտերը կը պատկանէին քեսապցի եւ քէօրքիւնացի ընտանիքներու, իսկ հարաւային մասը՝ Գալեմտէրեան գերդաստանին: Ժողովուրդի յիշողութեան մէջ գէթ մինչեւ 1942, այստեղ մշտական բնակավայրի մը մասին հետք չկայ: Սակայն մշտական բնակութեան վայր կը դառնայ Գարատուրանի մեծ գետնասահքէն ետք:
Լնդեան, Գազազեան եւ Ղազարեան քանի մը ընտանիքներ իրենց տուները շինեցին այս հողերուն վրայ: Վերջին երկու տասնամեակներուն, Գարատուրանէն ու Քեսապէն ուրիշ ընտանիքներ եւս հոս նոր կայք հաստատեցին ու պարտէզներ մշակեցին: Այստեղ վերջին տարիներուն հալէպահայ ընտանիքներ ամարանոցային սեփական առանձնատուներ կառուցած են ու կը շարունակեն կառուցել:


ՔԷՕՐՔԻՒՆԷ
Քէօրքիւնա (արաբերէն՝ الربوة: Առ-Ռապուէ, հայերէն՝ բլուր) կը գտնուի գեղատեսիլ հարթութեան մը վրայ Չագալճըգէն քիչ բարձր, որ բոլոր կողմերէն համեմատաբար ընդարձակ հորիզոն ունի: Շուրջ երկու քիլոմեթր անդին, Էքիզօլուքը կ’երեւի:
Գիւղին շուրջ՝ հոս ու հոն հանդիպող հնութեանց փշրանքները, կը հաստատեն թէ հին բնակավայր մը եղած է Քէօրքիւնէն: Հոս գտնուած են հնագոյն ու միջին դարերու պատկանող մետաղադրամներ, կաւէ ամաններու բեկորներ, խճաքարով պատած յատակի մասեր, հին ձիթահանք ու լողեր: Հողային աշխատանքներու ժամանակ, ըստ երեւոյթին հին կառոյցներ հիմնայատակ կործանած են:
Գիւղին արեւմտեան կողմը, բլուրին վրայ նկատուած են ամրակառոյց պատերու հիմքեր, որոնք ամրոցի մը մնացորդները կրնան ըլլալ:
Արձանագրութիւններ չկան. սովորական գետնաքարով պատեր են՝ կրաշաղախով ամրացուած: Այստեղ գտնուած հին մետաղադրամներու կարգին, տեսնուած են նաեւ Կիլիկեան հայկական դրամներ:
Գիւղին հարաւ-արեւելեան բարձունքին վրայ, մինչեւ 19-րդ դարուն սկիզբը, կանգուն եղած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, որուն աւերակներուն շուրջ գիւղացիք տակաւին կը թաղեն իրենց ննջեցեալները:
Տարագրութենէն առաջ, գիւղին բնակչութիւնը կազմուած էր Չէլէպեան, Խտրեան, Քէլեան (Գերեան), Աբէլեան եւ Գագուսեան գերդաստաններէն: Ասոնց մէջ Չէլէպեանները կը նկատուին գիւղին առաջին բնակիչները:
Խտրեան գերդաստանէն կը սերին՝ նոյն տեղը ապրած Գերպապեան եւ Քէլեան (Գերեան) գերդաստանները:
Աբէլեաններու նախահայրը՝ Աբէլը, Քեսապէն գալով, Քէօրքիւնէ կը հաստատուի, որմէ կը սերի Աբէլեան-Պետրեան գերդաստանը:
1909 Ապրիլ 23-ին, թուրք խուժանը կը մտնէ նաեւ Քէօրքիւնէ. կը կողոպտէ հարուստ տուները, կենդանիները կը քշէ ու գիւղը կրակի կու տայ:
1915-ին տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, կը զոհուի ու կը կորսուի Քէօրքիւնէի նախկին բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը:
1947-ին, հայրենիք կը ներգաղթեն 63 անձեր, գերազանցապէս Չէլէպեան գերդաստանէն. գիւղ կը մնան 114 անձեր: Այս միջոցին գիւղը կը սկսի խառն բնակչութիւն մը ունենալ, որոնք ջերմ յարաբերութիւններ կը մշակեն հայ գիւղացիներուն հետ:
Ըստ 1913-ի տուեալներուն Քէօրքիւնէի մէջ կար 193 հայ բնակիչ, իսկ 2003 թուականի տուեալներով 58 հայ բնակիչ:

Քէօրքիւնէի ակը
Ամրան, Քէօրքիւնէի բնակիչներու թիւը կ’աւելնայ: Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու եւ Լիբանանի մէջ ապրող շարք մը քէօրքիւնեցիներ, գիւղին մէջ տուն ու կալուած կը պահեն տակաւին: Քանի մը հալէպահայ ընտանիքներ եւս այստեղ իրենց առանձնատուները ունին:
Գիւղին մէջ կը գործէ մէկ եկեղեցի, որ կը պատկանի Հայ Աւետարանական համայնքին, զոր հիմնուած է 1898 թուականին:
Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կից կը գտնուի Հայ Աւետարանական վարժարանը (1898-1915, 1930-1981). դպրոցական առաջին շէնքը կառուցուած է 1903-ին: Դպրոցը եղած է նախակրթարան եւ մանկապարտէզ բաժիններով: 1922 թուականին՝ տարագրութեան վերադարձէն ետք, կը վերաբացուի նախկին շէնքը իբրեւ Ազգային Միութեան Միացեալ վարժարան, որ կը շարունակէ նոր անունով գործել մինչեւ 1930, երբ կրկին կ’անցնի հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հսկողութեան տակ:
Քէօրքիւնէի մէջ Միացեալ վարժարանը (1934-1939) կը գործէ իբրեւ մասնաճիւղ Քեսապի Միացեալ վարժարանին:
Գիւղին մէջ հիմնուած է ՍՕԽ-ի մասնաճիւղը, որ կը մատակարարէ դպրոցը:
Քէօրքիւնէի մէջ կը գտնուի երեք յայանուանութիւններու միատեղ պատկանող գերեզմանատունը:



ՍԵՒ ԱՂԲԻՒՐ (Գայաճըգ)
Սեւ Աղբիւր (Գայաճըգ: Արաբերէն՝الصخرة : Սս-Սախրա, հայերէն՝ ժայռ) կը գտնուի Քեսապի արեւելեան կողմը, բլրակի մը վրայ` թրքական սահմանին ճիշդ մօտը: Ան սկզբնապէս եղած է քեսապցիներու կալուածը:
Այստեղ, գիւղացիներ միայն հունձքի ու ցանքի եղանակներուն կայք կը հաստատեն, իսկ ձմրան կը վերադառնան Քեսապ: Կալուածներուն վրայ աշխատող վարձկանները՝ մարապաները սեփական տուն ու կալուածներ ձեռք կը ձգեն ու հետզհետէ կը կազմեն Սեւ Աղբիւրի բնակչութեան հիմնական մասը:
Նախորդ դարասկիզբին, արդէն կազմուած էին գիւղին գլխաւոր թաղերը: Այստեղ առաջին մնայուն բնակութիւն հաստատողը եղած է Պոյմուշագեան գերդաստանի նախահայրը: Նոյն գերդաստանէն կը սերին Փանոսեանները: Նաեւ հիմնական բնակչութեան մաս կազմած են Փասլիկեան, Ղարիպեան, Սգամպիլեան, Մելքոնեան, Գասպարեան, Բրդուտեան, Գալագէօսեան, Սելլումեան, Չաթալեան… ընտանիքները:
Սեւ Աղբիւրի բնակիչները մշակած են ծխախոտ, պահած են շերամ, այծերու հօտեր, արջառ, տնկած են թթենի, թզենի, ձիթենի, որթատունկ…
1909-ի կիլիկեան ջարդին արեւելքէն եկող այլազգներու խուժանը կ’ասպատակէ Սեւ Աղբիւրը: Ալան ու թալանէ ետք կ’այրէ տուները:
1915-ին, գիւղացիք կը տարագրուին Տէր Զօրի եւ Դամասկոսի ուղղութեամբ, կը զոհուի բնակչութեան աւելի քան երեք չորորդը:
1939-ին, պետական նոր սահմանը կ’անցնի թաղին մօտէն: Ոմանց կալուածները ամբողջութեամբ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս կը մնան: Երբ հայրենադարձութիւն կը յայտարարուի, գիւղացիները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայրենիք մեկնելու կը պատրաստուին: Հայրենադարձութենէն ետք կարգ մը կալուածներու վրայ կը հաստատուին ալեւի վարձկաններ՝ մարապաներ, սեփականութիւն ձեռք կը ձգեն ու կը դառնան գիւղի բնակչութեան մնայուն մէկ տարրը: Գիւղը մնացած հայ ընտանիքներուն հիմնական զբաղումը կը դառնայ խնձորի մշակութիւնը:
1990-ին Հալէպի Ասորի օրթոտոքս համայնքը հաստատեց վանք մը գիւղին մէջ:
1911-ի մարդահամարով, գիւղը ունեցած է 445 անձ, 1913-ին ՝ 247, մինչ 1920-ին ՝ ունէր 94 անձ: 2003 թուականի տուեալներով 46 հայ բնակիչ:
Սեւ Աղբիւրի գոյութիւն ունեցած է Աւետարանական վարժարանը, որ հիմնուած է 1856-ին եւ ընդհատաբար գործած է: 1905 թուականին ընդարձակուած է բաժինով մը, որ ծառայած է իբրեւ դպրոց եւ ժողովարան:
Միւս կողմէ, Ազգային վարժարանը, որ հիմնուած է 1910-ին եւ մինչեւ տարագրութիւն անխափան գործած է: Կը վերաբացուի 1925 թուականին. 1937 թուականին կը դառնայ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նպաստընկալ Ազգային վարժարան, որ փակուած է 1947-ին՝ հայրենադարձութեան տարին:


ՎԱՐԻ ՊԱՂՃԱՂԱԶ Վարի Պաղճաղազ (արաբերէն՝ المشرفة): Ալ-Մըշըրֆէ, հայերէն՝ լեռնալանջ) գիւղը կը գտնուի Վերի Պաղճաղազի եւ Ֆագըհասանի միջեւ: Հայաբնակներուն նախնիները հաստատուած են այստեղ 19-րդ դարու սկիզբը. մինչեւ դարավերջ, քանի մը ընտանիքներ բազմանալով, տասնեակ մը տուներով թաղեր կ’ունենան իրենց անուններով, ինչպէս Բդըլլէք, Չափըտլէք, Հանէշլէք, Էսքիճլէք, Չաթալլէք, որ մեծագոյնն էր:
Հայ բնակիչները թրքախօս էին, քիչեր միայն կը հասկնային ու կը խօսէին Քեսապի բարբառը: Անոնք իրենց թաղապետութեան (մուխթարութեան) տոմարներուն մէջ, արձանագրուած էին առանց «եան» մասնիկի, ինչպէս՝ Սարմազը, Արամալը, Քէլ Եաղուպ, Հանաշ եւ այլն:
Վարի Պաղճաղազի հայոց քանի մը թաղերը, գիւղական առանձին համայնք մը չէին ներկայացներ ու կը նկատուէին Ֆագըհասանի թաղերը: Չաթալլէքի եւ Գապաչինարի հայերը պէտք կը զգան լատին կրօնաւորներու հովանաւորութեան. ամէն առիթի անոնց միջնորդութիւնը եւ օգնութիւնը կը հայցէին: Լաթաքիոյ Ֆրանսիսքեան միաբանութեան լատին հայրերը, կը համաձայնին հայոց թաղերուն մէջ վանք մը հաստատել ու իրենց պաշտպանութեան տակ առնել հայ բնակչութիւնը: Կը գնեն հսկայ տարածութիւն մը Գապաչինարի առջեւ: Այդ տարածութիւնը կը մկրտուի «Մանասթըր» (վանք) անունով: Կը կառուցուի շէնքերու համալիր մը (եկեղեցի, վանք, դպրոց):
Նոյն թուին կը ձեւաւորուի Վարի Պաղճաղազի լատին թաղապետութեան մուխթարութիւնը: Հայերը, իբր լատին համայնք, հոգեւոր ու վարչական անկախութիւն ձեռք կը բերեն:
1909-ի աղէտին, Քեսապի հարաւ-արեւելեան գիւղերու փախստական ու հալածական հայերը, կը հաւաքուին Լատինաց վանքը, ապա վարդապետներու առաջնորդութեամբ կ’անցնին Պասիթ, ուրկէ նաւերով կը փոխադրուին Լաթաքիա: Թուրք խուժանը Պաղճաղազ չի հասնիր: Քանի մը օր ետք գիւղացիները կը վերադառնան իրենց տուները:
Օգոստոս 1915-ին, Վարի Պաղճաղազի հայերն ալ կը տարագրուին: Տարագրուած գիւղացիներէն ոմանք կը մնան Ճըսըր Շուղուր, ոմանք կը քշուին Հալէպի ու Համայի կողմերը: Բնակչութեան երեք չորորդը կը զոհուի տարագրութեան ճամբաներուն վրայ:
1922-ին, երբ ֆրանսական իշխանութիւնները Քեսապ կը մտնեն, ջակայ թուրքերը կամաց-կամաց կը վերադառնան իրենց գիւղերը ու հաշտ կերպով կ’ապրին հայերուն հետ:
Սեպտեմբեր 2 1938 –էն, Յունիս 23ՙ 1939-ին Հաթայի պետութեան միջոցին Քեսապ շրջանի ազգակիցներուն հետ, պաղճաղազցիներու յարաբերութիւնները գրեթէ անկարելի դարձան: Թրքական իշխանութիւններէն փախուստ տուած կարգ մը երիտասարդներ սահմանը անցնելով, երբեմն կ’ապաստանէին Պաղճաղազի մէջ:
1947-ի հայրենադարձութեան լուրը խանդավառութեամբ կ’ընդունուի գիւղացիներուն կողմէ: Հայրենիք կը ներգաղթէ բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
1960-ական թուականներուն արտագաղթը գրեթէ ամբողջապէս կը պարպէ Վարի Պաղճաղազը:
2003-ի տուեալներով գոյութիւն ունէր մէկ տասնեակ հայ ընտանիք:
Լատին Ֆրանսիսքեան առաքելութիւնը Վարի Պաղճաղազ գիւղին մէջ, 1904 թուականին կը հիմնէ իր դպրոցը, որուն մէջ հայերէն չի դասաւանդուիր: Բոլոր դասանիւթերը կը տրուին ֆրանսերէն եւ թրքերէնով: 1930-ական թուականներուն, ամբողջապէս նախակրթարանի կը վերածուի. նոյն շրջանին կը սկսի հայերէնի ուսուցումը:
1946-ին, լատին համայնքը կը լուծուի: Դպրոցը կը գործէ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետական վարժարան անունով: 1948 թուականին դպրոցը կը փակուի:
Եկեղեցին, վանքն ու դպրոցը կը յանձնուին Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին եւ ուր կը հիմնէ կազդուրման կայան:
Վարի Պաղճաղազի մէջ կը գտնուի Առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող գերեզմանատուն մը:



ՎԵՐԻ ՊԱՂՃԱՂԱԶ
Էքիզօլուքէն Պասիթ գացող ճամբուն վրայ կը գտնուի Վերի Պաղճաղազ գիւղակը, որ փչուած է Սելտրան լերան կողերուն: Ունի բարձր ու տիրական դիրք, ուրկէ կ’երեւի Պասիթի ամբողջ շրջանը:
Գիւղը կազմուած է 19-րդ դարու կիսուն: Հիմնական բնակիչները կազմած են Սարմազեան գերդաստանի ընտանիքները: Միւս բնակիչները հոս հաստատուած են անցեալ դարասկիզբին. Գարայեան, Չափարեան, Հալուաճեան եւ Գարապետիրեան ընտանիքները:
1909-ին, գիւղացիք թէեւ կը միանան միւս գիւղերու փախստականներուն, բայց թուրք խուժանը հոն չի հասնիր: Գիւղացիք քանի մը օր ետք կը վերադառնան իրենց տուները:
Ըստ 1911-ի տուեալներուն գիւղը ունէր 22 տուն:
Օգոստոս 1915-ին, գիւղացիք կը տարագրուին էքիզօլուքցիներուն հետ: 1920 թուականին, վերապրողներուն թիւն է 14 ընտանիք: Տարագրութեան զոհուած է բնակչութեան աւելի քան երեք քառորդը:
Հաթայի պետութեան շրջանին, Վերի Պաղճաղազը սահմանէն անդին գտնուող առաջին գիւղը ըլլալով, ամէն օր թուրք իշխանութիւններէն հետապնդուող փախստականներ կ’ընդունէր: 1919-1922 թուականներուն Ազգային միութեան պատասխանատու անձեր եւ նախկին կամաւորներ իրենց ընտանիքներով ապաստան գտան Վերի եւ Վարի Պաղճաղազ գիւղերուն մէջ:
1947-ին, գիւղէն հայրենիք կը մեկնին 81 անձ: 1955 թուականի հաշուումներով, գիւղը ունի 41 անձ:
2003-ի տուեալներով գոյութիւն ունէր 9 ընտանիք, որոնց մէկ մասը ձմրան կը փոխադրուի Քեսապ եւ Լիբանան:
Գիւղին մէջ գործած են ստորեւ տրուած դպրոցները.
– Հայ Աւետարանական վարժարանը (1856-1967) նկատուած է Էքիզօլուքի դպրոցի մասնաճիւղը, որ գործած է իբրեւ նախակրթարան: Շրջանաւարտները կը յաճախէին Քեսապի բարձրագոյն վարժարանը:
Տարագրութենէն վերադարձէն ետք, դպրոցը կը վերաբացուի իբրեւ Ազգային միութեան միացեալ վարժարան: Այդպէս ալ կը մնայ մինչեւ 1932, երբ պաշտօնապէս կրկին կը դառնայ Էքիզօլուքի Աւետարանական վարժարանը:
– Լատինաց վարժարանը (1930-1947) վերջին տարիներուն կոչուած է Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետական վարժարան:
Վերի Պաղճաղազի մէջ կը գտնուի Աւետարանական եկեղեցւոյ պատկանող գերեզմանատուն մը:


*******************************

Արդարեւ, Մարտ 21 2014-ի առաւօտեան, մայրերու տօնին օրը, Ցեղասպան թուրքը, օր ցերեկով, քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին առջեւ, հովանաւորեց իսլամական ծայրայեղական զինեալները, օժանդակութիւն ցուցաբերեց եւ բացայայտ հաւանութեամբ ընթացք տուաւ անոնց, կազմակերպելու համար Քեսապի նուաճումը: Այսպէս, Թուրքիայէն Քեսապ ներխուժեցին Սուրիոյ պատերազմին մեղսակից զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն՝ «Սուրիական ազատ բանակ»ը, Ժապհաթ ալ-նուսրա, Անսար աշ-շամ, շամ ալ-իսլամ եւ ուրիշներ: Սուրիական բանակի օգնութեամբ գիւղացիներուն բացարձակ մեծասմանութիւնը շրջանէն հեռացան դէպի Լաթաքիա, Այնճար, Պէյրութ եւ այլ շրջաններ: Շրջանի կարգ մը տարէցներ, ինչպէս նաեւ առողջական վատ պայմաններ ունեցող շուրջ 40 հոգի մնացին հոն, չուզեցին լքել իրենց բնօրրանը:
Երեք օր տեւող երկկողմանի ծանր մարտերէն ետք շրջանը ամբողջովին անցաւ «Սուրիական ազատ բանակ»ի զինեալ ուժերու ձեռքը: Մօտաւորապէս երեք ամիս ետք՝ Յունիս 15, 2014-ին, հայրերու տօնին օրը, սուրիական բանակը ազատագրեց Քեսապի շրջանը եւ գիւղացիք վերադարձան քանդուած, հրկիզուած եւ կողոպտուած տուները: Եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ հրոյ ճարակ դարձած, գերեզմաններ պղծուած, խանութներ, պանդոկներ կողոպտուած եւ անգործածելի դարձած էին:
Շնորհիւ Սփիւռքի հայութեան շտապ օգնութեան եւ գիւղացիներու համագործակցութեան ելեկտրական հոսանքը, հեռաձայնային կապերը շուտով վերահաստատուեցան: Շրջանի բնակչութեան օժանդակութիւններ հասան աշխարհի տարբեր անկիւններէ:
Գիւղացին կրցաւ 2014-ի խնձորի բերքը հաւաքել եւ անոր հասոյթով անմիջական ծախսերը գոցել: Մօտ 250 ընտանիքներ վերադարձան վերջնականապէս իրենձ բնակարանները:
Այսօր, համեմատաբար աւելի խաղաղ շրջան մը կ’ապրի Քեսապ եւ իր շրջակայ գիւղերու հայութիւնը: Վերականգնումի եւ վերաշինական շխատանքը քանի մը տարիներու ընթացքին կ’աշխուժանայ եւ շնորհիւ գիւղատնտեսութեան վնասները հատուցում կը ստանան:
Աւերիչ պատերազմը չխնայեց եկեղեցի, դպրոց եւ բնակարան` սրբապղծելով ու քանդելով զանոնք: Արդարեւ, Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2014-ին, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, վերաօծուեցաւ Գարատուրանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Յաջորդող օրերուն տեղի ունեցան կազմակերպչական յատուկ աշխատանքներ եւ հանդիպումներ` թաղականութեանց, խնամակալութեան ու Քեսապի Շտապ օգնութեան մարմինին հետ: Կիրակի, Յուլիս 27, 2014 թուականին, Այլակերպութեան տօնին առթիւ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ` մասնակցութեամբ իրենց պապենական տուները վերադարձած հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Պատարագի ընթացքին, հոգեպարար քարոզէ մը ետք, ջրօրհնէքի ու աղօրհնէքի արարողութիւններ կատարուեցան: Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` ի յիշատակ Սուրիոյ եւ հայութեան բոլոր նահատակներուն: Աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, խաղաղութեան եւ պտղաբերութեան խնդրանքով, անդաստանի արարողութեամբ օրհնուեցան Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակները:
Միւս կողմէ, Յուլիս 28, 2016-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս հովական այցելութիւն մը տուաւ Քեսապի հայկական պատմական աւանը: Հոն հանդիպում ունեցաւ Քեսապի մէջ գործող զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ինչպէս նաեւ, Հալէպէն ամարանոց բարձրացած Ազգային առաջնորդարանի պատսպարանի երեխաներուն եւ մեծաւ մասամբ Հալէպէն եկած Սուրիահայ երիտասարդական միութեան (ՍԵՄ) բանակումին:
Քեսապ 2017-ի տուեալներով իր բնականոն ընթացքը կը շարունակէ: Քեսապցիք արդէն վերականգնած են իրենց բնակարաններն ու այլ կալուածները եւ իրենց առօրեայ կեանքը կը շարունակեն:
Քեսապի եւ շրջակայքի հայաբնակ գիւղերը իր զանազան կողմերով, մեզի յաճախ մղած են, որ մեր հետազօտութիւնը խորացնենք եւ այդ պատճառով յաճախակի այցելութիւններով կրցած ենք մեր ուսումնասիրական աշխատանքը հողին վրայ կատարել: Միւս կողմէ, կատարուած ուսումնասիրութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ Քեսապի եւ շրջակայքի հայաբնակ գիւղերու մասին բազմաթիւ հեղինակներ արդէն լոյս ընծայած են շատ մը գիրքեր ու մասնագիտական յօդուածներ, որոնց մէջ ընդարձակ եւ տարբեր բնագաւառներու մասին ակնարկութիւններ եղած են: Ուստի, մենք, մեր կարգին կրկնութիւն ընելէ կը խուսափինք եւ այսքանով կը բաւար


Արտատպուած՝ 

No comments:

Post a Comment