Ս. Աստուածածնայ Տօնը Քեսապի Մէջ
Սիլվի Աբէլեան
Արեւմտահայ աւանի վերջին մնացորդացը` Քեսապը, ինքնուրոյն աշխարհ մըն է իր գիւղերով, անտառներով, պտղատու ծառերով, իր բնակիչներով, կենցաղով, սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով:
Միջերկրականի արեւելեան աջին փռուած հայկական գիւղաքաղաքը` Քեսապը, մինչեւ 19-րդ դարու կէսը կղզիացած կը մնար, բայց 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ան կը դառնայ ոչ միայն հայութեան, այլեւ Սուրիոյ ժողովուրդին համար սիրելի ամառանոց մը, հանգիստի ապահով գիւղ մը եւ միութիւններուն համար բանակումներու կարեւոր վայր մը:
Քեսապի ամառները սովորաբար կ՛անցնէին ուրախ, տեղի կ՛ունենար աշխոյժ եռուզեր, ամէն կողմէ կը լսուէին բանակող միութիւններու փողերախումբերուն կշռութաւոր մեղեդիները, ամէնուր կը նըշմարուէին սկաուտներուն տողանցքները, արշաւները, կը լսուէին անոնց կանչերն ու երգերը:
Մինչ օդափոխութեան եկողները իրենց hանգիստը կ՛անցընէին Քեսապի անտառներուն զով ու մաքուր օդը շնչելով ու անդորրը վայելելով, տեղացի բնակիչներուն մէկ մասը իր բերքահաւաքի արգասիքը կը վայելէր, իսկ միւս մասը, որուն մաս կը կազմէին պանդոկներու, ճաշարաններու ու խանութներու տէրերը, իր գործի թէժ ժամանաշրջանը կ՛ապրէր:
Քեսապի ամառը յատկանշող ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը Ս. Աստուածածնայ ուխտի տօնն է, որ ամէն տարի կը կատարուի Էսքիւրանի մէջ (Ներքի գիւղ): Նախապէս Քեսապի ուխտագնացութեան վայրը Կասիոս լերան լանջին Պարլումն էր, որուն տօնախմբութիւնը կը կատարուէր Վարդավառին, բայց 1939-ի Սանճաքի Թուրքիոյ կցումով Պարլումը մնաց Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, իսկ ուխտագնացութեան վայր նշանակուեցաւ Էսքիւրանը:
Տարուան ընթացքին Քեսապի ամէնէն տօնական մթնոլորտը Ս. Աստուածածնայ շաբաթը կը տիրէր: Էսքիւրան կը լեցուէր բազմահազար ուխտաւորներով, որոնք կու գային Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն ու իրենց վրանները կը լարէին ուխտատեղիին դիմացը գտնուող թթենիի ծառերուն տակ: Արարողութիւնը կը սկսէր Կիրակի կէսօր, երբ հազարաւոր հաւատացեալներ կը փութային Հայ Առաքելական եկեղեցի` մասնակցելու խաղողօրհնէքի արարողութեան: Քեսապի խաղողները ողկոյզ առ ողկոյզ զետեղուած կ՛ըլլար տոպրակներու մէջ ու ամէն ոք կը ջանար այդ օրհնուած խաղողէն ստանալ ու անպայման տուն տանիլ: Այդ օրերուն ամէն տունէ ձէթով բոկեղի բոյրը դուրս կու գար:
Կիրակի երեկոյեան մատաղները կ՛օրհնուէին ու կը մորթուէին, աւանդական կաթսաները կը շարուէին կրակներուն վրայ: Կը փչէր զուռնան ու մինչեւ լոյս կը զարնէր թմբուկը: Տեղացիք կ՛երգէին ու կը պարէին Քեսապի շուրջպարերը: Համազգայինի կազմակերպութեամբ տարիներ շարունակ այդ երեկոյ ելոյթ կ՛ունենար Հալէպի «Սարդարապատ» պարախումբը: Երկուշաբթի առաւօտ տեղի կ՛ունենար հանդիսաւոր պատարագ, սրբազան հայրը կ՛օրհնէր աւանդական հերիսան, որ յետոյ երիտասարդներուն միջոցով կը բաշխուէր ուխտաւորներուն: Երեկոյեան ուխտաւորները կը պատրաստուէին վերադառնալ իրենց քաղաքներն ու տուները: Այդ օրերուն ապահովութեան համար ինքնաշարժներուն մուտքը Էսքիւրան կ՛արգիլուէր: Մարդիկ պէտք է քալելով հասնէին ուխտատեղի: Ոստիկանները կը հսկէին ապահովութեան համար:
Սուրիոյ պատերազմէն առաջ, վերջին 15 տարիներուն փոխուած էր Ս. Աստուածածնայ տօնին եկող ուխտագնացութեան պատկերը: Վրանները վերացած էին, ուխտի եկողները սկսած էին տուներ վարձել: Սակայն խնճոյքն ու կերուխումը, զուռնան եւ թմբուկը քեսապցիներու շուրջպարերով կը շարունակուէին ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Հետաքրքութեան համար ներկայ կ՛ըլլան նաեւ օտար այցելուներ:
Այսօր հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ 2014-ի տեղահանութեան, Քեսապ վերագտած է իր հարազատները: Ան կը շարունակէ մնալ ապրող աշխարհ մը իր անցեալին հետ ցաւոտ, բայց սերտ կապերով, ժամանակին եւ ժամանակակից աշխարհին հետ բազմաթիւ օղակներով շաղկապուած իրականութիւն մը, հայօրէն գոյատեւելու ճիգով ու առօրեայ հոգերով տրոփող իրական աշխարհ մը: Քեսապ պիտի շարունակէ շնչել հայօրէն այնքան ատեն, որ հոն կենդանի են տոհմիկ մշակոյթ մը եւ այդ մշակոյթը կենդանի պահող հայորդիները:
Սիլվի Աբէլեան
Արտատպուած՝ Օգոստոս 12, 2017
No comments:
Post a Comment