Friday, October 6, 2017

Քեսապցի Մեծ Հօրս` Չեթէ Մեսրոպ Պապուկի Անմահ Յիշատակին - ՄԵՍՐՈՊ ԳԱՌՆԻԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Քեսապցի Մեծ Հօրս` Չեթէ Մեսրոպ Պապուկի Անմահ Յիշատակին

ՄԵՍՐՈՊ ԳԱՌՆԻԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
0819_Չեթէ-Մեսրոպ-ՊապուկՑնծաբեր այս օրերուն, երբ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Քեսապը` ազատագրելով զայն, այսպէս կոչուած «ազատութեան մարտիկներ»-էն միտքիս մէջ կը տողանցեն մեծ հօրս` Չեթէ Մեսրոպին պատմած յուշերը:
Ատանայի կոտորածի օրերուն, տակաւին տասներկու տարեկան, ականատես կ’ըլլայ 1909-ին Քեսապի ու Կիլիկիոյ հայաբնակ քաղաքներու ու գիւղերու ջարդին ու անգութ կոտորածին:
Քեսապցիները իրենց պողպատեայ դիմադրութեան շնորհիւ կը փրկուին ջարդէ եւ Լաթաքիա ապաստան կը գտնեն մինչեւ ջարդերուն աւարտը: Այս բախումներուն քեսապցիները կու տան 161 զոհ:
Մեծ եղեռնի օրերուն, 1915-ի ամրան, քեսապցիք կրկին կը տարագրուին: Աղէտեալ քեսապցիները իրենց Քեսապ վերադարձին տուները թալանուած ու  հրկիզուած կը գտնեն:
Մեծ հօրս ընտանիքը, ձգելով Քեսապի լեռնոտ շրջանները, մեծ կսկիծով կը գաղթէ Արժանթին:
Տարիները կը սահին: Քեսապահայերը Ամերիկայի տարածքին կը դառնան հարուստ, տուներու տէր: Սակայն, բոլորն ալ անխտիր, հակառակ բազմատեսակ յաջողութիւններուն, անգոհունակ սիրտ մը ունէին: Օտար հողեր գնած էին, բայց` ոչ մէկուն մէջ արմատ ձգած:
Բոլորին մօտ տիրական էր իրենց ծննդավայրը վերադառնալու հաւատքն ու վճռակամութիւնը:
Իմ մեծ հօրս միտքը կ՛երթար խնձորի ծառերով բերրի իր պապենական այգիին: Կը յիշէր իր կախարդական Քեսապի հայրենի հողաշէն ու քարապատ տնակը: Կը յիշէր թոնիրի հացին համն ու բոյրը, Սուրբ Աստուածածնայ տօնին Էսկիւրանի ուխտավայրի հրապարակին վրայ զենուած ոչխարները ու պատրաստուած համով հոտով հերիսան եւ խորապէս կը յուզուէր:
Օտարութեան մէջ իր մտքին մէջ կը հնչէին Դանիէլ Վարուժանի «Կարօտի նամակ»-ի հետեւեալ տողերը.
«Եկո՜ւր, որդեա՛կ, հայրենի տունըդ շէնցուր.
Դուռն են կոտրեր, մառաններն ո՛ղջ դատարկեր.
Կը մըտնեն ներս լուսամուտէն ջարդուփշուր
Գարնան ամբողջ ծիծառներ»:
Ո՞ր քեսապցի հայ աչքը կը հանգչի Քեսապի շքեղութիւնը չտեսած, ո՞ր մէկ հայ մարմինը կը հանգչի խորթ հողին տակ:
Առաջին առիթին, երբ պարագաները կը ներեն մեծ հայրս ամբողջ ընտանիքով կը վերադառնայ Քեսապ, քանի հողին ձայնը կը կանչէր զինք:
0819_Չեթէ-Մեսրոպ-Պապուկ11936-ի տարագրութենէն վերադարձին մաս կը կազմէ Քեսապի ինքնապաշտպանութեան յեղափոխական խումբերուն: Ան իր չարքաշ նկարագրին համար Չեթէ Մեսրոպ ծածկանունին կ’արժանանայ:
1938-ին, երբ ֆրանսացիները Ալեքսանտրեթի սանճաքը կը յանձնեն Թուրքիոյ, Քեսապ կ’իյնայ թրքական տիրապետութեան տակ: Սակայն քեսապցիները կ’որոշեն չհեռանալ պապենական հողերէն: Ծայր կու տան կռիւներ` թրքական կանոնաւոր զօրքերուն դէմ: Քեսապի երիտասարդները դաշտը ձգելով` բահին տեղ սուր ու հրացան կ՛առնեն ու կը պաշտպանեն պապերէն իրենց աւանդ մնացած Քեսապի նուիրական սուրբ հողը:
Այսպէս անոնք միասնական հոգիով, հայու վայել կեցուածքով ու գիտակցութեամբ անաղարտ պահեցին իրենց ժառանգած ցեղային արժանապատուութիւնն ու պայքարելու կամքը:
1939-ին սահմանային փոփոխութեամբ, Քեսապ կը մտնէ Սուրիոյ սահմաններուն մէջ: Այս առնչութեամբ մեծ դերակատարութիւն կ’ունենայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան պատրիարքը:
Մեծ հայրս յաճախ մեզի կ’այցելէր, Պէյրութ: Սակայն իր կեանքի վերջին տարիներուն բախտաւորութիւնը ունեցանք վայելելու անոր օրհնաբեր մնայուն ներկայութիւնը մեր տան մէջ:
Ան մեզի յաճախ կը պատմէր իր հայդուկի ֆետայական սխրանքներուն մասին եւ մեծ ապրումով ու խանդավառութեամբ կ’երգէր ազգային ու յեղափոխական երգեր: Իր նախասիրած երգն էր` «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն», որ կը մարմնացնէ հայու միասնական պայքարող ազատատենչ հոգիին յաղթանակը:
Ան իր 94 տարեկանին պողպատեայ առողջութիւն կը վայելէր: Մինչեւ իր մահը 9 յարկ քալելով կը բարձրանար մեր տունը հասնելու համար` շնորհիւ իր ծննդավայր Քեսապի բնութեան, օդին, ջուրին, հողին ու արեւին:
Իսկ հայրս` Չեթէ Մեսրոպի ասլան զաւակը, այլ բաներու շարքին, մեզի ժառանգ թողուց հայրենասիրութիւնը: Ան Քեսապի ու Հայաստանի սիրահարն էր: Քեսապը խառնուած էր իր ողջ հոգեղէն էութեան մէջ:
Փոխանցելու համար սէրը հայութեան մեզի յաճախ կը տանէր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խաղերուն: Քանի անգամ, խաղերու աւարտին իր ինքնաշարժը վնասուած կը գտնէինք, Լիբանանի ֆութպոլի եօթնամեայ ախոյեան ՀՄԸՄ-ի դրօշակը ցուցադրած ըլլալու համար:
Յիշողութեանս մէջ թարմ է տակաւին, երբ 1974-ին նախկին Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեան «Արարատ» խումբը համաձայնուած պարտութիւն մը կրեց Լիբանանի ախոյեան «Նըժմէ»-ի դէմ, Քամիլ Շամունի անուան մարզադաշտին վրայ: Մրցումէն ետք, մեր վերադարձին, առաջին անգամն էր, որ հայրս այդքան տխուր կը տեսնէի:
0819_Չեթէ-Մեսրոպ-Պապուկ2Ամրօրէն կառչած մնալու համար Քեսապի հայկական տոհմիկ բարքերուն եւ հայ եկեղեցւոյ նուիրական սրբութիւններուն ու աւանդութիւններուն, ան մեզի կը պատմէր իր հայրենական գիւղի կեանքին ու սովորութիւններուն մասին:
Կենդանի պահելու համար Քեսապի ուրոյն բարբառը` մեծ հօրս հետ միշտ Քեսապի գաւառաբարբառով կը խօսէր: Անպակաս էին Քեսապի երգերն ու պարերը մեր տան մէջ:
Չեթէ Մեսրոպ պապուկս եւ հայրս յաճախ միեւնոյն խրատը կը կրկնէին` «Ո՛չ ոսկի, ո՛չ ալ արծաթ ունիմ ձեզի տալու, սակայն ձեզի աւանդ կը թողում իմ նախահայրերէս կտակուած, հայկական Կիլիկիոյ հայաբնակ ու հայաբարբառ Քեսապի վերջին ամրոցէն շերտ մը հող: Եթէ կ’ուզէք անաղարտ պահել Քեսապի հայկական դիմագիծը, յարգել ձեր նախահայրերուն սուրբ յիշատակը եւ չխռովել իմ յաւիտենական հանգիստը, ուստի պապենական մեր հողերը այլազգի չծախէք»:
Մենք ալ, մեր կարգին, հակառակ անոր որ բազմաթիւ առիթներ ներկայացան մեզի նախանձելի գինով ծախելու մեր մեծ հօրմէն ժառանգած մեր պապենական հողը, սակայն անդրդուելի մնացինք մեր ընտանիքին կողմէ տրուած պապենական այդ հողը չծախելու որոշումին մէջ: Պատիւն ունինք ըլլալու ոչ միայն պատմական հարուստ անցեալի մը ժառանգորդները, այլ նաեւ այդ ժառանգը պահելու, մշակելու, խնամելու եւ ճոխացնելու պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնն ունինք որպէս մեր ճիտին պարտքը:
Սիրելի՛ հարազատ քեսապահայեր,
Յուսալքումը եւ վհատութիւնը անհաշտ են հայ քրիստոնեայի աննկուն նկարագիրին հետ:
Քեսապի ազատագրման հրճուալի առիթով եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախասեմին մեր վառ հաւատքն է, որ պէտք է գոյատեւէ. նոյնիսկ եթէ մեզ Սուրբ Գրիգորի նման Խոր Վիրապ նետեն, Հրանդ Տինքի պէս գնդակահարեն եւ քեսապահայութեան նման տեղահան ընեն, հայը Քրիստոսի նման յարութիւն պիտի առնէ, եւ ողջ հայութիւնը պիտի վերատիրանայ իր պապենական հողերուն:
Արտատպուած՝ 

No comments:

Post a Comment