Friday, January 27, 2017

Քեսապի Սահմանագիծին Վրայ Թուրքիոյ Կառուցած «Ամօթի Պատը»



Garo V. Manjigian    January 27, 2017    Kessab, Syria

Քեսապի Սահմանագիծին Վրայ Թուրքիոյ Կառուցած «Ամօթի Պատը»

 

 



ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Այս օրերուս Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուեցաւ խորհրդաժողով մը` Ռուսաստանի դաշնութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան հովանիին ներքոյ, Սուրիոյ պետութեան եւ Սուրիոյ մէջ կռուող զինեալ ահաբեկչական կամ, այսպէս յորջորջուած,  «չափաւորական» ընդդիմադիր խմբաւորումներու միջեւ, Սուրիոյ ամբողջ տարածքին զինադուլի համաձայնութեան մը հասնելու համար:
Սուրիական կառավարութեան աւագանին տագնապի անցնող վեց տարիներու ընթացքին ծայր աստիճան ճկունութիւն եւ համբերատարութիւն ցուցաբերեց Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած քաղաքական թէ ռազմական պատերազմի ելեւէջներուն:
Այս ըմբռնողական կեցուածքը եւ տագնապէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու մօտեցումը յաճախ ստիպեց Սուրիոյ պաշտօնական կողմին` բանակցութեան նստելու այդ խմբաւորումներուն նեցուկն ու յենարանը հանդիսացող Թուրքիոյ էրտողանեան  իշխանութիւններուն հետ, իսկ այս անգամ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ, սակայն մէկ կողմ ձգած դիւանագիտական լեզուն ու ոճը, բառերը առանց ծամծմելու, նոյն բանակցութեանց ընթացքին իսկ, լուսարձակի տակ առնելու իւրաքանչիւր կողմի (թրքական պետութիւն, արաբական կարգ մը երկիրներ թէ ահաբեկչական խմբաւորումներ) ահաբեկչական արարքները, իրերը իրենց բառերով կոչելու:
Իսկ անցնող օրերուն, դիւանագիտական թէ լրատուական լուսարձակի տակ առնուած է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միացեալ սահմանին վրայ, Թուրքիոյ կողմէ նախաձեռնուած բարձրադիր «ամօթի պատի» մը շինութիւնը:
Թրքական կառավարութեան լիրբ յայտարարութիւններուն համաձայն, նոյնանման պատեր պիտի կառուցուին ոչ միայն Սուրիոյ հետ, այլեւ Իրաքի, Իրանի եւ Հայաստանի հետ սահմանագիծերուն վրայ:
Կատակելու համար կ՛ըսենք, որ Թուրքիա այսքան ամօթխա՞ծ է եւ կ՛ամչնա՞յ իր անցեալէն ու ներկայէն, որ պատերով ինքզինք կը շրջապատէ:
«Ամօթի պատը»
Մինչ Ասթանայի ժողովը կը գումարուի, սուրիական, պարսկական եւ այս առանցքին առնչուող զանազան հեռատեսիլի թէ համացանցի կայաններ տեսերիզներ կը պատկերասփռեն, որոնք նկարահանուած են Քեսապի` Տուզաղաճ գիւղին սահմանագիծին, Թուրքիոյ հետ մաքսային սահմանակէտին մօտ:
Քեսապցիներս 3-4 ամիսներէ ի վեր կը տեսնենք ու կը հետեւինք այս պատի կառուցման շտապ ու անդադար աշխատանքներուն:
Ինչո՞ւ նկարահանումը տեղի ունեցաւ Քեսապի հետ սահմանագիծին վրայ:
Որովհետեւ սուրիական տագնապի անցնող վեց տարիներուն ընթացքին թուրք-սուրիական մօտ 900 քմ. սահմանագիծը պղծուեցաւ ու խորտակուեցաւ ոչ միայն Թուրքիոյ սնուցած, զինած, հովանաւորած եւ առաքած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ, այլեւ, Հալէպ եւ Ռաքքա նահանգներուն պարագային, թրքական բանակը անկաշկանդ, ինք թափանցեց եւ ներխուժեց այդ նահանգներուն հիւսիսային շրջանը` որպէս թէ կասեցնելու եւ բնաջնջելու այնտեղ գտնուող «ահաբեկչութիւնը (Իսլամական պետութիւն կազմակերպութիւն, Ժապհեթ Նուսրա, եւ անունները յաճախ փոխող զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ), սակայն այդ պատրուակով եւ խորքին մէջ քրտական կազմակերպութիւնները կասեցնելու կամ լուծարքի ենթարկելու, որոնք սուրիական պետութեան տկարացումով ստեղծած են զինեալ կազմակերպութիւններ եւ կը ձգտին թրքական եւ սուրիական հողերուն վրայ քրտական պետութիւն մը ստեղծելու:
Իսկ այդ երկար սահմանագիծին վրայ գտնուող մաքսային սահմանակէտերը, բացի Քեսապի սահմանակէտէն, կը գտնուին ահաբեկչական խմբակներու հակակշիռին տակ, իսկ սահմանագիծին ջախջախիչ մասը դուրս եկած է պետութեան գերիշխանութենէն, երախտաւոր պարագային, մէկ մասը, մնացած է քրտական սուրիամէտ խմբաւորումներու գերիշխանութեան ներքոյ:
Միայն Քեսապի մաքսակէտը եւ անոր վարչական շրջանի մօտ 25 քմ սահմանագիծը, Քեսապի ազատագրումով վերադարձաւ եւ կը մնայ օրինական պետութեան գերիշխանութեան տակ, եւ ուր տեղակայուած է ազգային բանակէն գունդ մը:
Տուզաղաճի (Քեսապի) այս մաքսակէտը 5 տարիներէ ի վեր փակ կը մնայ:
Իսկ ի՞նչ է այս պատը, ինչպէ՞ս է անոր տեսքը:
Պատը կրկնօրինակն է Պաղեստինի եւ Իսրայէլի սահմաններուն վրայ կառուցուած պատին:
Սիմենթ-պեթոնէ եւ երկաթով ամրացուած, լայնանիստ յենարանի մը վրայ (սագի ոտքի նմանող), 3 մեթր բարձրութեամբ, նախապէս պատրաստուած եւ տեղւոյն վրայ իրարու ագուցուելով` օր ըստ օրէ ամրացուած են ոլորուած` 2 մեթր բարձրութեամբ փշալարեր, ուր նաեւ տեղադրուած են նկարչական-նկարահանման սարքեր: Անոր ետին փռուած է լայնածաւալ ճանապարհ մը (թրքական կողմը): Եւ վերջապէս, պատին վրայ փորագրուած են թրքական մահիկն ու աստղը եւ «կնքուած» Թրքական Հանրապետութիւն` «Turk Gumhuriet» բառերով:
Քեսապի մօտ 25 քմ սահմանագիծին վրայ կառուցուած բաժնին երկարութիւնը մօտ 11 քմ է. ան կը սկսի «Գարաքիլիսէ» (Սեւ եկեղեցի) կոչուած վայրէն` (Քեսապէն 10-12 քմ հեռու). այդ շրջանը մէկ տարի առաջ տակաւին կռուախնձոր էր սուրիական բանակին եւ ահաբեկիչներուն միջեւ: Պատը կ՛երկարի, կ՛անցնի Լեղի-ջուր, Տուզաղաճ շրջաններէն, անցնելով մաքսակէտէն, կը բարձրանայ դէպի Էսկէօրան գիւղին հանդիպակաց կողմը (հոն ամէն տարի կը տօնուի Ս. Աստուածածնայ տօնը, կը կատարուի մատաղօրհնէք, բերքօրհնէք…), ապա կը թեքի դէպի Սեւ աղբիւր գիւղի բարձունքները. առ այժմ հոն կանգ առած է շինութիւնը:
Անկէ անդին` Կասիոս լերան լանջն է, որ դժուարանցանելի է. լեռնալանջը կ՛երկարի մինչեւ Պաշուրտ ամայացած (ներգաղթին) գիւղի սահմանները, հասնելով մինչեւ Միջերկրականի ծովափ: Կը կարծենք, որ լեռնային եւ դժուարանցանելի ըլլալով` այնտեղ պիտի չկառուցուի պատ:
Նշենք նաեւ, որ այդ սահմանագիծէն ներս թրքական բանակը այս վերջին 5-6 տարիներուն կառուցած է 8-9 հսկայ զօրանոցներ, որոնցմէ քանի մը հատը օժտուած են ուղղաթիռներու յատուկ էջուղիներով: Այս զօրանոցները իրար կապուած են 15 մեթր լայնքով ճանապարհներու ցանցով մը: Անոնց վրայ տեղադրուած են հեռարձակ ելեկտրական լամբեր, որոնց փայլքը յստակօրէն տեսանելի է Լաթաքիա քաղաքէն (60 քմ Քեսապէն հեռու):
Իսկ Կասիոս բռնագրաւուած լերան գագաթը պղծուած է, գագաթէն լայնածաւալ հող տեղափոխուած է, կարծես 2-րդ գագաթ մը շինուած է: Ըստ երեւոյթին, այնտեղ կառուցուած է ռազմական-գերարդիական խարիսխ մը:
Վերոյիշեալները կառուցուած են անցնող 5-6 տարիներու ընթացքին:
https://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2017/01/received_1241744195909385.jpg?resize=600%2C447
Պատին մէկ բաժինը կ՛երկարի Իտլիպ նահանգին հիւսիսային սահմանագիծին վրայ: Քեսապի շրջանին, սահմանագիծի խախտումի դէպքերը կանխուեցան. սակայն Իտլիպի շրջանին մէջ այդ ոտնձգութիւններուն եւ սահմանային խախտումներուն հակադարձեց այնտեղի «թրքամէտ» բնակչութիւնը` զինեալ բախումներով, թրքական ոստիկանութեան` ժանտարմային հետ, որովհետեւ այդ խախտումները զանոնք` գիւղացիները կը զրկէին իրենց մշակուած կալուածներէն: Այդ գիւղացիք եւս վայելեցին թրքական դրացիութեան եւ «բարեկամութեան» համը:
Այդ պատին մէկ մասը կ՛երկարի Թել Ապեատ, Ռաս ու Այն, Արապ (Արաբունար) եւ Ճարապլուս շրջաններու սահմանագիծ` հասնելով մինչեւ Գամիշլի քաղաքը: Սակայն ան մաս առ մաս է, եւ միակտուր չէ, եւ երկար բացութիւններ կան:
Տեղեկութիւններու այս բաժինը քաղած եմ Քեսապ ապաստանած, Ռաս ուլ Այնի մէջ ցորենի վար ու ցանքով զբաղող հայորդիէ մը, որ մերթ ընդ մերթ կ՛երթայ այնտեղ ցանքի գործերուն համար:
Հիմա գումարուած եւ աւարտած է Ասթանայի ժողովը:
Այստեղ այդ ժողովը եւ անոր որոշումները, քննարկելու եւ վերլուծելու տեղը չէ, եւ անոր յաւակնութիւնն ալ չունի տողերուս հեղինակը: Սակայն, ըստ երեւոյթին, միջազգային հասկացողութիւն մը (գուցէ միայն շրջանային եւ սակայն` ոչ մնայուն) լոյսին տակ, փորձ կատարելով իրարմէ անջատելու, այսպէս կոչուած` «չափաւոր զինեալ ընդդիմութիւնը» (ի՛նչ փարատոքս), ծայրայեղական զինեալ ընդդիմութենէն, այս ժողովը առաջինները ընդունելով, հրաւիրելով, իսկ երկրորդները (յարափոփոխ անուններով) մերժելով, ըստ երեւոյթին յաջողեցաւ սեպ խրել անոնց միջեւ, տակաւին ժողովը չսկսած` արիւնալի, վայրագ բախումներ սկսան անոնց միջեւ` ռազմական եւ քաղաքական ոտնատեղը չկորսնցնելու մտահոգութեամբ, ինչպէս նաեւ` անոնց հովանաւորներուն եւ «սնուցանողներուն» նիւթաքաղաքական հովանաւորութիւնը անխախտ պահելու մտօք: Իսկ շրջանային պատուիրատուներէն գլխաւորը Էրտողանի Թուրքիան ըլլալով, ինչպէս նաեւ անոնց դէպի Սուրիա գլխաւոր կամուրջը հանդիսանալով, Թուրքիան տեղ մը «իրաւունք» ունի մտահոգուելու, այդ` փճացումի բախտին փարախը նետուած խմբաւորումներու վրիժառութեան գալիք քայլերէն, որոնք տան անկիւնը սեղմուած կատուի նման` հարկադրուած, նոյնիսկ իր տիրոջ երեսին թռչելու խիզախութիւնը պիտի ունենան: Վերջին հաշուով, անոնք մահու-կենաց վիճակի մէջ յանդիման կը գտնուին:
Ասկէ անդին, «ամօթի պատի» գլխաւոր դրդապատճառը քրտական հաւանական պետութեան մը ծնունդի մղձաւանջն է, որ անքուն կը պահէ ու կը տանջէ թրքական պետութիւնը: Քանի մը տասնեակ տարիներէ ի վեր անոնք` քիւրտերը, յաջողած են Իրաքի հիւսիսը ինքնավարութիւն պարտադրել, իսկ այժմ, Սուրիոյ պետութեան թուլացումով, կարգ մը քրտական կազմակերպութիւններ սկսած են Սուրիոյ հիւսիսը ինքնավարութիւն թէ  դաշնակցային պետութիւն խաղալ եւ թրքական կառավարութիւնը, վիրաւոր վագրի մը նման, իր սրտին մէջ ունենալով վախը, ոչ միայն քիւրտերէն, այլեւ հայերէն, որոնք ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կ՛արծարծեն, այլեւ հատուցման անժամանցելի իրաւունքները կ՛արծարծեն, ուստի կը կարծէ «ամօթի պատ» մըն ալ Հայաստանի սահմաններուն վրայ կառուցելով` պիտի յաջողի կանխել ու արգելակել այդ պահանջներն ու իրաւունքները:
Ասոր կ՛ըսեն` «Գող, սիրտը դող»:
Թուրքիան, 21-րդ դար թեւակոխած, Եւրոպայի մեծ ընտանիքին մէջ մտնելու յաւակնութեամբ, չէ կրցած թօթափել օսմանեան դարերէն ժառանգած անմարդկային ախտերը. կը յամառի մնալ «Հիւանդ մարդը», մանաւանդ երբ չի փորձեր ձերբազատիլ իր արիւնալի պատմութենէն, այլեւ անով կը պարծենայ, եւ իր վարքագիծով կը փորձէ վերականգնել անցեալի իր կայսրութիւնը:
Թուրքիոյ «Ազգային ուխտը», դրացի ազգերը բնաջնջել, դրացի երկիրները քանդելն է, մանաւանդ` հայերն ու Հայաստանը:
Իր ազգային ուխտը այդ ամօթն է, որ կը փորձէ պատով պարսպել:
Մարդկութեան ճակատին ամօթն ու թուքն է «ամօթի պատը» պատող Թուրքիան:
***
https://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2017/01/received_1241744529242685.jpg?resize=600%2C459
Երէկ լրատուամիջոցի մը խմբագիրը հարց կու տար, թէ այս պատը կառուցուելէն ետք դուք` քեսապցիներդ, զձեզ որքանո՞վ ապահով կը զգաք, որքա՞ն ապահովութիւն պիտի ներշնչէ այդ պատը ձեզի:
Ա՜խ, ի՞նչ ըսեմ:
Այսօր Թուրքիոյ հարեւանութեամբ, իսկ անցեալին անոր լուծին տակ ապրած քեսապցիք, որոնք մէկ դարու ընթացքին 3 անգամ տեղահանուելով, յաջորդաբար` 167, 5000 ապա այս վերջին տեղահանութեան 5 զոհեր տալով, տակաւին կը յամառին կառչած մնալ իրենց պապենական հողին:
Նախանձելի չէ անոնց վիճակը: Վերապատմելու հարկ չկայ: Տեղահանութեան (2014-ին) դառն բաժակը ըմպած, սակայն տուն ու տեղ վերադարձած ենք. թէկուզ` մեր կալուածները երբեմն քանդուած-այրած, ընդհանրապէս կողոպտուած, պարտէզները անխնամ-փճացած… եւ այլն, սակայն համեմատելով սուրիական այլ շրջաններու, վերջապէս վերադարձած ենք մեր արմատներուն, թէկուզ` թշնամիին հարեւանութեամբ:
Քեսապ, մինչեւ Ալեքսանտրեթի սանճաքի բռնախլումը Սուրիայէն, կը հանդիսանար շրջանի տնտեսութեան առանցքը, ուր կը գործէին 3 ալրաջաղացներ, տասնեակ մը ատաղձագործներ, 40 երկաթագործ (Տէմիրճեան գերդաստանի թաղը), յետ վերոյիշեալ բռնազաւթումին մնացած է շրջապատուած թրքական հողերով եռանկիւնի մը մէջ. ան, որ բազմակողմանի ճամբաներու խաչմերուկի մը վրան էր, այժմ սեղմուած է, Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան ծայրամասի եռանկիւնին մէջ:
Հազիւ կարողացաւ իր բռանգրաւուած մասերը համալրել (1937-ին Քեսապի մէկ մասը մնացած էր Թուրքիոյ սահմանէն ներս, մինչ իր Մուսա Լերան եղբայրներուն հողը կը բռնագրաւուէր ամբողջութեամբ), յաջորդող տասնամեակին, 1947-ին ներգաղթը, յետ Բ. Աշխարհամարտին, նոյնպէս նուազեցուց 2/3-րդով իր ժողովրդին թիւը, անցնելով 1950-1970-ականներու քաղաքատնտեսական վերիվայրումներէն, 20-րդ դարու աւարտին հազիւ ծաղկուն շրջան մը բոլորած` կը տրոհուէր վերստին:
Քեսապցիներու տունդարձին երաշխիքներ չտրուեցան ռազմաքաղաքական իմաստով. (թէեւ տնտեսական նպաստները մեծ չափով հասան անոր ու տակաւին կը հասնին` ուղղակի թէ անուղղակի):
Ընթերցողները, եթէ իմացած են, թող աղաղակեն, թէ ո՞ր գերպետութիւնը ի վիճակի է երաշխաւորել Թուրքիոյ քաղաքական-ռազմական, յարափոփոխութեան բարձրագոյն գագաթը նուաճած էրտողանեան ռեժիմը: Իսկ գերպետութիւններու հզօրութիւնը եթէ անկարող է երաշխիք հանդիսանալ, պա՜հ, երեք մեթր բարձրութեամբ պատին երաշխիքը ո՞ւր կը մանրուի:
Նոյնիսկ Չինաստանի լայնանիստ ու բարձրադիր պարիսպները ապահովութեան գրաւական չեն կրնար հանդիսանալ ոչ միայն Քեսապին, այլեւ` ամբողջ տարածաշրջանին: Բարբարոսութեան եւ արիւնառուշտութեան ախոյեան Թուրքիան կը մնայ Թուրքիա, իր ութ դարերու պատմութեամբ:
Սուրիական հեռատեսիլի կայանէն այս առիթով կարճ խօսք մը առած Սուրիոյ Ազգային բանակի մէկ գնդապետը մեկնաբանելով եղածը` կ՛ըսէր.
Թուրքիան, փոխանակ սիմէնթ-պեթոնէ պատեր բարձրացնելու, թող որ «Քաղաքական կամքի» պատը բարձրացնէ` դադրեցնելու ահաբեկչական խմբաւորումները զինելու եւ զանոնք դրացի երկիրները ղրկելու. այդ կամքը ունենայ արգիլելու ծայրայեղական եւ միջնադարու գաղափարները, որոնցմով սպառազինուած են այդ ահաբեկչական խումբերը: Այն ատեն այսպիսի պատերու կարիքը պիտի չզգացուի:
Այսուհանդերձ, մենք Քեսապ կ՛ապրինք. այդ կամքը չենք կորսնցուցած:
Հիմա աւարտած է Ասթանայի հանդիպումը, թեւակոխած ենք նոր փուլ մը, երբ Թուրքիան, 5-6 տարիէ ի վեր զինած խմբակները լքած է իրենց բախտին` երես դարձնելով անոնց, կը հրճուի անոնց գզուըրտուքով:
Ո՞վ պիտի կրնայ համարձակիլ երաշխաւորել իր «խաղաղասէր» ընթացքը:
Պիտի սպասենք, որ տեսնենք:
Քեսապ
27 յունուար 2017

Published in   blog-logo on February 1, 2017

No comments:

Post a Comment