«Պատանեկան Խոստումի» Մը Առիթով
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ December 20, 2016 Kessab, Syria
Երկար տարիներ առաջ, երբ
տակաւին Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի երկրորդական բաժնի աշակերտ էի, լուր
տարածուեցաւ այն մասին, որ «Ազդակ» օրաթերթը այսուհետեւ, ամէն օր, մէկ օր
ուշացումով պիտի ցրուուի Սուրիոյ մէջ: Ստոյգ տարին չեմ կրնար յիշել, հաւանաբար
1977-ն էր: Սակայն ինչ որ շատ լաւ կը յիշեմ այն է, որ ինչպէ՛ս հեւ ի հեւ վազեցի
Թիլելի ակումբէն մինչեւ Ճորճ Ըսթամպուլիի գրախանութը, ուր առաջին հերթին սկսած էր
ծախուիլ թերթը:
Ընթերցասիրութեան «ախտը» զիս
վարակած էր Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի «Մատենադարանէն» (իմա`
գրադարան-ընթերցասրահ), ուր օրական երկու օրինակ, ապա պահանջէն մեկնած, չորս
օրինակ «Ազդակ» օրաթերթ կը դրուէր ընթերցասէր աշակերտութեան տրամադրութեան տակ:
Անշուշտ «մատենադարանը»
յիշելով` անկարելի է չյիշել գրադարանապահներ` օրդ. Բրաբիոնը եւ նահատակ ընկեր Սերժ
Թովմասեանը, որ նոյն ժամանակ մեր գիշերօթիկի բաժնին օգնական պատասխանատուն էր:
Յառաջիկային, երբ «Ազդակ»-ը
Քեսապ հասաւ, այնտեղ աւելի քան 50 թիւ օրաթերթ կը սպառէր:
Այս երկար-բարակ յետադարձ
ակնարկը կատարեցի, որպէսզի ըսեմ, որ այսօր սուրիահայութիւնը զրկուած է «Ազդակ»
օրաթերթի ընթերցանութենէն, որ տարինե՜ր ու տարիներ, որպէս օրաթերթ, հոգեկան սնունդ
ջամբեց սուրիահայութեան, որ թէեւ հետագային ունեցաւ իր շաբաթաթերթ-պարբերականը`
«Գանձասար»-ը, որ այսօր Հալէպի օրհասական պայմաններուն տակ իսկ անխափան լոյս կը
տեսնէ, իր տպագիր թէ ելեկտրոնային տարբերակներով:
Այժմ մեզի «Ազդակ»-ը կը
հասնի տպագիր օրինակին փոխարէն` ելեկտրոնային ամփոփ տարբերակով, որ ցարդ ամէնուն
մատչելի չէ արհեստագիտութեան վարժութեան եւ հմտութեան տեսանկիւնէն մեկնած, եւ կամ`
Սուրիոյ համացանցի անկանոն ընթացքին պատճառով:
Յակոբ Պարոնեանը, Եղիա
Տեմիրճիպաշեանը գրաքննադատելով, անոր մասին ըսած էր, թէ
կ՛երկարաբանէ. ես ալ նոյն ծուղակին մէջ կ՛իյնամ ակամայ, որովհետեւ յիշողութիւն մը
մէջս կ՛արթննայ, անոր հետ կ՛արթննան տասնեակ մը այլ յուշեր, որոնք կը խճողեն
միտքս, եւ անոնցմէ կարեւորագոյնները սեւով կը յանձնեմ թուղթին: Հալէպի Ճեմարանի
մեր գրականութեան ուսուցիչը` Մկրտիչ Մկրտիչեանն ալ (Յակոբ Օշականի սաներէն) կը
շեշտէր` «Կարճի կապէ, աջ ու ձախ ման գալով` գրականութիւն չես կրնար մշակել».
ակամայ ման կու գամ ապրումներուս ճնշումով:
***
Երկար յառաջաբան:
Հոգեկան, իմացական թէ հրապարակագրական
«Ծարաւս» յագեցնելու համար կը հետեւիմ մեր սփիւռքահայ թէ հայրենի լրատուական
միջոցներուն, ելեկտրոնային կամ համացանցի միջոցներով (մանաւանդ` «Ազդակ»-ին):
Նախորդ տարուան աւարտին
«Ազդակ»-ի ելեկտրոնային էջին վրայ հանդիպեցայ, ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի
պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի կազմակերպութեամբ կայացած, 12
մասնաճիւղերէ 100 պատանի-պարմանուհիներու կատարած խոստման արարողութեան լուրին,
Պանք Օթոմանի 120-ամեակին նուիրուած, կնքահայրութեամբ մեզի շատ սիրելի, երկար
տարիներու ուսուցիչ-դաստիարակ, բազմավաստակ խմբագիր, ազգային-կուսակցական
հասարակական գործիչ, խմբագիր, գիտահետազօտող, պատմաբան ընկեր Երուանդ
Փամպուքեանին:
Յօդուածին ամբողջութիւնը զիս
վերադարձուց 45 տարիներ ետ, երբ ես ալ իմ պատանեկան խոստումս տուի նոյն սրահին
մէջ` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան», Պէյրութ:
1970-ի աշնան, դպրոցներու
վերամուտին, երբ աւարտեցի Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանը (այժմ`
Ճեմարան), ծնողքս զիս ուղղեցին Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան: Կարճ շաբաթներ
ետք անդամագրուեցայ ՀՅ Դաշնակցութեան «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան:
Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի
այս կառոյցին (պատանեկան միութիւնը) կազմակերպական բուրգը տարբեր էր այդ օրերուն:
Մինչեւ 18 տարիքը, պատանեկան միութեան ընթացակարգով, պատանին կ՛առաջնորդուէր ՀՅ
Դաշնակցութեան շարքերը, սակայն անոր զուգահեռ կար «Զաւարեան» աշակերտական
միութիւնը, գուցէ 14 տարեկանէն սկսեալ, որ կ՛առաջնորդէ դաշնակցական աշակերտը ՀՅ
Դաշնակցութեան շարքերը «Զաւարեան» ուսանողական միութեան դարպասով: Եւ այդ պահուն
մենք այս կազմակերպական կառոյցին ամենաստորին աստիճանին վրայ կանգնած էինք` որպէս
նորագիրներ:
Մեր հաւաքատեղին Զոքաք Պլաթի
Դաշնակցութեան ակումբն էր: Պատմական ակումբ մը: Հին, կիսափուլ շէնքի մը միջին
յարկին վրայ, հսկայ սրահ մը, հնամենի սալայատակով, ուր փոսերը եւ կարկտանները
անպակաս էին, պատերը` գորշացած, հաւանաբար` ժամանակի թաւալումէն եւ… գլանիկներու ծուխէն.
ծեփը` տեղ-տեղ թափած:
Այդ հնամաշ սրահը արդեօ՞ք
Դաշնակցութեան տարեկից էր. սակայն այնտեղէն կենսառողջ եւ նորարական որոշումներ
դուրս եկած էին` յանուն հայ ազգի գոյատեւման եւ անոր կեանքի բարելաւման:
Սրահին աջ կողմը կը գտնուէր
Լիբանանի ԿԿ-ի գրասենեակը. չեմ գիտեր, թէ այդ խորհրդաւոր սենեակը ինչո՞ւ
կ՛երեւակայեմ անոր դրան առջեւ կանգնած ընկ. Գրիգոր Նգրուրեանը:
Անոր դիմագիծը աղօտ կը
յիշեմ, սակայն հասակը, եւ լայն թիկունքը` յստակ. արդեօ՞ք պատանեկան
խորհրդաւորութիւն էր ինծի համար: Քովի, անկիւնի սենեակը, երեսփոխանական գրասենեակն
էր, ուր կը պաշտօնավարէր ընկ. Ճոնի Արեւեանը, ան ՀՄԸՄ-ի մեր սկաուտական շարքերուն
ընդհանուր խմբապետն էր. կեդրոնի սենեակը` «Զաւարեան»-ականներուն
(աշակերտական-ուսանողական) սենեակն էր:
Կը յիշեմ նաեւ ձախ կողմը
գտնուող սենեակը, որ ԼՕ Խաչի սենեակն էր, իսկ մուտքի դրան դիմաց գտնուող փոքրիկ
սենեակը Վարդան Շահպազին որպէս բնակարան ծառայած սենեակն էր:
Տեղին է մէջբերել, որ Վարդան
Շահպազը կարճ ժամանակ մը ապրած է Քեսապ` բնակելով Քեսապի Ժողովրդային տան այժմու
գրադարանի սենեակը. ան հոն վաստկած է «Հայրիկ» ծածկանունը եւ հռչակուած է որպէս
վարպետ ու բծախնդիր ատաղձագործ:
(Քեսապցիք բարի համբաւ
ունեցող մարդիկը կոչած են «Տայի», ինչպէս` Քեսապի հայդուկապետ Օվսեա Սաղտըճեանը,
իսկ Վարդան Շահպազը կոչած են «Հայրիկ»):
Ուրեմն, մեր, «Բաբգէն Սիւնի»
պատանեկան միութեան յատկացուած սենեակը, մարտիկ-խմբապետ Վարդան Շահպազի «տունն»
էր: Արդեօք անոր այդ սենեակը պատանեկան միութեան յատկացնելը պատահականութեան
արդի՞ւնք էր, թէ՞ դիտաւորեալ ու խորհրդաւոր:
Լսած եմ նաեւ, որ Վարդան
Շահպազը իր կեանքի վերջալոյսին, որպէսզի բեռ չդառնայ իր սիրած կուսակցութեան, իր
օրապահիկը վաստկած է ակումբին կից լուցկի կամ ծամոն ծախելով:
Ակումբին կից կը գտնուէր
Հանրի Ֆարաոնի (փարաւո՞ն) պալատը. իսկական փարաւոնի վայել պալատ մը` իր շրջափակով
եւ բարձր պարիսպով: Անոր սեւամորթ, սուտանցի պահակը ամուսնացած էր մօրս մէկ
ազգականին աղջկան հետ: Գիշերօթիկի սեւամորթ սենեկակիցս` Վահան Կորուստեանէն (Սթիւ
Կովն, որ Մուշեղ Իշխանը անոր հայերէն դաս տալով` զայն վերակոչած էր «Սթիւ Էշն»),
անկէ ետք իմ տեսած երկրորդ սեւամորթ մարդն էր:
Այդ դղեակին կից կը գտնուէր
մեր երիտասարդութեան շատ սիրելի, հանգուցեալ, ընկեր Բաբգէն Փափազեանին
դարմանատունը, ուր քանիցս բուժման տարուած եմ` որպէս Ճեմարանի գիշերօթիկ աշակերտ,
մանաւանդ երբ գնդակ խաղալու ժամանակ ոտքս կը վնասէի եւ հոն կը տարուէի. ան ոտքս
3-4 ասեղներով ուռեցնելէ ետք 2-3 օրեր ետք կը բուժուէի:
Խնդրեմ, հիմա ըսէք, այս
թաղին մէջ «ման գալով», ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ պահ մը կանգառ չունենամ անզուգական
ընկեր Փափազեանին մօտ, որուն Դաշնակցութեան թողած աւանդը, կտակը անգնահատելի է.
կանգ պիտի առնեմ, որքան ալ Պարոնեանը կամ պրն. Մկրտչեանը ազդարարեն` «կա՛րճ կապէ»:
«Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան
միութեան անդամներուս թիւը քիչ էր, հազիւ երկու տասնեակ: Ան կը ղեկավարուէր երեք
ընկեր Յակոբներով:
Վարիչ` ընկեր Յակոբ
Ենիգոմշեան, պողպատեայ ֆիզիքականի տէր, ամառ թէ ձմեռ «ճինզ» բաճկոնով,
կուրծքը կիսաբաց:
Փոխվարիչներ` ընկերներ Յակոբ
Խաչերեան եւ Յակոբ Բագրատունի:
Ես միութենական նախաքայլերս
անոնց կը պարտիմ: Դաշնակցականի հիմը դրին մէջս:
Յաջորդ տարին ամէն ինչ
փոխուեցաւ:
Յանկարծ մեզի ներկայացուցին
երկու նոր վարիչներ: Ընկերուհի Հուրիկ Գարաճեան եւ ընկեր Րաֆֆի Տատեան
(հանգուցեալ):
Կազմակերպական կառոյցը
փոխուած էր: Լուծուած էր «Զաւարեան» աշակերտականը, փոխարէնը կազմուած էր ՀՅԴ
Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը:
Շուտով մեր թիւը բարձրացաւ
60-70-ի: Ունեցանք դաստիարակչական ծրագիր, դասախօսութիւններ, հիւր դասախօսներ… եւ
այլն:
Ձեւով նոր կառոյց, խորքով
հին, Դաշնակցական խորքով: Հին անունով, հին ակումբին մէջ, նոր վարիչ կազմով, նոր
ընկեր-ընկերուհիներով:
Վարդան Շահպազի սենեակը կը
դառնար վարչութեան սենեակը, իսկ մասնաճիւղի ժողովատեղին` ակումբի մեծ սրահը:
* * *
Ահաւասիկ, խորհրդաւոր օր մը,
նախապէս համաձայնուած ժամադրութեամբ, մեր նոր վարիչներու առաջնորդութեամբ,
լեցուեցանք հանրակառքերը, եւ տարուեցանք Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»
սրահը:
Հոն ականատես եղանք, որ
սրահը լեցուն էր մեզի տարեկից պատանի-պարմանիներով, որոնք կու գային պատանեկանի
միւս մասնաճիւղերէն:
Սկսաւ հանդիսութիւնը: Գործադրուեցաւ
գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն մանրամասնութիւնները մոռցած եմ:
Յանկարծ լայն բեմին վրայ
երեւցաւ ձեռնափայտով ծերունի մը:
Այո՛, ա՛ն էր, Կարօ
Սասունին: Առասպելական Կարօ Սասունին:
Երա՞զ էր, թէ՞ իրականութիւն:
Ո՛չ, ո՛չ, իրականութիւն էր:
Մեր` պատանիներուս, փոքր
դաշնակցականներուս, առաջին խոստում կատարել տալու խորհրդաւոր` «դաշնակցական
խոստումն» էր, եւ մեր կնքահայրը պիտի ըլլար Սասունի մէջ, թէ Հայաստանի
Հանրապետութեան մէջ պատմութիւն կերտած «Թոփալ Սատանան», որուն մէկ հատորին
ընթերցումը («Կեանքի յորձանուտին մէջ») տակաւին նոր աւարտած էի:
Գիտէի, որ այդ հայդուկը
գրականագէտ է, ազգային-կուսակցական գործիչ ու նաեւ` հանգստեան կոչուած ուսուցիչ:
Գիտէի նաեւ, այդ արեան
ճանապարհով անցած սերունդէն հազիւ քանի մը հոգիներ ողջ կը մնային. ինք, Վահան
Փափազեանը` Կոմսը, որ վատառողջ էր, եւ մենք` գիշերօթիկներս, իրեն հարեւան ըլլալով,
մեր ուրախութեան խրախճանքները ցած ձայնով կ՛ընէինք, անսալով մեր պատասխանատուին`
Սըր Անթուան Քէհեայեանի զգուշացումներուն:
Կարօ Սասունին երբեմն կը
տեսնէի Ճեմարանի բակը, երբ Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ կազմակերպուած ըլլար
մշակութային, կուսակցական կամ այլ ձեռնարկ մը:
Ան, գաւազանին յենած, կաղն ի
կաղ, զուարթադէմ, կատակելով ներս կը մտնէր Ճեմարանի դարպասէն, եւ սրահի
աստիճաններուն առջեւ խօսքի կը բռնուէր ծանօթներու, ընկերներու կամ բարեկամներու
հետ:
Հեքիաթային այդ հսկան կը
դիտէի հիփնոսացած, զմայլած, ապաստան ունենալով սրահի աստիճաններուն դիմաց գտնուող
թիւ 3 շէնքի աստիճաններու եւ վերելակի մուտքի սենեակը:
Ան ինծի համար, Ռուբէնէն
ետք, Սասունի հերոսաշունչ հոտը հաղորդութեան նման փոխանցող հերոսն էր:
Հայաստանի Հանրապետութեան
անկումէն ետք ան ալ իր գաղափարական ընկերներուն նման վտարանդի դարձած էր եւ իր
կեանքի վերջալոյսին եկած էր ընդունելու քանի մը հարիւր պատանիներու խոստումը:
Այդ խորհրդաւոր պահէն շատ
քիչ բան մնացած է մտքիս մէջ: Յիշածս արձանագրեցի:
* * *
Օրերը, տարիները թաւալեցան:
Եւ ահա պատմութիւնը կարծես ինքզինք կը կրկնէ:
Դարձեալ հարիւրեակ մը
պատանիներ, նոյն սրահին մէջ, կնքահայր ունին մեր բազմավաստակ ընկեր Փամպուքեանը,
որ վերջին տարիներուն լծուած է Սասունի սերունդին կերտած պատմութեան «Նիւթերու»
հատորներու հրատարակութեան, եւ արդէն լոյս տեսած են քանի մը հատորներ, անոնց ջահը
փոխանցելով գալիք սերունդներուն:
Բախտաւոր սերունդ կը սեպեմ
մեր սերունդը: Բախտաւոր սերունդ մըն է այս` 2016-ի դեկտեմբերին խոստում տուած
պատանի սերունդը:
«Խոստում տալու» այս
խորհուրդը կը պատկանի Դաշնակցութեան «խորհուրդ խորին»-ին: Առաջին խոստումը, որուն
առջեւ կ՛երկարի նուիրումի, զոհաբերութեան եւ հայ ժողովուրդի Դատին ծառայելու
երկար, դժուարին, սակայն քաղցր ճանապարհ մը:
Այս տողերս համեստ ձօն մը
թող ըլլան 2016 դեկտեմբերին «խոստում տուած» սերունդին, որ Սասունիներու, Փամպուքեաններու
անցած ճանապարհով քալելու կամքը առաջին անգամ ըլլալով կը դրսեւորէ:
Քեսապ, 20 դեկտեմբեր 2016
Published in January 27, 2017
No comments:
Post a Comment