Sunday, January 29, 2017

Դպրոցական Վերամուտ… Եւ Յիշատակներ





ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ     September 23, 2016   Kessab, Syria



Դպրոցական Վերամուտ… Եւ Յիշատակներ



Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունի իր առանձնայատկութիւնը: Երբ պատանիներ էինք, մեր դարի յատկանշական իրերէն էր հեռատեսիլը, որ գուցէ քառորդ դար աւելի կտրած ու անցած էր եւ հասած` գունաւոր դարձած ըլլալու հանգրուանին:
Հիմա, կեանքիս աշնանամուտին, ժամանակաշրջանիս (որպէսզի դար-դար շատ չկրկնեմ) յատկանիշներէն, երեւոյթներէն է համակարգիչը` իր իւրայատկութիւններով, չափերով… եւ այլն: Իսկ անոր մանրակերտը կը թուի ըլլալ սմարթֆոնը` իմաստուն բջիջային հեռաձայնը, որ այսօր արդէն հանգրուանած է անողոք քննադատութիւններուն գագաթին, ճիշդ երէկուան նման, երբ հեռատեսիլն ալ կը ծամծմուէր, կ՛ընդգծուէր անոր վնասը` ընկերութեան, անոր կառոյցին եւ խորքին, մանաւանդ` մատղաշ սերունդներուն:
Ի՜նչ հոգ: Ես կ՛ուզեմ անոնց դրական երեսը տեսնել եւ օգտագործել:
Ուրեմն այսպէս, Դիմատետրի էջերէն կ՛իմանամ (վաղուց գիտէի, անգրագէտ չեմ…), թէ մայր հայրենիքի մէջ դպրոցական վերամուտը կը սկսի 1 սեպտեմբերին:
Յանկարծ քաղաքամայր Երեւանը կը կերպարանափոխուի, կը ծաղկի մանկապատանեկան համազգեստաւոր աշակերտութեան եռուզեռով: Ես բախտն ու առիթը չեմ ունեցած այդ գեղեցիկ համայնապատկերը տեսնելու: Սակայն, 1983-ին, Խորհրդային Միութեան օրերուն, երբ առաջին անգամ գտնուեցայ կարմիր հայրենիք, մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով հետեւեցայ դպրոցներու վառվռուն կեանքին, աչքիս առջեւն են սրճագոյն եւ մոխրագոյն համազգեստները փոքրիկ աղջնակներուն կարմիր վզակապով…եւ վարսակապ ժապաւէնով: Ի՜նչ վնաս. կարմիր գոյնը համայնավարները իւրացուցած են, անկէ առաջ դաշնակցականներն ալ կարմիրը օգտագործած են դրօշին վրայ…եւ շա՜տ շատեր:
Եթէ բախտը ունենամ այդ ժամանակ վերամուտին Հայաստան գտնուելու, յուզումնալից թաց աչքերով «պիտի վայելեմ» այդ եռուն պատկերը` մտածելով, թէ անոնք են հայրենիքին ապագան:
Վերամուտ երբ կ՛ըսեմ, աչքերս կը տեղափոխուին Քեսապ, նախ միտքս կ՛երթայ մեր տան բակը, երբ մեծ հայրս, ինքն ալ հանգստեան կոչուած նախկին վարժապետ, «Կարապետ Խոճա» մակդիրով (Այնթապի քոլեճը յաճախած), արտասուաթոր աչքերով զիս ու քոյրս կը ճամբէր դէպի վարժարան, մեր կապոյտ գոգնոցներով, դէպի Ուսումնասիրաց միացեալ վարժարան (այժմ Ճեմարան), ուր մեզ կը դիմաւորէր ուսուցչական կազմը, որուն ուսուցչապետը, միւս` մեծ հայրս էր` Ժոզեֆ Պասմաճեանը, Ալեքսանտրեթի (Իսկէնտերուն) ֆրանսական Լիսէն աւարտած, եւ մօտ 40 տարիներ դասաւանդած եւ ուսուցչապետած վերոյիշեալ վարժարանին մէջ:
Առաջին օրը դէմ յանդիման մեր աննման ու նուիրեալ ուսուցիչներուն, պիտի կատարէինք Տէրունական աղօթքը, ապա երգէինք Ուսումնասիրացի քայլերգը, լսէինք պրն. Պասմաճեանին խրատականը եւ մտնէինք դասարան:
Մեր գրատախտակները, փայտէ, սեւ ներկուած, տարեսկիզբին նոր ներկով փայլող, տարեվերջին ճերմկած` ծերացած:
Գրասեղանները տարեսկիզբին աշակերտներու աշխատանքով ամբարէն կը բերուէին դասարան, իսկ տարեվերջին վերստին կը տարուէին ամբար` դպրոցէն 200 մեթր հեռու, ենթակայ բնութեան եւ մուկերու քմայքին: (Գրասեղանները առնէտներուն կողմէ յաճախ կրծուած կ՛ըլլային, ոտքերը, երբեմն երեսները, որոնք «զարդարուած» կ՛ըլլային մեր պատահական գրութիւններով եւ գծագրութիւններով):
Յիշեցնեմ, այս տեղափոխութիւնը կ՛ըլլար, որովհետեւ վարժարանը ամրան եղանակին կ՛օգտագործուէր որպէս պանդոկ` կոկիկ եկամուտ մը ապահովելով դպրոցին:
Կը յիշեմ, որ մեր դասապահերը բաժնուած էին երկու մասի, առաւօտեան` 4 պահ եւ յետմիջօրէին` 3 պահ:
Իսկ աշակերտութեան մեծ մասը եւ ուսուցչական կազմը, հետիոտն կ՛երթեւեկէինք մօտ 1 քմ օրը չորս անգամ, արեւին-անձրեւին, բուք ու բորանին, հովին-փոթորիկին, որոնցմով յատկանշական է Քեսապի կլիման:
Ու աչքիս առջեւ է տակաւին, ուսուցիչներու խումբին, պարիսպանման շարքը, մինչ աշակերտներս ցիր ու ցան, 2-3 կամ 4-5 հոգինոց փոքրիկ խմբակներով կը կտրէինք վերելքը, դէպի գիւղ:
Հեռաւոր շրջաններէն` Գարատուրան, Տուզաղաճ, Քէօրքէօնա, Էքիզոլուխ գիւղերէն եկող աշակերտները կէսօրուան ճաշ կը բերէին իրենց հետ` կէսօրին վարժարան մնալով եւ հոն ճաշելով: Անոնց «պոխչան», կամ պաշարի կապոցը լեցուած կ՛ըլլար կա՛մ խաշած 2-3 հաւկիթ-հացով, կամ տապկուած ու խաշած գետնախնձորով, եւ կա՛մ այլ տեսակի չոր ու ցամաք, սակայն համով, հաւատացէք, շատ համով կերակուրներով:
Կը պատահէր, որ Քեսապ բնակող, կէսօրուան եւ երկար դադարին տուն-դպրոց երթեւեկող աշակերտներս, 100 պատրուակի մասին մտածելով, կը համոզէինք մեր ծնողները, որ մենք եւս կէսօրին պաշար առնէինք, տնօրէնին հրամանով վարժարանը մնայինք, մեր պաշարի «պոխչան» փոխանակելու համար մեր ընկերներուն հետ:
Բաւարար է թուել, որ մեր բերած հացը փուռի հաց էր, իսկ անոնցը` թոնիրի, Քեսապի թանձր լաւաշ, որուն զգլխիչ բուրմունքը ցարդ ռունգերուս մէջ է…
«Դպրոցի ճամբան, դժուար է երկար»:
Սին խօսք, որքա՛ն մօտ էր վարժարանս:
Հարկ է, խունկ ու մոմ որպէս, յիշել աննման ուսուցիչներէն գլխաւորները:
Մեծ հայրս` տնօրէն, խիստ պրն. Ժոզեֆը, փափկասիրտ ու 40 տարուան նուիրական վաստակով. անգլերէն, թուաբանութիւն եւ հանրահաշիւ կը դասաւանդէր:
Պրն. Ճորճ Լնդեանը` մեր հայոց լեզուի ուսուցիչը, որ երկար տարիներ պաշտօնավարած էր Սուրիոյ հիւսիսային, սահմանամերձ հայաշատ գիւղերուն, յատկապէս Թել Ապիատ, Արաբ Բունար (Այն Արապ) գիւղերուն մէջ, ապա` Լաթաքիոյ ազգային վարժարանին մէջ: Ան «Ուսումնասիրաց»-էն ետք յաճախած էր Լաթաքիոյ արուարձան` Պուքայի Ֆրերներու արհեստից վարժարանը` շրջանաւարտ ըլլալով որպէս գիւղատնտես:
Անմոռանալի պրն. Մարտիրոս Թութիկեանը` հայոց պատմութեան մեր ուսուցիչը: Անոր դիմագիծը կը շփոթէի Արմէն Անոյշի (Մարաշլեան) հայոց պատմութեան գիրքին մէջ նկարուած Արտաշէս Ա. արքային դիմագիծին հետ:
Այս նուիրեալն ալ պաշտօնավարած էր Գամիշլի եւ Արաբ Բունար, երկար տարիներ, տասնեակ մը այլ «ուսումնասիրաց»-ականներուն նման:
Պրն. Աբրահամ Կարճիկեանը` շատ խիստ, թուաբանութեան ուսուցիչը, ապա, 2 շրջան, 8 տարիներ, Քեսապի գիւղապետ:
Տէր Զաւէն քհնյ. Փոլատեանը, կրօնի եւ հայերէն լեզուի դասատու, ապա` տնօրէն:
Տիկ. Սոնա Յովսէփեան-Պաղտուտը մեզի սորվեցուցած է հայերէն երգել:
«Սրտիկ  մամուլ մի՛ մնա,
Դեհ զընգըլ-զընգըլ, դեհ ջան…»:
Ո՛ր մէկը յիշել, ո՛ր մէկը մոռնալ:
Քեսապի (եւ Սուրիոյ) բոլոր վարժարանները իրենց դռները բացին 19 սեպտեմբեր 2016-ին: Սուրիոյ խաղաղ շրջաններուն մէջ օրինաւորապէս կը դասաւանդեն պաշտօնական դասագիրքերով: Իսկ արդեօք ի՞նչ է վիճակը պատերազմի թէժ կէտերու դպրոցներուն եւ աշակերտներուն: Արդեօք հոն, այդ զինեալ ահաբեկիչներու «կրթական» պատասխանատուները, թրքական ներշնչումով, մարդասպանութի՞ւն, թէ՞ եղբայրասպանութիւն կ՛ուսուցանեն:
«Ամբոխները խելագարուած»:
Սուրիոյ խաղաղ շրջաններու վարժարաններուն մէկ մասը արդէն գաղթականներու ապաստարանի, պատսպավայրի վերածուած է:
Սուրիոյ կառավարութեան, լուսաւորութեան նախարարութիւնը, որ 2010-ին յաջողած էր անգրագիտութեան տոկոսը` նուազագոյնի իջեցնել, վեցամեայ այս պատերազմական տագնապին պատճառով զինեալներու գրաւեալ շրջաններուն մէջ համատարած է ուսման «խաւարը»:
Յօդուածիս դրդապատճառը եղան, ինչպէս վերը ըսի, Դիմատետրի էջերը:
Եթէ մին կ՛աւետէր Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանին վերամուտը, սակայն մէկ այլ էջը, Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան (որուն անարժանաբար նուաստս ալ մաս կը կազմէ) Դիմատետրի էջը կ՛աւետէր վերամուտը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի` էջին վրայ տեղադրելով հնգեակ մը նկարներ:
Վերամուտը կը զուգադիպէր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին:
Բախտը ունեցած եմ աշակերտելու Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ` որպէս գիշերօթիկի աշակերտ, 1970-1975 տարիներուն: Նշան Փալանճեան ճեմարանը` «որդին» Հայ ճեմարանին, եւ «հայրը»` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին:
Գրութեանս մէջ, կրկնութիւն պիտի չկատարեմ, գրելով այն, ինչ որ գրած եմ, 2016-ի մարտին, Ուսուցչաց տօնին նուիրուած գրութեանս մէջ արձանագրած այն յուշերուն, որոնք կապուած են այն ուսուցիչներուն փաղանգին, որուն մէկ մասը, աւա՜ղ, մեկնած է այս աշխարհէն:
Տնօրէն` պրն. Հ. Տասնապետեան: Գիշերօթիկի տնօրէն` Սըր Անթուան Քեհեայեան:
Գիշերօթիկի փոխ տնօրէն` ընկ. Սերժ Թովմասեան:
Ուսուցիչներ` Մուշեղ Իշխան, Գառնիկ Բանեան, Սուրէն Շանթ, Գրիգոր Շահինեան, Մանուշակ Պոյաճեան, Գէորգ Գանտահարեան, տիկ. Արփի Գալիկեան-Քիւրքճեան, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Եդուարդ Փատոյեան…
Փա՛ռք Աստուծոյ, կ՛ապրին եւ կը ստեղծագործեն, ընկ. Երուանդ Փամպուքեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, նորոգ հանգստեան կոչուած ընկ. Տիգրան Ճինպաշեան, Յակոբ Պալեան…
Փալանճեան ճեմարանի, վերոյիշեալ ուսուցիչներս (եւ թող ներեն անոնք, որոնց անունները չյիշեցի), կը նմանի հաստաբուն կաղնիներու պուրակի մը, որուն շուքին տակ` պատսպարուեցան եւ մշակուեցան սերունդներ:
Տեղ մը ըսած եմ արդէն. երբ Ճեմարանի բակ կը մտնես, հոն տեղադրուած հիմնադիրներուն կիսանդրիները… հոն կը «պահեն» իրենց շունչը.
Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Ս. Վրացեան, Բարսեղ Կանաչեան… (ես մինչեւ 1975 թուականը, այս տիտաններուն կիսանդրիները «վայելած» եմ, անոնց շունչը ստացած ու վայելած եմ)
Պայմաններու բերմամբ Ճեմարանը անուանափոխուած եւ փոխադրուած է, բարեբախտաբար, դրախտավայր` Ծաղկաձոր, (Մըզհեր), եւ  կը շարունակէ իր պատմական, մարդկային ու ազգային անզուգական առաքելութիւնը:
Բայց դառնամ Ճեմարանի վերամուտին:
Փալանճեան ճեմարանի վերամուտը կը սկսէր հոկտեմբերի առաջին 10 օրուան ընթացքին: Սակայն ես` որպէս քանի մը նիւթերու մէջ` (յատկապէս ֆրանսերէն լեզու) տկար աշակերտ, հարկադրուած կ՛ըլլայի վերաքննութեանց համար Քեսապէն Պէյրութ ժամանել հոկտեմբերի սկիզբը:
Առաջին օրը դպրոցը կը վխտար բաց սրճագոյն, «Կրի» յարատեւ շարժուն, վազվզող` նախակրթարանի աշակերտներով, որոնք դժուարութեամբ կը բաժնուէին ամառնային արձակուրդի ազատութեան մթնոլորտէն: Պրն. Յովհաննէսին (Տէր Յարութիւնեան) խիստ սուլիչը, զանոնք զգաստութեան հրաւիրելով, կամաց-կամաց կարգապահութեան եւ հնազանդութեան կաղապարին մէջ կը դնէր: Մինչ մենք` միջնակարգի «միջակներս», եւ երկրորդականի մեծերը, աւելի լրջախոհ ու «պատկառելի» քայլուածքներով եւ դէմքերով, առաջին քանի մը օրերուն, ամրան արձակուրդին պատճառով իրարմէ հեռացած, կ՛աճապարէինք, ամրան մեր արկածախնդրութիւնները իրարու փոխանակել:
Գիտէինք, որ գալիք օրերուն հազիւ թէ դասերուն մասին կարենայինք շաղակրատել:
Կէսօրուան ճաշի երկար դադարը եւս կ՛օգտագործէինք պասքեթպոլի մեր գիտելիքներն ու թաքթիքները թարմացնելու:
Մինչ գիշերօթիկի մեծ սենեակները կամաց-կամաց կը լեցուէին, աւելի հեռուներէն` Պարսկաստանէն, Յունաստանէն, Անգլիայէն, Սիերա-Լիոնէն, հեռաւոր Ամերիկա-Քանատայէն մասամբ ուշացած գիշերօթիկ-աշակերտներու ժամանումով: Առաջին օրերուն, Սըր Անթուանի տեսողութենէն ու հոտառութենէն հեռու, մեր բերած համեղ ուտելիքները կը փոխանակէինք:
Պիստակ-միստակ, իսկ քեսապցիներս (5 աշակերտէն աւելի) խնձոր համեղ ու հոտաւէտ խնձոր կը փոխանակէինք մեր ընկերներուն հետ:
Սըր Անթուան անոնց հոտը կ՛առնէր, սակայն առաջին օրերուն ներողամիտ կը վերաբերէր մեր այդ անմեղ, մարդկային յարաբերական կապին հետ:
Յաջորդ շաբաթը հոն կը տիրէր իր անգլիական-օքսֆորտեան խիստ օրէնքը` «տիսիփլին»-ը:
1975, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ:
Հարկադրաբար կը լքէի անզուգական ճեմարանը: Կը փոխէի զայն Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանով: Իսկ գիշերօթիկը` Հալէպի Ազգային պատսպարանով (որբանոց), ուր հարկադրաբար մնացի մէկ տարի, մինչեւ ծնողներս ինծի եւ քոյրերուս համար գնեցին բնակարան մը (որ հիմա փլատակի վերածուած է Սուրիոյ պատերազմին պատճառով):
Հալէպի ճեմարանը ունեցած է իր փառաւոր օրերը:
Ե. Տասնապետեան, Մ. Թէօլէօլեան, Զարեհ սրբազան (ապա` կաթողիկոս), Մ. Մկրտիչեան եւ շատեր: Սակայն 1976 թուին արդէն կիսանկախ դարձած էր, երբ հոն կը կիրարկուէր պետական օրէնքով սահմանուած դասաւանդութիւն:
Նօսրացած էր Տասնապետեանի, Թէօլէօլեանի, Զարեհ սրբազանի շունչը այնտեղ:
Աշակերտութեանս երեք տարիներուն, մինչեւ երկրորդականի բարձրագոյն վկայականի (պաքալէորեա) ձեռքբերումս, կարօտով, սրտակէզ կարօտով փնտռած եմ Շանթն ու Աղբալեանը, Կանաչեանն ու Վրացեանը, Տասնապետեանն ու Քեհեայեանը եւ վերոյիշեալ փաղանգին շունչն ու հոգին: Անոնց «համը» ուրիշ էր…
Սակայն վերամուտին, կը բախէինք, աշակերտութեան ստուար թիւի մը պաշտօնական տարազէն խուսափելու անզօր ընթացքի մը:
Սուրիոյ բոլոր վարժարաններու աշակերտութիւնը, միջնակարգի թէ երկրորդականի, պարտադրաբար կը կրէր միագոյն, սրճագոյնի եւ կանաչի միջեւ տարուբերող անշուք երանգ ունեցող զինուորական «մոտել»-ով տարազ մը: Աշակերտութիւնը կը մերժէր այդ պարտադրանքը եւ առիթը չէր փախցներ սովորական հագուստով դպրոց գալու:
Նոյնն էր պարագան մեր «գլուխներուն»: Մեր մազերը, պարտադիր, երկու շաբաթը անգամ մը պէտք էր խուզել, զինուորական` կարճ, կիսաճաղատ:
«Մոտայի» հետեւող աշակերտներս կ՛ուզէինք նմանիլ «հիփփիներուն»: Երկար մազեր, ամիսներէ ի վեր սանտր չտեսած:
Ամէն շաբաթ օր զինուորական դաստիարակութեան պատասխանատու սպան, նախքան իր դասապահը, քննութենէ կ՛անցընէր մեր տարազներն ու գլուխները: Եւ միշտ ու միշտ, մկրատը Ափրիկէի քարտէսը «կը գծէր» մեր գլուխներուն վրայ. ստիպուած` զերօ չափով խուզել կու տայինք մեր գլուխները:
* * *
Անցան տարիներ:
Ամուսնութիւն, տուն-տեղ ու զաւակներ:
Մոռցանք մեր վերամուտի տարիները:
Մեր զաւակներուն առաջին օրուան դպրոցական վերամուտի հերթը եկաւ ծածկելու այն աւելի քան մէկուկէս տասնեակ վերամուտները, զորս ապրեցանք:
Գինովցանք մեր զաւակներու վերամուտով, տարազներով վերափոխուած տեսքով: Մէկ ձեռքին` պայուսակ (կամ ուսին), իսկ միւս ձեռքին ուտելիքի գունաւոր սակառ: Ու նկարներ, յիշատակի նկարներ:
* * *
Հիմա, իւրաքանչիւր վերամուտի նախ կը յիշենք մեր զաւակներուն դպրոցական վերամուտը. հազիւ թէ յիշենք մերը:
Երբ Դիմատետրի էջերուն վրայ տեսայ Մ. եւ Հ. Ասլանեան ճեմարանի վերամուտի նկարները, յիշեցի Ն. Փալանճեան ճեմարանը: Իր հիմնադիրներու կիսանդրիներով, կաղնիի ծառերուն տակ:
Իսկ երբ տեսայ Ազգային Ուսումնասիրաց Ճեմարանի մանկապարտէզի վերամուտի նկարները, միտքս ակամայ թռաւ ուսուցիչ մեծ հայրերուս եւ այն նուիրեալ ուսուցիչներուս քով, որոնք, նախ քան հոն` «Ուսումնասիրաց»-ի մէջ հանգրուանելը, գացին լուսաւորելու Սուրիոյ հիւսիսային սահմանամերձ հոծ հայութեամբ բնակուած (հիմա հայաթափուած) բազմաթիւ գիւղերը:
Վերամուտ` հին յիշատակներու մէջ:
Քեսապ
23 սեպտեմբեր 2016

     Published in                       October 4, 2016

No comments:

Post a Comment