Կարօ Վ. Մանճիկեան September 22, 2016 Kessab, Syria
Քեսապցիին
Համար Ինչ Կը Նշանակէ Հայաստանի Հանրապետութեան 25ամեակը
Քառորդ դար առաջ էր, որ սըրտատրոփ կը սպասէին թէ
ո՞ւր պիտի հասնի Խորհրդային Միութեան քաղաքատնտեսական փոփոխութեան
գործընթացը:
Միխայիլ Կորպաչովի իշխանատիրութեամբ սկսած
այս գործընթացը աւարտեցաւ Խորհրդային Միութիւն կոչուած արուեստական
կայսրութեան փլուզմամբ. եւ այս փլուզման որպէս արդիւնք անկախացան զայն
կազմող 15 հանրապետութիւնները, ու նաեւ Հայաստանը:
Այս առիթով, եւ այս սեղմ տողերուն մէջ պիտի չքննարկենք
այդ փլուզման տուն տուող պայմանները:
Սակայն, հայութի՛ւնը, մանաւանդ հայրենաբնակ
հատուածը, կարծես կանխագուշակեց այդ շարժման վերոյիշեալ ելքը, եւ փութացուց
Ղարաբաղի «տունդարձի» պահանջատիրութիւնը:
Դէպքերը թաւալգլոր ընթացան:
Ողբերգական իրավիճակ` Գիւմրի-Սպիտակ գիծի
եղեռնական երկրաշարժով:
Տակաւին Խորհրդային Ատըրպէյճանի Օմոնական ոյժերու
եւ ռուսական զօրքի միացեալ կառոյցներու Ղարաբաղի վրայ յարձակումը:
Ազգային-ազատագրական պայքար: Պաշտպանութիւնը
Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սահմաններուն, աշխարհազօրային
կամաւորական խումբերով: Ղարաբաղի ճակատներուն վրայ մղուած մարտերուն,
Հայոց հողը եւ Արցախաբնակ հայութիւնը պաշտպանելու համար, կամաւորներու
համալրում Արցախի պաշտպանական ջոկատներուն:
Եւ այսպէս սկսաւ անկախութեան երթը:
Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան քաղաքական
բեմի յարդարումը այդքան ալ հեզասահ չեղաւ:
Հարիւրաւոր «կուսակցութիւններ» գրանցուեցան,
սակայն աշնան տերեւի նման գօսացան ու թափեցան, ապա տարրալուծուեցան:
Կրօնական մտացածին կառոյցներ երեւան եկան:
Զանազան պիտակներու եւ լոզունգներու օգտագործումով,
մարդորսորդութեան արշաւ սկսաւ:
Բայց ամենազարհուրելի երեսը, անկախութեան
գործընթացին, Հայաստանի տնտեսութեան ենթակառոյցի ալան-թալանն ու փոշիացումն
էր:
Իշխանաւոր դասը, նորելուկ պաշտօնատարներ,
իրենք մշակեցին օրէնքները եւ իւրացուցին, ու փճացուցին աղէկ ու վատ գործող
գործարաններն ու գործատեղիները:
Տնտեսական վերափոխումներով ընթացող երկիրը,
սնանկացաւ, եւ խաւարի մատնուեցաւ:
Նոյն վիճակին մատնուեցաւ գիւղատնտեսութիւնը:
Անոր ենթակառոյցը, ջրանցքներ սեփականաշնորհման պիտակին տակ իւրացուեցան:
Մէկ խօսքով, տնտեսական քաոս տիրեց, որ տեւեց
մօտ 10 տարի:
Սփիւռքի ներդրումներուն ալ ճակատագիրը տարբեր
պատկեր չունեցաւ:
Սփիւռքեան ճիգերով բացուած նոր արտադրողական
կառոյցները վատ վերջակէտ ունեցան, ինչ որ հոգեկան բեկում յառաջացուց
ներդրողներուն մօտ:
Այս ամէնը, եւ այլ արդարացի թէ անարդարանալի
պատճառներ երկիրը հասցուցին ընկերային բեկման հանգրուանին: Շատեր լքեցին
երկիրը եւ մեկնեցան արտասահման:
Տէր Պետրոսեան-Քոչարեան իշխանափոխութեամբ
որոշ յոյսեր ընդգծուեցան սակայն…
Հայաստանի քաղաքական բեմը ցնցուեցաւ Ազգային
ժողովին մէջ պատահած սպանդով: Հարուածը ոչ միայն քաղաքական բեմին էր,
այլեւ ժողովրդավարութեան զարգացման գործընթացին:
Քոչարեանով սկսած տնտեսական վերելքի երազը,
խաբկանքով աւարտեցաւ: Առանձնաշնորհումներու «երթը», չդանդաղեցաւ, այլեւ
ուռճացաւ: Եւ նոր ստուար թիւ մը մարդուժի լքեց երկիրը, եւ հեռացաւ:
Իսկ քաղաքական բեմը, իշխանատուութեան նախօրէին
վերստին ցնցուեցաւ, ծանօթ Մարտ 1-ի ակցիայով:
Հարուած քաղաքական աշխարհին, հարուած ժողովրդավարութեան:
Իրերայաջորդ ընտրական գործընթացներն ալ ցնցումներով
եւ խախտումներով ընթացան:
Անցնող 7 տարիներն ալ, Սերժ Սարգիսեանի նախագահութեամբ,
տարբեր չեղան քան Քոչարեանի 8 տարիները: Միայն երանգը տարբեր էր, իսկ
գոյնը նոյնը` գարշ ու մուգ:
Արցախի անկախութեան բանակցային գործընթացը,
ՈՒզպէքիստանի մէջ կնքուած հրադադարէն ի վեր, ոչ մէկ ոստում
արձանագրած է: Տեղափոխուած է մէկ դաշտէն միւսը, սակայն նոյն հորիզոնական
գիծին վրայ:
Անցեալները, դիմատետրի էջերէն մէկուն մէջ կը
կարդայի հայրենիքը հարկադրաբար լքողներուն առնչուած նախագահական վիճակագրական
մէկ պատկերը` 3 հանգրուաններուն` 24 տարիներ, արտագաղթը չէ նուազած: Անշուշտ
որ արտագաղթի պատճառները, միայն ենթակայական չեն, առանց չափազանցութեան
անոնք մեկնած են, բիւրաւոր, տասնեակ հազարներով:
Սակայն ի՞նչ: 25 տարիներ ետք, միա՞յն ժխտական ու
գորշ եղած է հայրենի մեր պատկերը:
Հոն եղած է միա՛յն քաղաքական, տնտեսական, ընկերային
անարդարութիւններ, նահա՛նջ:
Գուցէ, որդեգրուած Ultra-liberal (գեր-ազատական)
ընկերատնտեսական եւ քաղաքական համակարգը, ունի շեշտակիօրէն անհաւասարակշիռ,
անարդար դիմագիծ, սակայն Հայաստանի մէջ, թէ անկէ դուրս բնակող ժողովուրդը,
հայ ստեղծագործ, տոկացող ժողովուրդն է:
Մեր համեստ համոզմամբ, որքան ալ համայնավարութիւնը
խորթ համակարգ ու գաղափարախօսութիւն էր հայութեան համար, փոխարէնը,
հակառակ բեւեռին վրայ գըտնուող գերազատական համակարգն ու գաղափարախօսութիւնը
նոյնքան խորթ են հայութեան դարէ-դար զարգացած ու կազմաւորուած հոգեմտաւոր,
տնտեսական-ընկերային իր կառուցուածքին համար: Եւ իր այդ թաքուն նկարագիրը
հիմն է Հայաստանի, որ անշուշտ այս 25 տարուան ընթացքին նաեւ զարգացում
ապրեցաւ:
Հիմա անցած են 25 տարիներ: Մանրամասն ընդգծեցինք
ժխտականը. ակնարկեցինք դրական երեւոյթներուն, հպանցիկօրէն:
Անցնող տասնեակ մը ամիսներուն ականատես եղանք
կարգ մը երեւոյթներու:
Դրական տեղաշարժ էր նոր սահմանադրութեան ընդունումը,
որ աւելի հաւասարակշռուած, աւելի արդար` տնտեսական, քաղաքական թէ ընկերային
տեսանկիւններէն դիտուած, դիմագիծ ու խորք ունի:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, որքան որ բացայայտեց
մեր պաշտպանական-զինական բացթողումները, որքան ալ մերկացուց մեր քաղաքական
բեմի «Փանջունիական» արեւելումները, մերթ փրօ-արեւմտեան` հակառուսական,
մերթ փրօ-ռուսական` հակաարեւմտեան, սակայն նոյն ժամանակ երեւան բերաւ,
թէ մեր ժողովուրդին մօտ որքան զօրաւոր է հայրենասիրութիւնը, եւ որքան
անձնազոհ նկարագիրի տէր է ան:
Այս պատերազմը, շատ արագ երեւան բերաւ այն ծանրակշիռ
բացթողումները, որ արձանագրուած էին անցնող 25 տարիներուն: Երեւան
եկաւ նաեւ կամքը` եղածը սըրբագրելու:
Որքան ալ ծանրակշիռ ըլլան վերը նշուած ժխտական
կողմերը, անցնող քառորդ դարուն, սակայն ազատ Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւնները
անկիւնաքարն են, որուն վրայ պիտի կանգնի անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:
Արձանագրուած թերացումները, հիւլէ մը իսկ չեն
կրնար նուազեցնել հայրենիքի բացարձակ արժէքէն, անոր հանդէպ մեր ունեցած
սէրէն, զայն հզօրացնելու մեր կամքէն:
Ընթերցողը թող ներէ, որ ծանրացանք ժխտական
կողմերուն վրայ. չենք ուրանար Հայաստանի դրախտավայր ըլլալը իր հայկական
իւրայատկութեամբ:
Սակայն քառորդ դարու սրընթաց արշաւի այս կանգառին
կ՛ուզենք մաղթել, որ Հայաստանի տընտեսութիւնը, մանաւանդ հաւաքական տնտեսութիւնը
հզօրանայ, որպէս գրաւական անկախութեան: Առանց սեփական առողջ ու հզօր տնտեսութեան,
անկախութիւնը, լոկ հնչիւն ու բառ կը մնայ… ու երազ… ցնորք:
Որ առողջ տնտեսութեամբ կառուցենք առողջ ու ինքնաբաւ
պաշտպանողական համակարգ, որպէսզի թշնամին չհամարձակի մէյ մը եւս մտածել
բռնի ուժով ընկճել հայութեան կամքը, եւ խլել անոր իրաւունքները:
Որ առողջանայ հայրենի քաղաքական բեմը: Բաւ է
«Փանջունիական ուղեղի փայլատակումներով» ցնցենք ազգն ու ժողովը: Անցնող
25 տարուան խարխափումները, արեւելում մը (օրիանթացիա=orientation) խլելու
համար, բաւարար է խախտել քաղաքական հիմքերը հայրենիքին:
Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան` Ռոստոմը,
պիտի ըսէր «Ոջիլի արեւելում, ոջիլի օրիանաթացիա»: Այսինքն ունենալ սեփական
արեւելում, հայութեան տընտեսաքաղաքական պաշտպանական ինքնուրոյն ուժին
հենած:
Որ կարենանք բարելաւել ընկերային իրավիճակը
հայրենի թէ Սփիւռքի հայ զանգուածներուն:
Հոգեմտաւոր վերելքի հրամայականը կը նկատենք
25ամեայ ազատութեամբ:
Եւ տակաւին կարելի է, տասնեակէ աւելի գլխաւոր
գաւառներու բարելաւման համար մաղթանքներ կատարել:
Թող հմուտ գրիչները աւելի խորը սուզուին ու վերլուծեն
բացթողումներն ու իրագործումները եւ ընդգծեն իղձերը անաչառօրէն:
Վերոյիշեալ մաղթանքներու իրագործումով միայն
կրնանք մտածել ըլլալ իսկապէս Ազատ, Անկախ ու Միացեալ:
Կարօ Վ. Մանճիկեան
Published in
No comments:
Post a Comment