Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան Եւ Իր «Մատեան Մանկանց»ը
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Պատահմամբ բայց մեծ ուրախութեամբ եւ հաճոյքով գտայ բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեանի «Մատեան Մանկանց» գիրքը, որ հրատարակուած է 1925ին, Պոսթըն:
Բժիշկ Ա. Աբէլեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա, 4 Նոյեմբեր 1893ին: Ան զաւակն է բժիշկ Սողոմոն եւ Ովսաննա Աբէլեաններու: Ան ունեցած է երեք եղբայրներ եւ չորս քոյրեր:
Ան նախակրթարանի եւ միջնակարգի իր ուսումը ստացած է Քեսապի մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճէն: Որպէս աւարտաճառ ան կը պատրաստէ «Քեսապ Եւ Իր Գիւղերը» հատորը, որ կ՛ընդունուի մեծ գնահատանքով: Բժշկութիւն ուսած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ եւ վկայուած է 1917ին: Շուտով զինակոչուած է օսմանեան բանակ՝ ենթասպայի աստիճանով եւ ծառայած է Նապլուսի մէջ, պաղեստինեան ճակատին վրայ:
Պատերազմէն ետք Հոմսի եւ Ճըսըր Շուղուրի քեսապցի գաղթականները կը փոխադրէ Քեսապ: 1920ին կը գաղթէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսեց նահանգի Պոսթըն քաղաքը, ուր որպէս մանկաբոյժ կ՛աշխատի իր անձնական դարմանատան եւ հիւանդանոցներու մէջ: Ան անդամակցած է Մեսեչուսեցի եւ ամերիկեան բժշկական միութիւններու: Կ՛ամուսնանայ 1923ին, Զապէլ Առաքելեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երեք դուստրերով:
Ա. Աբէլեանի հայրը՝ Սողոմոն Աբելեան, ծնած է Քեսապ, 1868ին: Ան եղած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցի առաջին հայ շրջանաւարտը, 1890ին: Աշխատած է Քեսապի մէջ եւ ծառայած քեսապցի իր հայրենակիցներուն, երկար տարիներ: Զինակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է Վանի, Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ մէջ որպէս զինուորական բժիշկ: Ան ամուսնացած է պեհեսնիցի Ովսաննա Առաքելեանի հետ, որ շրջանաւարտ եղած է Այնթապի Աղջկանց ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանէն եւ վարած է ուսուցչական պաշտօն Քեսապի մէջ: Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեան մահացած է Քեսապի մէջ, 1945ին:
Բժիշկ Ա. Աբէլեան, տեսնելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքով հայ ժողովուրդի թուային նօսրացումը եւ ֆիզքական ու հոգեկան ախտաբանական երեւոյթները՝ որոշած է իր գիտական բժշկական մտապաշարը ի սպաս դնել հայ ժողովուրդին եւ, ի մասնաւորի, հայ նոր սերունդի հայօրէն զարգացման, աճման եւ հզօրացման: Իր բժշկական ասպարէզին ընդմէջէն ան փորձած է արտացոլել իր հայկականութիւնը՝ գրելով հայերէն բժշկական-առողջապահական գիրքեր, որոնք եղած են աղբիւր բժշկական գիտելիքներու: Ան մուտք գործած է բժշկական գրականութեան մէջ հայերէնով եւ այդ ըրած է մեծ հաճոյքով եւ որպէս հայ բժիշկի պարտականութիւն՝ հանդէպ իր արենակիցներուն:
Բժիշկ Ա. Աբէլեան լոյս ընծայած է հայերէնով բժշկական եւ առողջապահական հետեւեալ հատորները՝ «Հայ Մայրերու Մենտոր», «Հէքիմարան» եւ «Մատեան Մանկանց»: Ան չէ բաւարարուած բժշկական գրականութեամբ եւ իր միտքն ու հոգին արտայայտած է նաեւ ոչ բժշկական գրականութեամբ, ուր դրսեւորած է հայ վերապրողի իր զգացումները, իր ներաշխարհը եւ իր անհատականութիւնը: Այսպէս, իր գրիչին կը պատկանին հետեւեալ հատորները՝ «Հնգամեայ Զրոյցներ», «Անահիտ Կամ Ամերիկահայ Ֆլեփըրը» եւ «Զմրուխտ Մատանին», որոնք հրատարակուած են 1929ին, «Վաղուան Արշալոյսը» եւ «Աշ-գար»ը՝ 1930ին: Ան բժշկագիտական եւ գեղարուեստական գրութիւններով աշխատակցած է հայ մամուլին, մասնաւորապէս Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին եւ Նիւ Եորքի «Նոր Աշխարհ»ին:
Կատարած է թարգմանութիւնը «Թելմա», «Վէնտեթթա», «Իշխանուհի Վերճինիա» եւ «Կարմիր Մայրապետ» գիրքերուն: Իր գրչանունը եղած է «Էբիլենց»: Ունի անտիպ վէպեր՝ «Ամերիկահայ Մտաւորականը», «Անմեղ Սէրերու Յուշեր», «Զինուորական Յուշերէս», «Հիւանդին Խոհանոցը», «Բժշկական Զրոյցներ» եւ 5 արարով թատերգութիւն մը՝ «Լորա»: Անգլերէնով գրած է «The Antiochians» վէպը, որուն միջոցաւ ուզած է ամերիկացի ժողովուրդին ծանօթացնել հայը՝ իր կենցաղով ու մարտնչումներով եւ Թուրքին գործադրած վայրագութիւնները հայ ժողովուրդին դէմ: Այս վէպը եղած է արժէքաւոր եւ ուշագրաւ աշխատասիրութիւն մը, որուն մէջ Քեսապը մեծ տեղ գրաւած է: Ան մահացած է 14 Նոյեմբեր 1986ին:
Այժմ վերադառնանք «Մատեան Մանկանց» աշխատասիրութեան: Ինչպէս յիշեցինք, անիկա գրուած է 1925ին, Պոսթըն: Գիրքը զուտ բժշկական-առողջապահական հատոր մըն է: «Մատեան Մանկանց» հատորը կը բաղկանայ երկու մասերէ: Առաջին մասը կը պարունակէ յղութեան առողջաբանութեան, մանուկներու մինչեւ տասը տարեկան հոգատարութեան, դիեցումի, սննդառութեան եւ առողջապահութեան վերաբերեալ ընդարձակ ծանօթութիւններ՝ գործնական թելադրութիւններով: Իսկ երկրորդ մասը կը պարունակէ մանկութեան շրջանին յատուկ հիւանդութիւններու մասին կարեւոր գիտելիքներ, արգելիչ միջոցներ, դարմանում եւ հիւանդապահութիւն: Բոլոր նիւթերը այժմէական են եւ կը համապատասխանեն մեր օրերու բժշկական-առողջապահական տեղեկութիւններու պահանջքին:
Գիրքին սկիզբը կը տեսնենք բժիշկ Ա. Աբէլեանի լուսանկարը, որ դիտողին աչքերը կը գրաւէ եւ լաւ տպաւորութիւն կը ձգէ, ու անոր լրջութիւնն եւ հեղինակաւոր անհատականութիւն մը ըլլալը կը դրոշմէ: Յաջորդ էջին վրայ կը կարդանք բժիշկին տիտղոսները: Ապա կը կարդանք՝ «Կը ձօնեմ այս երկը բազմաչարչար ազգիս անբախտ մանուկներուն, որոնք ինկան Արաբիոյ կիզուտ անապատներուն եւ Հայաստանի ձիւնապատ կատարներուն վրայ՝ անթաղ եւ անշիրիմ»:
Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան գրած է «Մատեան Մանկանց»ը՝ տեսնելէ ետք իր նախօրօք հրատարակած երկու բժշկական աշխատասիրութիւններու՝ «Հայ Մայրերու Մենտոր»ի եւ «Հէքիմարան»ի սպառումը եւ հայ ժողովուրդին բոլոր խաւերուն կողմէ գտած ջերմ ընդունելութիւնը: «Մատեան Մանկանց»ին մէջ գրած է իր սիրտին շատ մօտիկ առողջապահական եւ բժշկագիտական նիւթերու շուրջ: Ան գրած ի մտի ունենալով հիմնական մէկ մտահոգութիւն՝ օգտակար հանդիսանալ հայ ժողովուրդին:
Գիրքին լեզուն շատ մաքուր, սահուն եւ հայաշունչ է: Բժիշկը օգտագործած է հայոց լեզուի բժշկական հարուստ բառամթերքը: Կարելի է ըսել, որ 93 տարիներ առաջ գրուած այս գիրքը անմրցելի եւ եզակի աշխատանք մըն է հայ բժշկական գրականութեան մէջ: Երբ կարդացինք այս գիրքը, այնպէս տպաւորուեցանք, որ անիկա գրուած ըլլար մեր օրերուն: Անիկա հայ տուներէ ներս զգալի պակաս մը լեցուցած է հրատարակութեան տարիներուն:
Բժիշկ Ա. Աբէլեան իր յառաջաբանին մէջ կը խօսի հարազատօրէն եւ իր սիրտի խորերէն. ան կ՛ըսէ. ««Մատեան Մանկանց»ը կարդա՛ հայ մայր, եւ մութին ու անստգութեան քաոսին մէջ չպիտի խարխափիս: Ան՝ նորագոյն գիտութեան լոյսով պիտի լուսաւորէ քու ուղին՝ դէպի ԻՏԵԱԼ ՄԱՅՐՈՒԹԻՒՆ: Կինը կ՛աստուածանայ երբ մայր կ՛ըլլայ: Աստուածութեան մօտեցող մայրը, գիտակից ըլլալու է իր վեհ կոչումին, առաջնորդելու համար իրեն յանձնուած էակը դէպի կատարելիութիւն: Առողջ զաւակներ հասցնելու համար, դաստիարակութիւն եւ գիտութիւն անհրաժեշտ է: «Մատեան Մանկանց»ը հայ մայրերուն դաստիարակը եւ առաջնորդը ըլլալու կոչուած է: Հայ մայրեր կարդացէ՛ք «Մատեան Մանկանց»ը: Ուշադրութեամբ հետեւեցէք անոր տուած նոր ԼԵՌԱՆ ՔԱՐՈԶԻՆ եւ տարածեցէք զայն ուր որ հայ մայրեր եւ մանուկներ կան»:
Հեղինակը իր «Ծանօթութիւն» գրութեան մէջ գրած է. «Եթէ այս հատորին շնորհիւ տասը հայ մանուկներ միայն իրենց բնականոն առողջութիւնը վերստանան, մենք արդէն բարոյապէս վարձատրուած կ՛ըլլանք»:
Յառաջաբանէն ետք կը կարդանք բժիշկին գրիչէն բխած շատ պարզ ոչ բանաստեղծական, բայց դաստիարակչական գրութիւն մը՝ «Մանուկն Առ Իր Մայրը»՝ ուղղուած իր սիրելի Լորիին եւ հայ մանուկներուն: Բժիշկը կոչ կ՛ուղղէ, որ անիկա կարդացուի բոլոր հայ մանուկներուն կողմէ:
Ահաւասիկ այդ գրութիւնը.
«Մայրիկ ինծի կաթիկ տուր, որ խմեմ: Չեմ ուզեր գինի, բաց ինձ դուռն՝ օդ ծծեմ:
Մայրիկ ինծի հացիկ տուր: Չեմ ուզեր քենտի. բաղնիք տուր, մաքուր ըլլալ կը փափաքիմ:
Մայրիկ ինծի նարնջահիւթ տուր, որ ըմպեմ, ակռայ հանեմ, չոր հաց ծամեմ, զօրանամ:
Մայրիկ ինծի կանուխէն անկողին դիր, որ հրեշտակներ երկնքէն վրաս հսկեն:
Մայրիկ ինծի ձկան իւղ տուր, որ ուժովնամ, ինծի չըսեն աղջի՜ Լորի ոտքերդ ծուռ են:
Մայրիկ ինծի ներսէն, դրսէն ջուր տուր, ջուր, որ ինձ ըսէ՝ որքան ամուր որքան մաքուր:
Մայրիկ ինծի ուհ, տապկուած բաներ մի՛ տար, կը խոստանամ չըլլալ չար, որ օրհնէ զիս Հայուն Աստուած»:
Հրճուանքով եւ հետաքրքրութեամբ կարդացի «Մատեան Մանկանց»ը: Անիկա գիտական-բժշկական հատոր մըն է, սակայն եւ այնպէս բժիշկը բժշկական սահմաններէն դուրս կու գայ եւ կը կատարէ զուտ հայկական մտահոգութիւններու առնչութեամբ կարեւոր թելադրութիւններ, մանաւանդ հայ ընտանիքի առողջ պահպանման եւ աճման ու հզօրացման համար:
Կարդալէ ետք «Մատեան Մանկանց»ը՝ կ՛ուզենք հայ ընթերցողը մասնակից դարձնել այն վայելքին, զոր մենք ունենցանք: Ուստի կը մէջբերենք «Յղութեան Առողջապահութիւն» գրութենէն որոշ բաժիններ (մանր սրբագրութիւններով).
«Ապրող էակներու գլխաւոր նպատակներէն մին է ցեղին յարատեւումը: Կենդանի էակները՝ արու եւ էգ, ստեղծուած են, եւ այս երկու տարբեր սեռերու բնական միացումովը ապահովուած է ցեղին գոյութիւնն ու ապագան: Մարդ արարածը, իբր ամենակատարեալը կենդանի էակներուն, բացառութիւն չէր կրնար կազմել եւ չէ կազմած: Ուստի մարդուն նուիրական պարտականութիւնն է իր նմանը արտադրել եւ այս կերպով ապահովել իր ցեղին ապագան:
Ցեղին պահպանման նուիրական եւ սրբազան պարտականութեան մէջ թերացողներ բացայայտօրէն կը մեղանչեն մարդկութեան եւ մայր բնութեան դէմ:
Մարդկային ընկերութիւնը համոզուած է, որ մարդկային ցեղին պահպանումին ամենավստահելի եւ արդիւնաւոր միջոցը ամուսնութիւնն է: Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդով միայն կարելի է ստեղծել ընտանեկան յարկին գոյութիւնը: Այդ անդորր եւ խաղաղ բոյնին մէջ միայն կարելի է մարդկային ցեղին ապագան ապահովել, սերնդագործել: Սերնդագործումը արգասաւորումով կարելի կը դառնայ: Արգասաւորումը իգական ձուին, առնական սերմին հետ միացումն է, որ տեղի կ՛ունենայ արգանդին կամ անոր խողովակներէն մէկուն մէջ:
Մայր ըլլալը գերագոյն եւ սրբազան պարտականութիւն նկատուած է կնոջ համար: Հետեւաբար, հայ մայրեր, սիրով ընդառաջ երթալու են իրենց վեհ կոչումին ծառայելու համար եւ ոչ մէկ պարագայի տակ վիժեցումի դիմելու չափ նուաստանալու են: Ամուսնութիւնը հաճոյքի միջոց նկատուելու չէ: Ամուսնական կեանքի հաճոյքի մասը՝ անասնական կրքի գոհացումն է միայն. պէտք է աւելի բարձրին, գեղեցիկին ձգտիլ, եւ այդ՝ արգասաւորուելով կնոջ յղանալն է:
Յղացումն ու սերնդագործութիւնը ստեղծագործութիւն են, իսկ ստեղծագործութիւնը՝ աստուածավայել կարողութիւն: Կինե՛ր, պահեցէք դուք ձեզ աստուածութեան բարձունքներուն վրայ յղանալով: Քսաներորդ դարուն անէծքը եղող վիժեցումէն հեռու պահեցէք զձեզ հայ մայրեր: Դարերէ ի վեր յանուն հայ ազատագրութեան, ինկող հերոս նահատակները ձեզի կոչ կ՛ընեն իրենց կորուստով նօսրացած շարքերը խտացնելու համար: Ունկդրեցէ՛ք անոնց կոչին եւ ձեր բոյները լեցուցէք արծուաձագերով, որոնք օր մը թեւ առնելով՝ պիտի թռչին եւ Ատլանտեանի կապոյտը պատռելով պիտի թառին Մասսեաց գագաթը, նոր բոյներ շինելու եւ ձագեր ունենալու համար: Դէպի գո՜րծ…:
Յղի մնացող կինը անմիջապէս պէտք է իր բժիշկին իմացնէ եղելութիւնը, անկէ պէտք եղած առողջապահական պատուիրանքն ստանալու համար: Յղութեան ամբողջ տեւողութեան ֆիզիքական եւ հոգեկան գրգռութիւնէ զերծ ըլլալու է: Յղութեան շրջանին՝ սաստիկ գլխու ցաւ, մարսողութեան եւ տեսողութեան խանգարումներ, սաստիկ մէջքի ցաւ, մշտատեւ փսխունք, ոտքերու ուռեցք եւ յաճախամիզութիւն վտանգաւոր կացութեան մը նախնական ախտանշաններն են: Յղութեան շրջանին սակաւակերութիւնը շատակերութեան չափ եւ թերեւս քիչ մըն ալ աւելի վնասակար է: Յղի կինը չափաւոր կերպով գոհացում տալու է իր ախորժակին: Ան զգուշանալու է ծանրութիւններ վերցնելէ: Առօրեայ պտոյտներ ընել օգտակար է: Թուլամորթ եւ ծոյլ կիներու արգանդը պէտք եղածին պէս զօրեղ պրկումներ կատարելու ի վիճակի չ՛ըլլար տղաբերքի պահուն: Բացօթեայ պտոյտներ, արտաքին մաքրութեան հոգատարութիւն եւ սրտնեղութիւններէ հեռու մնալ լաւագոյն ուղիներն են, որոնց պէտք է հետեւիլ: Յղի կիներ իրենց բերնին մաքրութեան լաւ հոգ տանելու են: Տղաբերքէ ամիս մը առաջ օրը մէկ երկու անգամ ստինքներուն պտուկները մաքրել անհրաժեշտ է:
«Ստամոքսի խառնուիլը, ախորժակի պակասը եւ փսխումը՝ յղութեան ընկերացող տաղտկալի երեւոյթներ են: Յղի կիներ թեթեւ եւ թոյլ հագուստ հագնելու են եւ հեռու կենալու են արգանդին բնականոն աճումն արգիլող սեղմիրաններու եւ ներքնազգեստներու գործածութենէն: Յղի կնոջ ննջասենեակը օդասուն ըլլալու է եւ օդափոխութիւնը ապահովուած գիշեր ատեն: Անկողինը մաքուր եւ կակուղ ըլլալու է: Ցած կռունկով կօշիկներ նպատակայարմար են: Անոնք առատ ջուր խմելու են: Ոգելից ըմպելիներու գործածութիւն, տապկուած, իւղոտ եւ ճարպոտ ուտելիքներ ստամոքսի խանգարում եւ թթուութիւն կը պատճառեն:
Յղի մօր ապրելակերպը եւ միջավայրը անուղղակի կերպով կ՛ազդեն ծնելիք մանուկին վրայ: Հետեւաբար, յղի կինը ջանալու է խաղաղ եւ երջանիկ ապրիլ եւ անվախօրէն պատրաստուիլ իր սրտահատորը դիմաւորելու համար:
Կարգ մը հիւանդութիւններ, մտային կարողութիւն, գեղեցկութիւն եւ նկարագիր ժառանգականօրէն կը փոխանցուին սաղմին: Այդ պատճառաւ ամուսնութեան պարագային պէտք չէ մոռնալ ժառանգական փոխանցումներու կարեւորութիւնը: Յղութեան շրջանին որեւէ արիւնահոսում աննկատ եւ անխնամ մնալու չէ: Վիժումները միշտ արիւնահոսութեամբ կը սկսին:
Յղութիւնը կնոջ մը համար օրհասական տառապանքի շրջանէ մը աւելի ցնծութեան եւ ուրախութեան շրջան մը ըլլալու է: Ամուսիններ մեծ ջանք թափելու են յղի կնոջ մը կեանքը տանելի եւ հաճելի ընելու համար: Կիները այդ շրջանին ա՛լ աւելի գուրգուրանքի, ճշմարիտ եւ զոհաբերող սիրոյ եւ անոյշ վերաբերմունքի կը կարօտին: Հայ մա՛րդ, պէտք է ըմբռնես անոր կացութիւնը եւ օգնես իր վեհ գործին մէջ: Քու պարտականութիւնը միմիայն սերմ ցանելու մէջ չի կայանար: Երջանիկ բոյնին շինութիւնը նոյնքան ալ քեզմէ կախեալ է»:
Ի՜նչ դաստիարակիչ եւ թելադրողական խօսքերով լեցուն է «Յղութեան Առողջապահութիւն» գրութիւնը: Անիկա ոչ միայն բժշկական-առողջապահական միտումով գրուած է, այլ նաեւ ազգային մտահոգութիւններէ մղուած:
Վարձքդ կատար յարգելի բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան:
Արտատպուած՝
No comments:
Post a Comment