Monday, May 15, 2017

ՔԵՍԱՊԻ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏԿԵՐԸ - ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

ՔԵՍԱՊԻ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏԿԵՐԸ
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Քեսապի նուիրուած իմ եռահատորին[1] եւ այլ աշխատասիրութիւններուս մէջ ես հանգամանօրէն անդրադարձած եմ տեղացի հայոց մինչեւ 1950-ական թուականները գոյատեւող հին կենցաղի նիւթականարտայայտութիւններուն՝ տան կառոյցին, թոնիրին, ճամբաներուն, հին տնտեսութեան մէջ տեղգտած աշխատանքի տեսակներուն, անոնց կատարման եղանակներուն, արտադրութեան եւ մթերման կերպերուն ունիւթերուն: Անդրադարձած եմ նաեւ աշխատանքի գործիքներուն՝ քարէ, փայտէ, մետաղէ իրերուն, ծեղէ, եղէգէ, ուռէ, բուրդէ, այծի մազէ ու թելէ հիւսուածքներուն, տարազին եւ այլն: Տուած եմ  գծանկարներ եւ նկարներ, միշտ այն երազը փայփայելով, որ օր մը կարելի պիտի ըլլայ լաւագոյն նմոյշները պահել-պահպանել ազգագրական թանգարանի մը մէջ:
Քեսապի նախկին փակ տնտեսութիւնը հիմնովին փոփոխութեան կ’ենթարկուէր այդ թուականներուն. ելեկտրականութիւնը կը հասնէր ամէն տեղ, ճամբաները կ’արդիականացուէին, ջուրը կը հոսէր տան մէջ, փոխադրութեան միջոցները կը փոխուէին: Գիւղատնտեսութեան մէջ ամէն բան կը մեքենայացուէր: Կը վերնային հողագործութեան գրեթէ բոլոր տեսակները՝ ցանքը, բանջարաբուծութեան հին կերպերը: Պտղամշակութիւնը կը մասնաւորուէր ու կ’անցնէր արտադրական եղանակին, զբօսաշրջութիւնը կամաց-կամաց հիմնական տեղ կը գրաւէր հին զբաղումներուն տեղ: Երկաթ-պեթոնը կը փոխարինէր նախկին բոլոր տեսակի շինութիւնները: Թաղերու մէջ բնակելի հին տուները կը փոխէին տանիքները, յարդով շաղախուած հողէ ծեփը կը մոռցուէր, քարէն կիր պատրաստող օճախները շարքէ դուրս կու գային, սեմենթով կը ծեփուէին նաեւ հին քարէ շէնքերու արտաքին պատերը: 1915-ին կիսաւարտ մնացած Քեսապի Աւետարանական եկեղեցին, կէս դար ետք, ճամբաները եւ բակին մէջ մնացած քարէ սիւներն ու սրբատաշ քարերը ձգած, երկաթ-պեթոնով կ’ամբողջանար. 1908-ին տեղական քարով կառուցուած Գարատուրանի Աւետարանական եկեղեցին սեմենթի ծեփով կը փոխէր իր կերպարանքը, նոյնը՝ Քեսապի 1910-ին կառուցուած «Գրադխանա»ն, նոյնը՝ 1897-ին կառուցուած Քէօրքիւնէի եկեղեցին: Քեսապի Մայր եկեղեցին քանի մը անգամ վերանորոգութեան կ’ենթարկուէր գերազանցապէս օգտագործելով ոչ թէ տեղական յայտնի սպիտակ քարը, այլ Հալէպի դեղին քարը: Շարք մը թաղեր բոլորովին կը լքուէին, պարտէզներու մէջ առանձնատուները կը բազմանային: Կեանքը, գիւղը, անոր արտաքին կերպարանքը ամբողջապէս կը կերպարանափոխուէր: Թոնիրները կը կքէին, հնձանները կը լքուէին, հին կամարակապ աղբիւրները կը փլէին ու կը վերակառուցուէին այլակերպ տեսքով կամ արթէզեան ջրհորներու հետեւանքով կը չորնային ու մոռացութեան կը մատնուէին: Աշխատանքի հին տեսակներու գործիքներն ու առարկաները լաւագոյն պարագային կը մոռցուէին մառաններու կամ լքուած տուներու մութ խորշերուն մէջ, շատ-շատ՝ մեծ հայրիկէն ու մայրիկէն մնացած յիշատակները կը դասուէին սնտուկներուն մէջ կամ խոհանոցի մէկ անկիւնը:
1978-ին, Քեսապի Ուսումնասիրաց գրադարանին մէջ խումբ մը քեսապցի երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ ես կազմակերպեցի Քեսապի ազգագրական իրերու ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին մեր նախնիներուն կենցաղին ու աշխատանքային առօրեային մէջ տեղ գտած այն իրերը, որոնք, փակ տնտեսութեան հետեւանքով, գիւղացիին ձեռքով շինուած ու միայն իր գործածութեան համար նախատեսուած իրեր էին, նաեւ տեղացի վարպետներու աշխատանքներ, որոնք կիրառական արժէք ունենալու կողքին՝ ունէին նաեւ գեղագիտական արժէք: Քարէ, փայտէ, մետաղէ այդ իրերը, ծեղէ, եղէգէ, ուռէ հիւսուած ամանները, այծի մազէ, բուրդէ, ապրշումէ ու թելէ հիւսուածքները, ասեղնագործութեան իւրայատուկ նմոյշները, հին տարազի հազուագիւտ օրինակները հաւաքած էինք մեր հայրենակիցներէն: Հոն տեղ գտած էին ԺԹ. դարու երկրորդ կէսերէն գէթ մինչեւ Աղեքսանդրէթի Սանճաքի Թուրքիոյ կցումը ամբողջ շրջակայքի հայ, թուրքմէն ու ալեւի գիւղացիներու պէտքերը գոհացնող Քեսապի արհեստանոցներու շուկային՝ դարբիններու, պղնձագործներու, զինագործներու, կերպասագործներու պատրաստած  հազուագիւտ իրերը: Ցուցահանդէսէն ետք նիւթ դարձաւ ազգագրական թանգարան մը ձեւաւորելու խնդիրը: Տոքթ. Ռոպերթ Ճեպեճեան նպատակայարմար գտաւ այդ նիւթերով փոքրիկ թանգարան մը բանալ Հալէպի մէջ: Գաղափարը երկու ելակէտ ունէր. նման ցուցասրահներ դեռ չէին գործեր Հալէպի եւ շրջաններու մէջ. ատիկա պիտի ըլլար հայ գաղութի նախաձեռնութիւնը. երկրորդ՝ ատիկա Հալէպի մեր դպրոցականներուն պիտի տար հայ գրականութենէն լսած ու կարդացած շատ բաներ աչքով տեսնելու հնարաւորութիւն, որովհետեւ անիկա փշուր մը շօշափելի յիշատակ պիտի ըլլար մեր ամբողջապէս կորսնցուցած Արեւմտեան Հայաստանի կենցաղէն: Չիրականացաւ:
1980-ականներուն մարդիկ սկսան ափսոսալ հինի կորուստը ու բնական ընթացքով սկսան հինէն բան մը պահելու, հինը նոր նպատակներով գործածելու հետաքրքրութիւն մը ունենալ: Այդ իմաստով կարեւոր գործ կատարեց Երկիր եւ Մշակոյթ միութիւնը, որուն ջանքերով վերանորոգուեցաւ Գարատուրանի մէջ տուն մը, Ս. Ստեփանոս մատուռը, Քեսապի մէջ Աշգարեանի տունը, եւ ամբողջ շարք մը տուներ Քեսապի Մայր եկեղեցւոյ ետեւի թաղին մէջ: Նոյնը ըրին նաեւ տեղացիները. նոյն ձեւով վերանորոգուեցաւ Քեսապի հայ Աւետարանական նախկին տղոց վարժարանի շէնքը ու վերածուեցաւ Միսաքեան Մշակութային կեդրոնի: Մէկ-երկու տասնամեակ առաջ սեմենթով ծեփուած հին շէնքերու ներքին եւ արտաքին պատերու ծեփը հանուեցաւ՝ նախկին տեսքը վերականգնելու համար: Նոյնը ըրաւ Քեսապի կաթողիկէ եկեղեցին: Քեսապի հին տունը արժանացաւ որոշ ուշադրութեան. նոյնիսկ եղան մարդիկ, որոնք տեղական շինանիւթով ու Քեսապի հին տան ոճով տուն կառուցել սկսան: Այդպիսի իրագործում մըն էր «Սարօ» ճաշարանը: Այդ իմաստով գլուխ-գործոց մը եղաւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնովին նորոգութիւնը: Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած սուրիական «Կորուսեալ գիւղը» ֆիլմաշարը նկարահանուեցաւ Գարատուրանի մէջ, Ծովու թաղի հին տուներու միջավայրին մէջ: Այդ տուները Քեսապի մէջ ամէնէն տեսարժան վայրերը հանդիսացան: Դէպքերէն առաջ օրական հարիւրաւոր զբօսաշրջիկներ շարքեր կը կազմէին այդ տուներուն համապատկերին վրայ նկարուելու ու ներսերը ժուռ գալու համար:
Գիւղատնտեսութեան մէջ քարէ ծանր իրերն ու սարքերը, ինչպէս տանիքներու լողերը, տարբեր չափի քարէ սանդերը, ձիթհանքի նախկին քարէ ճմլարաններն ու ճմլիչները, ջրաղացներու քարերը սկսան ուշադրութիւն գրաւել: Ասոնք սկսան օգտագործուիլ  գեղարուեստական զարդարանքի ու յարդարանքի նպատակներով:  Անոնցմով մարդիկ սկսան զարդարել իրենց նոր տուներու բակերն ու մուտքերը: Լողերը տեղադրելով բակին մէջ հոս ու հոն՝ օգտագործուեցան իբրեւ նստարան, սանդերը՝ իբրեւ շատրուան, կարասներն ու կուժերը իբրեւ թաղար: Կը նկատուէր գիւղի հրապարակները անոնցմով զարդարելու միտումը: Ոմանք լքուած թաղերու տուներէն հաւաքուած լողերու, քարէ տարբեր իրերու հաւաքածոներ կազմեցին: Յատկապէս սրճարաններն ու ճաշարանները իրենց մուտքերուն տեղադրեցին այդպիսի քարէ գործիքներ: Այդպիսի հաւաքածոյ մը կայ «Սախրա» Ճաշարանի մուտքին, Սեւ Աղբիւր: Բան չմնաց իր նախկին տեղը. սանդերը իրենց տեղերէն պոկուեցան, ճմլարաններու եւ աղօրիներու կիսականգուն պատերը քանդուեցան ճմլիչն ու ջաղացքի քարերը տանելու համար:
Փայտէ ու ծեղէ շինուած իրերը սկսան երեւիլ նստասենեակներու պատերուն իբրեւ ընտանեկան լուսանկարներու շրջանակ, իսկ պղինձէ հին ամանները՝ իբրեւ ծաղկաման կամ ապակեպատ պահարաններու ինքնուրոյն զարդ:
Ասիկա համաշխարհային երեւոյթ է մեր օրերուն: Մեր կենցաղէն դուրս դրուած իրերը արդէն պատմական ու գեղագիտական արժանիքներով կը վերարժեւորուին մարդոց կողմէ. արդիական ճաշարանի մը մէջ, օրինակ, կը տեսնես մէկ անկիւնը ցուցադրուած խոհանոցային հին իրեր՝ պղինձէ տապակ, դոյլ, դգալ, փայտէ շերեփներ, սուրճի աղօրի մը, այլ տեղ՝ ածուխով  արդուկ, կարի մէկդարեայ մեքենայ մը եւ այլն:
Քեսապի մէջ կրկին դրուեցաւ ազգագրական թանգարան մը ունենալու գաղափարը, որ ջերմ արծարծողներ ունեցաւ այս դարասկիզբին: Գաբրիէլ եւ Յակոբ Ինճեճիքեան եղբայրները իրենց հայրական՝ տոքթ. Աւետիս Ինճեճիքեանի տունը նուիրեցին ազգին՝ առաջարկելով տան գետնայարկը յատկացնել թանգարանին: Սակայն շէնքը հիմնովին քանդուելով բոլորովին նոր կառոյցի մը ծրագիրը իրականացաւ: Ֆրանսահայ Երկիր եւ Մշակոյթ միութիւնը առաջարկեց Քեսապի մէջ Սըթթից բակին մէջ վերանորոգուած տուներէն մէկը յատկացնել այդ նպատակին: Համաձայնութիւն գոյացաւ: Կը նախատեսուէր, որ թանգարանը ունենար արխիւային ցուցանմուշներու (ձեռագիր, ու տպագիր նիւթեր, նկարներ, գծանկարներ) տարազի, բանուածքներու, տան կարասիի ու աշխատանքային իրերու եւ գործիքներու ցուցասրահներ: Բակին մէջ պիտի տեղակայուէին քարէ մեծ գործիքներ:  Նիւթեր հաւաքուեցան: Թանգարանի բացումը 2005-ի Օգոստոսին մեծ շուքով կատարուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդին ձեռամբ, ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ: Ներկաներէն ոմանք բերած էին իրենց տուները մնացած ցուցադրման արժանի նիւթեր: Թղթակցութիւններ երեւցան մամուլին մէջ: Բացումէն ետք կատարուած աշխատանքները ու հաւաքուած նիւթերու քանակը ծանօթ չէ մեզի:
Յաջորդ նախաձեռնութիւնը կը պարտինք Հայ կաթողիկէ համայնքի հովիւ հ. Նարեկ Լուիզեանին, որ 2012-ին շատ կարճ ժամանակի մը մէջ տուն առ տուն մտնելով մառաններէն ու հին տուներէն հաւաքեց ամէն ինչ, որով կարելի էր պատկերացնել քեսապցիներու հին կենցաղը, ու տոհմիկ իրերու թանգարանին բացումը կատարեց վանքի միջանցքներուն մէջ: Թանգարանը կոչուեցաւ Կիլիկիա: Ներկայացուած թանգարանային իրերու թիւը  բաւական մեծ էր:
Ըսենք, որ 1920-ական թուականներուն նոյն տեղը կը գործէր նաեւ պատմութեան թանգարան մը, երբ վանքը կը պատկանէր լատին ֆրանչիսկեան վարդապետներուն, որ դարասկիզբէն յաջողած էին Քեսապի մէջ կազմել երկու լատին համայնքներ: Վանահայր հայր Սապաթինօ Տէլ Կայծօ ունէր հնագիտական հետաքրքրութիւններ. կը հրաւիրէր ֆրանսացի հնագէտներ, Յիսուսեան վարդապետներ, ինչպէս հ. Յարութիւն Միսիրեանը, ու պեղումներ կը կատարէր շրջանին մէջ, յատկապէս Պալլում, ու  հանուած նիւթերը կը տեղադրէր վանքին մէջ: Անոնց մէջ կային փիւնիկեան, սելեւկեան, հռոմէական, բիւզանդական ու խաչակիրներու ժամանակներուն վերաբերող նիւթեր: 1946-ին Լատինաց եկեղեցիներն ու վանքերը անցան Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան: Մեր օրերուն այդ թանգարանէն, բացի քանի մը մեծ քանդակազարդ ժայռերէ ու խոյակներէ, ոչինչ մնացած էր:
21-23 Մարտ 2014-ի ներխուժման հետեւանքով շրջանի բնակչութիւնը ապաստանեցաւ Լաթաքիա: Երեք ամիսներու ընթացքին տուները մեծ մասով ենթարկուեցան կողոպուտի: Տարուեցաւ ամէն ինչ որ արժէք մը կը ներկայացնէր թալանչիներուն համար ու տրորուեցաւ, փշրուեցաւ քանդուեցաւ այն, որ թերեւս շատ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէր տիրոջ համար: Մենք պատերազմէն ետք քանիցս այցելեցինք Քեսապ: Գերեզմանատուներու մէջ խաչարձաններու, խաչքարերու եւ տապանաքարերու ջարդը անասելի վայրագութեան մը եւ ատելութեան մը ապացոյցն էր: Միսաքեան մշակութային կեդրոնը ամբողջապէս հրկիզուած ու աւերակոյտի վերածուած էր: Ներքի Գիւղի աղբիւրին ԺԵ.-ԺԶ. դարու խաչքարը արձակուած գնդակներու թիրախ հանդիսացած էր: Երկիր Եւ Մշակոյթի թանգարանին համալիրին պահակը մեզի պատմեց, որ ոչ մէկ բան մնացած էր թանգարանէն, բացի քանի մը քարէ ծանր իրերէ ու բակը նետուած ու տրորուած ծեղէ եւ եղէգէ ամաններէ: Երկրաչափ Յակոբ Պետըրճիքեան, հաւաստիացուց, որ ծեղէ, ուռէ, դերձանէ, բուրդէ ու այծի մազէ բոլոր հիւսուածքները փճացուցեր էին, կաւէ ամանները՝ փշրեր, փայտէ իրերը՝ ջարդեր, իսկ մետաղէ գործիքներն ու իրերը՝ աւարեր: Նոյնը պատահած էր նաեւ Կաթողիկէ համանքի վանքի թանգարանին, առնուած ու կողոպտուած էր ինչ որ արժէք մը կրնար նկատուիլ, մնացեալը ջարդուած ու փշրուած էր: Հայր Նարեկ Լուիզեանին հետ անցանք թանգարանի յատկացուած միջանցքներէն. նոյն պատկերը:
Ծանր էր մշակութային կորուստը:
Քեսապը նման կորուստներ ունեցած է նաեւ 1909-ի Աղէտին, զոր ժողովուրդը առ այսօր Թալանտ (թալան՝ կողոպուտ) կը կոչէ: Աղէտէն ետք Հալէպի վիլայէթի մաս կազմող շրջաններէն, ուրկէ եկած էին թալանչիները, ոչ մէկ իր վերադարձուեցաւ Քեսապ: Միայն Լաթաքիոյ մութասարրիֆութեան պատկանող Քեսապի հարաւի Ֆագը Հասան եւ Պետրուսիա գիւղերէն մասամբ վերադարձուեցաւ այն աւարը, որ անոնք խլած էին դէպի Լաթաքիա ուղղուող փախստականներէն: Կենսագիր Մարիամ Սարամազեան-Չիւրիքեանը կը գրէ. «Ամբողջ Քեսապը կողոպտուեցաւ: Շատ աւար առին, տուները հրկիզեցին: Ես միայն իմ տանս իրերը գիտեմ: Մեր գործածած անկողիններէն բացի ունէինք 12 ձեռք վերմակ եւ անկողին, այծի մազով բանուած 6-7 կարպետ, սենեակի մեծութեամբ բրդեայ երկու կարպետ եւս, երեք գորգ, նստարան մը եւ անոր ծածկոց գորգը, 36 օգա մետաքս: Ասոնք երեւցող մեծ իրերն էին: Դեռ ինչ գիրքեր, նկարներ, վկայականս: Բարեկամներուս եւ ուսուցիչներուս նկարները այրեցան: Հապա այդ ամանեղէններս…Բոլորը գացին»[2]:
Սթիֆըն Թրոպրիճ, Լաթաքիոյ մէջ գործող ամերիկացի միսիոնարը, որ Աղէտէն ետք առաջին վերադարձողներուն հետ Քեսապ կ’ելլէ, այսպէս կը տեղեկագրէ. «Իրենց ցորենի ամբարները, գարին ու բրինձը այրած էին, հագուստները, եփելու ամանները, կահ-կարասին եւ գործիքները չկային, իրենց այծերը, կովերն ու ջորիները գողցուած էին: Իրենց մետաքսի ճարտարարուեստը կոխկռտուած էր, իրենց սիրելի եկեղեցիները աւերակոյտերու վերածուած էին, իրենց ընկերներուն եւ ազգականներուն դիակները դեռ չէին թաղուած»[3]: Բոլոր աղբիւրները կը խօսին մեծ կորուստներու մասին, բայց Թրոպրիճի ցանկը աւելի ամբողջական կը թուի. կը գրէ. «Բոլոր վաճառականներու խանութները եւ առեւտրականներու մթերանոցները այրած էին: Իրականութեան մէջ ամբողջ շուկան մոխիրներու տակ էր: Հռոմէական կաթոլիկներու եւ բողոքական եկեղեցիները ամբողջովին այրած էին: Վերջինը՝ ընդարձակ շէնք մըն էր, 1800 հաւատացեալներու նստարաններով: Այրած էին Ամերիկեան Առաքելութեան բնակարանը, ուր կ’ապրէր Օր. Չեմպըրզ, նոյնպէս` Աղջկանց Բարձրագոյն դպրոցը (ամերիկեան կալուած), տղոց Տարրական դպրոցը եւ բողոքականներու երիցատունը: 530  տուն, Քեսապի բոլոր հարուստ ընտանիքներու տուները, նոյնպէս այրած էին: Մնացեալ 700 տուները կողոպտուած էին, բայց չէին հրդեհուած: Ասոնք պզտիկ, մէկ-երկու սենեակնոց տուներ են գործաւորներու եւ աղքատներու պատկանող: Էքիզօլուքի մէջ 38 տուներ այրած էին, 22-ը մնացած, Գարատուրանի մէջ՝ 65-ը այրած, 135-ը մնացած, Տուզաղաճի  մէջ՝ 28-ը այրած, 1-ը մնացած, Քէօրքիւնէի մէջ՝ 55-ը այրած, 45-ը մնացած»[4]: Աղէտէն անմիջապէս ետք «Լաթաքիայէն Մովսէս վրդ. Ոսկերիչեան գիւղերու մէջ գտնուած եւ այրած տուներու մանրամասն մէկ ցուցակը ղրկած է Պատրիարքարան: Այլ եւ այլ գիւղերու մէջ այրած տուներու թիւը կը յանգի 1544-ի»[5]:
1915-1920 թուականներու աքսորը շատ աւելի մեծ կորուստներ պատճառեց: Մարիամ Սարամազեան-Չիւրիքեան կը վկայէ. «Քեսապի դրացի այլազգիներուն համար ասիկա հարստանալու առիթ մը եղաւ: Անոնք շատ աժան, իսկ կարգ մը իրեր ալ ձրի հաւաքելով տարին»[6]: 1919-1920 թուականներուն աքսորի ճամբաներէն վերադարձող վերապրողները դրացի թուրքմէն գիւղերու քով պահ դրուած իրենց նախկին իրերէն շատ քիչ բան կրցան ետ ձեռք բերել: Վերապրող Ովսաննա Սողոմոնեանը կը պատմէ. «Տարագրութեան ելլելէ առաջ բոլոր հայերը ինչ ունէին-չունէին՝ կենդանիներ, մթերքներ, կահ-կարասի, գործիքներ, յանձներ էին դրացի թուրք գիւղերուն, վերադարձին առնելու պայմանով: Բայց անոնք երես չտուին մեզի, ծուռ-ծուռ նայեցան, վախցուցին: Ո՛չ մեր, ո՛չ ալ մեր ազգականներուն ապրանքները կրնայինք առնել: Անոնք 1909-ին ալ Քեսապը կողոպտած էին»[7]:
Օսմանեան իշխանութիւնները Քեսապի եւ շրջանի գիւղերու հայոց բնակարաններուն մէջ տեղաւորած էին պալքանեան երկիրներէն եկած գաղթականներ: Անոնք իբրեւ վառելանիւթ օգտագործած էին պարապ տուներու դռներն ու պատուհանները ու եղած-չեղածն ալ հաւաքելով՝ հեռացած:
Տարագրութեան ելած ընտանիքներէն ոմանք իրենց հետ տարեր էին իրենց ամէնէն թանկագին իրերը: Այդպէս էին քեսապցի Ադամեանները, 5-6 ընտանիք, որոնք իրենց  ծախսած ոսկիներու գինով ձեւով մը կը հասնին Մեսքենէ: Ասոնց նահապետը, հակառակ շատերու խորհուրդին, կամովին դէպի Տէր Զօր կ՛ուղղէ իր կարաւանին ցռուկը, «սակայն Տէր Զօրի ճամբուն վրայ ամբողջ Ադամեան ընտանիքը ոչնչացաւ եւ դրամը, կարպետներն ու գորգերը կողոպտուեցան»[8]: 1920-ին ամբողջ տոհմէն միայն մէկ վերապրող կը գտնուի:
Վերջին վերապրողները շրջան վերադարձան 1920-ի ամրան: Մարդկային ահաւոր մեծ կորուստի կողքին, նիւթական անհաշուելի կորուստ, տնտեսութեան ամբողջական քայքայում ու մանաւանդ նիւթական շարժական մշակոյթի ի սպառ ոչնչացում: Քեսապցին 1909 եւ 1915-1920 թուականներուն ամբողջովին կորսնցուց ամէն նիւթական արժէք, որ կը մնար հին դարերէն ու մանաւանդ կորսնցուց հին արհեստներէն ոմանք ու ձեռարուեստի շատ գաղտնիքներ:
Սիմոն Այանեանի (յետագային Տ. Յուսիկ քահանայ) 1920-ին կազմած մարդահամարին մէջ նախկին բնակչութեան հազիւ մէկ երրորդը կազմող 2363 վերապրող քեսապցիներուն մէջ (դուրս եւ ներս) կան 27 վաճառական, 45 կօշկակար, 14 կլայեկ, 23 ջուլհակ, 10 երկաթագործ, 9 դերձակ, 1 պղնձագործ, 7 հիւսն, 5 մազման, 4 մանրավաճառ խանութպան, 1 գուլպայագործ, 1 գինեպան, 2 մսագործ, 9 խոհարար, 17 ջորեպան, 4 որմնադիր, 2 ջաղացպան, 1 քարկոփ, իսկ գիւղերուն մէջ՝ 2 կլայեկ, 4 կօշկակար, 2 ջուլհակ, 2 խոհարար, 2 ջաղացպան եւ մէկական քարկոփ, ծեփիչ, տախտակագործ, ածխագործ եւ ատաղձագործ[9]:
Բայց պէտք է գիտնալ, որ գէթ մինչեւ 1950-ական թուականները կենցաղը հին ձեւով կ’ընթանար, աշխատանքի տեսակները ու միջոցները նոյնն էին, թէեւ որոշ արհեստներ, ինչպէս բրուտագործութիւնը, գորգագործութիւնն ու կերպասագործութիւնը չվերականգնեցան Քեսապի մէջ: Գիւղացին դարձեալ շինեց ինչ որ իրեն պէտք էր՝ ցանքի ու կալի գործիքները, տնային առարկաները եւ այլն, քարն ու փայտը մշակեց իր հայրերու եղանակով: Այսինքն չափով մը կրցաւ վերականգնել այն՝ ինչ որ դարերով կը ճանչնար քեսապցին: 1930-ական թուականներէն Քեսապ ոտք դրած սփիւռքահայերը հոն կը տեսնէին իրենց կորսնցուցած հայրենի եզերքը, կը վերյիշէին Երկրի իրենց բարքերը, խոհանոցը, նիստ ու կացը, վար ու ցանը, իրերը, գործիքները: Անոնց համար ազգագրական բաց թանգարան մըն էր Քեսապը:
Բայց տեսանք արդէն, թէ նոր ժամանակները, ինչ փոփոխութիւններ մտցուցին կեանքին մէջ, այնքան՝ որ մարդիկ այլեւս միայն թանգարանի միջոցով պէտք է հաղորդուէին հին կեանքի մանրամասնութիւններուն:
Այդ իմաստով վերջին Աղէտին պատճառած կորուստը անդառնալի է, որովհետեւ հիմա ոչ ոք ծանօթ է այդ իրերուն, անոնց պատրաստութեան ձեւին, հիմա ոչ ոք ծանօթ է այդ իրերով կատարուող աշխատանքին, մեր կենցաղին մէջ անոնք տեղ չունին արդէն՝ կամն ու հոսելին, արօրն ու լուծը, կուժն ու կարասը, մանգաղն ու հնձուորի մատները, ծեղէ ու փայտէ ամանները, այծի մազէ, բուրդէ ու ապրշումէ ձեռագործ հիւսուածքները, քարտաշի մուրճով ու դուրով շինուած քարէ գործիքները: Անոնք պատմութեան մէջ մնացած աշխատանքի տեսակներու եւ կենցաղի նիւթական յիշատակներն էին, որ հերթաբար կորուստի կը մատնուէին, այդպիսով լրիւ մոռացութեան մատնուելով ու մթութեան մէջ ձգելով մեր հայրերու աշխատանքի տեսակներն ու կենցաղը:
Մեր հարցերը այնքան շատ են հիմա, մեր կարիքները այնքան բազմապիսի, որ թերեւս մարդիկ մտածեն, թէ՝ ա՛յ մարդ, ջաղացքը գացեր՝ դուն չախչախին ետեւէն ինկեր ես: Ճշմարիտ է: Բայց կայ այլ ճշմարտութիւն մը եւս. ապրողներու սերունդները օր մը ինքնաբեր կարիքը պիտի ունենան կապուելու իրենց արմատներուն, ատիկա մարդկային պահանջք է. այդ ատեն այդ մասունքն ալ բաւարար պիտի ըլլայ անոնց համար ներշնչուելու անցեալով ու մեր մշակութային ինքնուրոյնութեամբ:
————————
[1] Յակոբ Չոլաքեան, Քեսապ, Ա. հատոր, 1995, Բ. հատոր, 1998, Գ. հատոր, 2004, Հալէպ:
[2] Մարիամ Սարամազեան-Չիւրիքեան, Ինքնակենսագրութիւն, Քեսապ, Գ. հատոր, նշ. աշխ, էջ 201:
[3] . Stephen R. Van Trowbridge, The Sack 0f Kesab,   ”Olive Trees” (known as “Herald of Mission News” from  1887 to 1897. Published by the Reformed Presbyterian Church of North America, New York and Philadelphia), 1909, pp. 205-250. տես Քեսապ, Գ. հատոր  նշ. աշխ., էջ 390-391:
[4] Stephen R. Van Trowbridge, նշ. աշխ., էջ  387:
[5] Բիւզանդիոն, 1909, Ապրիլ 24, էջ 3բ:
[6] Մարիամ սարամազեան-Չիւրիքեան, Ինքնակենսագրութիւն, նշ. աշխ, էջ 211:
[7] Տիկին Ովսաննա Սողոմոնեանի պատմածը Տարագրութենէ վերադարձէն ետք պատահած խնդիրներուն մասին, Քեսապ, Գ. հատոր, նշ. աշխ., 502-503:
[8] Մարիամ Սարամազեան-Չիւրիքեան, Ինքնակենսագրութիւն, նշ. աշխ, էջ 223:
[9]Քաղուած Սիմոն Այանեանի 1920 Մարդահամարէն. Քեսապ, Գ. հատոր, էջ 231-292:
              Արտատպուած՝    Մայիս 11, 2017


No comments:

Post a Comment