ԴԻՄԱՍՏՈՒԵՐՆԵՐ
0
Անունը Նիկոլ էր: Մենք զինք կը կոչէինք Նիկոլ ամօ: Ճերմակ մազերը, դեղին ակռաները, քառակուսի ակնոցները եւ մեղմ ժպիտը մաս կը կազմեն մանկութեանս յիշատակներուն: Նիկոլ ամօն մեր թաղի խանութպանն էր: Պաղարիւն, համեստ, ծխախոտի գերի դարձած, իր ներաշխարհին մէջ կորսուած: Ան իր մութ խանութին մէջ պզտիկներուս պաղպաղակ կը ծախէր՝ թուաբանական հարցումներ ուղղելով մեզի. «Հինգ առաւել երեսունհինգ քանի՞ կ’ընէ: Եթէ չգիտնաս՝ պաղպաղակ չկայ»: Ափսո՜ս, որ իրեն պէս զարգացած անձ մը, ամբողջ կեանքը խանութի մէջ անցուցած էր: Բայց ի՜նչ փոյթ, եթէ ան խանութպան էր, երբ ան փոքրերուս սիրելին էր:
Օր մըն ալ ան ձգեց ամէն ինչ եւ գնաց, գնաց, ուր որ բոլոր մարդիկ կ’երթան: Հիմա մեր փողոցը տխուր է առանց Նիկոլ ամոյին: Շա՜տ տխուր:
ԱՆԻ ԳԵՐՊԱՊԵԱՆ
No comments:
Post a Comment