Wednesday, October 10, 2018

Վերամուտ, Կամ` «Պեք Թու Սքուլ» ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ


ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
Արդէն իսկ սկսաւ դպրոցական նոր տարեշրջանը եւ Դիմատետրին վրայ կը տեսնենք հայկական բազմաթիւ դպրոցներու  ցուցատախտակներ, որոնք շատ գեղեցիկ եւ գրաւիչ ձեւերով զարդարուած են, բայց դժբախտաբար բարի գալուստի խօսքերուն եւ մաղթանքներուն մեծ մասը գրուած են անգլերէնով:
Ինչպէ՞ս լաւ ուսուցիչ, առաջնորդ պիտի ըլլանք մեր աշակերտներուն եւ հայեցի դաստիարակութիւն պիտի տանք, երբ մենք յաճախ մեր բառամթերքին մէջ արաբերէն կամ անգլերէն բառեր կը գործածենք եւ մեր գաղափարները ցուցատախտակներուն վրայ օտար լեզուով կ՛արտայայտենք:
Քանի՞ դպրոցներու ցուցատախտակներուն մաղթանքները անգլերէնով էին`մեսրոպեան տառերով գրելու փոխարէն: Ինչպէ՞ս պիտի ուղղենք մեզի հետեւող աշակերտները, երբ մենք չենք գիտեր ճիշդը ընել:
Մենք մեզ «իմաստուն եւ հասկցող» կը նկատենք, երբ օտար բառեր կը գործածենք:
Ինչո՞ւ չփնտռենք լաւ մաղթանքներ, խօսքեր, որոնք մեր առաջնորդները ըսած են ժամանակին, եւ այդ ձեւով առաջնորդենք, կրթենք մեր աշակերտները: Այդ խօսքերը թէ՛ մեզի կ՛օգնեն մեծնալու եւ թէ՛ կ՛առաջնորդեն հայ նորահաս սերունդը, որ արդէն իսկ սկսած է օտարանալ եւ ոչ մէկ բանով հետաքրքրուիլ:
Հայապահպանումը կը սկսի փոքր տարիքէն, մանկապարտէզին մէջ, երբ կը սկսինք սորվեցնել Մեսրոպ Մաշտոցի տառերը մեր անմեղ փոքրիկներուն, երբ անոնք մեծ հպարտութեամբ կ՛ըսեն, թէ քաջ Վարդանի թոռներն են:
Բազմաթիւ անձեր մտահոգ են հայ դպրոցով, կը փորձեն այս դժուար օրերուն պահել եւ կերտել հայ անհատը, իսկ կարգ մը «զարգացած» ուսուցիչներ օտար լեզուով կը զարդարեն իրենց ցուցատախտակները:
Այլ կէտ մը. մեր միութիւններուն մէջ կը փորձենք դաստիարակել հայ մանուկը, պատանին: Քանի մը շաբաթ առաջ պասքեթպոլի մրցաշարք կար եւ երկու խումբերն ալ հայկական էին, իսկ մրցումին ծանուցումը` անգլերէնով: Ի՞նչ տեսակի առաջնորդ ենք: Աթոռի՞ առաջնորդ, թէ՞ իսկապէս կ՛ուզենք զոհել մեր անձերը, որպէսզի կարենանք «լաւ» հայ սերունդ մը ունենալ:
Ո՞ւր է հայրենասիրութիւնը: Ինչո՞ւ մեր նախահայրերը զոհուեցան, զրկուեցան իրենց տուներէն, ստացուածքներէն: Ո՞ւր է մեր խիղճը: Ի՞նչ պիտի ըսենք ապագային, երբ հանդիպինք անոնց, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին պահելու հաւատք կամ լեզու:
Ո՞ւր են այն հայ մայրերը, որոնք աւազին վրայ գրելով սորվեցուցին Ա, Բ, Գ:
Ժամանակն է, որ արթննանք իբրեւ առաջնորդներ եւ փրկենք բոլոր այն հայերը, որոնք օտարութեան կ՛երթան:
Հասկցողին շատ բարեւ:

Արտատպուած՝ 

No comments:

Post a Comment