Monday, March 12, 2018

Երրորդ Տեղահանութիւն, Երկրորդ Տարելից. Քեսապ Տակաւին Կ’ապրի Եւ Պիտի Շարունակէ Շնչել Հայօրէն - ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՃՈՐՃ ՍԵԼԻՄԵԱՆ


12527708_1101389566572452_1622506041_n
Քեսապը իր շրջակայ գիւղերով 19-րդ դարէն սկսեալ հայ իրականութեան ներկայացուած է իբրեւ հայկական ինքնուրոյն շրջան` պատմական, ազգագրական, բանահիւսական եւ բարբառային արժէքներով: Քեսապի կազմաւորումը կապուած է միջին դարերու Անտիոքի հայ հոծ գաղթականութեան հետ, իսկ քեսապահայութեան ճակատագիրը միշտ ալ առնչուած եղած է արեւմտահայութեան, ապա Սուրիոյ հայ գաղութի պատմութեան հետ, սկսած 1894-1896-ի Համիտեան ջարդերէն, 1909-ի Ատանայի կոտորածէն, 1915-ի Մեծ Եղեռնի տեղահանութենէն, 1939-ին Աղեքսանդրեթի Սանճաքի Թուրքիոյ կցումէն, մեծ հայրենադարձութենէն, մինչեւ 21 մարտ 2014-ի տեղահանութիւնը: Փաստօրէն, պատմական իրադարձութիւնները առհասարակ ազդած են Քեսապի տնտեսական, ժողովրդագրական դիմագիծի փոփոխութեան վրայ, բայց միշտ ալ բախտը վիճակուած է քեսապցիին վերադառնալ հայրենի եզերքը, կրկին հնչեցնել եկեղեցւոյ զանգերը, մշակել խոպան դարձած հողը, վառել թոնիրը ու կառուցել նորը:
Քեսապի երրորդ տեղահանութեան երկրորդ տարելիցին նուիրուած այս էջը հարազատ արձագանգը կը ցոլացնէ քեսապահայութեան անկոտրում կամքին ու հողին հանդէպ ունեցած անքակտելի կապին:
Ի հեճուկս եկած ու անցած արհաւիրքներուն, թալանին ու դեռ յամեցող ապառնալիքներուն` կրնանք հաստատել, որ Քեսապ տակաւին կ’ապրի եւ պիտի շարունակէ շնչել հայօրէն այնքան ատեն որ հոն կենդանի է տոհմիկ մշակոյթ մը իր բարբառով, երգով ու պարով, հաւատքով, ու պիտի շարունակէ ուշադրութեան առարկայ դառնալ որպէս արեւմտահայ գիւղի վերջին մնացորդացը` իր անցեալով, ներկայով ու մանաւանդ ապագայով:
——————————
Քեսապը, ըստ պատմաբաններու, պատմամշակութային հարուստ աւանդի մը խճանկարը կը ներկայացնէ: Ուստի, շատ անգամ արուեստագէտներու ներշնչանքի աղբիւրը դարձած է: Այսպէս, խթանած է բանաստեղծը նոր տողեր շարահիւսելու, իսկ երգահանը` պատմութեան խոր անցեալէն դէպի ներկան ներխուժող հայուն վիշտին ու ցաւին առընթեր նոր մեղեդիներ յօրինելու: Իսկ քեսապաբնակ քեսապցիին համար Քեսապը սոսկ վայր մը ըլլալէ աւելի` հայու արժանապատուութեան խորհրդանիշ է, բռնագրաւումի ճիրաններուն դիմաց ինքնապաշտպանութեան յուշարան է եւ բռնագաղթէն արտորալով տուն վերադարձող ժողովուրդին համար կենսունակ ապրելու ինքնորոշման իրաւունք է: Խանդ եւ խայծ է, կենսունակութիւն եւ կեանք է: Քեսապը, իր քեսապաբնակ քեսապահայութեամբ, հնամեայ եկեղեցիներով, հայկական վարժարաններով, բնակարաններով, բերրի այգիներով, անմաշ աւանդոյթով կը շարունակէ կիզակէտը դառնալ մերօրեայ հայ պատմութեան ու մշակոյթի հոլովոյթին մէջ: Քեսապը կենսունակ ու բարգաւաճ է իր ստեղծագործ բնակիչներով: Որքան ալ ցաւն ու զրկանքը, վիշտն ու նեղութիւնը, սարսափն ու բռնագաղթը կը փորձեն խոցել իր ամրակուռ կեցուածքը, սակայն ան փիւնիկի նման կրկին կը վերակենդանանայ` առաւել փայլք եւ գրաւչութիւն ստացած ադամանդի մը նման: Այսօր յարգանքի ու սիրոյ խօսք եւ ի՜նչ խօսք… Շնորհաւորանքի խօսք` իր հերոս ժողովուրդին: Կիլիկիոյ այս անզուգական ադամանդը իր շողուն ներկայութեամբ կը մնայ աշխարհացրիւ հայութեան սիրտը: Քեսապի բարբառը, բարքերն ու սովորութիւնները գաւառէն դուրս ենթարկուած են մաշուածութեան եւ կղզիացումի: Գաւառն է, որ կը պահէ եւ կը պերճացնէ լեզուն, անոր կու տայ ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրում եւ կը պահպանէ հայ մարդու փորձուած հաւատքը: Աչքի բիբի նման պիտի պահենք մեր աւանը` իրարու զօրավիգ կանգնելով, զարգացնելով մեր ապրելու եւ ապրեցնելու վճռակամութիւնը: Ապրի՛ Քեսապը դարեր շարունակ: Ապրի ու երգէ, երգելով պատմէ, յիշէ ու յիշեցնէ, որ հայը կա՛յ ու պիտի մնայ Կիլիկիոյ Քեսապի մէջ` ծնունդ տալով պայծառ ու լուսաշող գալիքին: Ողջո՜յն քեզ, Կիլիկիոյ ադամանդ` Քեսապ:
ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ 
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՃՈՐՃ ՍԵԼԻՄԵԱՆ
Արտատպուած՝    

No comments:

Post a Comment