Wednesday, March 21, 2018
Tuesday, March 13, 2018
Քեսապը Կը Շարունակէ Մնալ Փարոս` Մինչեւ Հայութեան Մեծ Երազի Իրականացում - ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Քեսապը Կը Շարունակէ Մնալ Փարոս` Մինչեւ Հայութեան Մեծ Երազի Իրականացում
Այնճարի հոգեւոր հովիւ`
ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Ծանրակշիռ թախծութեամբ, տակաւին թարմ է ողջ հայութեան պատմական յիշողութեան մէջ Քեսապի երրորդ տեղահանութիւնը (21-03-2014), որ «արգասիք»-ն էր նոյն հակառակորդին` հայու դարաւոր թշնամիին` ցեղասպան Թուրքիոյ հակահայ, անիրաւ, անգութ, անբարոյ եւ արիւնարբու կեցուածքին ու գործողութեան:
Այդ օր քեսապցիներ հայկական անխառն հաւատքով, զգացումով, զիրար օժանդակելով, ոմանք ինքնապաշտպանութեան դիմելով, ուրիշներ տեղափոխելով անկարներն ու տարեցները դէպի առաւել ապահով շրջաններ եւ, վերջապէս, գիտակցելով ու կռահելով անհաւասար մարտի թէժ ու անբարենպաստ վախճանը, մօտ երկու երկա՜ր օրեր դիմակալելէ ետք հարկադրաբար, երբ արդէն թշնամին դաւադրաբար Քեսապի անառիկ ամրոցէն ներս թափանցած էր աւելի քան հինգ ճակատներէ, ամբողջ տասներկու գիւղերով տեղահան դարձան եւ մինչեւ վերադարձ անկոտրում յոյսով սպասեցին:
Արդարօրէն հայութիւնը իր կաթողիկոսութիւններով, թեմերով, կազմակերպութիւններով, միութիւններով ոտքի կանգնեցաւ, ցնցեց աշխարհի խուլ խիղճը եւ միասնական ճակատումով հասաւ իր նպատակին` յաղթանակին` Քեսապի տարածքային վերադարձին:
Մշակութասէր, աւանդապահ եւ հողին կառչած քեսապցին, մեծ քաջութեամբ ու համբերատարութեամբ, խոնարհութեամբ ու շրջահայեցողութեամբ, համաձայն իր դաստիարակութեան ու կազմաւորման, անձնականէն շատ անդին` համահայկական իտէալներով, հերոսական շունչով, ազգային ու հոգեւոր վեհագոյն արժէքներու կորովի պաշտպանութեամբ, լրջախոհութեամբ եւ իր նահատակներու թափած արեամբ կը շարունակէ նոր աւիշ ներարկել հայու երակներէն ներս ու իր քրտինքով կ’ողողէ հայու հոգեմտաւոր անդաստանները` մինչեւ ամբողջական վերատիրացում անժամանցելի ու արդարագոյն մեր իրաւունքներուն, առկայծ պահելով Հայ դատի պահանջատիրական մեր երթը:
Կիլիկիոյ վերջին հայաւանին` Քեսապին արժէքը ներկայացնող ու քեսապցիներու վաստակը ցուցանիշ ընող գրութիւն մը այս հանգրուանին անբաւարար պիտի ըլլայ համապարփակ կերպով նկարագրելու ճակատագրորոշ այդ օրերէն մինչեւ այսօր քեսապի, Բերիոյ հայոց թեմի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճակատաբաց ղեկավարներու վճռորոշ դերը: Սակայն ապագային գալիք սերունդները պիտի անդրադառնան կատարուած իրողութիւններու, զոհողութիւններու, նուիրումի էութեան հայոց նոր ու կենսաւորիչ պատմութեան անցեալ դարձած մէկ հանգրուանին:
Յիշեալ աղէտէն երեք տարի ետք անցեալը կը վերաքաղենք վերանորոգելու համար մեր ուխտը` հանդէպ հայրենի հողին ու անոր անանցանելի արժէքներուն, վերալիցքաւորուելու անոր յիշատակումով, հպարտանալու «փոքր ածու»-ի մեծասքանչ տիպարով, յիշատակելու քեսապցի ու սուրիական հայրենիքի նահատակներուն թափած անմեղ արիւնը եւ որոշելու անշեղօրէն քալելու հայավայել արժանապատուութեամբ ու հաւատքով:
Այսօր, հակառակ գիւղի անդորրը հարուածող բազմապիսի վտանգներուն ու մտահոգութիւններուն, Քեսապը իր բոլոր բնագաւառներով (կրթական, մշակութային, ազգային-կրօնական, կազմակերպական, միութենական, հասարակական, ընկերային, ինչպէս նաեւ` բնակարանային, գիւղատնտեսական, արհեստագիտական, վաճառականական, զբօսաշրջային…) վերականգնելու, բարգաւաճելու, յառաջդիմելու նոր փուլի մը մարտահրաւէրներու ընդառաջ է, որոնք քեսապցին հաւաքական պատասխանատուութեամբ, յատուկ սիրով, մեծ զգօնութեամբ, առանց ընկրկելու, խիզախութեամբ ու նպատակային աշխուժութեամբ առաջնահերթութեանց վերածած է` ի խնդիր շրջանի հայկական դիմագիծի անաղարտ պահպանութեան:
Քեսապը պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց կը մնայ որպէս փարոս` ներշնչելով համայն հայութիւնը վառ տեսլականով, վախճանական ապրումներով ու ապագայի վարդահեղեղ արշալոյսի խորունկ հաւատքով:
Գործը կը շարունակուի եւ պայքարը կ’ընդարձակուի:
Արտատպուած՝
Monday, March 12, 2018
Երրորդ Տեղահանութիւն, Երկրորդ Տարելից. Քեսապ Տակաւին Կ’ապրի Եւ Պիտի Շարունակէ Շնչել Հայօրէն - ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՃՈՐՃ ՍԵԼԻՄԵԱՆ
Քեսապը իր շրջակայ գիւղերով 19-րդ դարէն սկսեալ հայ իրականութեան ներկայացուած է իբրեւ հայկական ինքնուրոյն շրջան` պատմական, ազգագրական, բանահիւսական եւ բարբառային արժէքներով: Քեսապի կազմաւորումը կապուած է միջին դարերու Անտիոքի հայ հոծ գաղթականութեան հետ, իսկ քեսապահայութեան ճակատագիրը միշտ ալ առնչուած եղած է արեւմտահայութեան, ապա Սուրիոյ հայ գաղութի պատմութեան հետ, սկսած 1894-1896-ի Համիտեան ջարդերէն, 1909-ի Ատանայի կոտորածէն, 1915-ի Մեծ Եղեռնի տեղահանութենէն, 1939-ին Աղեքսանդրեթի Սանճաքի Թուրքիոյ կցումէն, մեծ հայրենադարձութենէն, մինչեւ 21 մարտ 2014-ի տեղահանութիւնը: Փաստօրէն, պատմական իրադարձութիւնները առհասարակ ազդած են Քեսապի տնտեսական, ժողովրդագրական դիմագիծի փոփոխութեան վրայ, բայց միշտ ալ բախտը վիճակուած է քեսապցիին վերադառնալ հայրենի եզերքը, կրկին հնչեցնել եկեղեցւոյ զանգերը, մշակել խոպան դարձած հողը, վառել թոնիրը ու կառուցել նորը:
Քեսապի երրորդ տեղահանութեան երկրորդ տարելիցին նուիրուած այս էջը հարազատ արձագանգը կը ցոլացնէ քեսապահայութեան անկոտրում կամքին ու հողին հանդէպ ունեցած անքակտելի կապին:
Ի հեճուկս եկած ու անցած արհաւիրքներուն, թալանին ու դեռ յամեցող ապառնալիքներուն` կրնանք հաստատել, որ Քեսապ տակաւին կ’ապրի եւ պիտի շարունակէ շնչել հայօրէն այնքան ատեն որ հոն կենդանի է տոհմիկ մշակոյթ մը իր բարբառով, երգով ու պարով, հաւատքով, ու պիտի շարունակէ ուշադրութեան առարկայ դառնալ որպէս արեւմտահայ գիւղի վերջին մնացորդացը` իր անցեալով, ներկայով ու մանաւանդ ապագայով:
——————————
Քեսապը, ըստ պատմաբաններու, պատմամշակութային հարուստ աւանդի մը խճանկարը կը ներկայացնէ: Ուստի, շատ անգամ արուեստագէտներու ներշնչանքի աղբիւրը դարձած է: Այսպէս, խթանած է բանաստեղծը նոր տողեր շարահիւսելու, իսկ երգահանը` պատմութեան խոր անցեալէն դէպի ներկան ներխուժող հայուն վիշտին ու ցաւին առընթեր նոր մեղեդիներ յօրինելու: Իսկ քեսապաբնակ քեսապցիին համար Քեսապը սոսկ վայր մը ըլլալէ աւելի` հայու արժանապատուութեան խորհրդանիշ է, բռնագրաւումի ճիրաններուն դիմաց ինքնապաշտպանութեան յուշարան է եւ բռնագաղթէն արտորալով տուն վերադարձող ժողովուրդին համար կենսունակ ապրելու ինքնորոշման իրաւունք է: Խանդ եւ խայծ է, կենսունակութիւն եւ կեանք է: Քեսապը, իր քեսապաբնակ քեսապահայութեամբ, հնամեայ եկեղեցիներով, հայկական վարժարաններով, բնակարաններով, բերրի այգիներով, անմաշ աւանդոյթով կը շարունակէ կիզակէտը դառնալ մերօրեայ հայ պատմութեան ու մշակոյթի հոլովոյթին մէջ: Քեսապը կենսունակ ու բարգաւաճ է իր ստեղծագործ բնակիչներով: Որքան ալ ցաւն ու զրկանքը, վիշտն ու նեղութիւնը, սարսափն ու բռնագաղթը կը փորձեն խոցել իր ամրակուռ կեցուածքը, սակայն ան փիւնիկի նման կրկին կը վերակենդանանայ` առաւել փայլք եւ գրաւչութիւն ստացած ադամանդի մը նման: Այսօր յարգանքի ու սիրոյ խօսք եւ ի՜նչ խօսք… Շնորհաւորանքի խօսք` իր հերոս ժողովուրդին: Կիլիկիոյ այս անզուգական ադամանդը իր շողուն ներկայութեամբ կը մնայ աշխարհացրիւ հայութեան սիրտը: Քեսապի բարբառը, բարքերն ու սովորութիւնները գաւառէն դուրս ենթարկուած են մաշուածութեան եւ կղզիացումի: Գաւառն է, որ կը պահէ եւ կը պերճացնէ լեզուն, անոր կու տայ ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրում եւ կը պահպանէ հայ մարդու փորձուած հաւատքը: Աչքի բիբի նման պիտի պահենք մեր աւանը` իրարու զօրավիգ կանգնելով, զարգացնելով մեր ապրելու եւ ապրեցնելու վճռակամութիւնը: Ապրի՛ Քեսապը դարեր շարունակ: Ապրի ու երգէ, երգելով պատմէ, յիշէ ու յիշեցնէ, որ հայը կա՛յ ու պիտի մնայ Կիլիկիոյ Քեսապի մէջ` ծնունդ տալով պայծառ ու լուսաշող գալիքին: Ողջո՜յն քեզ, Կիլիկիոյ ադամանդ` Քեսապ:
Sunday, March 11, 2018
ՔԵՍԱՊԻ ԿԱՐՕՏ «Իմ Պապուկին Գիւղը » - Մարալ Սեւերեկլեան
Ինձմէ շատ հեռու, բայց սրտիս մօտիկ,
Միշտ աչքիս դիմաց, մտքիս մէջ տպուած,
Իր օդը մաքուր, աղբիւրը զուլալ
Արեւը պայծառ, դաշտերն միշտ դալար։
Մինչ հովն կը փչէ, ծառերն կը պարեն,
Թիթեռն կը թռչի, թռչունը կ’երգէ,
Յանկարծ մութ ամպերն, որ փայլատակին
Անձրեւն յորդառատ արտերն կ’ոռոգէ։
Պապուկիս տունը, այնքա՜ն սիրելի
Կարօտ ունիմ ես, շա՜տ սքանչելի,
Գարուն թէ ամառ, աշուն թէ ձմեռ
Տրոփող սիրտով, զինք տեսնել կ’ուզեմ։
Տնակին դիմաց, պարտէզներն առատ
Մրգատու ծառեր, համեղ պտուղներ,
Պապուկիս քրտինքով բերքերն հասունցած,
Ձմրան կը դառնան ապահով պաշար։
Իսկ երբ հոն ըլլամ, աչքերս բանամ
Նանուկիս ժպիտով օրս կը սկսիմ,
Անոր գուրգուրոտ շատ պաչիկներով,
Մանուկ կը դառնամ գրկին մէջ տաքուկ։
Հապա նանուկիս դալար ձեռքերէն…
Համեղ ճաշերը, թոնիրին հացը
Ինչպէ՞ս մոռնամ ես, կամ չգնահատեմ
Անոնց տքնաջան գործերը բոլոր։
Մարալ Սեւերեկլեան
Բ. կարգ
Thursday, March 8, 2018
Սրտի կսկիծ - Ստեփան Աբէլեան
Իլուօծ իկուօծ ինք Ամիրգան (Ելած եկած ենք Ամերիկա)
եիտ թուղուօծ ինք զմիր Քուրքունան (Ետ ձցած ենք մեր Քէորքիւնան)
Զան իրուօզիս հատսնէմ (Զայն երազիս մէջ կը տեսնեմ)
ումօտ չունէմ ղուրպէթիէն (Յոյս չունիմ օտարութիւնէն)
Հէմու էրկիէք ծոռ նստենք ուղղուրդ զուրիցինք (Հիմա ծուռ նստինք շիտակ խօսինք)
Սէարպասդ Գիէղը թուղիլուօն (Ազատ համարձակ գիւղը ձգելով)
Մէմլէքէթէն զուգագնէն Գալապու (Քաղաքին խճօղուած փողոցները)
չընկարնուօր ըզմի մարցըսնիլ զՔուրքունու (Զեն կրնար մեզ մոռցնել տալ Քէորքիւնան)
եիտ թուղուօծ ինք զմիր Քուրքունան (Ետ ձցած ենք մեր Քէորքիւնան)
Զան իրուօզիս հատսնէմ (Զայն երազիս մէջ կը տեսնեմ)
ումօտ չունէմ ղուրպէթիէն (Յոյս չունիմ օտարութիւնէն)
Հէմու էրկիէք ծոռ նստենք ուղղուրդ զուրիցինք (Հիմա ծուռ նստինք շիտակ խօսինք)
Սէարպասդ Գիէղը թուղիլուօն (Ազատ համարձակ գիւղը ձգելով)
Մէմլէքէթէն զուգագնէն Գալապու (Քաղաքին խճօղուած փողոցները)
չընկարնուօր ըզմի մարցըսնիլ զՔուրքունու (Զեն կրնար մեզ մոռցնել տալ Քէորքիւնան)
Ստեփան Աբէլեան
Subscribe to:
Posts (Atom)