Thursday, February 22, 2018

Լոյսի Ու Գիտութեան Առաքեալ Վարսենիկ Մկրտիչեանի Յիշատակին - ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

                                                       
Մեր տուները դէմ-դիմաց էին: Դպրոց երթալու եւ վերադառնալու համար նոյն ճամբան կ՛օգտագործէինք, բայց զարմանալիօրէն բնաւ իրարու չէինք հանդիպեր, որովհետեւ առտու ինձմէ առաջ հասած կ՛ըլլար, իսկ կէսօրին մենք` թաղի աշակերտներս, տուն կը հասնէինք, երբ ինք նոր դպրոցէն դուրս կ՛ելլէր: Մեր տան պատշգամէն ակնածանքով կը դիտէի անոր հաստատ ու հանդարտ քայլերը դէպի իր տուն` ձեռքին հայերէն դասագիրքեր: Հայոց լեզուի եւ գրականութեան մեր վաստակաւոր ուսուցչուհին էր` Վարսենիկ Մկրտիչեանը, որուն վարժ էինք կոչել «տիկին Վարսենիկ»:
Հայերէնի դասապահը խորհրդաւոր պահ մըն էր բոլոր աշակերտութեան համար: Տիկին Վարսենիկը յարգել ու պաշտել սորվեցուցած էր հայերէնը ոչ միայն իր խստութեամբ, այլեւ` իր անվերապահ  սիրով, որ յստակօրէն կ՛երեւէր իր աչքերէն ու կը լսուէր իր խրոխտ ձայնին ընդմէջէն: Իր ապրումները դիւրաւ մեզի կը փոխանցէր,  հայերէնի ամէն դասապահի մեր առջեւ կը բանար հայկական լեռնաշխարհի բոլոր ծալքերը, եւ մենք` աշակերտներս, ոչ միայն կը դիտէինք, այլեւ կ՛ապրէինք հայրենի աշխարհը` իր հրաշագեղ բնութեամբ, մարդկային ու կենդանական  բոլոր արժէքներով, բարքերով, աւանդութիւններով ու սովորութիւններով:
Տակաւին, կային առաւօտեան պաշտամունքի պահերը, որոնց ընթացքին տիկին Վարսենիկ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէր: Դպրոցը աւարտելէս տասնեակ տարի ետք հազիւ իմացայ, որ պետութիւնը արգիլած էր հայոց պատմութեան պահերը հայկական դպրոցներուն մէջ: Ամէն անգամ, որ կը մտաբերեմ այս իրականութիւնը, աչքիս առջեւ կը կանգնի տիկին Վարսենիկը իր խօսուն աչքերով. ան ճիգ չէր խնայեր մեր պատմութեան իւրաքանչիւր մանրամասնութիւնը  տալու հայ աշակերտին, ինչպէս նաեւ` բանալու բոլոր քարտէսները անոր առջեւ ու անվերջ պատմելու: Ինչպիսի՛ նկարագիր ունենալու է մարդ, ինչպիսի՛ խոր ու վսեմ սէր ունենալու է հայ աշակերտին հանդէպ, յանուն որուն` յանձն առնէ  այնքան խոր նուիրում:
Ափսո՜ս, այսօր հանգած է այն բծախնդիր ու բարի ուսուցչուհին, որ ծնած էր կարծես միայն սերունդներ դաստիարակելու, անոնց հոգիներուն մէջ սերմանելու հաւատք ու սէր դէպի Աստուած ու հայրենիք:
Որքան դժուար ու ցաւոտ է քեզի հայերէն գրել սորվեցնողին մահուան յիշատակին համար երկտող մը գրել: Գրել ու երախտապարտ ըլլալ այն բոլոր բաներուն համար, որ սորվեցուցած է տիկին Վարսենիկը համբերութեամբ ու մեծ բծախնդրութեամբ: Գրել ու շնորհակալ ըլլալ այն պահերուն համար, որոնց ընթացքին մեծ ուսուցչուհին ուսուցանած է հայ լեզու եւ գրականութիւն: Վարսենիկ Մկրտիչեան ուսուցչուհիին ու մօր մասին կարելի է երկար խօսիլ ու անվերջ վկայութիւններ տալ` առանց յագենալու:  Յարգա՛նք` անոր քաղցր յիշատակին, յարգա՛նք` վաստակ ձգած անխոնջ առաքեալին:
Հոն, հեռաւոր հայաբնակ գիւղին մէջ, տակաւին մեր տուները դէմ-դիմաց են, բայց, ափսո՜ս, լքուած են ու մնացած` անմարդաբնակ: Դպրոց երթուդարձի ճամբան ալ տեղն է, բայց չկայ մեծ ուսուցչուհին, չկան նաեւ աշակերտները: Անդարձ գացած են մեր մանկութեան օրերն ալ: Տիկին Վարսենիկի դաստիարակած սերունդներէն շատեր օտար քամիները տարած են օտար ափեր: Ցարդ բոլորիս մնացած է այն քաղցր օրերու հարազատ ու սիրելի յուշը, զոր կը կրենք  մեր սրտին մէջ: Իսկ տիկին Վարսենիկը իր ազնիւ ու առաքինի ուսուցչուհիի կերպարով ներկայութիւն պիտի մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք աշակերտած են իրեն:

Արտատպուած՝  

No comments:

Post a Comment