Tuesday, February 13, 2018

Դարձեալ Մայիս 28 Եւ Արամ Մանուկեան - ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ


ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Այո՛, վերստին մայիս 28-ի եւ անունն անթառամ` Մանուկեան Արամի մասին: Տարածաշրջանին մէջ համատարած տագնապներ ստիպեցին մեզ երերալով, տատանելով մտնել Նոր տարին: Հակառակ տիրող կացութեան` մենք զմեզ գօտեպնդեցինք, չեմ ըսեր` խաբեցինք նոր լոյսերով, նոր յոյսերով, նոր իղձերով:
Քեսապի մէջ Նոր տարին դիմաւորեցինք գիւղիս երեք եկեղեցիներու ղօղանջներով, որոնք մեզ կը հրաւիրէին փառք տալու առ բարձեալն Աստուած եւ խնդրելու, որ աւելի լաւ, դրական եւ ամենայն բարիք ընդգրկող տարի մը պարգեւէ մեզի: Շատեր փութացին այնտեղ: Ժողովուրդէն մաս մը աղօթեց իր տան մէջ: Փոքր խմբակ մը, «հեթանոսներ», պեխաւոր թէ անպեխ, փողոցը անցուց` հազիւ խաղաղած գիւղին եւ գիւղացիներուն ականջները խլացնելով անտեղի կրակախաղերով եւ պայթուցիկներով, որոնց կը խառնուէին մերթ ընդ մերթ ժողովուրդի որոշ խաւին քով գտնուող, անձնական ինքնապաշտպանութեան  իսկ անբաւարար` գնդացիրներուն ականջ ծակող ձայները` խաղաղութեան ձգտող ժողովուրդին հոգին խռովելով եւ դառնօրէն յիշեցնելով երեքուկէս տարի առաջ ակամայ ու բռնի տեղահանութեան` 21 մարտ 2014-ի գարնանային արեւշատ, բայց մռայլ առաւօտը:
Կ՛երեւի անոնք աղօթք ու աղերս ունէին ո՛չ Աստուծմէ, ո՛չ ալ Նոր տարիէն:
2018. կը թեւակոխենք մոգական տարի մը: Մոգական կը կոչեմ, որովհետեւ 100-ամեակն է: Վեց դարերու խաւարէն ետք հայ ժողովուրդին երկնակամարին վրայ ծագած վառ ու բորբ արշալոյսի, անկախութեան արշալոյսի 100-ամեակը, որ հրաշքի նման եղաւ. մոգական, որովհետեւ մոգերու համոզումներուն մէջ կ՛իյնային հրաշքները, եւ այդ մոգական հրաշքի նման թուականի «քրմապետը»` մեր անկախութեան թուականը կերտող փաղանգին գլխաւոր ղեկավարը Մանուկեան Արամն էր, որուն համար բանաստեղծը ըսած է` «անունն անթառամ»:
Մոգական թուական է նաեւ, որովհետեւ նոյն այդ թուականին կը միանան ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 100-ամեակը, ինչպէս նաեւ Արամ Մանուկեանի գաղափարական ընկերներուն` Աղբալեանի, Շանթի, Հ. Օհանջանեանի հիմնադրած Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակն է (1928 մայիս 28-ին, Գահիրէի մէջ): Նաեւ` ուրիշ տարեդարձներ ու տարեդարձներ:
Վերջերս հայկական մամուլի կամ Դիմատետրի ու համացանցի էջերուն մէջ իրերայաջորդ յօդուածներով շարք մը արեւափայլ գրիչներ պայծառ միտքեր կ՛արտայայտեն ու պիտի շարունակեն արտայայտել այս սուրբ թուականին մասին: Եռագոյն երանգներով կը պայծառագրեն վեց դարու խաւարէն ետք հայոց պետականութեան վերածնունդի գարնանային արեւահամ վերածնունդը:
Նուաստս անոնց քով կարճ ու գաճաճ կը զգայ` որպէս գրիչ: Սակայն, ապաստանած Քեսապի գիւղական ծերպերուն մէջ, անոր օրհասական թէ վերականգնող իրավիճակները ապրելով, ապրումներս եւ զգացումներս չեմ կրնար զսպել, երբ գրչակներ կամ «թղթէ կապարճ» ունեցողներ կը յանդգնին կէս բառ իսկ ըսել այդ թուականին ու զայն իրագործող ռահվիրաներուն մասին:
Կան նորելուկ «աբովներ», որոնք ի տես հայրենիքի մէջ այդ թուականի հերոսներուն գիտակցօրէն անտեսումի արարքներուն` յանդգնութիւնը կ՛ունենան ճանճի աղտի պէս բան մը ըսելու եւ մրոտելու թուղթի ճերմակ էջերը: (Այս խօսքը` «ճանճի աղտ», ինծի յիշեցուց բնախօսութեան ուսուցիչիս` Սուրէն Լեւոն Շանթի մէկ ասացուածքը` անճոռնի գիր ունեցող աշակերտներուն ուղղուած):
***
2017-ի սեպտեմբեր ամիսն էր: Կը գտնուէի հայրենիք` Երեւան, մասնակցելու Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան լիագումար նիստին:
Հրաւիրուած ենք երթալու պաշտպանութան նախարարութիւն, ուր մեզ պիտի ընդունին ու յարգեն հանրապետութեան նախագահը, երկու վեհափառները, պետական աւագանիին ու մեծամեծներուն հետ:
Այս բազմամարդ ժողովին` Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին մասին ծանրաբեռնուած էջերը չխճողելու համար` ըսեմ, որ անոր մասին բաւական մելան հոսեցաւ: Ներբողական, քննադատական եւ տեսակաւոր յօդուածներ լոյս տեսան:
Կ՛ուզէի բան մըն ալ ես գրել, սակայն երբ «Ազդակ» օրաթերթի էջերուն մէջ կարդացի «խալիս ու խուլիս» մուսատաղցի, քաղաքը ձգած, ինծի նման գիւղ ապաստանած եղբօրս` Եսայի Հաւաթեանին քաղցր քննադատութեամբ անկիրք ու քաղցր յօդուածը, ուր  ընդգծուած էին ժողովին բացթողումները եւ առաւելութիւնները, հրաժարեցայ այդ «մեծամտութենէն»:
Համաժողովի մասնակցիներուն եւ մարդատար ինքնաշարժներուն ժամադրավայրը Հանրապետութեան «Արամ Մանուեան»-ի (իմ անուանակոչմամբ) հրապարակն էր:
Ժամադրութենէն շատ առաջ փութացի հրապարակ: Որոշած եմ վերստին ու վերստին այցելել Արամ Մանուկեանի «բնակարանը»:
Բնակարան կ՛ըսեմ. ան, որ չի գիտեր ու չէ տեսած, պիտի կարծէ փարթամ շէնք մը, «տիւփլեքս կամ թրիփլեքս» (երկյարկ կամ եռայարկ) վիլլա մը, մարմարապատ, այսինքն` «պուրժուական կամ լիպերեալ» կառոյց մը:
Թող Արամ Մանուկեանին աճիւնները ինծի ներող ըլլան. այդ կառոյցը, որ ուխտավայր, կոթող ըլլալու է մայիս 28-ի շեմին, կը ներէք, ընթերցողներ, աղբանոց է: Խարխլած տան մը (խառապա մը) միայն ճակտի պատը կանգուն է, մէջը` աղբանոց. չեմ չափազանցեր, աղբանոց` «զիպիլ», իսկ մուտքի դրան, երբեմնի դրան սիւնին գամուած, կարծես ծաղր ու ծանակի համար ցուցատախտակ մը, վրան արձանագրուած` «Այս տանն է ապրել Արամ Մանուկեան»-ը: Ի՜նչ տուն, ի՜նչ բան, իսկակա՛ն աղբանոց:
Հիւսիսային պողոտայով երբ վար կու գամ, արդէն արեանս մէջ ատրենալինը բարձրացած է, ու սրտիս հուրէն կը հեւամ:
Յանկարծ դիմացս կ՛ելլէ քեսապցի երիտասարդ մը` Հայկ Ինճեճիկեանը, որ պայմաններու բերումով քանի մը ամիս առաջ լքած էր Քեսապը եւ հաստատուած` Երեւան. կ՛աշխատի որպէս մատուցող` «Աբովեան»-ի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:
Հայկի երեւումը մեղմացուց հեւքս, որովհտեւ կ՛ուզէի նկարել Արամի տունը եւ Հայկէն լաւ «նկարիչ» չէի ակնկալեր: Հայկը «տաք հացի նման» դէմս ելաւ: Ան «փնտռուած ու չգտնուած» անձն էր:
Թաց աչքերով բազմաթիւ լուսանկարներ կ՛արձանագրեմ մխացող սիրտս ձեւով մը մխիթարելու համար:
Տեսակաւոր միտքեր ու մտածումներ կ՛ալեկոծեն միտքս, սիրտս ու հոգիս:
Ընթերցո՛ղ ջան, ստիպուած չես զանոնք վայելելու: Սակային կ՛ուզեմ փռել քանի մը հատը: Գիշեր-ցերեկ կը գրենք թուրքերու մասին, անոնց արիւնալի գործերուն, ծրագիրներուն մասին: Կը նզովենք, կ՛անիծենք, սակայն, սկսած ինձմէ, դաս չենք առներ անոնց հին ու նոր արիւնալի անցեալէն, ներկայէն, նոյնիսկ` ապագայի ճիւաղային ծրագիրներէն: Փորձենք տեսնել, թէ անոնք ի՛նչ վերաբերում ունեցան 2000-2011 թուականներուն մեղրալուսինով բարեկամութիւն ձեւացուցած Սուրիոյ հետ, բարեբախտաբար կարճ տեւեց այդ բարեկամութիւն կարծուածը:
Ամբողջ դարեր սնուցած, պարուրած եւ անոնց միջոցով հայոց դէմ ցեղասպանութիւն կիրարկած քիւրտ ժողովուրդին օրինակը աւելի քան խօսուն է. Սուրիոյ սահմանին վրայ գտնուած քրտաբնակ գիւղերուն, հեռաւոր Տըրպէսիա-Տէրիգէն, անցնելով Ճարապլոս, Թելապիատէն հասնելով Աֆրին, այս օրերուն ենթակայ են անոնց եաթաղանին:
Աֆրինի շրջանին վրայ այս օրերուն թրքական բանակին կողմէ շղթայազերծուած անխնայ ռմբակոծումն ու յարձակումը անուանած են «Ձիթենիի ճիւղ»: Գուցէ իրենք ալ անուանուին «Խաղաղութեան հրեշտակներ», սակայն` արեան գոյնով:
Այս փարատոքսային ածականներն ու անուանումները անոնց` թուրքերուն, պետական վարքագիծն է:
Նոյնքան պատմական ու խօսուն օրինակ է Թալէաթ փաշայի օրինակը: Այս տողերը պիտի չծանրացնենք զայն նկարագրելով ու թուելով անոր եղեռնագործութիւնները, բայց պիտի ակնարկենք, որ ան շանսատակ եղաւ ձեռամբ հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի: Այդ գազանը իբրեւ հերոս կը ներկայացուի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ, եւ անոր անունը կը կրեն Թուրքիոյ քաղաքներուն գլխաւոր պողոտաները: Գազանը հերոսացնելու վէճ չունին արդի «եւրոպականացած» Թուրքիոյ քաղաքական ուժերը` կուսակցութիւնները: Միանշանակ, Թալէաթ ջարդարարը հերոս է թուրքերուն, մանաւանդ քաղաքագէտ ու քաղաքականութեամբ զբաղող խաւին համար:
Երկրորդ խօսուն օրինակը Քեմալ Աթաթուրքին օրինակն է. ան արդի Թուրքիոյ հիմնադիրն է, նոյնքան արիւնարբու եւ արիւնկզակ, որքան` Թալէաթի փաղանգը, անոր անունը կապուած է հայերուն, յոյներուն եւ ապա իրենց իբրեւ գործակալ օգտագործած քիւրտերուն դէմ կիրարկուած ցեղասպանութեանց: Սակայն ան այսօր դարձած է ու կը մնայ արդի Թուրքիոյ պատմութեան մեծագոյն հերոսը:
Ասկէ 20 տարի առաջ, Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովի մը գումարման ընթացքին խօսք առնելով, քրտական ծագում ունեցող երեսփոխան մը հարցադրումներ կատարեց Քեմալ Աթաթուրքին մասին: Նախ հարցուց, թէ ո՛վ է անոր հայրը, երբ մենք ամէն տարի մօրը (հրեայ) շիրիմին յարգանքի տուրք կը մատուցենք: Ապա հարցադրումներ կատարեց անոր կատարած արիւնալի «սխրանքներուն» մասին: Ան բանտարկուեցաւ, Քեմալ Աթաթուրք ազգային հերոս մնաց` հակառակ յարափոփոխ քաղաքական ռեժիմներուն` Աթաթուրքի համակիր կամ հակակիր, նոյնիսկ իսլամական-օսմանական քաղաքական վարքագիծ ունեցող այժմու նախագահ Ռեճեփ Էրտողան, որ իր արմատներով դէմ կ՛ընթանայ «լայիք» կոչուած Աթաթուրքի վարքագիծին, չուզեց Աթաթուրքի «խաթրին» դպչիլ: Ան կը մնայ ազգային հերոս Թուրքիոյ թուրքերուն համար, ինչ քաղաքական գոյնի ալ ըլլան անոնք:
Իսկ մե՞նք:
Վեց դարերու խաւարի վրայ արեւաբոյր անկախութեան դրօշը պարզած Արամ Մանուկեանին եւ անոր փաղանգին վրայ այսօր նոր-համայնավարները կը յաւակնին մուր քսել, մշուշի տակ պահել այդ հերոսական գոյապայքարի նահատակները:
Գրած է բանաստեղծը.
Երկինքն էր սառել ու չկար Աստուած,
Բայց ահա՛, ահա՛, հեքիաթ թէ հրաշք,
Ծառացաւ մի մարդ,
Հրաշքից փախած ու հրա՛շք մի մարդ
Կանգնեց նա դաշտում մեր Արարատեան
դիակների մէջ եւ ագռաւների,
Եւ հաւատքն առած պողպատեայ վահան,
Եւ սէրն հայրենեաց մի շեփոր ռազմի`
Սոված, սարսափած, մարդկանցից վհատ
Դարբնեց մի բանակ,
Եւ որպէս ոխից շիկացած երկաթ`
Խփեց ոսոխի ճակատին անարգ…
………………………….
Յիշո՞ւմ ես կրկին,
Ահեղ Բէլի դէմ ծառացող Հայկին
Եւ նրա թոռան.
Թո՞ռն էր նա Հայկի, զա՞րմը Վարդանի,
Դաւի՞թն էր մանուկ,
Հայոց լեռներում յայտնուած ոգի՞…
Յիշո՞ւմ ես նրա ճակատը պայծառ,
Անունն անթառամ-
Մանուկեան Արա՛մ…
Ասկէ աւելի ի՞նչ հերոսացում. թող այդ դեղնակտուց քաղաքական պատանիները պատասխան տան: Պատասխան տան` առանց ծածկելու Կասեան-Նուրիջանեան փաղանգին ոչ նուազ քան Թալէաթի ու Քեմալի արիւնագործ անցեալը:
Թող պատասխան տան, թէ ինչո՛ւ եղան խորհրդային կարգերուն դէմ միակ-միակ հայ ազգի ապստամբութիւնները (յոգնակի կ՛ըսեմ, որովհետեւ Փետրուարեան ապստամբութենէն զատ, 1925-1930 չպատմուած, չքողազերծուած լուռ ապստամբութիւն մըն ալ ունեցած է հայ ժողովուրդը):
Թող պատասխան տան այս նոր-պոլշեւիկները, թէ ինչո՛ւ հայկական բանակի 3000 սպաները, մեր նորագոյն պատմութեան հերոսները` Նազարբեկեան, Սիլիկեան, Փիրումեան… ինչո՞ւ Սիպիր աքսորուեցան:
Թող պատասխան ունենան, թէ ինչպէ՛ս կրնան հպարտանալ լենիններով, ստալիններով եւ բերիաներով, որոնք աւելի քան 3000 հայ մտաւորականներ, գիտնականներ աքսորեցին Սիպիր: Անո՞նք են հերոսները:
Եւ բանաստեղծը կը շարուանկէ.
Քաջալանջ Հայկից թող մինչեւ Տիգրան,
Ու պերճ Տիգրանից մինչ Կարմիր Վարդան,
Ու մինչեւ Գագիկ ու մինչեւ Թորոս,
Մինչեւ Դաւիթ բէկ,
Եւ մինչեւ, մինչեւ Բաղրամեանն հերոս
Վե՛ր կենան մի հեղ,
Հողի տակ ապրող մարտիկները մեր
Վե՛ր կենան մի հեղ,
Եւ Արարատից մինչ անհաս երկինք,
Ու երկնքներից դեռ մինչեւ աստղեր,
Ու մինչեւ եթեր,
Ու մինչեւ Աստուած,
Ու համբոյր տան ձեզ,
Ու տան ձեզ պատի՛ւ,
Տան փառք ու պարծանք
Հէ՜յ սարդարապատ
Ղարաքիլիսա՛,
Հէ՜յ Բաշ-Ապարան:
(«Թուղթ առ Երեւան», Անդրանիկ Ծառուկեան)

Արդեօք պիտի հպարտանա՞նք Կարսն ու Սարիղամիշը թուրքերուն ծախող եւ «Հայաստանը պոլշեւիկեան մուրճի ու թրքական սալի միջեւ» թաղած «հերոսներով»:
Անոնց չ՛արտօնուիր հպարտանալ Բաղրամեանով, որ իսակովներուն հետ կերտեցին միջազգային պատմութիւն, որքան Մոնթկոմըրի մը կամ Փաթըն մը, Այզըհաուըր մը…
Մեր ազգի հարստութիւնն են բաղրամեաններն ու իսակովները:
Ոչ ոք անոնցմէ կրնայ հասնիլ այս հերոսներուն, խոնարհ ու մեծ հերոսներուն, որոնք ինկան մայիսեան 1918-ի մարտերու դաշտերուն վրայ:
Եւ ինչպէս Աստուած խաւարէն ստեղծեց աշխարհը, նոյնպէս ալ, այդ խոնարհ հերոսները, որոնց գլխաւորները Սիպիր աքսորուած հայոց ազգային բանակի սպաներն են, եւ որոնց գլխաւորին գլխաւորն էր Արամ Մանուկեանը, եւ որոնք մեր հայոց պատմութեան վեցդարեայ խաւարէն ստեղծեցին Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը, որպէս աստուածային լոյս:
Եւ ինչպէս որ անտառի հսկայ կաղնի ծառերուն մէջէն սողոսկած, արեւու ճառագայթներէն քանի մը շող հազիւ թէ յաջողին լոյսի փթիթ մը հասցնել կաղնեաց ստորոտին` առթելով տզրուկակենցաղ սունկերու (յաճախ` թունաւոր) աճումին, նոյնպէս արամներու քրտինքով ու արեամբ կենսագործուած հայրենիքին մութ ու խուլ անկիւններուն, գոսացած ու փտած տերեւներէն աճած սունկեր, մերօրեայ Գէորգ Աբովներ, գիշատիչ անգղներուն նման, ծծելով արամներու արեամբ ստեղծուած հայրենիքի կենսատու աւիշը, որպէս թունաւոր սունկ, իրենց հոգիի թոյնն ու աղտը կը թափեն չորս բոլոր` իրենց նսեմութեամբ փորձելով վար քաշել այդ փառապանծ ու հերոսական պատմութիւնն ու անոր կերտիչ հերոսները:
Ես ինծի հարց կու տամ. երբ կը հասնիմ Արամի փլատակ տան առջեւ ու կը տեսնեմ նոր աբովներու հոգիին աղբը, ինչպէ՞ս չպոռթկայ հոգիս, ինչպէ՞ս չտրոփէ սիրտս:
Պօղոս Սնապեան գրագէտ-գրաքննադատը գրած է երկ մը` «Ինչպէ՞ս հայհոյեմ»:
Ես ինչպէ՞ս չհայհոյեմ:
Ես ինծի հարց կու տամ. ինչպէ՞ս չըմբոստանալ այս եւ նման յուդաներուն դէմ: Յուդան ուրացաւ Յիսուս եւ զղջալով` ինքնասպան եղաւ: Այս նոր յուդաները, որոնք երեւի Էրտողանին չափ իսկ չկան, ինքնասպան ըլլալու քաջութիւնն իսկ չունի՞ն:
Ինծի համար, պէտք է ըսել` մեզի համար, Արամ Մանուկեանին ապրած տան մէջ որքան ալ տնային թէ հոգեկան աղբ թափուի, ան ուխտատեղի է, ուզեն կամ չուզեն նոր աբովները:
Երեւանի մայր ու մեծագոյն հրապարակը մեզի համար ո՛չ արիւնարբու լենինեան, ո՛չ ալ հանրապետութեան հրապարակ է, այլ միանշանակ` Արամ Մանուկեանի հրապարակ է:
(Ինչպէ՞ս չհայհոյեմ):
Քեսապ, 24 յունուար 2018
Արտատպուած՝ 
http://www.aztagdaily.com/archives/382033

No comments:

Post a Comment