Sunday, April 23, 2017

Կենացդ Քեսապ - Վրէժ Քասունի

Կենացդ Քեսապ


vrej kasuniՎրէժ Քասունի կը գրէ.
16 տարի Հայաստանի, հայրենիքի մէջ ապրելէն ետք, վերջերս ալ մօտ 3 ամիս Արցախի մէջ մնայուն կերպով “ապրելէն” ետք, շատ կարեւոր բանի անդրադարձայ, գիտակցեցայ, թէ ինչպէս եւ ուրկէ մենք Սուրիահայերս սնած ենք հայրենիքի սիրով:
Թէ ինչպէս 16 տարի առաջ, առաջին այցէն իսկ, Հայաստանի օդը, ջուրն ու բնութիւնը այդքան հարազատ ընդունած ենք, շնչած ու ներշնչուած: Բնաւ զարմանալի չէ, որ այս զգացողութեան գիտակցումս տեղի ունենացաւ Արցախի մէջ, այնքան նման են… միայն ծովն է պակաս:
Արցախի մէջ երկիրը կը հպի երկնքին, եթէ քիչ մըն ալ ոտքի մատներուդ վրայ կանգնիս, ու քիչ մըն ալ թեւդ երկարես, ցերեկը կը հպիս ամպերուն, իսկ գիշերը աստղերուն: Ոեւէ Սուրիահայ, կամ սփիւքահայ, որ Սովետի փլուզումէն առաջ, եթէ Հայաստան հայրենիք դրախտը իր աչքերով դեռ չէր տեսած, բայց Քեսապ գացած էր, շատ լաւ պիտի հասկանայ այս զգացողութիւնս, երբ ամէն ամառ մենք Քեսապ կը բարձրանայինք, ու կը կանգնէինք ՍՆՏՐԱՆ լերան գագաթին ու կը զմայլէինք հեռուն, հորիզոնին, մշուշներու մէջ թափանցող Կիլիկիոյ լեռնաշղթայով:
Այս զգացողութիւնը մեզ մտովի կը տեղափոխէր, Հայրենիք, Հայաստան եւ Արցախ:
Այո, նաեւ Քեսապէն/Քեսապի մէջ մենք սորվեցանք, գիտակցեցանք ու ըմբռնեցինք մեր հայրենիքին պատկանելութիւնն ու կապը:
Քեսապը, սովետի տարիներուն, Սուրիահայերու համար, Հայաստան էր, եւ Քեսապ ճանապարհորդելը մեզի համար դարձած էր Հայստան ճամբորդելու նման բան մը: Քեսապի մէջ արշաւի կ’երթայինք, ցերեկն ու գիշերով, հայրենասիրական, ազգագրական երգեր երգելով, մեր ձայնը կը բարձրանար Քեսապի փողոցներու, արտերու ու սարերու մէջ:
Քեսապի մէջ կը համտեսէիք աշխարհի ամենահամով խնձորը, իսկ ան ով չէ համտեսած ու չի գիտեր Քեսապի հռչակաւոր կանաչ խնձորի համն ու հոտը, ինք կեանքէն շատ բան կորսնցուցած է:
Քեսապի Գարատուրան քարքարօտ, բայց մաքրամաքուր ծովափին կը մկրտուէինք ամէն ամառ ու բիւրեղ հոգիներով կը վերադառնայինք Հալէպ, Դամասկոս, Հոմս, Գամշլի… տուն:
Քեսապի օդը, ջուրը եւ հողը սնեց մեզ մեծ սիրով ու պատկանելութեան զգացումներով ու գիտակցութեամբ:
Այսօր, ես Հայաստանի, Արցախի, Հայրենիքի մէջ իմ օդս կը շնչեմ, ջուրս կը խմեմ, հողի վրայ  ուժեղ կը կանգնիմ, կ’արարեմ ու կ’ապրիմ:
Է՜հ Աստուած… Արցախէն, Հայաստանէն… Կենացդ ՔԵՍԱՊ, կա՛ս կ’ըլլա՛ս ու դեռ մենք պիտի օծուինք քու ջուրերուդ մէջ:
Արցախ, 10.07.2015
Արտատպուած՝            http://www.yerakouyn.com/?p=88662

No comments:

Post a Comment