Sunday, April 2, 2017

Կիլիկիոյ Վերջին Հայկական Գիւղը Դրախտային - Քեսապը Դրախտէն Կտոր Մը Երկրի Վրայ: ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Կիլիկիոյ Վերջին Հայկական Գիւղը Դրախտային  
     Քեսապը Դրախտէն Կտոր Մը Երկրի Վրայ


                                                                            ՍԵՒԱՆ Ճ.  ԱԲԷԼԵԱՆ
Ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ը, գարնան առաջին օրն էր: Կը պատրաստուիմ դպրոց երթալու, երբ յանկարծ հեռաձայնը կը հնչէ: Հօրեղբօրս տխուր ձայնն է: Ինչպէ՞ս էք, կը հարցնեմ: Լաւ չենք, առտու կանուխ Քեսապի վրայ յարձակեցան եւ արդէն իսկ շատեր ձգեցին իրենց տուներն ու գիւղերը եւ փախուստ կու տան: Շատեր նոյնիսկ ժամանակ չեն ունեցած իրենց անձնագիրները կամ այլ կարեւոր թուղթեր իրենց հետ առնելու:
Չեմ հաւատար լսած բառերուս: Տրամադրութիւնս կը խանգարուի: Իսկոյն կը բանամ Դիմատետրի էջս եւ կը գրեմ. «Աղօթեցէք Քեսապի համար, կարեւոր է»: Անմիջապէս հարազատներ կը հարցնեն. «Ի՞նչ պատահած է»: Բոլորին նոյն տխուր պատասխանը. «Քեսապի վրայ յարձակած են»:
Կ՛ուզեմ ինքզինքս համոզել, որ լսած բառերս երազ են, կամ ես սխալ հասկցած եմ հօրեղբօրս խօսքերը:
Քեսապը կը պատկանի Կիլիկիոյ թագաւորութեան: Մեծն Տիգրանի օրերէն իսկ հոն հայը իր բոյնը շինած էր: Սփիւռքի միակ հայկական գիւղն է:
Ասիկա երրորդ անգամն է, որ քեսապցին կը բռնէ գաղթի ճամբան: Առաջինը 1909-ին, երկրորդը` 1915-ին, իսկ երրորդը նախորդ շաբաթներուն, երբ ամէն մարդ ուրախ էր գարնան ժամանումով: Աշակերտները դպրոցներուն մէջ կը պատրաստուէին գարունը դիմաւորելու: Ի՜նչ գարուն, ձմրան փոթորկալից օրերէն շատ աւելի վատ եղաւ:
Տխուր եմ եւ անտրամադիր: Կը մտածեմ, թէ հայրս որքա՜ն բախտաւոր է, որ իր այնքան սիրելի ու պաշտած ծննդավայրի` Քեսապի այս գէշ օրերը չտեսաւ:
Թէեւ Քեսապէն հեռու ենք մարմնով, բայց միշտ մեր մտածումներով եւ սրտով հոն ենք: Տարին քանի մը անգամ անպայման կ՛այցելէինք Քեսապ տեսնելու մեր հարազատները եւ բարեկամները, վայելելու բնութեան բարիքները, զգալու հարազատ շունչը: Վերջապէս մեր հայրենի գիւղն է անիկա:
Պատերազմի պատճառով երեք տարիներէ ի վեր չենք գացած Քեսապ: Հակառակ պատերազմական վիճակին` որոշ դրական մօտեցում կար Քեսապի նկատմամբ, նոյնիսկ կը մտածէի Զատկուան արձակուրդին քանի մը օրով երթալ Քեսապ` ընկերուհիի մը հետ, որ միշտ կը փափաքէր տեսնել Քեսապը:
Միշտ աւելի լաւին մասին կը մտածէինք, դրական մօտեցումով կը փորձէինք լիցքաւորուիլ, սակայն դէպքերը հակառակ ընթացք ունեցան:
Վերջին տարիներուն Քեսապի վիճակը աւելի լաւ էր: Մեծաթիւ զբօսաշրջիկներ կու գային հայ թէ այլ ազգերէ: Կու գային մեծ ուրախութեամբ վայլելու Քեսապի բնութիւնը, լեռները, ծովը եւ ճաշարանները:
Աշխարհի չորս կողմերէն կու գային հայրենակիցներ` այցելելու իրենց հարազատներուն, սակայն, աւա՜ղ, չար մարդիկ քանդեցին ամէն բան:
Դիմատետրին վրայ ամէն մարդ կը գրէ իր զգացումները, բողոքները, նեղութիւնները: Ամերիկայի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան անդամները համախմբուած եւ նամակ մը յղած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին, այլ նամակներ, բողոքագիրներ ու խնդրագիրները յղուեցան նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու կողմէ: Արդեօք պիտի կարդա՞ն այդ նամակները, թէ՞ ուրիշ հարցերու պէս այս հարցն ալ դարակներու մէջ պիտի մնայ:
Քանի մը ամիս առաջ, երբ հեռաձայնով կը խօսէի Միացեալ Նահանգներ գտնուող քեսապցի բարեկամի մը հետ, հարցուց Քեսապի մասին: Ան ըսաւ. «Գիտե՞ս 2015-ին կը պատրաստուինք խումբով Քեսապ երթալ եւ հոն նշել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Միայն Աստուած տայ, որ պատերազմը վերջանայ, եւ ամէն բան լաւ ըլլայ»:
Ամէն կիրակի Քեսապի բոլոր գիւղերուն մէջ եկեղեցւոյ զանգերը կը ղօղանջեն` բարիք ու խաղաղութիւն աւետելով: Հիմա ո՞վ պիտի հնչեցնէ այդ զանգակները եւ հաւատացեալները եկեղեցի հրաւիրէ, ի՜նչ խաղաղութիւն, ի՜նչ բարիք, երբ Քեսապը ծայրայեղականներու ձեռքն է:
Արդեօք քեսապցիները կարելիութիւն պիտի ունենա՞ն իւրաքանչիւր օգոստոսին աւանդութիւն դարձած Աստուածածինի տօնը փառաւոր կերպով նշելու: Էսկիւրէն գիւղը հազարաւոր մարդիկ կը հաւաքուէին կատարելու իրենց ուխտը եւ հերիսայի կաթսաներուն շուրջ կը բռնէին Քեսապի աւանդական շուրջպարը:
Մեծ թիւով գրագէտներ, արհեստագէտներ, կղերականներ տուած Քեսապը յուսահատիլ չի գիտեր, քեսապցին գիտէ կրկին կերտել:
Քանի մը տարիներ առաջ հողի սահանքի պատճառով Գարատուրանի հողը սահեցաւ, եւ կարգ մը պարտէզներ քանդուեցան: Սակայն ժողովուրդը չյուսահատեցաւ եւ նորէն սկսաւ  պարտէզները ցանել: Քեսապի վրայ եղած յարձակումէն երկու շաբաթներ առաջ բարեկամներ եկան եւ ծառերու տունկեր գնեցին, որպէսզի պարտէզները մշակեն:
Հայը ամբողջ կեանքին ընթացքին շատ վատ օրեր ապրած է, շատ անգամ թշնամիները յարձակած են Հայաստանի վրայ, քանդուած են գիւղերը, եկեղեցիները, սպաննած են հայը, սակայն միշտ ալ Աստուծոյ վստահելով` նորէն ոտքի կանգնած է:
Հիմա ալ պէտք չէ յուսահատիլ եւ լաւատեսութեամբ զինուած` պէտք է նայիլ դէպի ապագայ: Դժուար օրերը շատ են, բայց հայը տեղի տալ չի գիտեր: Քեսապցին, որ լեռները փորելով  մշակած է պարտէզներ եւ շինած` տուներ, հիմա ալ պիտի վերականգնէ իր հայրենի գիւղը:
Յոյսով եմ, որ ուշ կամ կանուխ արդարութեան արեւը հպարտութեամբ  պիտի ծագի, Քեսապի ու աշխարհի վրայ ցրուած հայրենակիցները պիտի վերադառնան հայրենի գիւղ եւ վերականգնեն զայն: Դարձեալ եկեղեցւոյ զանգերը պիտի ղօղանջեն, խաղաղութիւն ու բարիք պիտի սփռեն, քեսապցիները եւ համայն աշխարհի հայութիւնը Քեսապ պիտի հրաւիրեն:
Քեսապի հողը  առանց քեսապցիին եւ հայուն չի կրնար գոյատեւել: Հողին սէրը եւ կարօտը կը կանչէ իր հարազատ զաւակները, կիլիկեան հողէն հեռու չի կրնար ապրիլ քեսապցին:

Արտատպուած՝ Ապրիլ 8, 2014



No comments:

Post a Comment