ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅԵՐԸ 1970-2010 ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
1.- ՀԱՅԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Հաֆէզ էլ-Ասատի իշխանութեան 30 տարիներուն երկիրը ապրեցաւ ծանր ցնցումներ, բայց կարողացաւ յաղթահարել ու բռնել վերընթաց զարգացման ճամբան: 1970-ին յայտարարուած Ուղղիչ շարժումը կրցաւ բարեփոխել նախկին իրավիճակը, որով որոշ ազատութիւններ շնորհեց սեփականութիւն եւ սեփական ձեռնարկատիրութիւն ստեղծելու գործունէութեան մէջ: Երկիրը Պաաս կուսակցութեան միահեծան իշխանութեան յանձնուած էր՝ հանրապետութեան նախագահի լայն իրաւասութիւններով: Երկրի քաղաքական հաստատութիւնները գլխաւորաբար վստահուած էին սիւննի, իսկ բանակը, գաղտնի սպասարկութիւններն ու ապահովական ուժերը՝ ալեւի համայնքներուն: Վերջին համայնքը ինքնըստինքեան փոքրամասնութիւն ըլլալով՝ աւելի մօտ էր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն: Խորհրդային Միութեան հետ պետութեան սերտ գործակցութիւնը պայմանաւորուած էր Իսրայէլի դէմ անոր զօրակցութեամբ:
Պաղ պատերազմի բուռն շրջան էր: 1973-ի Հոկտեմբերեան արաբ-իսրայէլեան պատերազմին Սուրիան ազատագրեց 1967-ի պատերազմին կորսնցուցած Կոլանի բարձունքներուն մէկ մասը: Ծանր հետեւանքներ ունեցան «Իսլամ եղբայրներու» 1979-1982-ի ապստամբութիւնը եւ 1980-ական թուականներու տնտեսական տագնապը: 1991-ին Սուրիա մասամբ որդեգրեց բաց շուկայի տնտեսական քաղաքականութիւնը: 2000-ին երկրի նախագահ ընտրուեցաւ որդին՝ Հաֆէզ էլ-Ասատի Պաշշարը, որ ազատ խօսքի, մարդու իրաւունքներու եւ տնտեսական արտօնութիւններու դուռ բացաւ: Այս շրջանը տեւեց մինչեւ 2011՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը: Այս տասնամեակը կը նկատուի Սուրիոյ հանրապետութեան գարունը:
Հայր Ասատի օրով Սուրիան բացայայտօրէն զօրավիգ էր պաղեստինեան ազատագրական պայքարին, Օճալանի գլխաւորած քրտական շարժումին, Աղեքսանդրէթի սանճաքի սուրիական դատին: Այս իրադրութեան մէջ խրախուսական արտօնութիւններ կու տար հայ համայնքին՝ Հայ Դատին եւ Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնելու: Խրախուսիչ պարագայ մըն էր հանրապետութեան նախագահ Հաֆէզ էլ-Ասատի 1979-ի այցելութիւնը Երեւան: Ան Ծիծեռնակաբերդի վրայ ծառ տնկեց ի յիշատակ հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Թուրքիա քրտական ապաստամբութիւնը ճնշելու իր զինուորական գործողութիւններուն մէջ Սուրիան մեղադրեց քիւրտ զինեալներուն արտօնութիւններ տալու ամբաստանութեամբ: Հաֆէզ էլ-Ասատ այդ օրերուն լաւագոյն համարեց Օճալանը դուրս դնել երկրէն, մեղմացնել Թուրքիոյ դէմ պայքարող կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը՝ խուսափելու համար հիւսիսի սահմանին վրայ պատերազմ մը սանձազերծելէ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ հայ գաղութը 1970-2010 քառասնամեակին փաստօրէն ապրեցաւ իր ամենէն բարգաւաճ շրջանը: Պետութեան ընձեռած նոր պայմաններէն օգտուելով կազմուեցաւ հայ գործարարներու մեծ շրջանակ մը: Ստեղծուեցան գործարաններ, արտադրամասեր, տարբեր ապրանքներու մեծ վաճառատուներ: Շատ արագ ձեւաւորուեցաւ հարուստ հայերու շրջանակ մը, որ միշտ բարերարի դեր կատարեց մեր եկեղեցական, ազգային, միութենական եւ կրթական կեանքին մէջ: Մանր առեւտուրն ու արհեստները շարունակեցին մնալ քաղաքաբնակ հայոց աշխատանքի գլխաւոր մարզերը: Որոշ արհեստներ նահանջ արձանագրեցին, յատկապէս երբ համակարգչային ճարտարագիտութեան երեւումով շատ գործեր տեսակ փոխեցին: Ատոր մէջ դեր ունեցաւ նաեւ տեղացի արհեստաւորներու մեծ քանակը: Մեծ թիւ կը ներկայացնէին համալսարանական մասնագիտութիւններու տէր անձերը՝ բժիշկներ, երկրաչափներ, ճարտարագէտներ, ճարտարապետներ, տնտեսագէտներ ու այլն, շրջանաւարտ՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի համալսարաններէն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ բարձրագոյն մասնագիտական կրթութիւն ստացածները: Քիչ չէին կրթական, տնտեսական, դրամատնային, շինարարական կառոյցներուն մէջ բարձրաստիճան հայ պաշտօնեաներն ու կապալառուները: Այս շրջանին մեծ թիւով հայեր հաստատուեցան Ռագգա եւ Հոմս: Ռագգայի մօտ կը կառուցուէին Թապգայի ջրամբարն ու ելեկտրակայանը, իսկ Հոմսի մօտ կը գործէր նաւթային մեծ զտարանը. բազմաթիւ հայեր իբրեւ երկրաչափ, ելեկտրագէտ, արհեստաւոր հոս աշխատանքի մտան: Ռագգայի եւ Հոմսի մեր գաղութները վերակենդանացան: Մեծ թիւով հայեր կ’աշխատէին Իսքան Ասքարիի (բնակարանաշինութիւն) շինարարական հրապարակներուն, ինչպէս նաեւ Հալէպի մօտիկ գտնուող ICARDA (The International Center for Agricultural Research in the Dry Areas) փորձակայանին մէջ:
ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ հայեր շարունակեցին ներկայութիւն մը ըլլալ ու քայլ պահել հնարաւոր նորամուծութիւններ կատարելով իրենց աշխատանքի եղանակին ու միջոցներուն մէջ: Գիւղական շրջանակները մեծապէս նուազած էին, բայց մնացած վայրերուն մէջ հայեր տակաւին կը զբաղէին ցանքով, բանջարաբուծութեամբ եւ գիւղատնտեսական միջավայրի արհեստագործութեամբ: Քեսապի շրջանի գիւղերը, ինչպէս նաեւ Ղնեմիէն ու Եագուպիէն նախկին ցանքի փոխարէն արդէն լրիւ պտղաբուծական միջավայրեր էին, որոնց գիւղատնտեսական արտադրութիւնները ամեն օր բեռնատարներով կը տեղափոխուէին Լաթաքիոյ եւ Հալէպի գիւղատնտեսական ապրանքներու կեդրոնացման շուկաները: Հանրայայտ էր Քեսապի խնձորը: Ճեզիրէի մէջ հայերու կեդրոնացում մը կը նկատուի Գամիշլիի մէջ, ու տակաւին որոշ կենսունակութիւն մը ունին Տերիքը, Ռաս ուլ-Այնը, Թէլ Ապիատը, Հասիչէն: Որոշ ընտանիքներ փոխադրուած էին Հալէպ, բայց գործի եղանակին կը շարունակէին ցանքի գործով զբաղիլ: Պետութիւնը երկրագործական բարեկարգումներու որոշակի միջոցառումներ ձեռք առած էր:
1960-ական թուականներու հայոց արտագաղթը նուազագոյնի հասած էր: Այսուհանդերձ, արաբ-իսրայէլեան պատերազմներու վտանգին եւ 1980-ական թուականներու տնտեսական տագնապին հետեւանքով սուրիահայ շատ երիտասարդներ դիմեցին արտագնայ աշխատանքի, յատկապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր կազմաւորուած հայկական նոր գաղութը սերտ կապեր ունէր Սուրիոյ հետ: Անոնք Սուրիոյ մէջ կը պահէին իրենց տնտեսութիւնը ու կը զարգացէին իրենց հնաւորութիւնները Սուրիոյ մէջ՝ իրենց զինուորական պարտադիր ծառայութեան փոխարէն փրկագին վճարելով:
Հայ բնակչութեան մասին պաշտօնական թիւեր չկան, փոխանցուած են ընդհանուր թիւեր, ինչպէս Խորհրդային Միութեան Հալէպի հիւպատոսութեան յայտնած թիւերը. 1971-ին՝ 70 000, 1980-ին՝ 80 000, որմէ Հալէպ՝ 55 հազարը, Դամասկոս՝ 5 հազարը, նաեւ Հոմս, Լաթաքիա, Գամիշլի, Քեսապ (Համապատասխանաբար տես Գէորգ Եազըճեան, Սփիւռքահայ քաղաքական հոսանքներն ու գաղութները Խորհրդային գաղտնի փաստաթուղթերու մէջ {1945-1991, ընտրանի}, էջ 248, 252):
2.- ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ՀՈԳԵՒՈՐ-ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայութիւնը մնաց 1963-1968 թուականներու հաստատուած իրաւունքներով, բայց օրէնքի սահմաններուն մէջ կրցաւ կազմակերպել իր եկեղեցական, կրթական, մշակութային, մարզական, ազգային, գրական-հրատարակչական կեանքը: Նոյնութեամբ կը գործէին հայ երեք յարանուանութիւններու իշխանութիւնները, որոնցմէ մեծագոյնը կը մնար Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդարանը, որ, յաչս պետութեան, այս քառասնամեակին եւս եղաւ սուրիահայ գաղութը ներկայացնող գլխաւոր մարմինը: Ղեւոնդ արք. Չէպէեանէն ետք թեմի առաջնորդները եղան Տաթեւ եպս. Սարգիսեանը (1968-1977), Սուրէն արք. Գաթարոյեանը (1977-2004) եւ Շահան արք. Սարգիսեանը (2004-2019):
1964-էն ետք պաշտօնապէս գործելէ դադրած հայ աւանդական կուսակցութիւնները՝ ՀՅԴ-ն, ՍԴՀԿ-ը, ՌԱԿ-ը, հայ համայնավարները, իրողապէս ներկայ էին հայ կեանքին մէջ՝ իրենց հովանաւորութեան տակ պահելով հայ մշակութային, բարեսիրական ու մարզական նախկին միութիւնները: Կուսակցութիւնները ձեռնպահ մնացին քաղաքական դիրքորոշումներէ եւ գործակցութենէ: Առերեսուելով նախորդ շրջանի հայ փոքրամասնութեան վրայ եղած ճնշումներուն, Մեծ եղեռնի յիսնամեակի ստեղծած իրադրութեան եւ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու համեմատական բարելաւման՝ միջկուսակցական պայքարը հանդարտեցաւ: Դաշնակցութեան հովանաւորութեան տակ գործեցին ՀՄԸՄ-ը, ՍՕԽ-ը, Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը, Հայ երիտասադաց միութիւնը, նախկին Յառաջդիմական ճակատի մէջ իրենց դիրքերը պահեցին Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, ՀԲԸՄ-ը, ՀԵԸ-ը, Թէքէեան մշակութային միութիւնը, Հնչակեան կուսակցութիւնը, ՀՄՄ-ը, Նոր սերունդ մշակութային միութիւնը, ինչպէս նաեւ Մարաշի հայրենակցական միութեան կից Գերմանիկ - Վասպուրական մարզական եւ մշակութային միութիւնը, Ուրֆայի Վերածնունդ միութիւնը, Ազգային մշակութային միութիւնը եւ այլն: Ասոնք մեծ մասով կը գործէին Հալէպի մէջ, իսկ ոմանք մասնաճիւղեր ունէին Դամասկոսի, ոմանք՝ Քեսապի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ այլ հայաշատ կեդրոններու մէջ: Ոմանք ունէին պետական արտօնութիւն, իսկ ուրիշներ կը գործէին իբրեւ համայնքային առաջնորդարաններու, եկեղեցիներու կամ արտօնեալ միութիւններու կից մարմիններ, որոնց գործունէութիւնը կ’արտօնուէր միայն Առաջնորդարաններու ծիրէն ներս ու անոնց երաշխաւորութեամբ:
Կազմակերպչական առումով մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան մէջ, որ շրջանակի բոլոր մշակութային մասնաճիւղերը, միութիւնները, մշակութային հիմնարկներն ու խումբերը վերածեց Շրջանային վարչութեան ենթակայ միաւորներու, ինչպէս «Արշիլ Կորքի» նկարչական դպրոցը, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, «Քրիստափոր» գրադարանը, «Զուարթնոց» երգչախումբը, «Սարդարապատ» պարախումբը, Հայագիտական հիմնարկը, «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Շանթ», Զաւարեան միութեան «Զաւարեան» թատերախումբը եւ այլն: Հայաշատ կեդրոններուն մէջ գործեցին նոր մասնաճիւղեր:
ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ եռուն գործունէութիւն նկատուեցաւ: Հալէպի մէջ պարբերաբար բեմ բարձրացան ՀԵԸ-ի «Ադամեան» (1961), Զաւարեան միութեան «Զաւարեան» (1947), Նոր սերունդ մշակութային միութեան «Անդրանիկ» (1921), Համազգայինի «Լեւոն Շանթ», Թէքէեան մշակութային միութեան «Ներսէսեան» (1972), Կիլիկեան մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ գործող Ռուբէն Պարսումեանի «Պարոնեան» (1970-1982) թատերախումբերը: Տեղական ուժերով կազմակերպուած թատերական ներկայացումներ աւանդական դարձած էին նաեւ Սուրիոյ հայաշատ միւս քաղաքներուն մէջ: Ուշադրութեան արժանի է հին սերունդի նուիրեալ թատերասէրներու (Ճորճ Վանլեան, Ռուբէն Պարսումեան) կողքին Երեւանէն շրջանաւարտ բեմադրիչներու մնայուն ներկայութիւնը, ինչպէս՝ Գրիգոր Քելէշեան, Կարպիս Լեփէճեան, Յարութիւն Ճննոզեան, Ժան Ֆարրա, Մանուէլ Քեշիշեան, Դամասկոսի մէջ՝ Մանուէլ Ճիճի եւ այլն: Հալէպի բեմը ունէր դերասաններու փայլուն փաղանգ մը՝ Խորէն Փիլաւճեան, Վահէ Սամուէլեան, Յակոբ Միքայէլեան եւ այլն: Այս շրջանին լիբանանահայ Վարուժան Խտըշեանն ու Վաչէ Ատրունին հիւրաբար բեմադրութիւններ կատարեցին Հալէպի մէջ: Քեսապի մէջ, ուր տակաւին նախաեղեռնեան շրջանէն, թատերական կեանք կար, թատերասէրներ կը շարունակեն բեմը կանգուն պահել:
Կ’արժէ արձանագրել նաեւ այն փաստը, որ սուրիահայ բեմի վարպետներ՝ դերասաններ ու բեմադրիչներ, մուտք գործեցին Սուրիոյ թատերական եւ շարժանկարային արուեստի բնագաւառներէն ներս (Տե՛ս Յակոբ Միքայէլեան, «Հայ-արաբ գործակցութիւնը թատերական մարզին մէջ», Գեղարդ սուրիահայ տարեգիրք, Զ. գիրք, Հալէպ, 2000):
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ գետնի վրայ մեծ ճանապարհ անցան Ազգային առաջնորդարանի, ապա Համազգայինի «Զուարթնոց», Թէքէեան մշակութային միութեան «Կռունկ» (1973), ՀԵԸ-ի «Սպենդիարեան» (1953-էն), Կիլիկեան մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ՝ Պօղոս Ապաճեանի «Նարեկացի» եւ Յարութ Կենտիմեանի «Նանոր» երգչախումբերը: Հալէպի ազգային վարժարաններու աշակերտութեամբ ստեղծուեցաւ Ուսումնական խորհուրդի «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբը: Կը շարունակէր գործել Հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Ալեմշահ» երգչախումբը: Հայ աւետարանական համայնքի «Երախտիք» երգչախումբը ունէր մեծահասակներու եւ դպրոցականներու առանձին խումբեր (2006): Ստեղծուեցան էսթրատային նուագախումբեր, ինչպէս ՀԵԸ-ի Young Stars-ը (1969-1974), Թէքէեան մշակութային միութեան Big Band-ը (1974) եւ այլն: Դամասկոսի պետական երաժշտանոցին մէջ ներկայութիւն էին դասական երաժշտութեան մասնագէտները: Կը գործէր Հայ կաթողիկէ համայնքի «Քնար» երգչախումբը: Շրջան մը փայլուն գործունէութիւն ունեցաւ Վազգէն Փանճարեանի «Գուսան» երգչախումբը: Գամիշլիի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մէջ պարբերաբար կը գործէին մեծերէ եւ դպրոցականներէ կազմուած երգչախումբեր: Ի դէպ, այս շրջանին սուրիական պետական հեռատեսիլի մէջ կարգ մը յայտագիրներ կը վարէին հայեր, ինչպէս արաբերէն լրատուն՝ Միհրան Եուսէֆը, անգլերէն լրատուն՝ Երատո Գրիգորեանը, ֆրանսերէն լրատուն՝ Լիզա Արսլանեանը, դասական երաժշտութեան բաժինը՝ Վահէ Թահմիզեանը եւ ուրիշներ:
ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ մարզերէն ներս յայտնիներ էին նկարիչ Զաւէն Պարտագճեան, Յակոբ Ժամկոչեան, Արտո Համբարձումեան, Սոնա Գաբրիէլեան եւ ուրիշներ, աւելցան Երեւանէն շրջանաւարտ արուեստագէտներ՝ Վարդգէս Պարսումեան, Վիգէն Պերթիզլեան, Հրազդան Թոքմաճեան, որոնք իրենց արուեստանոցներուն կամ գործող արուեստի դպրոցներուն մէջ մանկավարժական գործունէութիւն ծաւալելով պարբերաբար հանդէս եկան հաւաքական ցուցահանդէսներով՝ միասին կամ արաբ արուեստագէտներու հետ:
1980-ական թուականներէն բեմի վրայ են Համազգայինի «Սարդարապատ» (1981) եւ Նոր սերունդի «Ազատ Ղարիպեան» (1984) եւ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» պարախումբերը:
ՀԱՅ-ԱՐԱԲ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐու զարգացման եւ ուսումնասիրութեան տեսակէտէն այս շրջանին նկատուեցան աննախադէպ երեւոյթներ: Հոս իւրայատուկ դեր ունեցաւ արձակագիր Լիւսի Սիւլահեանի 1970-ական թուականներուն հիմնած «Գրական սալոն»ը, ուր կը մէկտեղուէին սուրիացի արաբ ու հայ գրողներ՝ խօսելու համար հայ եւ արաբ գրականութեան փոխյարաբերութիւններու մասին: Այս հաւաքներուն իր ներկայութիւնը կը բերէր նաեւ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանը: Սալոնը եղաւ կարեւոր հարթակ մը թարգմանչական գործի խրախուսման տեսակէտէն (տե՛ս Լիւսի Սիւլահեան, Ծաղկաքաղ ժամանակակից սուրիացի գրողներու, Հալէպ, 2011):
Թարգմանչական գործը ուշագրաւ յաջողութիւններ արձանագրեց Սուրիոյ մէջ: Նազար Նազարեան, Ալեքսան Քեշիշեան, Յակոբ Միքայէլեան, Հրաչ Սահակեան, Միհրան Մինասեան հայերէնէ արաբերէն թարգմանութիւններով արաբ ընթերցողի սեղանին դրին հայ բանաստեղծութեան, պատմուածքի ու վէպի եւ ուսումնասիրութիւններու փայլուն օրինակներ: Այս փաղանգին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի արաբ մտաւորական Նիզար Խալիլին, որ սորվելով հայերէն՝ հայ միջնադարեան ու նոր գրականութենէն բազմաթիւ գործեր վերածեց արաբերէնի:
Հայ-արաբ մշակութային յարաբերութիւններու սերտողութեան իւրայատուկ հարթակ մըն էր նաեւ տոքթ. Ռոպեր Ճեպեճեանի բնակարան-ակնաբուժարանը, ուր յատուկ պարբերականութեամբ կը մէկտեղուէին հայ եւ արաբ մտաւորականներ ու քննութեան առարկայ կը դարձնէին մշակութային, տնտեսական, գիտական բնոյթի հարցեր: Նոյն տեղը կը գործէր «Վիոլէթ Ճեպեճեան» գրադարանը (1971), որ կը մէկտեղէ յատկապէս Սուրիա տպուած մամուլի հսկայ հաւաքածոյ եւ գրականութիւն: Ան անհատական նախաձեռնութիւն մը ըլլալով հանդերձ՝ դարձաւ կեդրոն սուրիահայ գաղութի, հայ-արաբ յարաբերութիւններու եւ Հայրենիք-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան տեսակէտէն: Տոքթ. Ճեպեճեան նաեւ ՀԲԸՄ-ի Մատենագիտական յանձնախումբի ատենապետը ըլլալով՝ նոյն տեղը կը ղեկավարէր Հայկ Պարիկեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող «Գեղարդ» սուրիահայ տարեգիրքի աշխատանքները, իր գրական, բանասիրական, գեղարուեստական, պատմական եւ մահագրական բաժիններով (1975-2000, վեց գիրք): Տարեգիրքի մեծագոյն բարիքը եղաւ սուրիահայ գաղութի պատմութեան նուիրուած նիւթերու առատութիւնը:
Այստեղ առանձնայատուկ կարեւորութեամբ պէտքէ նշել Հայ Դատի Սուրիոյ գրասենեակի տարած աշխատանքները: Ատիկա յատկապէս արդիւնաւոր դարձաւ հայոց պատմութեան, ու մասնաւարաբար հայոց ցեղասպանութեան մասին հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն ուսումնասիրութիւններու արաբերէնի թարգմանութեամբ, արաբական աղբիւրներու հաւաքումով ու հրատարակութեամբ: Այս ալ նպաստեց, որ արաբ գրողներ գրական մշակումի ենթարկեն սուրիահայ իրականութենէն ու գաղթականութենէն առնուած նիւթեր, գրելով յուշագրութիւններ, վէպեր, պատմուածքներ ու բանաստեղծութիւններ, ինչպէս սուրիացի աշխարհահռչակ վիպասան Հաննա Մինայի «Կերասէ բերանով աղջիկը» վէպը (հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ, 2004-ին):
1970-ական թուականներէն մեծ թափ առաւ սուրիահայ գաղութի պատմութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններու շղթան: Հալէպի մէջ լոյս տեսան միութիւններու, դպրոցներու, տպագրութեան ու մամուլի նուիրուած առանձին գիրքեր՝ ուսումնասիրութիւններ, մենագրութիւններ յուշամատեաններ, տեղեկագիրներ, սուրիահայ առանձին գաղութներու պատմագիրքեր, ազգագրական ու հնագիտական ուսումնասիրութիւններ, բանահաւաքչական ժողովածուներ:
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅԵՐԸ 1970-2010 ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
(Համառօտ ակնարկ - Բ.)
ՄԱՄՈՒԼը որոշ աշխուժութիւն ցուցաբերեց, կարելի է ըսել՝ վերածնաւ: 1963-ի արգելքով ամբողջապէս դադրած էր հայ մամուլը. քաղաքական կուսակցութիւններու եւ աղանդաւորական շարժումներու պաշտօնաթերթերը, միութիւններու պարբերական հրատարակութիւնները դադրած էին: Սակայն, յետ գրաքննութեան, իրենց բաժանորդներուն կը հասնէին Պէյրութի «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» կուսակցական օրաթերթերը: Սուրիոյ հայոց կրթական, հոգեւոր, մարզական եւ մշակութային կեանքի մասին թղթակցութիւններ տեղ կը գրաւէին վերոյիշեալ օրաթերթերու սիւնակներուն մէջ:
Այս շրջանին լոյս կը տեսեն մեծ մասով մեքենագիր կամ խմորատիպ, եկեղեցական, բարեսիրական միութիւններու եւ հաստատութիւններու տեղեկատու թերթիկները: Եկեղեցական տեղեկատու թերթիկները կը հրատարակուին շաբաթական կամ ամսական հերթագայութեամբ ու ձրիօրէն կը բաժնուին հաւատացեալներուն: Ասոնց առջինեկը Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ «Լրատու»ն է, որ 1964-էն անխափան կը շարունակէ լոյս տեսնել: «Պարբերաթերթ Հայ Ծերանոցի» (1952), «Պարբերաթերթ Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի» (1960) կը շարունակեն լոյս տեսնել տպագիր: Եղան կարճատեւ կեանք ունեցած շարք մը միութենական, սկաուտական եւ դպրոցական մեքենագիր խմորատիպ պարբերաթերթեր, որոնց մէջ ամենէն հետեւողականը եղաւ 1972-ին իր երկրորդ շրջանին սկսած եւ տարեկան մէկ-երկու թիւով լոյս տեսնող աշակերտական «Ծիլեր» պարբերաթերթը (1990-էն ետք՝ տպագիր): Կարեւոր իրագործում էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի հրատարակութեամբ եւ Բիւզանդ Մինասեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Նոր Ապրիլ» տպագիր պարբերաթերթը (1980-1981՝ 5 թիւ): 1978-ին սկսաւ լոյս տեսնել Բերիոյ թեմի «Ազգային առաջնորդարանի պարբերաթերթ»ը, որ յետագային դարձաւ «Օշական» ամսաթերթ, իսկ 1980-էն ետք՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթ, որ իր լրատուական, տեղեկատուական, գրական-մշակութային եւ մանկական էջերով ու տարեկան բացառիկ թիւով դարձաւ Սուրիոյ գաղութին կարեւոր ու հիմնական թերթը:
ԳՐԱԿԱՆ հրապարակին մէջ 1950-ական թուականներէն նորանոր գիրքերով հանդէս կու գայ Թորոս Թորանեանը՝ աշխոյժ ներկայութիւն մը՝ սփիւռքեան մամուլին մէջ: 1960-ական թուականներէն եկող գրողներու կողքին մեծամասնութիւն կը ներկայացնէին բոլորովին երիտասարդ ու սկսնակ գրողները, որոնք առաւելաբար տեղ կը գտնէին Պէյրութի հայ պարբերականներուն մէջ՝ «Բագին»,«Շիրակ» , «Սփիւռք»,«Նայիրի», «Ահեկան» եւ այլն: 1967-1972-ին լոյս տեսաւ Անդրանիկ Արարատի (Անդրանիկ Նաճարեան) գրականութեան, արուեստի եւ գիտութեան «Մշակոյթ» պարբերագիրքը (8 թիւ, ոմանք միացեալ), մեծամասնաբար սուրիահայ գրողներու աշխատակցութեամբ: Աւելի ուշ՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթի շուրջ կազմուեցաւ Սուրիահայ գրողներու համախմբումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գտնուող «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի եւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հրատարակչական հիմնադրամի միջոցով լոյս տեսան սուրիահայ արձակագիրներու, բանաստեղծներու եւ ուսումնասիրողներու գիրքեր: Բերիոյ թեմի առաջնորդարանը հիմնեց երկու մատենաշար՝ «Ուխտ» եւ «Այգ»: Առաջինը հոգեւոր գիրքերու մատենաշար էր, իսկ երկրորդը՝ գրական-հայագիտական: «Այգ» մատենաշարով լոյս տեսան «Երթ» գրական (2005-2009, 5 թիւ) եւ «Տաթեւ» հայագիտական (2008, 1 թիւ) տարեգիրքերը:
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ գետնի վրայ մեծ եռանդով գործեց Մաթիկ էպլիղաթեանի «Կիլիկիա» հրատարակչատունը, որ կանոնաւոր յաջորդականութեամբ ու առանձին մատենաշարով հրատարակութեան տուաւ հայ նոր գրականութեան դասականացած երկերը, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան օգնութեամբ վերահրատարակեց հայագիտական կարեւոր գործեր, ինչպէս՝ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի «Պատմութիւն Հալէպի հայոց»ը, Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանուններու բառարան»ը, Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» տարեգիրքերու ամբողջ շարքը եւ այլն: Սուրիահայ հրատարակութիւնները փնտռուեցան Սփիւռքի տարբեր անկիւններէն:
1980-ական թուականներէն ետք բաւական աշխուժութիւն ցուցաբերեցին Հալէպի տպարանները հայ գիրքի վերահրատարակութեան եւ հրատարակութեան առումով: Այդ գետնի վրայ մեծ ներդրում ունեցաւ առաջնորդարանի «Արեւելք» տպարանը, ուր լոյս տեսան գլխաւորաբար սուրիահայ կեանքը ներկայացնող յուշամատեաններ, պատմա-ազգագրական ուսումնասիրութիւններ, ալպոմներ, տարաբնոյթ գրականութիւն, դասագիրքեր, օրացոյցներ եւ այլն:
ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ գետնի վրայ, դպրոցական կառոյցներէ անկախ, մեծ թափով շարունակուեցաւ եկեղեցական եւ հասարակական շէնքերու, յուշարձաններու, բնակարանային համալիրներու եւ առանձնատուներու կառուցումը: Այսպէս՝
- Հալէպի Վիլլաներ թաղամասին մէջ կառուցուեցան այնթապցիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ կից «Զոհրապ Գաբրիէլեան» սրահը (1973), Աուճէթ ըլ-Ճըպ թաղամասին մէջ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցին եւ «Արարատեան» սրահը (1990), հիմնովին վերակառուցուեցաւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին (2009), սկսաւ Գամիշլիի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերակառուցումը: Կառուցուեցաւ Օգնութեան խաչի Նոր գիւղ թաղամասի ընկերա-բժշկական կեդրոնը (1985): 1980-էն սկսաւ գործել Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տունը Վիլլաներ թաղամասին մէջ: Ան ամբողջական համալիր մըն իր ճաշարանային ու ժամանցի սրահներով, «Լեւոն Շանթ» հանդիսասրահով, հասարակական միութիւններու ու միաւորներու (Համազգային, ՀՄԸՄ, ՍԵՄ, ՍՕԽ) գրասենեակներով: Հոն տեղափոխուեցաւ նաեւ Հայ երիտասարդական միութեան «Քրիստափոր» գրադարանը, որ դարձաւ գաղութի ամենէն աշխոյժ գրադարան-ընթերցարանը:
Այս շրջանին, համայնքներու նորակազմ ընտանիքները իրենց եկեղեցական ու դպրոցական հաստատութիւններուն մօտիկ պահելու համար Նոր գիւղի մէջ Ազգային առաջնորդարանի, Ս. Գէորգ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու թաղական խորհրդոց եւ Զէյթունի ու Տիգրանակերտի հայրենակցական միութիւններու ջանքերով կառուցուեցան բնակելի բարեկարգ շէնքեր ու վարձակալութեան տրուեցան: Ոմանք ունեցան յատուկ անուններ՝ Կիլիկիա, Արցախ, Սիս, Օշական եւ այլն: Այսպիսի շէնքեր կառուցուեցան նաեւ Եագուպիէի մէջ՝ երիտասարդները գիւղին մէջ պահելու բարի ցանկութեամբ: Նոյն նպատակով կառուցուեցան Ճեպէլ Սէյտէի հայ կաթողիկէ Ս. Աստուածածին եւ Աուճէթ ըլ-Ճըպի Ս. Խաչ եկեղեցիներու կից բնակելի շէնքերը:
Մեծ եղեռնի յիսնամեակի համաժողովրդական հանդիսութիւններէն ետք Մեծ եղեռնի նուիրուած խաչքարեր ու յուշարձանախումբեր զետեղուեցան Սուրիոյ հայկական գերեզմանատուներուն մէջ եւ եկեղեցիներու շրջափակերէն ներս: Սուրիան այն երկիրն էր, որ եղաւ մեր ցեղասպանութեան ու վերածնունդի վկան: Պետութիւնը յարգանքով կը վերաբերէր այս երեւոյթին, բայց այդ յուշարձաններու տեղադրումը չէր արտօներ նշուած վայրերէն դուրս: Այս բոլորին մէջ իսկական կոթող հանդիսացաւ Տէր Զօրի մէջ Նահատակաց յուշահամալիրը, որուն նաւակատիքը տեղի ունեցաւ 3-4 Մայիս 1991-ին: Տէր Զօրի նահանգի Մարկատէ կոչուող վայրին մէջ, անթաղ մնացած աճիւններու տարածքին մէջ կառուցուեցաւ նաեւ Ս. Յարութիւն մատուռը:
Ամառնային ճամբարներու կառուցապատումը աւելի մեծ թափ առաւ: Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի միութիւնները իրենց կեդրոնները ունէին Քեսապի շրջանին եւ Եագուպիէ ու Ղնեմիէ գիւղերուն մէջ, ինչ որ նպաստեց այդ շրջաններու ամառանոցի վերածուելուն, բարգաւաճելուն ու հայեցի դիմագիծը պահպանելուն: Քեսապի շրջանին մէջ կը գտնուէին ՀՄԸՄ-ի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, ՀՄՄ-Նոր սերունդի, Թէքէեան մշակութային միութեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ամառնային կեդրոններն ու ճամբարները, ՔՋԱԿ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի կազդուրման կայանները եւ այլն: Սուրիահայ կեանքին մէջ տօնական իրադարձութիւններով կը լեցուէր ամառը Քեսապի մէջ, ուր միութիւններու կողքին բազմահազար հայեր Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն ու մանաւանդ Հալէպէն օդափոխութեան եկած կ’ըլլային: Տեղի կ’ունենային միջմասնաճիւղային հանդիպումներ ու համագումարներ: Ճամբարային շրջանը կը փակուէր խարուկահանդէսներով եւ ՀՄԸՄ-ի ու ՀՄՄ-ի փողերախումբերու եւ սկաուտական շարքերու տողանցքներով:
Այս շրջանին բազմաթիւ սուրիահայեր առանձնատուներ կառուցեցին Եագուպիէի, Ղնեմիէի եւ մանաւանդ Քեսապի գիւղերուն մէջ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԵՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐԱԿԱՆ մարզերէն ներս եւս մեծ ներկայութիւն մըն էր հայ տարրը, մանաւանդ Հալէպի մէջ, ուր կը գործէին շարք մը սեփական հիւանդանոցներ՝ Ճեպեճեան ակնաբուժարանը (1952), աւելի ուշ՝ Գարապաճաքեան, Մազլումեան եւ Աստուրեան հիւանդանոցները: Հայ կեանքին համար կարեւոր էին Կիւլլապի Կիւլպէնկեան հիմնադրամի Վերժինէ Կիւլպէնկեան մայրանոցը (1936), որ ունեցաւ նաեւ հիւանդանոցային բաժին, ՍՕԽ-ի Նոր գիւղի ընկերա-բժշկական նոր կեդրոնը եւ այլն: Խնամատարական տիպար հաստատութիւն մըն էր երեք համայնքներու խնամակալութեան ենթակայ Հայ ծերանոցը (1923), ՍՕԽ-ի խնամատարութեան յանձնուած Ազգային պատսպարանը (1919), Բերիոյ թեմի Ընկերային ծառայութեան խորհուրդի (1993) «Արեւիկ» թերաճներու կեդրոնը Ծերանոցի կից (2000) եւ այլն: Բարեսիրական ծառայութիւններ կը մատուցէին Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան (1940) եւ Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի (1966) Հալէպի գրասենեակները:
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ գետնի վրայ բաւական սերտ էին տարբեր գաղութներու հետ սուրիահայոց թեմական, միջմասնաճիւղային եւ ժողովրդային կապերը:
Այս շրջանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ հիմնուեցան սուրիահայ դպրոցներէ շրջանաւարտներու սանուց միութիւններ, որոնք տարեկան կարգով նիւթապէս նպաստեցին Սուրիոյ մէջ տակաւին գործող իրենց դպրոցներուն: Մասնաւորաբար աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի շրջանաւարտներու եւ Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնները Լոս Անճելոսի մէջ: Սուրիահայ համայնքները ոչ միայն սերտօրէն կապուած էին Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն, այլեւ իրենց սփիւռքին հետ: Արտասահման գտնուող նախկին սուրիահայը կը շարունակէր սերտ կապեր պահել Սուրիոյ իր նախկին շրջապատին հետ:
Սուրիահայ գաղութը նաեւ անտարբեր չէր կրնար մնալ հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն հետ պատահած դժուարութիւններուն դիմաց: Սուրիահայերը օգնութեան ձեռք երկարեցին Լիբանանի 1975-1991-ի քաղաքացիական կռիւներուն, Իրաքի պատերազմներուն, Իրաքի Քուէյթ ներխուժումին (1990) հետեւանքով Սուրիա ապաստանած հազարաւոր լիբանանահայերու, իրաքահայերու եւ քուէյթահայերու, օգտակար եղան անոնց բնակարանային եւ կրթական հարցերը լուծելու կապակցութեամբ, կազմակերպեցին հանգանակութիւններ այդ գաղութներու վերականգնումի աշխատանքներուն համար:
ՀԱՅՐԵՆԻՔի հետ Սուրիոյ հայկական միութիւններու եւ հաստատութիւններու կապը կը մնար Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն: Սուրիահայերու Հայրենիք զբօսաշրջիկութիւնը հետզհետէ մեծ ծաւալ կը ստանար: Յատուկ հրաւէրով Սուրիա իրենց հարազատներուն կ’այցելէին հայրենադարձներ: Հալէպի եւ Դամասկոսի հայութեան համար մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէին հայրենի թատերախումբերու, երգչախումբերու հիւրախաղերը, նկարիչներու ցուցահանդէսները, երգիչներու, երգահան-երաժիշտներու եւ գրողներու այցելութիւնները:
1988-ի երկրաշարժը, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը եւ Արցախեան գոյամարտը ոտքի հանեցին ամբողջ սուրիահայութիւնը: Մարդասիրական օգնութիւններու հայթայթման մէջ մեզի ձեռք երկարեցին նաեւ տեղացի արաբ հայրենակիցները, Սուրիոյ պետութիւնը: Ազատ շուկայի գոյառման հետ Հայրենիքին մէջ առաջին ներդրումներ կատարողներուն մէջ եղան նաեւ սուրիահայեր: Ուշադրութեան արժանի երեւոյթ էր, որ ոչ քիչ թիւով սուրիահայներ հանդերձ ընտանեօք ներգաղթեցին Հայաստանի Հանրապետութիւն, ոմանք Արցախ, իբրեւ վերջին հանգրուան համայն հայութեան, եւ հոն հաստատեցին գործ ու տնտեսութիւն:
Միւս կողմէ՝ Հայաստանի այդ մութ ու ցուրտ տարիներուն սուրիահայ կազմակերպութիւնները աշխատանքի տեղ բացին հայրենաբնակ մեր հայրենակիցներուն. բեմադրիչներ, խմբավարներ, նկարիչներ ու քանդակագործներ, հայագիտական եւ մանկավարժական գիտութիւններու մասնագէտներ մնայուն աշխատանք ունեցան Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ՝ Համազգայինի, ՀԲԸՄ-ի, Նոր սերունդի, Թէքէեան մշակութային միութան, Ազգային առաջնորդարանի կողմէ համապատասխան հաստատութիւններու մէջ գործելու հրաւէրով: Ոմանք մշտական գործ ու բնակութիւն ունեցան հոն: Անոնց ներդրումը մեր մշակութային կեանքին մէջ եղաւ իսկապէս մեծ: Դամասկոսի մէջ սկսաւ գործել Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը (1992), իսկ Հալէպի մէջ՝ հիւպատոսարանը: Սուրիահայութիւնը աջակցեցաւ դիւանագիտական այս հաստատութիւններու գոյացման գործին: Երեւանի մէջ Սուրիոյ դեսպանութիւնը հաստատուեցաւ 1997-ին:
Յետանկախութեան շրջանին՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կրեցին արմատական փոփոխութիւններ: Սփիւռքահայ բոլոր համահայկական կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները մասնաճիւղեր ու կեդրոններ ունեցան Հայրենիքին մէջ: Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն փոխարինուեցաւ Սփիւռքի նախարարութեամբ (2008): Սփիւռքահայ ուսանողներու շարունակական ուսումնառութիւնը, ուսուցիչներու վերապատրաստման ամառնային դասընթացքները, Օլիմպիադաներու՝ սփիւռքահայ դպրոցներու մասնակցութիւնը, աշակերտական շրջապտոյտները կատարուեցան բնական պարբերականութեամբ: Սուրիահայ գաղութը մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերեց այս պայմաններուն մէջ:
-------------------------------------------------------------------------
Այս թռուցիկ ակնարկն ալ կրնայ ցոյց տալ, որ 1970-2010 քառասնամեակը եղաւ սուրիահայ գաղութի ոսկեդարը: Ահա այս տնտեսական, հոգեւոր եւ մշակութային համապատկերին վրայ զարգացաւ նաեւ կրթական կեանքը. սուրիահայ դպրոցը այս շրջանին ապրեցաւ իր զարգացման եւ հնարաւորութիւններու առաւելագոյնը: